ԵԼԻՑ 15։1-27

15  Այն ատեն Մովսէս ու Իսրայէլի որդիները այս երգը երգեցին Տէրոջը.«Պիտի երգեմ Տէրոջը, քանզի փառքով փառաւորեալ է.Ձին ու անոր հեծեալը ծովը նետեց։   Տէրն է իմ զօրութիւնս ու գովութիւնսԵւ իմ փրկութիւնս եղաւ.Անիկա է իմ Աստուածս ու պիտի փառաւորեմ զանիկա.Իմ հօրս Աստուածն է ու պիտի բարձրացնեմ զանիկա։   Տէրը հզօր պատերազմող է.Անոր անունը ԵՀՈՎԱ է։   Փարաւոնին կառքերն ու անոր զօրքերը ծովը նետեցԵւ անոր ընտիր ոստիկանները Կարմիր ծովուն մէջ ընկղմեցան։   Անդունդները ծածկեցին զանոնք.Քարի պէս խորունկը իջան։   Քու աջ ձեռքդ, ո՛վ Տէր, փառաւորեալ է զօրութեամբ.Քու աջ ձեռքդ, ո՛վ Տէր, խորտակեց թշնամին։   Քու փառքիդ մեծութիւնովը քեզի դէմ կեցողները կործանեցիր,Քու բարկութիւնդ ղրկեցիր, որ զանոնք յարդի պէս կերաւ։   Քու շունչիդ փչելովը ջուրերը հաւաքուեցան.Հեղեղները դէզի պէս կայնեցան.Ծովուն մէջտեղը անդունդները պաղեցան։   Թշնամին ըսաւ. ‘Պիտի հալածեմ, պիտի հասնիմ,Աւարը պիտի բաժնեմ.Իմ անձս անոնցմէ պիտի կշտանայ.Իմ սուրս պիտի քաշեմ,Իմ ձեռքս զանոնք պիտի աւրէ’։ 10  Քու հովդ փչեցիր, ծովը զանոնք ծածկեց.Զօրաւոր ջուրերուն մէջ կապարի պէս ընկղմեցան։ 11  Ո՛վ Տէր, աստուածներուն մէջ քեզի պէս ո՞վ կայ։Սրբութեան մէջ փառաւորեալ, օրհնութեան մէջ սքանչելի,Հրաշքներ ընող՝ ո՞վ կայ քեզի նման։ 12  Քու աջ ձեռքդ երկնցուցիր,Երկիրը զանոնք կլլեց։ 13  Քու ողորմութիւնովդ առաջնորդեցիր այս ժողովուրդին որ դուն փրկեցիր.Քու զօրութիւնովդ տարիր զանոնք քու սուրբ բնակութիւնդ։ 14  Ժողովուրդները պիտի լսեն ու սարսափին.Փղշտացիներուն երկրին բնակիչները ցաւ պիտի բռնէ։ 15  Այն ատեն Եդովմին իշխանները պիտի տագնապին,Մովաբին զօրաւորները պիտի դողան.Քանանի բոլոր բնակիչները պիտի հալին։ 16  Անոնց վրայ վախ ու դող պիտի իյնայ.Քու բազուկիդ մեծութենէն քար պիտի կտրին,Մինչեւ անցնի քու ժողովուրդդ, ո՛վ Տէր,Մինչեւ անցնի այս ժողովուրդը, որ դուն ստացար։ 17  Պիտի բերես զանոնք ու քու ժառանգութեանդ լեռը պիտի տնկես զանոնք,Ո՛վ Տէր, այն տեղը, որ քու բնակութեանդ համար շինեցիր.Ո՛վ Տէր, այն սրբարանին մէջ, որ քու ձեռքերդ շինեցին։ 18  Տէրը պիտի թագաւորէ յաւիտեանս յաւիտենից։ 19  Քանզի Փարաւոնին ձիերը իր կառքերովն ու ձիաւորներովը ծովը մտանԵւ Տէրը ծովուն ջուրերը անոնց վրայ դարձուց.Բայց Իսրայէլի որդիները ծովուն մէջէն ցամաքով գացին»։ ՄԱՐԻԱՄԻՆ ԵՐԳԸ 20  Ահարոնին քոյրը՝ Մարիամ մարգարէուհին՝ թմբուկը իր ձեռքը առաւ ու բոլոր կիները թմբուկներով ու պարերով անոր ետեւէն ելան։ 21  Եւ Մարիամ ըսաւ անոնց.«Երգեցէ՛ք Տէրոջը, քանզի փառքով փառաւորեալ է.Ձին ու անոր հեծեալը ծովը նետեց»։ ԴԱՌՆ ՋՈՒՐ 22  Մովսէս Կարմիր ծովէն ճամբայ հանեց Իսրայէլը ու Սուրի անապատը ելան, երեք օրուան ճամբայ գացին անապատին մէջ, բայց ջուր չգտան։ 23  Երբ Մեռա հասան, չէին կրնար խմել Մեռայի ջուրերէն, վասն զի դառն էին. անոր համար անոր անունը Մեռա* կոչուեցաւ։ 24  Ժողովուրդը տրտնջեց Մովսէսին դէմ՝ ըսելով. «Ի՞նչ խմենք»։ 25  Մովսէս Տէրոջը աղաղակեց ու Տէրը անոր փայտ մը ցուցուց, որ ջուրերուն մէջ դրածին պէս՝ ջուրերը անուշցան։ Հոն անոնց կարգ կանոն դրաւ եւ հոն փորձեց զանոնք 26  Եւ ըսաւ. «Եթէ Տէրոջը քու Աստուծոյդ ձայնին ուշադրութեամբ մտիկ ընես ու ինչ որ անոր առջեւ շիտակ է՝ ընես եւ անոր պատուիրանքներուն ականջ դնես ու անոր բոլոր կանոնները պահես, այն ախտերէն մէ՛կը քու վրադ պիտի չբերեմ, որոնք Եգիպտացիներուն վրայ բերի. քանզի ես եմ Տէրը, որ քեզ կը բժշկեմ»։ 27  Հասան Եղիմ, ուր տասներկու ջուրի աղբիւրներ ու եօթանասուն արմաւենիներ կային։ Հոն՝ ջուրերուն քով՝ բանակ դրին։

Ստորանիշներ

15։23 Այսինքն, դառնութիւն