Ա. ԹՈՒՂԹ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 5։1-21

5  Ամէն ով որ կը հաւատայ թէ Յիսուսը Քրիստոսն է, Աստուծմէ ծնած է։ Ամէն ով որ ծնողը կը սիրէ՝ անկէ ծնածն ալ կը սիրէ։  Ասով կը ճանչնանք թէ Աստուծոյ որդիները կը սիրենք, երբ Աստուած սիրենք ու անոր պատուիրանքները պահենք։  Վասն զի ասիկա է Աստուծոյ սէրը, որ անոր պատուիրանքները պահենք եւ անոր պատուիրանքները ծանր բան չեն։  Վասն զի ան որ Աստուծմէ ծնած է՝ աշխարհին կը յաղթէ։ Մեր հաւատքն է, որ աշխարհին կը յաղթէ։  Ո՞վ է որ աշխարհի կը յաղթէ, եթէ ոչ անիկա՝ որ կը հաւատայ թէ Յիսուս Աստուծոյ Որդին է։ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍԻՆ  Ասիկա է, որ եկաւ ջուրով եւ արիւնով, այսինքն Յիսուս Քրիստոս. ո՛չ միայն ջուրով, հապա ջուրով եւ արիւնով եւ Հոգին է, որ կը վկայէ, վասն զի Հոգին ճշմարտութիւն է։  Վասն զի երեք են որ երկնքի մէջ կը վկայեն, Հայրը, Բանը ու Սուրբ Հոգին եւ այս երեքը մէկ են։  Ու երեք են որ երկրի վրայ* կը վկայեն. Հոգին, ջուրը ու արիւնը եւ երեքը միաբան են։  Եթէ մարդոց վկայութիւնը կ’ընդունինք, Աստուծոյ վկայութիւնը աւելի մեծ է. վասն զի ասիկա է Աստուծոյ վկայութիւնը, որ իր Որդիին համար վկայեց։ 10  Ան որ Աստուծոյ Որդիին կը հաւատայ՝ վկայութիւնը իր մէջ ունի։ Ան որ Աստուծոյ չի հաւատար՝ ստախօս կ’ընէ զանիկա, վասն զի չի հաւատար այն վկայութեանը՝ որ Աստուած իր Որդիին համար վկայեց։ 11  Եւ վկայութիւնը այս է, որ Աստուած մեզի յաւիտենական կեանք տուաւ ու այս կեանքը անոր Որդիին մէջն է։ 12  Ան որ Որդին ընդունած է՝ կեանք ունի եւ ան որ Աստուծոյ Որդին ընդունած չէ՝ կեանք չունի։ ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ 13  Այս բաները գրեցի ձեզի՝ որպէս զի գիտնաք թէ յաւիտենական կեանք ունիք դուք՝ որ Աստուծոյ Որդիին անունին կը հաւատաք*։ 14  Մենք համարձակութիւնը ունինք անոր քով, քանզի գիտենք թէ ինչ որ խնդրելու ըլլանք իր կամքին համեմատ, պիտի լսէ մեզի։ 15  Եւ եթէ գիտնանք թէ պիտի լսէ ինչ որ խնդրելու ըլլանք, ուրեմն կը գիտնանք թէ պիտի առնենք ինչ որ խնդրենք իրմէ։ 16  Եթէ մէկը տեսնէ որ իր եղբայրը ո՛չ մահացու մեղք մը գործեց, թող խնդրէ ու Աստուած կեանք պիտի տայ այն մահացու չեղած մեղքը գործողին։ Մեղք կայ որ մահացու է, չեմ ըսեր թէ անոր համար խնդրէ։ 17  Ամէն անիրաւութիւն մեղք է, բայց մեղք կայ որ մահացու չէ։ 18  Գիտենք թէ ան, որ Աստուծմէ ծնած է՝ մեղք չի գործեր։ Ա՛ն որ Աստուծմէ ծնած է՝ իր անձը կը պահէ ու չարը անոր չի դպչիր։ 19  Գիտենք թէ մենք Աստուծմէ ենք ու բոլոր աշխարհ չարին մէջ է։ 20  Գիտենք թէ Աստուծոյ Որդին եկաւ ու մեզի կարողութիւն տուաւ որպէս զի ճշմարիտը ճանչնանք։ Մենք այն ճշմարիտին մէջ ենք, իր Որդիին Յիսուս Քրիստոսին մէջ։ Անիկա է ճշմարիտ Աստուածն ու յաւիտենական կեանքը։ 21  Ո՛րդեակներ, ինքզինքնիդ կուռքերէն պահեցէք*։

Ստորանիշներ

5։7, 8 Շատ հին ձեռագիրներ չունին
5։13 Ոմանք կ’աւելցնեն, եւ որպէս զի Աստուծոյ որդիին անուանը հաւատաք
5։21 Ոմանք կ’աւելցնեն, Ամէն