ԵՍԱՅԵԱՅ 64։1-12
64 Երանի՜ թէ երկինքը ճեղքելով վար իջնէիր,Քու ներկայութենէդ լեռները հալէին*։
2 Խռիւները՝ բռնկցնող կրակի պէս,Ջուրերը՝ եռացնող կրակի պէս,Որ քու անունդ թշնամիներուդ յայտնէիրՈւ ազգերը քու երեսէդ դողային
3 Երբ այն սոսկալի բաները ըրիր, որոնց չէինք յուսար,Իջա՛ր եւ քու երեսէդ լեռները հալեցան*։
4 Քանզի սկիզբէն ի վեր չլսուեցաւ ու ականջ չլսեցԵւ աչք չտեսաւ քեզմէ զատ ուրիշ Աստուած մը,Որ իրեն յուսացողներուն այսպիսի բաներ ընէ։
5 Անոնց հանդիպեցար, որոնք ուրախութեամբ արդարութիւն կ’ընենԵւ քու ճամբաներուդ մէջ քեզ կը յիշեն։Ահա բարկացար, վասն զի մեղք գործեցինքԵւ անոնց մէջ երկար ատեն մնացինք. արդեօք պիտի փրկուի՞նք։
6 Բայց ամէնքս պիղծ բանի պէս եղանքՈւ մեր բոլոր արդար գործերը անմաքուր լաթի պէս են։Ամէնքս տերեւի պէս կը թառամինքՈւ մեր անօրէնութիւնները հովի պէս մեզ կը հեռացնեն։
7 Քու անունդ կանչող չկայ,Որ արթննայ ու քեզմէ ոյժ գտնէ,Քանզի քու երեսդ մեզմէ ծածկեցիրՈւ մեր անօրէնութիւններուն պատճառով մեզ մաշեցուցիր։
8 Բայց հիմա, ո՛վ Տէր, դուն մեր Հայրն ես։Մենք կաւ ենք ու դուն մեր Բրուտն ես։Ամէնքս քու ձեռքիդ գործն ենք։
9 Շատ մի՛ բարկանար, ո՛վ Տէր,Ու մեր անօրէնութիւնը յաւիտեան մի՛ յիշեր։Ահա նայէ՛, կ’աղաչենք, ամէնքս քու ժողովուրդդ ենք։
10 Սուրբ քաղաքներդ անապատ եղան,Սիօն անապատ եղաւ,Երուսաղէմ աւերակ եղաւ։
11 Մեր սուրբ ու փառաւոր տունը,Որուն մէջ մեր հայրերը քեզ կ’օրհնէին,Հրոյ ճարակ եղաւ։Մեր բոլոր ցանկալի տեղերը ամայացան։
12 Դեռ ինքզինքդ պիտի զսպե՞ս, ո՛վ Տէր,Տակաւին պիտի լռե՞ս ու մեզ խիստ շատ պիտի նեղե՞ս։