Բ. ՕՐԻՆԱՑ 4։1-49

4  Եւ Մովսէս ըսաւ Իսրայէլին. «Հնազանդէ՛ այն օրէնքներուն, որոնք սորվեցուցի, որպէս զի ապրիս եւ ժառանգես այն երկիրը, որ ձեր հայրերուն Տէր Աստուածը ձեզի պիտի տայ։  Պատուէրներուս վրայ բան մը մի՛ աւելցնէք ու անկէ բան մը մի՛ պակսեցնէք, այլ ձեր Տէր Աստուծոյն պատուիրանքները պահեցէք, որոնք ես ձեզի իմացուցի։  Ձեր աչքերը տեսան ինչ որ Տէրը Բելփեգովրին ըրաւ. վասն զի քու Տէր Աստուածդ Բելփեգովրին ետեւէն գացող բոլոր մարդիկը ձեր մէջէն կորսնցուց։  Բայց դուք, որ ձեր Տէր Աստուծոյն յարեցաք, ամէնքդ այսօր ողջ էք։  Ահա ձեզի կանոններ ու դատաստաններ սորվեցուցի, ինչպէս իմ Տէր Աստուածս ինծի պատուիրեց, որպէս զի անոնք գործադրէք այն երկրին մէջ, ուր պիտի մտնէք ժառանգելու համար։  Ուստի դուք անոնք պահեցէք ու ըրէք. վասն զի ձեր իմաստութիւնն ու հանճարը այս պիտի ըլլայ ազգերուն առջեւ, որոնք այս բոլոր կանոնները լսելով պիտի ըսեն. ‘Իրաւցնէ այս մեծ ազգը իմաստուն ու հանճարեղ ժողովուրդ մըն է’։  Քանզի ո՞ր ազգը այնչափ մեծ է, որուն աստուածները իրեն այնքան մօտ ըլլան, որքան մեր Եհովա Աստուածը մեզի մօտ է՝ ամէն ատեն երբ իրմէ կը խնդրենք։  Ո՞ր ազգը այնչափ մեծ է, որ այսօր ձեր առջեւ դրուած այս բոլոր օրէնքին նման արդար կանոններ ու դատաստաններ ունենայ։  Միայն քեզի աղէկ նայէ ու քու հոգիիդ շատ զգուշութիւն ըրէ, որ աչքերուդ տեսած բաները չմոռնաս եւ կեանքիդ բոլոր օրերուն մէջ քու սրտէդ չելլեն. այլ անոնք քու որդիներուդ ու անոնց որդիներուն սորվեցնես։ 10  Այն օրը երբ դուն Քորեբի մէջ՝ քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ կեցեր էիր, Տէրը ինծի ըսաւ. ‘Ժողովուրդը ինծի հաւաքէ ու իմ խօսքերս լսել պիտի տամ անոնց, որպէս զի սորվին ինձմէ վախնալ որչափ ատեն որ երկրի վրայ ապրին ու իրենց որդիներուն ալ սորվեցնեն’։ 11  Դուք մօտենալով՝ լերանը տակ կանգնեցաք։ Լեռը խաւարով, ամպով ու մառախուղով ծածկուած, մինչեւ երկինք* կրակով կը բորբոքէր։ 12  Եւ Տէրը կրակին մէջէն ձեզի խօսեցաւ. դուք անոր խօսքերուն ձայնը լսեցիք, բայց կերպարանքը չտեսաք, միայն ձայնը լսեցիք։ 13  Իր ուխտը, տասը պատուիրանքները ձեզի իմացուց ու պատուիրեց, որ զանոնք ընէք եւ զանոնք երկու քարէ տախտակներու վրայ գրեց։ 14  Այն ատեն Տէրը ինծի պատուիրեց, որ ձեզի կանոններ ու դատաստաններ սորվեցնեմ, որպէս զի զանոնք գործադրէք այն երկրին մէջ, ուր պիտի մտնէք ժառանգելու համար։ ԿՌԱՊԱՇՏՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ 15  Ուրեմն ձեր հոգիներուն աղէկ զգուշութիւն ըրէք. որովհետեւ այն օրը, որ Տէրը Քորեբ լեռը կրակին մէջէն ձեզի խօսեցաւ, ոեւէ կերպարանք չտեսաք։ 16  Անօրէնութիւն մի՛ ընէք. ձեզի կուռք մը կամ ոեւէ բանի* պատկեր՝ թէ՛ արուի եւ թէ՛ էգի նմանութեամբ, 17  Կամ երկրի վրայ եղող անասունի մը նմանութեամբ, կամ օդին մէջ թռչող թեւաւոր թռչունի մը նմանութեամբ, 18  Կամ երկրի վրայ սողացող սողունի մը նմանութեամբ, կամ երկրի տակ ջուրերու մէջ եղող ձուկի մը նմանութեամբ մի՛ շինէք. 