ԹՈՒՈՑ 31։1-54

31  Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.  «Մադիանացիներէն Իսրայէլի որդիներուն վրէժը ա՛ռ ու ապա քու ժողովուրդիդ խառնուէ»։  Մովսէս ժողովուրդին խօսեցաւ ու ըսաւ. «Ձեզմէ մարդիկ թող պատրաստուին պատերազմի համար ու Մադիամի վրայ երթան, որ Մադիամէն Տէրոջը վրէժը առնեն։  Իսրայէլի բոլոր ցեղերէն ամէն մէկէն հազարական մարդ պատերազմի պէտք է ղրկէք»։  Իսրայէլի ամէն մէկ ցեղէն հազարական մարդ ընտրուեցաւ. այսինքն տասներկու հազար հոգի պատերազմի համար պատրաստուեցան։  Մովսէս պատերազմի ղրկեց զանոնք, իւրաքանչիւր ցեղէն հազարական մարդ ու անոնց հետ Եղիազար քահանային որդին Փենէհէսը պատերազմի ղրկեց, որուն ձեռքն էին սուրբ անօթներն ու ազդարարութեան փողերը։  Եւ Մադիանացիներու դէմ պատերազմեցան, ինչպէս Տէրը Մովսէսին հրամայեր էր ու անոնց բոլոր այր մարդիկը մեռցուցին  Եւ անոնց սպաննուածներուն հետ Մադիամի թագաւորներն ալ՝ Եւին, Րոկոմը, Սուրը, Ուրը եւ Ռօբէն՝ Մադիամի հինգ թագաւորները սպաննեցին ու Բէովրի որդին Բաղաամը սրով մեռցուցին։  Եւ Իսրայէլի որդիները Մադիանացիներու կիներն ու տղաքները գերի առին ու անոնց բոլոր անասունները եւ հօտերն ու ստացուածքը աւար առին։ 10  Եւ անոնց բնակած բոլոր քաղաքներն ու բոլոր գիւղերը կրակով այրեցին։ 11  Եւ բոլոր աւարն ու բոլոր կողոպուտը առին մարդէ մինչեւ անասուն։ 12  Եւ գերիներն ու կողոպուտը եւ աւարը Մովսէսին, Եղիազար քահանային ու Իսրայէլի որդիներուն ժողովուրդին, բանակը բերին, որ Երիքովի դէմ՝ Յորդանանի մօտ՝ Մովաբի դաշտերուն մէջ էր։ ԲԱՆԱԿԸ ԿԸ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՅ 13  Մովսէս ու Եղիազար քահանան եւ ժողովուրդին բոլոր իշխանները բանակէն դուրս ելան զանոնք դիմաւորելու։ 14  Մովսէս պատերազմէն դարձող զօրքերուն իշխաններուն, հազարապետներուն ու հարիւրապետներուն սրդողեցաւ 15  Եւ անոնց ըսաւ. «Արդեօք բոլոր կիները ո՞ղջ թողուցիք։ 16  Ահա Բաղաամին խրատովը* ատոնք պատճառ եղան, որ Իսրայէլի որդիները Տէրոջը դէմ մեղանչեցին Փոգովրի գործին մէջ եւ Տէրոջը ժողովուրդին վրայ այն հարուածը եկաւ։ 17  Ուստի հիմա տղաքներէն ամէն արու մեռցուցէք ու այն աղջիկները, որոնք այր մարդ գիտցած են՝ արուի հետ պառկելով՝ մեռցուցէք։ 18  Եւ կիներէն այն բոլոր մանկահասակ աղջիկները, որոնք այր մարդ գիտցած չեն՝ արուի հետ չեն պառկած՝ ձեզի համար ողջ թողուցէք։ 19  Եւ դուք եօթը օր բանակէն դուրսը մնացէ՛ք։ Ով որ մարդ մեռցուցեր է եւ ով որ մեռածի դպեր է երրորդ օրն ու եօթներորդ օրը թող մաքրուի, թէ՛ դուք եւ թէ՛ ձեր գերիները։ 20  Եւ ամէն հանդերձ ու ամէն մորթէ շինուած աման եւ այծի մազէ շինուած ամէն բան ու ամէն փայտեղէն աման մաքրեցէ՛ք»։ 21  Եղիազար քահանան պատերազմի գացող զօրքերուն ըսաւ. «Ասիկա է այս օրէնքը, որ Տէրը Մովսէսին հրամայեց։ 22  Միայն ոսկին, արծաթը, պղինձը, երկաթը, անագն ու կապարը, 23  Ամէն բան, որ կրնայ կրակի դիմանալ կրակէ անցուցէք, որ մաքուր ըլլայ, սակայն կրակի չդիմացող ամէն բան ջուրէ անցուցէք։ 24  Ու եօթներորդ օրը ձեր հանդերձները լուացէք, որ մաքուր ըլլաք ու ետքը բանակին մէջ մտնէք»։ ԱՒԱՐԻՆ ԲԱԺԱՆՈՒՄԸ 25  Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 26  «Դուն Եղիազար քահանային