ՅԵՍՈՒԱՅ 5։1-15
5 Երբ լսեցին Ամօրհացիներուն բոլոր թագաւորները, որոնք Յորդանանի ասդին արեւմտեան կողմը կը բնակէին ու Քանանացիներուն բոլոր թագաւորները, որոնք ծովեզերքին քով կը բնակէին, թէ Տէրը Իսրայէլի որդիներուն առջեւէն, մինչեւ անոնց անցնիլը, Յորդանանի ջուրերը ցամքեցուցեր է, անոնց սիրտը հալեցաւ ու Իսրայէլի որդիներուն երեսէն անոնց վրայ համարձակութիւն չմնաց։
ԳԱՂԳԱՂԱՅԻ ՄԷՋ ԹԼՓԱՏՈՒԹԻՒՆ
2 Այն ատեն Տէրը Յեսուին ըսաւ. «Քեզի գայլախազէ* դանակներ շինէ ու դարձիր Իսրայէլի որդիները նորէն թլփատէ»։
3 Յեսու իրեն գայլախազէ դանակներ շինեց ու Բլուր Անթլփատութեան ըսուած տեղը Իսրայէլի որդիները թլփատեց։
4 Այս է պատճառը, որուն համար Յեսու զանոնք թլփատեց։ Ժողովուրդին բոլոր արուները, որոնք Եգիպտոսէն ելան եւ բոլոր պատերազմող մարդիկը, Եգիպտոսէն ելլելէ ետքը անապատին մէջ՝ ճամբան՝ մեռան։
5 Այդ բոլոր ժողովուրդը թլփատուած էր. բայց Եգիպտոսէն ելլելէ ետքը անապատին մէջ՝ ճամբան ծնած ժողովուրդը չէր թլփատուած։
6 Քանզի Իսրայէլի որդիները քառասուն տարի անապատին մէջ պտըտեցան, մինչեւ որ Տէրոջը խօսքին անհնազանդ եղող բոլոր ազգը, այսինքն Եգիպտոսէն ելլող պատերազմիկները սպառեցան, որովհետեւ Տէրը անոնց համար երդում ըրաւ որ այն երկիրը անոնց չցուցնէ՝ այն կաթ ու մեղր բղխող երկիրը, որ Տէրը անոնց հայրերուն երդում ըրեր էր՝ մեզի տալու։
7 Ուստի անոնց տեղ անոնց զաւակները հանեց ու զանոնք թլփատեց Յեսու. քանզի անթլփատ էին, որովհետեւ ճամբուն մէջ թլփատած չէին զանոնք։
8 Երբ բոլոր ժողովուրդին թլփատուիլը լմնցաւ, բանակին մէջ իրենց տեղը նստան մինչեւ որ առողջացան։
9 Այն ատեն Տէրը Յեսուին ըսաւ. «Այսօր Եգիպտոսին նախատինքը ձեր վրայէն վերցուցի*»։ Ուստի այն տեղին անունը մինչեւ այսօր Գաղգաղա* ըսուեցաւ։
10 Իսրայէլի որդիները Գաղգաղայի մէջ բնակեցան ու ամսուան տասնըչորրորդ օրը՝ իրիկուան դէմ՝ Երիքովի դաշտերուն մէջ զատիկը ըրին։
11 Զատկին հետեւեալ օրը կերան այն երկրին պտուղէն ու բաղարջ. նոյն օրը բոհրած ցորեն ալ կերան։
12 Հետեւեալ օրը, երբ այն երկրին պտուղէն կերան, մանանան դադրեցաւ։ Անկէ ետքը Իսրայէլի որդիները ա՛լ մանանայ չստացան։ Այն տարին Քանանի երկրին պտուղէն կերան։
ՅԵՍՈՒ ԵՒ ՍՈՒՐՈՎ ՄԱՐԴԸ
13 Երբ Յեսու Երիքովի մօտ էր, աչքերը վերցնելով տեսաւ որ ահա իր դէմ մարդ մը կայներ էր, որուն ձեռքը մերկ սուր մը կար։ Յեսու անոր մօտենալով՝ անոր ըսաւ. «Մեզմէ՞ ես թէ մեր թշնամիներէն ես»։
14 Եւ անիկա ըսաւ. «Ո՛չ, այլ ես Տէրոջը զօրավարն եմ ու հիմա եկայ»։ Յեսու երեսի վրայ գետինը ինկաւ ու երկրպագութիւն ըրաւ անոր եւ ըսաւ. «Իմ Տէրս իր ծառային ի՞նչ կը հրամայէ»։
15 Տէրոջը զօրավարը Յեսուին ըսաւ. «Ոտքերէդ կօշիկներդ հանէ, քանզի կայնած տեղդ սուրբ է»։ Յեսու հանեց կօշիկները։