19  Նաեւ աչքերդ երկինք վերցնելով ու արեւը կամ լուսինը կամ աստղերն ու երկնքի բոլոր զարդը տեսնելով մի՛ խաբուիր ու անոնց երկրպագութիւն մի՛ ըներ եւ զանոնք մի՛ պաշտեր. որովհետեւ քու Տէր Աստուածդ զանոնք բոլոր երկնքի տակ եղող ազգերուն համար կարգաւորեց։ 20  Բայց Տէրը ձեզ առաւ ու ձեզ երկաթի հնոցէն՝ Եգիպտոսէն՝ հանեց, որպէս զի իրեն սեփական* ժողովուրդ ըլլաք, ինչպէս այսօր եղած էք։ 21  Տէրը ձեր պատճառով ինծի սրդողելով երդում ըրաւ, որ Յորդանանէն չանցնիմ ու չմտնեմ այն ընտիր երկիրը, որ քու Տէր Աստուածդ քեզի պիտի տայ ժառանգելու համար։ 22  Այս երկրին մէջ պիտի մեռնիմ ու Յորդանանէն պիտի չանցնիմ. բայց դուք պիտի անցնիք ու այն ընտիր երկիրը պիտի ժառանգէք։ 23  Զգոյշ կեցէք, չըլլայ որ ձեր Տէր Աստուծոյն ձեզի հետ ըրած ուխտը մոռնաք ու ձեզի կուռք մը կամ ոեւէ բանի մը նմանութիւնը շինէք, որը քու Տէր Աստուածդ քեզի արգիլեց։ 24  Քանզի քու Տէր Աստուածդ մաշող կրակ է. անիկա նախանձոտ Աստուած է։ 25  Երբ դուք որդիներ ու որդիներու որդիներ ծնանելու ըլլաք եւ այն երկրին մէջ շատ ատեն նստելու ըլլաք, այն ատեն եթէ անօրէնութիւն ընէք եւ կուռք մը կամ ոեւէ բանի մը նմանութիւնը շինէք ու ձեր Տէր Աստուծոյն առջեւ չարութիւն ընէք ու զանիկա բարկացնէք՝ 26  Այսօր երկինքն ու երկիրը ձեզի վկայ կը բռնեմ՝ որ դուք անպատճառ ամբողջովին պիտի կորսուիք այն երկրէն, որ Յորդանանէն անցնելով պիտի ժառանգէք։ Այնտեղ կեանքերնիդ երկար պիտի չըլլայ, այլ բոլորովին բնաջինջ պիտի ըլլաք։ 27  Տէրը ձեզ ազգերու մէջ պիտի ցրուէ, նաեւ սակաւաթիւ պիտի մնաք այն ազգերուն մէջ, ուր Տէրը ձեզ պիտի քշէ։ 28  Հոն մարդու ձեռքով շինուած քարէ ու փայտէ աստուածներ պիտի պաշտէք, որոնք ո՛չ կը տեսնեն, ո՛չ կը լսեն, ո՛չ կ’ուտեն եւ ո՛չ կը հոտուըտան։ 29  Բայց եթէ հոն քու Տէր Աստուածդ փնտռես ու զանիկա բոլոր սրտովդ եւ բոլոր հոգիովդ փնտռելու ըլլաս՝ պիտի գտնես։ 30  Երբ քու վրադ նեղութիւն գայ ու այս բոլոր բաները վերջին օրերը քեզի պատահին, եթէ քու Տէր Աստուծոյդ դառնաս ու անոր խօսքը մտիկ ընես, 31  Քու Տէր Աստուածդ, ողորմած Աստուած ըլլալուն, քեզ պիտի չթողու ու քեզ պիտի չկորսնցնէ ու քու հայրերուդ ըրած ուխտը պիտի չմոռնայ, որուն համար երդում ըրած էր։ 32  Արդ՝ քեզմէ առաջ եղած օրերէն ի վեր, այսինքն Աստուծոյ մարդը երկրի վրայ ստեղծած օրէն ի վեր, երկնքի մէկ ծայրէն մինչեւ միւս ծայրը հարցուր, թէ արդեօք ասոր պէս մեծ բան մը եղա՞ծ է ու ասոր պէս բան մը լսուա՞ծ է։ 33  Արդեօք ազգ մը կրակին մէջէն խօսող Աստուծոյ ձայնը քու լսածիդ պէս լսեր ու ողջ մնացե՞ր է։ 34  Կամ թէ Աստուած մէկ ազգը միւս ազգերուն մէջէն իրեն առա՞ծ է՝ փորձերով, հրաշքներով, զարմանալի գործերով, պատերազմով, զօրաւոր ձեռքով ու բարձր բազուկով եւ մեծ արհաւիրքներով, ինչպէս ձեր Տէր Աստուածը Եգիպտոսի մէջ ձեզի համար այս բոլոր բաները ըրաւ ձեր աչքերուն առջեւ։ 35  Ասիկա քեզի ցուցուեցաւ, որպէս զի գիտնաս թէ Եհովան՝ ինք միայն Աստուած է. անկէ ուրիշ Աստուած չկայ։ 36  Քեզ խրատելու համար իր ձայնը երկնքէն լսել տուաւ քեզի ու երկրի վրայ իր մեծ կրակը քեզի ցուցուց ու անոր խօսքերը կրակին մէջէն լսեցիր։ 37  Քու հայրերդ սիրելուն համար անոնցմէ ետքը անոնց սերունդը ընտրեց ու իր ներկայութեամբ մեծ զօրութիւնով քեզ Եգիպտոսէն հանեց. 38  Որպէս զի՝ քեզմէ մեծ ու զօրաւոր ազգեր՝ քու առջեւէդ վռնտէ ու քեզ տանի անոնց երկիրը, որ քեզի իբր ժառանգ պիտի տայ եւ որ այդպէս այսօր ժառանգած ես։ 39  Այսօր գիտցիր ու սրտիդ մէջ դիր, թէ վերը երկնքի մէջ ու վարը երկրի վրայ Եհովան՝ ինք միայն Աստուած է, ուրիշ մը չկայ։ 40  Ուստի անոր կանոններն ու պատուիրանքները պահէ, որոնք ես այսօր քեզի կը պատուիրեմ, որպէս զի քեզի ու քեզմէ ետքը քու որդիներուդ աղէկ ըլլայ ու նաեւ քու օրերդ երկար ըլլան այն երկրին մէջ, որ քու Տէր Աստուածդ քեզի պիտի տայ մշտնջենապէս»։ ՅՈՐԴԱՆԱՆԻ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԿՈՂՄԻ ԱՊԱՍՏԱՆԱՐԱՆ ՔԱՂԱՔՆԵՐԸ 41  Այն ատեն Մովսէս Յորդանանի ասդիի կողմը դէպի արեւելք երեք քաղաք զատեց. 42  Որպէս զի երէկուընէ ու նախորդ օրուընէ ատելութիւն չունեցող ու անգիտութեամբ իր դրացին մեռցնող մարդասպանը հոն փախչի ու այդ քաղաքներէն մէկուն մէջ փախչելով՝ ողջ մնայ։ 43  Ռուբէնեաններուն համար դաշտային երկրին եւ անապատին մէջ Բոսորը եւ Գադեաններուն համար Գաղաադի մէջ Ռամովթը ու Մանասեաններուն համար Բասանի մէջ Գովղանը զատեց։ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՕՐԷՆՔՆԵՐՈՒ ՀԱՂՈՐԴՈՒՄԻՆ ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ 44  Ասիկա է այն օրէնքը որ Մովսէս Իսրայէլի որդիներուն յայտնեց։ 45  Ասոնք են այն վկայութիւնները, կանոնները եւ դատաստանները, որոնք Մովսէս Իսրայէլի որդիներուն իմացուց, անոնց Եգիպտոսէն ելած ատենը, 46  Յորդանանի ասդիի կողմը Բեթփեգովրի դէմ գտնուող հովիտին մէջ, Եսեբոնի մէջ բնակող Ամօրհացիներու Սեհոն թագաւորին երկրին մէջ, որ Մովսէս ու Իսրայէլի որդիները զարկին իրենց Եգիպտոսէն ելած ատենը 47  Եւ անոր երկիրն ու Բասանի Ովգ թագաւորին երկիրը, այսինքն Յորդանանի ասդին արեւելեան կողմը բնակող Ամօրհացիներու երկու թագաւորներուն երկիրները, 48  Առնոն ձորին եզերքը եղող Արոէրէն մինչեւ Սիօն լեռը՝ որ Հերմոն կը կոչուի 49  Ու Յորդանանի ասդին արեւելեան կողմը եղած բոլոր դաշտը մինչեւ Ասեդովթ–Փասգայի ներքեւի դաշտը՝ ծովուն քովը ժառանգեցին։

Ստորանիշներ

4։11 Եբր., մինչեւ երկնքի սիրտը
4։16 Եբր., նմանութեան
4։20 Եբր., ժառանգութեան