ԺՈՂՈՎՈՂԻ 1։1-18

1  Երուսաղէմի թագաւոր Դաւիթի որդիին Ժողովողին խօսքերը.   Ունայնութի՜ւն ունայնութեանց, ըսաւ Ժողովողը,Ունայնութի՜ւն ունայնութեանց, ամէն բան ունայնութիւն է։   Ի՞նչ օգուտ կ’ունենայ մարդԱրեւուն տակ քաշած բոլոր աշխատանքէն։   Ազգ կ’երթայ եւ ազգ կու գայ,Բայց երկիրը միշտ կը կենայ։   Նաեւ արեւը կը ծագի ու արեւը մարը կը մտնէԵւ իր ծագած տեղը արտորալով կը դառնայ։   Հովը դէպի հարաւ կ’երթայՈւ դէպի հիւսիս կը պտըտի։Հովը ասդին անդին պտըտելովԿ’երթայ, իր շրջաններուն համեմատ կը դառնայ։   Բոլոր գետերը ծով կ’երթան,Բայց ծովը չի լեցուիր։Այն տեղը, ուր գետերը կ’երթային,Նորէն հո՛ն կ’երթան։   Բոլոր խօսքերը կը հատնին*։Մարդս խօսելու կարող չէ։Աչքը տեսնելով չի կշտանարՈւ ականջը լսելով չի լեցուիր։   Ինչ որ եղած է, նոյնը պիտի ըլլայՈւ ինչ որ գործուած է, նոյնը պիտի գործուի։Արեւուն տակ բնաւ նոր բան մը չկայ։ 10  Կա՞յ արդեօք այնպիսի բան մը,Որուն համար կրնայ ըսուիլ՝ «Ահա ասիկա նոր է».Ահա մեզմէ առաջ եղած դարերուն մէջԱնիկա արդէն եղած էր։ 11  Առաջուան բաներուն յիշատակը չկայՈւ ետքը ըլլալիք բաներուն ալ,Ետքը եկողներուն մէջ յիշատակը պիտի չըլլայ։ ՓԻԼԻՍՈՓԱՅԻՆ ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԻՒՆԸ 12  Ես՝ Ժողովողս՝ Երուսաղէմի մէջԻսրայէլի վրայ թագաւոր եղայ։ 13  Իմ սիրտս երկնքի տակ բոլոր եղածներըԻմաստութեամբ փնտռելու ու քննելու տուի։Աստուած այս չար զբաղումը մարդոց որդիներուն տուաւ,Որպէս զի անով զբաղին։ 14  Արեւուն տակ բոլոր գործուած գործերը տեսայԵւ ահա ամէնքն ալ ունայնութիւն ու հոգիի տանջանք* են։ 15  Այն որ ծուռ է, չի կրնար շտկուիլՈւ այն որ պակաս է, չի կրնար համրուիլ։ 16  Ես իմ սրտիս մէջ խօսեցայ ու ըսի.«Ահա ես մեծցայ ու իմաստութիւն ստացայԵրուսաղէմի մէջ ինձմէ առաջ եղողներէն ամենէն աւելիԵւ իմ սիրտս շատ իմաստութիւն ու գիտութիւն տեսաւ»։ 17  Իմ սիրտս իմաստութիւնը ճանչնալու,Խենթութիւնը եւ յիմարութիւնը գիտնալու տուի։Հասկցայ թէ ասիկա ալ հոգիի տանջանք է։ 18  Վասն զի շատ իմաստութեան մէջ շատ տրտմութիւն կայՈւ իր գիտութիւնը աւելցնողը իր վիշտը կ’աւելցնէ։

Ստորանիշներ

1։8 Կամ, բաները կը յոգնին
1։14 Կամ, հովի համար աշխատութիւն