ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 3։1-26

3  Օր մը Պետրոս ու Յովհաննէս իններորդ ժամու աղօթքին ատենը մէկտեղ տաճար գացին։  Հոն իր մօրը որովայնէն կաղ ծնած մարդ մը կը բերէին եւ ամէն օր տաճարին Գեղեցիկ կոչուած դրանը քով կը դնէին, որպէս զի տաճարը մտնողներէն ողորմութիւն խնդրէ։  Ան՝ տեսնելով Պետրոսը եւ Յովհաննէսը, որ տաճարը մտնելու վրայ էին, կ’աղաչէր որ ողորմութիւն տան։  Իսկ Պետրոս Յովհաննէսին հետ մէկտեղ անոր նայեցաւ ու ըսաւ. «Մեզի՛ նայէ»։  Ան ալ դէպի անոնց դարձաւ ու կը յուսար թէ անոնցմէ բան մը պիտի առնէ։  Պետրոս ըսաւ. «Արծաթ ու ոսկի չունիմ, հապա ինչ որ ունիմ՝ զայն քեզի կու տամ։ Նազովրեցի Յիսուս Քրիստոսին անունովը ելի՛ր ու քալէ՛»։  Անոր աջ ձեռքէն բռնեց ու վերցուց զանիկա ու իսկոյն անոր ոտքին թաթերը ու կոճերը զօրացան։  Եւ վեր ցատկելով կայնեցաւ ու քալեց եւ անոնց հետ տաճարը մտաւ, քալելով ու ցատկելով եւ Աստուած օրհնելով։  Բոլոր ժողովուրդը տեսաւ զանիկա որ կը քալէր ու Աստուած կ’օրհնէր։ 10  Գիտէին թէ ան ողորմութեան համար տաճարին Գեղեցիկ կոչուած դրանը քով կը նստէր։ Զարմանքով ու ապշութեամբ լեցուեցան այս եղած բանին համար։ ՊԵՏՐՈՍԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ 11  Քանի որ անիկա* Պետրոսին ու Յովհաննէսին յարեր էր, բոլոր ժողովուրդը զարմացած մէկտեղ վազեցին անոնց քով այն սրահը, որ Սողոմոնին Սրահը կը կոչուէր։ 12  Պետրոս ասիկա տեսնելով՝ ըսաւ ժողովուրդին. «Ո՛վ Իսրայելացի մարդիկ, ինչո՞ւ զարմացեր էք ասոր վրայ, կամ ինչո՞ւ աչքերնիդ տնկած մեզի կը նայիք։ Միթէ մեր զօրութիւնովը կամ բարեպաշտութիւնո՞վը ատոր քալել տուինք։ 13  Աբրահամին ու Իսահակին եւ Յակոբին Աստուածը, մեր հայրերուն Աստուածը, փառաւորեց իր Որդին Յիսուսը, որ դուք մատնեցիք եւ ուրացաք Պիղատոսին առջեւ՝ երբ ինք վճռեց որ արձակէ։ 14  Բայց դուք այն Սուրբը եւ Արդարը ուրացաք ու խնդրեցիք որ մարդասպան մարդ մը ձեզի շնորհուի. 15  Բայց կենաց Առաջնորդը սպաննեցիք, որ Աստուած մեռելներէն յարուցանեց, որուն մենք վկայ ենք։ 16  Անոր անուանը հաւատքով՝ անոր անունը զօրացուց ասիկա, որ դուք կը տեսնէք ու կը ճանչնաք։ Այդ հաւատքն է, որ առողջացուց զայն ձեր ամենուն առջեւ։ 17  Հիմա, ե՛ղբայրներ, գիտեմ թէ չգիտնալով ըրիք, ինչպէս ձեր իշխաններն ալ։ 18  Բայց Աստուած՝ ինչ որ նախապէս իր բոլոր մարգարէներուն բերնով յայտներ էր Քրիստոսին չարչարուելուն մասին՝ այնպէս կատարեց։ 19  Ուստի ապաշխարեցէ՛ք ու դարձի՛ եկէք, որպէս զի մեղքերնիդ ջնջուի.3։20 որպէս զի սփոփանքի ժամանակները գան Տէրոջը երեսէն 20  Եւ նախապէս ձեզի քարոզուած* Յիսուս Քրիստոսը ղրկէ. 21  Որ պէտք է երկինք ընդունի մինչեւ այն ատենները՝ երբ բոլոր բաները կարգադրուին, որոնց համար Աստուած սկիզբէն ի վեր իր սուրբ մարգարէներուն բերնով խօսած է։ 22  Մովսէս* մեր հայրերուն ըսաւ թէ՝ ‘Ձեր Տէր Աստուածը ձեր եղբայրներէն ինծի պէս մարգարէ մը պիտի հանէ ձեզի. Անոր մտի՛կ ըրէք՝ ամէն ինչ որ ձեզի խօսի։ 23  Եւ ո՛վ որ այն մարգարէին մտիկ չընէ, ժողովուրդին մէջէն պիտի կորսուի’։ 24  Ու բոլոր մարգարէները, Սամուէլէն սկսած, խօսեցան եւ այս օրերուն համար ալ իմացուցին։ 25  Դուք էք մարգարէներուն որդիները եւ այն ուխտին, որ Աստուած մեր հայրերուն հետ ըրաւ ու ըսաւ Աբրահամին. ‘Քու սերունդովդ պիտի օրհնուին երկրի բոլոր ազգերը’։ 26  Աստուած իր Որդին* յարուցանելով՝ առաջ ձեզի ղրկեց զանիկա, որպէս զի ձեզ օրհնէ, ամէն մէկդ ձեր չարութիւններէն դարձնելով»։

Ստորանիշներ

3։11 Ոմանք, այն բժշկուած կաղը
3։20 Ոմանք, ձեզի համար սահմանուած
3։22 Ոմանք, քանզի Մովսէս
3։26 Ոմանք, Որդին Յիսուսը