ու ժողովուրդին նահապետական իշխաններուն հետ՝ առնուած կողոպուտին գումարը ա՛ռ՝ մարդէ մինչեւ անասուն։ 27  Եւ այն կողոպուտը պատերազմի գացող պատերազմողներուն ու բոլոր ժողովուրդին հաւասարապէս բաժնէ։ 28  Պատերազմողներէն Տէրոջը հասը ա՛ռ՝ հինգ հարիւրէն մէկը՝ թէ՛ մարդոցմէն, թէ՛ արջառներէն, թէ՛ էշերէն եւ թէ՛ ոչխարներէն։ 29  Այս հասը անոնց կէս բաժինէն պէտք է առնես ու Եղիազար քահանային տաս իբրեւ Տէրոջը ընծայ։ 30  Եւ Իսրայէլի որդիներուն կէս բաժինէն՝ յիսունէն մէկը՝ ա՛ռ, թէ՛ մարդոցմէ, թէ՛ արջառներէն, թէ՛ էշերէն, թէ՛ ոչխարներէն եւ թէ՛ ամէն անասուններէ ու զանոնք Տէրոջը խորանին պահպանութիւնը ընող Ղեւտացիներուն տո՛ւր»։ 31  Եւ Մովսէս ու Եղիազար քահանան Տէրոջը Մովսէսին հրամայածին պէս ըրին։ 32  Եւ կողոպուտը, այսինքն պատերազմող զօրքին առած աւարին գումարը* այս էր՝ վեց հարիւր եօթանասունըհինգ հազար ոչխար, 33  Եօթանասունըերկու հազար արջառ 34  Ու վաթսունըմէկ հազար էշ 35  Եւ մարդոցմէն՝ այր մարդու անկողին չգիտցող աղջիկները երեսունըերկու հազար հոգի էին։ 36  Եւ պատերազմի գացողներուն ինկած կէս բաժինը այս էր՝ ոչխարներուն թիւը երեք հարիւր երեսունըեօթը հազար հինգ հարիւր էր 37  Որմէ Տէրոջը հասը՝ վեց հարիւր եօթանասունըհինգ եղաւ 38  Եւ արջառները երեսունըվեց հազար ըլլալով՝ անոնցմէ Տէրոջը հասը եօթանասունըերկու արջառ եղաւ 39  Ու էշերը երեսուն հազար հինգ հարիւր ըլլալով՝ անոնցմէ Տէրոջը հասը երեսունըերկու եղաւ։ 40  Եւ մարդիկը տասնըվեց հազար հոգի ըլլալով՝ անոնցմէ Տէրոջը հասը երեսունըերկու հոգի եղաւ։ 41  Եւ Մովսէս Տէրոջը նուիրուած հասը Եղիազար քահանային տուաւ, ինչպէս Տէրը իրեն հրամայեր էր։ 42  Եւ Իսրայէլի որդիներուն կէս բաժինէն ալ, որ Մովսէս պատերազմողներէն զատեր էր, Տէրոջը հասը առաւ։ 43  Եւ ժողովուրդին կէս բաժինը երեք հարիւր երեսունըեօթը հազար հինգ հարիւր ոչխար, 44  Երեսունըվեց հազար արջառ, 45  Երեսուն հազար հինգ հարիւր էշ 46  Ու տասնըվեց հազար հոգի էր։ 47  Եւ Մովսէս Իսրայէլի որդիներուն կէս բաժինէն՝ թէ՛ մարդէն, թէ՛ անասունէն՝ յիսունէն մէկը առնելով, Տէրոջը խորանին պահպանութիւնը ընող Ղեւտացիներուն տուաւ, ինչպէս Տէրը Մովսէսին հրամայեր էր։ 48  Զօրքին վերակացուները, այսինքն հազարապետներն ու հարիւրապետները, Մովսէսին մօտեցան 49  Ու Մովսէսին ըսին. «Քու ծառաներդ մեր ձեռքին տակ եղող պատերազմողներուն գումարը առինք ու մեզմէ մարդ մը պակաս չէ։ 50  Ուստի ամէն մէկս ինչ որ գտանք՝ Տէրոջը ընծայ բերինք՝ ոսկիէ զարդեր, շղթաներ, ապարանջաններ, մատնիներ, օղեր ու մանեակներ*, որ Տէրոջը առջեւ մեր հոգիներուն քաւութիւն ընենք»։ 51  Եւ Մովսէս ու Եղիազար քահանան անոնցմէ ոսկին առին, ամէնն ալ բանուած զարդեր էին։ 52  Եւ հազարապետներէն ու հարիւրապետներէն Տէրոջը մատուցուած ընծային բոլոր ոսկին տասնըվեց հազար եօթը հարիւր յիսուն սիկղ էր։ 53  (Պատերազմողներէն իւրաքանչիւրը իրենց համար կողոպուտ առեր էր։) 54  Եւ Մովսէս ու Եղիազար քահանան հազարապետներէն ու հարիւրապետներէն ոսկին առին եւ վկայութեան խորանը բերին, Տէրոջը առջեւ որպէս Իսրայէլի որդիներուն յիշատակը։

Ստորանիշներ

31։16 Եբր., խօսքովը
31։32 Կամ, մնացորդը եւ կամ, բազմութիւնը
31։50 Կամ, լանջագեղ կամարներ