ԵԼԻՑ 34։1-35
34 Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Քեզի երկու քարէ տախտակներ կոփէ առաջուաններուն պէս ու այն տախտակներուն վրայ պիտի գրեմ առաջուան տախտակներուն վրայի խօսքերը, որոնք դուն կոտրտեցիր։
2 Առտուն պատրաստ եղիր ու Սինա լեռը ելի՛ր, հոն լերան գլուխը առջեւս կայնէ։
3 Մէ՛կը պիտի չելլէ քեզի հետ եւ մէ՛կը պիտի չտեսնուի բոլոր լերանը վրայ, ո՛չ ալ այդ լերանը ստորոտը ոչխար կամ արջառ պիտի արածուի»։
4 Մովսէս առաջուաններուն պէս երկու քարէ տախտակներ կոփեց ու առտուն կանուխ ելաւ ու Տէրոջը իրեն պատուիրածին պէս Սինա լեռը գնաց։ Երկու քարէ տախտակները իր ձեռքը առաւ։
5 Տէրը ամպով իջաւ ու հոն անոր քով կեցաւ, Տէրոջը անունը կանչեց։
6 Տէրը անոր առջեւէն անցաւ ու աղաղակեց. «Տէ՛րը, Տէ՛ր Աստուածը, ողորմած ու բարերար, երկայնամիտ եւ առատ՝ ողորմութիւնով ու ճշմարտութիւնով,
7 Հազարներուն ողորմութիւն ընող, անօրէնութիւնը, յանցանքը ու մեղքը ներող, բայց յանցաւորը ամենեւին անպարտ չի թողուր, հայրերուն անօրէնութիւնը որդիներուն վրայ ու որդիներուն որդիներուն վրայ, մինչեւ երրորդ ու չորրորդ ազգը հատուցանելով»։
8 Մովսէս աճապարելով մինչեւ գետինը խոնարհեցաւ ու երկրպագութիւն ըրաւ։
9 Ու ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, եթէ հիմա քու առջեւդ շնորհք գտայ, կ’աղաչեմ, թող իմ Տէրս մեզի հետ երթայ. վասն զի* ասիկա խստապարանոց ազգ մըն է եւ ներէ՛ մեր անօրէնութիւնը ու մեր մեղքերը եւ մեզ քու ժառանգորդները ըրէ»։
ՈՒԽՏԸ ԿԸ ՆՈՐՈԳՈՒԻ
(Ելից 23։14-19. Բ. Օր. 7։1-5. 16։1-17)
10 Տէրը ըսաւ. «Ահա ես ուխտ մը կ’ընեմ։ Քու բոլոր ժողովուրդիդ առջեւ այնպիսի սքանչելիքներ պիտի ընեմ, որ բոլոր երկրի վրայ ու բոլոր ազգերու մէջ եղած չեն։ Բոլոր ժողովուրդը, որուն մէջ ես դուն, պիտի տեսնեն Տէրոջը գործը, քանզի հիանալի է այն բանը, որ քեզի պիտի ընեմ։
11 Միտքդ պահէ ինչ որ ես քեզի կը պատուիրեմ այսօր։ Ահա պիտի վռնտեմ քու առջեւէդ Ամօրհացին ու Քանանացին եւ Քետացին ու Փերեզացին եւ Խեւացին ու Յեբուսացին։
12 Զգուշացիր քու անձիդ, չըլլայ թէ քու երթալու երկրիդ բնակիչներուն հետ ուխտ ընես, չըլլայ որ անիկա քու մէջդ որոգայթ ըլլայ։
13 Անոնց բագինները կործանեցէք ու անոնց կուռքերը փշրեցէք։ Անոնց Աստարովթները կոտրտեցէք։
14 Վասն զի ուրիշ Աստուծոյ երկրպագութիւն պէտք չէ ընես, քանզի Եհովան Նախանձոտ կը կոչուի եւ նախանձոտ Աստուած է։
15 Չըլլայ որ այն երկրին բնակիչներուն հետ ուխտ ընես եւ անոնք իրենց աստուածներուն ետեւէն երթալով պոռնկութիւն ըրած ատեննին ու իրենց աստուածներուն զոհ ըրած ատեննին քեզ կանչեն ու դուն անոնց զոհէն ուտես։
16 Եւ չըլլայ որ անոնց աղջիկներէն քու որդիներուդ կին առնես ու անոնց աղջիկները իրենց աստուածներուն ետեւէն երթալով պոռնկութիւն ըրած ատեննին քու որդիներուդ ալ պոռնկութիւն ընել տան՝ իրենց աստուածներուն ետեւէն քալեցնելով։
