Ա. ԹՈՒՂԹ ԱՌ ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԵՑԻՍ 2։1-20

2  Եղբա՛յրներ, դուք ձեզմէ գիտէք թէ ձեր մէջ մտնելնիս՝ պարապ տեղը չեղաւ.  Հապա առաջ Փիլիպպէի մէջ չարչարանք կրելէ ու անարգուելէ վերջ համարձակութիւն ունեցանք Աստուծմով ձեզի պատմելու Աստուծոյ աւետարանը՝ մեծ հակառակութեան մէջ։  Վասն զի մեր յորդորանքը ո՛չ մոլորութենէ է ու ո՛չ պղծութենէ եւ ո՛չ խաբէութեամբ.  Հապա ինչպէս մենք Աստուծմէ ընտրուեցանք ու աւետարանը մեզի ինչպէս վստահուեցաւ այնպէս կը խօսինք, ո՛չ թէ մարդոց հաճոյ ըլլալու համար, հապա Աստուծոյ՝ որ մեր սրտերը կը քննէ։  Մենք բնաւ շողոքորթութեան խօսքեր չգործածեցինք, ինչպէս գիտէք, ո՛չ ալ ագահութենէ թելադրուած, Աստուած վկայ է։  Մարդոցմէ փառք չփնտռեցինք, ո՛չ ձեզմէ, ո՛չ ալ ուրիշներէն,2։7 թէեւ կրնայինք իբրեւ Քրիստոսին առաքեալներ ծանրութիւն ըլլալ,  Բայց մենք համեստ եղանք ձեր մէջ։2։8 Ինչպէս դայեակ մը որ իր երախաները կը խնամէ,  Նոյնպէս մենք ձեր վրայ գորով ունենալով՝ կը յօժարէինք ո՛չ միայն Աստուծոյ աւետարանը ձեզի տալ, հապա մեր անձերն ալ. վասն զի դուք մեր սիրելիներն էիք։  Կը յիշէք, ե՛ղբայրներ, մեր աշխատութիւնը ու ջանքը, որ ձեզմէ մէկուն նեղութիւն չտալու համար գիշեր ու ցորեկ գործեցինք, ձեզի Աստուծոյ աւետարանը քարոզեցինք։ 10  Դուք վկայ էք եւ Աստուած ալ՝ թէ ի՛նչպէս սրբութիւնով ու արդարութիւնով եւ անարատութիւնով վարուեցանք ձեզի հետ՝ որ հաւատացիք. 11  Ինչպէս գիտէք, ձեզմէ ամէն մէկը՝ ինչպէս հայր մը իր որդիները, 12  Այնպէս կը յորդորէինք ու կը մխիթարէինք եւ կը վկայէինք, որպէս զի դուք Աստուծոյ հաճելի եղածին պէս քալէք, որ ձեզ իր թագաւորութեանը ու փառքին կանչեց։ 13  Ասոր համար մենք ալ անդադար կը գոհանանք Աստուծմէ, որ մեզմէ Աստուծոյ խօսքը լսելով ընդունեցիք, ո՛չ թէ իբրեւ մարդոց խօսք, հապա, ինչպէս ճշմարիտ է, որպէս Աստուծոյ խօսք, որ նաեւ կը ներգործէ ձեր մէջ, որուն կը հաւատաք։ 14  Քանզի դուք, եղբա՛յրներ, նմանեցաք Աստուծոյ այն եկեղեցիներուն, որոնք Հրէաստանի մէջ են Քրիստոս Յիսուսով. վասն զի դուք ալ նոյն չարչարանքները կրեցիք ձեր համազգիներէն, ինչպէս անոնք ալ՝ Հրեաներէն. 15  Որոնք Տէր Յիսուսն ալ մեռցուցին՝ մարգարէներն* ալ եւ մեզ հալածեցին ու Աստուծոյ՝ անհաճոյ եւ բոլոր մարդոց հակառակ են։ 16  Մեզի կ’արգիլեն հեթանոսներուն խօսիլ՝ անոնց փրկութեանը համար, որպէս զի իրենց մեղքերուն չափը լեցնեն ամէն ատեն եւ բարկութիւնը անոնց վրայ հասեր է մինչեւ վերջանալը։ ՊՕՂՈՍ ԿՐԿԻՆ ԱՅՑԵԼԵԼ ԿԸ ՓԱՓԱՔԻ 17  Իսկ մենք, եղբա՛յրներ, իրաւ քիչ մը ատեն ձեզմէ որբ մնացինք երեսով ու ո՛չ թէ սրտով, բայց աւելի ջանացինք ձեր երեսը տեսնել մեծ փափաքով։ 18  Անոր համար ես՝ Պօղոսս՝ մէկ երկու անգամ ուզեցի ձեզի գալ, բայց Սատանան արգիլեց։ 19  Քանզի ո՞վ է մեր յոյսը կամ ուրախութիւնը կամ մեր պարծանքին պսակը, եթէ ոչ դուք՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին առջեւ անոր գալու ատենը։ 20  Որովհետեւ դուք էք մեր փառքը եւ ուրախութիւնը։

Ստորանիշներ

2։15 Ոմանք, իրենց մարգարէներն