ԵՍԱՅԵԱՅ 13։1-22
13 Բաբելոնին համար տրուած պատգամը, որ Ամովսին որդիին Եսայիին յայտնուեցաւ։
2 Մերկ լերանը վրայ դրօշակ տնկեցէ՛ք,Բարձր ձայնով կանչեցէք անոնց,Ձեռքով նշան ըրէք, որպէս զի իշխաններուն դռները մտնեն։
3 Իմ որոշածներուս* հրաման ըրի.Իմ զօրաւորներս, իմ փառքիս համար ուրախացողները,Իմ բարկութիւնս գործադրելու կանչեցի։
4 Լեռներուն վրայ բազմութեան ձայն մը կայ,Մեծ ժողովուրդի մը ձայնին պէս,Մէկտեղ հաւաքուած ազգերու թագաւորութիւններուն աղմուկին ձայնը կայ.Զօրքերու Տէրը պատերազմի համար իր զօրքերը աչքէ կ’անցընէ։
5 Հեռաւոր երկրէն, երկնքի ծայրէն,Տէրը ու անոր բարկութեանը գործիքներըԲոլոր երկիրը աւերելու կու գան։
6 Ողբացէ՛ք, վասն զի Տէրոջը օրը մօտ է.Անիկա Ամենակարողէն եկած աւերման պէս պիտի գայ։
7 Անոր համար բոլոր ձեռքերը պիտի թուլնանՈւ ամէն մարդու սիրտ պիտի հալի։
8 Անոնք պիտի սոսկան։Նեղութիւն ու անձկութիւն պիտի տիրէ անոնց,Ծննդական կնոջ պէս ցաւ պիտի քաշեն։Ամէն մարդ իր ընկերին վրայ պիտի նայի ու ապշի։Անոնց երեսները բոցագոյն պիտի ըլլան։
9 Ահա Տէրոջը օրը կու գայ՝Անգթութեամբ, սրտմտութեամբ եւ սաստիկ բարկութեամբ,Որպէս զի երկիրը աւերակ դարձնէՈւ մեղաւորները անկէ բնաջինջ ընէ։
10 Վասն զի երկնքի աստղերն ու անոնց համաստեղութիւններըԻրենց լոյսը պիտի չտան։Արեւը իր ելած ատենը պիտի խաւարիԵւ լուսինը իր լոյսը պիտի չտայ։
11 Ես պիտի պատժեմ աշխարհը իր չարութեանը համարԵւ ամբարիշտները՝ իրենց անօրէնութեանը համար։Հպարտներուն ամբարտաւանութիւնը պիտի դադրեցնեմԵւ բռնաւորներուն գոռոզութիւնը պիտի ցածցնեմ։
12 Մարդը զուտ ոսկիէնՈւ Ոփիրի ոսկիէն պատուական պիտի ընեմ։
13 Ուստի պիտի սարսեմ երկինքըՈւ երկիր իր տեղէն պիտի սասանիԶօրքերու Տէրոջը սրտմտութիւնովը՝Անոր սաստիկ բարկութեանը օրը։
14 Բաբելոնի բնակիչները հալածուած այծեամի պէս պիտի ըլլանՈւ մոլորած ոչխարներու պէս, ու զանոնք հաւաքող մը պիտի չըլլայ։Անոնց ամէն մէկը իր ժողովուրդին պիտի դառնայԵւ ամէն մարդ իր երկիրը պիտի փախչի։
15 Ով որ գտնուի՝ պիտի խոցուիԵւ ով որ գտնուի՝ սուրով պիտի իյնայ։
16 Անոնց տղաքը աչքերնուն առջեւ գետինը պիտի զարնուին,Անոնց տուները պիտի կողոպտուինԵւ անոնց կիները պիտի պղծուին։
17 Ահա անոնց դէմ Մարերու ազգը ոտքի պիտի հանեմ,Որոնք արծաթը բանի տեղ չեն դներՈւ ոսկիէն չեն ախորժիր։
18 Անոնց աղեղները երիտասարդները պիտի խոցենՈւ անոնք որովայնի պտուղին գթութիւն պիտի չընեն։Անոնց աչքը պիտի չգթայ տղաքներուն։
19 Թագաւորութիւններուն փառքըԵւ Քաղդէացիներուն փառաւորութեանը պարծանքը եղող ԲաբելոնըՏակնուվրայ պիտի ըլլայ,Ինչպէս Աստուած Սոդոմն ու Գոմորը կործանեց։
20 Հոն յաւիտեան բնակութիւն պիտի չըլլայԵւ ազգէ ազգ մարդ պիտի չբնակի։Հոն Արաբացիները վրան պիտի չկանգնեցնենԵւ հովիւները իրենց հօտը հոն պիտի չպառկեցնեն.
21 Հապա հոն վայրենի կատուներ* պիտի պառկինՈւ անոնց տուները ոռնացող անասուններով պիտի լեցուինԵւ հոն ջայլամներ պիտի բնակինՈւ հոն այծամարդեր պիտի կաքաւեն։
22 Անոր պալատներուն մէջ բորենիներՈւ զբօսանքի տուներուն մէջ ճագարներ պիտի կանչվռտեն։Եւ անոր ժամանակը հասնելու վրայ էՈւ անոր օրերը ա՛լ պիտի չերկննան։