17 Քեզի ձուլածոյ աստուածներ մի՛ շիներ։
18 Բաղարջակերաց տօնը պահէ՛. Ապիպ ամսուան որոշ ժամանակի մէջ, քեզի պատուիրածիս պէս, եօթը օր բաղարջ պիտի ուտես. վասն զի Ապիպ ամսուան մէջ Եգիպտոսէն ելար։
19 Ամէն մօրը արգանդը բացողը իմս է, նոյնպէս քու անասուններուդ ամէն արու առջինեկը, թէ՛ արջառ ըլլայ եւ թէ՛ ոչխար, իմս է։
20 Բայց իշուն առջինեկը գառնուկով փրկէ՛ եւ եթէ չփրկես, այն ատեն անոր վիզը պէտք է կտրես։ Քու որդիներուդ ամէն առջինեկը փրկէ՛ ու մէ՛կը իմ առջեւս ձեռնունայն չերեւնայ։
21 Վեց օր պիտի գործես ու եօթներորդ օրը հանգստանաս. թէ՛ վարուցանի եւ թէ՛ հնձելու ատեն հանգստանաս։
22 Շաբաթներուն, այսինքն ցորենի հունձքին երախայրիներուն տօնը ու տարուան վերջը՝ արմտիքները հաւաքելու տօնը բռնէ՛։
23 Ձեր ամէն արու զաւակը տարին երեք անգամ Իսրայէլի Աստուծոյն, Եհովա Տէրոջը, առջեւ թող երեւնայ։
24 Վասն զի քու առջեւէդ ազգերը պիտի վռնտեմ եւ քու սահմաններդ պիտի ընդարձակեմ։ Տարին երեք անգամ քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ երեւնալու ելած ատենդ մէ՛կը քու երկրիդ պիտի չցանկայ։
25 Իմ զոհերս խմորեալ հացով պէտք չէ նուիրես* ու զատկի տօնին զոհը մինչեւ առտու պէտք չէ մնայ։
26 Քու երկրիդ երախայրիներուն առաջինները քու Տէր Աստուծոյդ տունը պէտք է բերես։
Ուլը իր մօրը կաթին մէջ պէտք չէ եփես»։
27 Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Գրէ՛ այս խօսքերը. վասն զի այս խօսքերուն համեմատ քեզի հետ ու Իսրայէլին հետ ուխտ ըրի»։
28 Մովսէս հոն կեցաւ Տէրոջը հետ քառասուն օր ու քառասուն գիշեր։ Ո՛չ հաց կերաւ, ո՛չ ալ ջուր խմեց։ Տախտակներուն վրայ ուխտին խօսքերը գրեց, այսինքն տասը պատուիրանքները։
ՄՈՎՍԷՍ ՍԻՆԱ ԼԵՌՆԷՆ Կ’ԻՋՆԷ
29 Երբ Մովսէս լեռնէն իջաւ, վկայութեան երկու տախտակները իր ձեռքն էին։ Մովսէս իր երեսին մորթին լուսափայլ ըլլալը չէր գիտեր, երբ Տէրը իրեն հետ խօսեցաւ։
30 Ահարոն ու Իսրայէլի բոլոր որդիները տեսան Մովսէսը։ Անոր երեսին մորթը լուսափայլ էր, ուստի անոր մօտենալու վախցան։
31 Բայց Մովսէս կանչեց զանոնք։ Ահարոն ու ժողովուրդին բոլոր իշխանները դարձան անոր ու Մովսէս խօսեցաւ անոնց հետ։
32 Անկէ ետքը Իսրայէլի բոլոր որդիները մօտեցան։ Պատմեց անոնց ամէն ինչ որ Տէրը խօսեր էր իրեն Սինա լեռը։
33 Մովսէս մինչեւ անոնց հետ խօսիլը լմնցնելը՝ իր երեսը քօղ դրաւ։
34 Բայց Մովսէս Տէրոջը առջեւ, անոր հետ խօսելու մտած ատենը, մինչեւ դուրս ելլելը քօղը կը վերցնէր, ետքը դուրս կ’ելլէր ու իրեն պատուիրուածը Իսրայէլի որդիներուն կը յայտնէր։
35 Իսրայէլի որդիները Մովսէսին նայեցան տեսան թէ՝ անոր երեսին մորթը լուսափայլ էր։ Մովսէս իր երեսը քօղով կը ծածկէր, մինչեւ Անոր հետ խօսելու մտնելը։