Ա. ԹՈՒՂԹ ԱՌ ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԵՑԻՍ 4։1-18

4  Ալ հիմա, եղբա՛յրներ, ձեզի կ’աղաչենք ու կը յորդորենք ձեզ Տէր Յիսուսով, որ ինչպէս մեզմէ սորվեցաք այնպէս քալէք ու Աստուծոյ հաճոյ ըլլաք, ա՛լ աւելի յառաջանաք անոր մէջ։  Քանզի գիտէք թէ ի՛նչ պատուէրներ տուինք ձեզի Տէր Յիսուսով։  Վասն զի Աստուած կը կամենայ որ դուք սուրբ ըլլաք, ետ կենաք պոռնկութենէ.  Ձեզմէ ամէն մէկը գիտնայ իր մարմինը սրբութիւնով ու պատուով պահել.  Ո՛չ թէ ցանկութեան կիրքով, ինչպէս հեթանոսները, որոնք Աստուած չեն ճանչնար։  Չըլլայ որ այդ բանին* մէջ չափէ անցնի մէկը ու իր եղբայրը զրկէ, վասն զի Տէրը այդ բոլոր բաներուն համար վրէժխնդիր է. ինչպէս նախապէս ըսինք ձեզի ու վկայութիւն տուինք։  Վասն զի Աստուած մեզ պղծութեան չկանչեց, հապա սրբութեան։  Ուստի ան որ կ’անարգէ՝ ոչ թէ մարդ մը կ’անարգէ, հապա Աստուած՝ որ իր Սուրբ Հոգին ալ մեզի* տուաւ։  Բայց եղբայրսիրութեան մասին պէտք չէ ձեզի բան գրել, վասն զի դուք Աստուծմէ սորված էք մէկզմէկ սիրել 10  Եւ արդէն կը սիրէք դուք Մակեդոնիայի մէջ եղող բոլոր եղբայրները, սակայն կ’աղաչենք ձեզի, եղբա՛յրներ, որ ա՛լ աւելի առատանաք 11  Եւ ջանաք հանդարտ կենալ ու ամէն մէկդ իր գործը գործէ ու ձեր ձեռքերովը աշխատիք, ինչպէս ձեզի պատուիրեցինք, 12  որպէս զի դուրսիններուն հետ պարկեշտութեամբ վարուիք ու բանի մը* կարօտ չըլլաք։ 13  4։12 Չենք ուզեր, եղբայրներ, որ տգէտ ըլլաք ննջեցեալներուն վրայով, որպէս զի չտրտմիք ինչպէս ուրիշները՝ որոնք յոյս չունին։ ՏԷՐՈՋԸ ԳԱԼՈՒՍՏԸ 14  4։13 Քանզի եթէ կը հաւատանք թէ Յիսուս մեռաւ ու յարութիւն առաւ, նոյնպէս ալ Աստուած ննջեցեալները Յիսուսով պիտի բերէ անոր հետ։ 15  4։14 Վասն զի ասիկա կ’ըսեմ ձեզի՝ Տէրոջը խօսքովը, եթէ մենք մինչեւ Տէրոջը գալուստը ողջ մնանք, բնաւ ննջեցեալներէն առաջ պիտի չանցնինք։ 16  4։15 Վասն զի Տէրը ինք ազդարարութեան հրամանով, հրեշտակապետին ձայնովն ու Աստուծոյ փողովը երկնքէն պիտի իջնէ եւ Քրիստոսով մեռածները առաջ յարութիւն պիտի առնեն։ 17  4։16 Ետքը մենք ալ, որ ողջ մնացած ենք՝ անոնց հետ պիտի յափշտակուինք ամպերով Տէրոջը առջեւ ելլելու՝ օդին մէջ եւ այնպէս յաւիտեան Տէրոջը հետ պիտի ըլլանք։ 18  4։17 Ուստի մէկզմէկ մխիթարեցէք այս խօսքերով։

Ստորանիշներ

4։6 Կամ, բանի մը
4։8 Ոմանք, ձեզի
4։11 Կամ, մէկո՛ւն