Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Կառավարիչ մարմինին նոր անդամները

Կառավարիչ մարմինին նոր անդամները

Կառավարիչ մարմինին նոր անդամները

ՇԱԲԱԹ 2 Հոկտեմբեր 1999–ին, Փէնսիլվանիոյ Դիտարանի Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան Տարեկան Ժողովը անակնկալ ծանուցումով մը վերջ գտաւ։ Հանդիսականները եւ հեռաձայնային գծով ունկնդրողները՝ ընդամէնը 10,594 հոգի՝ ցնծութեամբ լսեցին որ չորս նոր անդամներ աւելցած են Եհովայի Վկաներու Կառավարիչ Մարմինին վրայ։ Նոր անդամներն են՝ Մ. Սթիվըն Լէթ, Սամուէլ Ֆ. Հըրտ, Տէյվիտ Սբլէյն եւ Կի Հ. Փիրս, բոլորն ալ օծեալ Քրիստոնեաներ։

• Սթիվըն Լէթ ռահվիրայութեան սկսաւ 1966–ի Դեկտեմբերին, եւ 1967-1971–ը, Միացեալ Նահանգներու Պէթէլին մէջ ծառայեց։ 1971–ի Հոկտեմբերին ան Սուզընին հետ ամուսնացաւ եւ մասնաւոր ռահվիրայութեան սկսաւ։ 1979-1998–ը, որպէս շրջանային տեսուչ ծառայեց։ 1998–ի Ապրիլէն ի վեր, ինք եւ Սուզընը Միացեալ Նահանգներու Պէթէլի ընտանիքին մաս կազմած են։ Հոն՝ ան Ծառայութեան Գրասենեակին մէջ կ’աշխատէր եւ Ուսուցումի Յանձնախումբին որպէս օգնական կը ծառայէր։

• Սամուէլ Հըրտ ռահվիրայութեան սկսաւ 1958–ին, եւ 1965-1997–ը, ան շրջանային ու նահանգային գործին մէջ էր։ Անկէ ետք, ինք եւ իր կինը՝ Կլորիան, Միացեալ Նահանգներու Պէթէլի ընտանիքին մաս կազմած են, ուր Եղբայր Հըրտ Ծառայութեան Գրասենեակին մէջ կ’աշխատէր։ Ան Ծառայութեան Յանձնախումբին մէջ ալ որպէս օգնական կը ծառայէր։

• Տէյվիտ Սբլէյն ռահվիրայութեան սկսաւ 1963–ի Սեպտեմբերին։ Գաղաադու 42–րդ դասարանէն վկայուելով, ան Սենեկալի մէջ (Ափրիկէ) որպէս միսիոնար, ապա՝ 19 տարի Գանատայի մէջ շրջանային գործին մէջ ծառայեց։ Ինք եւ իր կինը՝ Լինտան, 1990–էն ի վեր Միացեալ Նահանգներու Պէթէլին մէջ են, ուր Եղբայր Սբլէյն Ծառայութեան եւ Ուսուցումի Գրասենեակներուն մէջ աշխատած է։ 1998–էն ի վեր, Ուսուցումի Յանձնախումբին օգնական մը եղած է։

• Կի Փիրս ընտանիք մը պահեց, ապա իր կնոջ հետ ռահվիրայութեան սկսաւ 1982–ի Ապրիլին։ Ան որպէս շրջանային տեսուչ ծառայեց 1986-1997–ը, որմէ ետք ինք եւ իր կինը՝ Փէնին, Միացեալ Նահանգներու Պէթէլի ընտանիքին մաս կազմեցին։ Եղբայր Փիրս Անձնակազմի Յանձնախումբին մէջ կը ծառայէր որպէս օգնական։

Չորս նոր անդամներէն զատ, ներկայիս հետեւեալ Եղբայրները կը կազմեն Կառավարիչ Մարմինը. Գ. Ֆ. Գլայն, Կ. Լէօշ, Մ. Կ. Հէնչըլ, Թ. Ճէրէս, Է. Տ. Շրոտըր, Ճ. Է. Պառ, Գ. Վ. Պարպըր, Տ. Սիտլիք եւ Լ. Է. Սուինկըլ։ Բոլորիս մաղթանքն է որ Եհովա շարունակէ օրհնել ու զօրացնել այժմ ընդարձակուած Կառավարիչ Մարմինը, մինչ ան կը շարունակէ Աստուծոյ ժողովուրդին համաշխարհային գործունէութիւններուն վրայ հսկել եւ անոնց հոգեւոր բարօրութեան ծառայել։