ԵՍԱՅԵԱՅ 25։1-12

25  Ո՛վ Տէր, իմ Աստուածս դուն ես.Քեզ պիտի բարձրացնեմ, քու անուանդ փառք պիտի տամ.Քանզի սքանչելի բաներ ըրիր,Քու վաղեմի խորհուրդներն հաւատարիմ եւ ճշմարիտ են։   Քանզի քաղաքը հողակոյտՈւ պարսպապատ քաղաքը աւերակ դարձուցիր,Որպէս զի այսուհետեւ քաղաք չըլլալով՝Օտարականներուն պալատը յաւիտեան չշինուի։   Անոր համար զօրաւոր ժողովուրդը քեզ պիտի պատուէԵւ ահարկու ազգերուն քաղաքը քեզմէ պիտի վախնայ։   Վասն զի դուն ապաւէն եղար աղքատին,Ապաւէն՝ չքաւորին իր նեղութեան ատենը,Ապաստանարան՝ փոթորիկէն, հովանի՝ տաքութենէն,Երբ անօրէն մարդոց կատաղութիւնը պատ փլցնող փոթորիկի պէս գայ։   Օտարականներուն աղաղակըՉոր տեղին տաքութեանը պէս պիտի մեղմացնես։Ինչպէս տաքութիւնը ամպի հովանիով կ’իջնէ,Այնպէս բռնաւորներուն ցնծութեան ձայնը պիտի ցածնայ։ ԱՍՏՈՒԱԾ ԿՈՉՈՒՆՔ ՄԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏԷ   Զօրքերու Տէրը այս լերան վրայԲոլոր ազգերուն կոչունք մը պիտի ընէ,Պարարտ բաներու եւ հին գինիներու,Ծուծով լեցուած պարարտ բաներուՈւ զտուած հին գինիներու կոչունք։   Այս լերան վրայԲոլոր ժողովուրդներուն վրայ տարածուած ծածկոցըՈւ բոլոր ազգերուն վրայ փռուած վարագոյրը բնաջինջ պիտի ընէ։   Մահը յաւիտեան* բնաջինջ պիտի ընէՈւ Տէր Եհովան ամէն աչքէ* արցունքը պիտի սրբէԵւ բոլոր երկրի երեսէն իր ժողովուրդին նախատինքը պիտի վերցնէ.Վասն զի Տէրը խօսեցաւ։   Ու այն օրը պիտի ըսեն.«Ահա մեր Աստուածը ասիկա է.Անոր յուսացինք ու անիկա մեզ ազատեց.Տէրը ասիկա է, անոր յուսացինք.Անոր փրկութիւնովը պիտի ցնծանք եւ ուրախանանք»։ ԱՍՏՈՒԱԾ ՄՈՎԱԲԸ ՊԻՏԻ ՊԱՏԺԷ 10  Քանզի Տէրոջը ձեռքը այս լերան վրայ պիտի հանգչիՈւ Մովաբ անոր տակ պիտի կոխկռտուի,Ինչպէս յարդը կը կոխկռտուի աղբանոցին մէջ։ 11  Իր ձեռքերը պիտի տարածէ անոր վրայ,Ինչպէս լողացողը կը տարածէ լողալու ատեն։Անոր հպարտութիւնը անոր ձեռքերուն հնարքներուն հետ պիտի կործանէ։ 12  Եւ քու բարձր պարիսպներուդ ամրութիւնը պիտի խոնարհեցնէՈւ գետնին հետ հաւասարեցնելով փոշիի մէջ պիտի ձգէ։

Ստորանիշներ

25։8 Կամ, յաղթութեան մէջ
25։8 Եբր., երեսէ