Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ տալու մասին
Աստուածաշունչին պատասխանը
Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ որ պատրաստ ըլլանք ուրիշներուն բան մը տալու եւ ատիկա ընենք ճիշդ պատճառներու համար։ Երբ որ այս կերպով ուրիշներուն կու տանք, ոչ թէ միայն անո՛նք կ’օգտուին, հապա մենք ալ (Առակաց 11։25. Ղուկաս 6։38)։ Յիսուս ըսաւ. «Աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը» (Գործք 20։35)։
Ե՞րբ տալը Աստուած կ’ուրախացնէ
Աստուած կ’ուրախանայ երբ որ ուրիշներուն սրտանց բան մը տանք։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ամէն մէկը ինչպէս իր սրտովը կը յօժարի՝ թող այնպէս տայ, ո՛չ թէ տրտմութեամբ կամ ստիպմամբ. վասն զի Աստուած յօժարակամ տուողը կը սիրէ» (Բ. Կորնթացիս 9։7)։
Եթէ կ’ուզենք որ Աստուած մեր պաշտամունքը ընդունելի սեպէ, պէտք է սրտանց տանք (Յակոբոս 1։27)։ Այն անձը որ առատաձեռնօրէն կ’օգնէ անոնց՝ որոնք պէտքի մէջ են, Աստուծոյ քով ընդունելի կ’ըլլայ, եւ Աստուած կը սեպէ որ ինք այդ անձին պարտական է (Առակաց 19։17)։ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ որ Աստուած ի՛նք առատաձեռն տուողը պիտի հատուցանէ, այսինքն՝ օրհնէ (Ղուկաս 14։12-14)։
Ե՞րբ տալը Աստուած չ’ուրախացներ
Երբ որ մէկը անձնասիրութեամբ կու տայ։ Օրինակ՝
Մարդիկը տպաւորելու համար (Մատթէոս 6։2)։
Բանի մը փոխարէն ուրիշ բան մը առնելու համար (Ղուկաս 14։12-14)։
Փրկութիւն գնելու համար (Գործք 8։20)։
Երբ որ մեր տուածը գործածուի բաներու համար, որոնք Աստուած չի սիրեր։ Օրինակ, սխալ է դրամ տալ մէկու մը որ երթայ ատով բախտախաղ խաղայ կամ թմրեցուցիչ գործածէ եւ շատ խմէ (Ա. Կորնթացիս 6։9, 10. Բ. Կորնթացիս 7։1)։ Ասկէ զատ, ճիշդ չէ դրամ տալ մէկու մը որ կրնա՛յ աշխատիլ եւ ինքն իրեն հոգ տանիլ դրամական գետնի վրայ, բայց չ’աշխատիր (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 3։10)։
Երբ որ ուրիշին տալու համար՝ մեր ընտանիքը անտեսենք։ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ որ ընտանիքի գլուխները պէտք է իրենց ընտանիքի անդամներուն պէտքերը հոգան (Ա. Տիմոթէոս 5։8)։ Ճիշդ չէ որ ընտանիքի մը գլուխը ա՛յնքան տայ ուրիշներուն, որ իր ընտանիքին անդամները տուժեն։ Նմանապէս, Յիսուս դատապարտեց այն անձերը, որոնք իրենց տարեց ծնողներուն հոգ չէին տաներ, քանի որ կ’ըսէին որ իրենց ունեցածները «Աստուծոյ տալու կորբան է (որ ըսել է՝ ընծայ)» (Մարկոս 7։9-13)։