ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 20։1-31
20 Մէկշաբթի օրը Մարիամ Մագդաղենացին առտուն՝ դեռ չլուսցած՝ գերեզման կ’երթայ ու կը տեսնէ որ քարը գերեզմանին դռնէն վերցուած է։
2 Անմիջապէս կը վազէ կ’երթայ Սիմոն Պետրոսին եւ միւս աշակերտին, որ Յիսուսը կը սիրէր եւ կ’ըսէ անոնց. «Տէրը գերեզմանէն վերցուցին ու չենք գիտեր ո՞ւր դրին զանիկա»։
3 Ուստի ելան Պետրոսը եւ միւս աշակերտը ու դէպի գերեզմանը գացին։
4 Երկուքն ալ մէկտեղ կը վազէին եւ միւս աշակերտը Պետրոսէն աւելի շուտ վազելով՝ անկէ առաջ գերեզմանը հասաւ
5 Եւ ծռելով նայեցաւ ու տեսաւ որ կտաւները հոն կը կենային. բայց ինք ներս չմտաւ։
6 Սիմոն Պետրոս ալ հասաւ, որ անոր ետեւէն կու գար ու գերեզմանը մտաւ եւ տեսաւ կտաւները, որոնք հոն կը կենային
7 Ու վարշամակը, որ անոր գլուխն էր՝ միւս կտաւներուն հետ չէր, հապա ծալլուած մէկ կողմը դրուած էր։
8 Այն ատեն ներս մտաւ միւս աշակերտն ալ, որ առաջ գերեզմանը եկեր էր, տեսաւ ու հաւատաց։
9 Վասն զի դեռ գրուածը չէին գիտեր, թէ ‘Պէտք է որ անիկա մեռելներէն յարութիւն առնէ’։
10 Ետքը աշակերտները նորէն իրենց տունը գացին։
ՅԻՍՈՒՍ ՄԱՐԻԱՄ ՄԱԳԴԱՂԵՆԱՑԻԻՆ Կ’ԵՐԵՒԻ
(Մատթ. 28։9, 10. Մարկ. 16։9-11)
11 Բայց Մարիամ գերեզմանին դուրսը կայներ էր եւ կու լար ու երբ կու լար՝ դէպի գերեզմանը ծռեցաւ նայելու։
12 Տեսաւ երկու հրեշտակներ ճերմակ հանդերձներով, որ նստեր էին, ուր Յիսուսի մարմինը դրուած էր, մէկը գլխուն կողմը ու միւսը ոտքին կողմը։
13 Անոնք իրեն ըսին. «Ո՛վ կին, ինչո՞ւ կու լաս»։ Ըսաւ անոնց. «Անոր համար, որ իմ Տէրս գերեզմանէն վերցուցին ու չեմ գիտեր ո՞ւր դրին զանիկա»։
14 Երբ ասիկա ըսաւ՝ ետին դարձաւ եւ տեսաւ Յիսուսը, որ կայներ էր ու չէր գիտեր թէ Յիսուսն է։
15 Յիսուս անոր ըսաւ. «Ո՛վ կին, ինչո՞ւ կու լաս, ո՞վ կը փնտռես»։ Ինք կարծելով թէ անիկա պարտիզպանն է, ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, եթէ դուն վերցուցիր զանիկա, ըսէ՛ ինծի, ո՞ւր դրիր զայն, որպէս զի ես զանիկա առնեմ»։
16 Յիսուս ըսաւ անոր. «Մա՛րիամ»։ Ան ալ դարձաւ ու Եբրայերէնով անոր ըսաւ. «Ռաբբունի», որ Վարդապետ ըսել է։
17 Յիսուս ըսաւ անոր. «Ինծի մի՛ դպչիր, վասն զի դեռ Հօրս քով ելած չեմ. հապա գնա՛ եղբայրներուս եւ ըսէ՛ անոնց. ‘Ես կ’ելլեմ իմ Հօրս քով ու ձեր Հօրը քով եւ իմ Աստուծոյս քով ու ձեր Աստուծոյն քով’»։
18 Մարիամ Մագդաղենացին գնաց ու աշակերտներուն պատմեց թէ ինք Տէրը տեսաւ եւ թէ անիկա այս բաները իրեն ըսաւ։
ՅԻՍՈՒՍ ԻՐ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ Կ’ԵՐԵՒԻ
(Մատթ. 28։16-20. Մարկ. 16։14-18. Ղուկ. 24։36-49)
19 Նոյն օրը, մէկշաբթի իրիկունը, աշակերտներուն հաւաքուած տեղին դռները գոց էին՝ Հրեաներէն վախնալնուն համար. Յիսուս եկաւ եւ անոնց մէջտեղը կայնեցաւ ու ըսաւ անոնց. «Խաղաղութիւն ձեզի»։
20 Ասիկա ըսելով՝ իր ձեռքերն ու կողը ցուցուց անոնց։ Աշակերտներն ալ ուրախացան, երբ Տէրը տեսան։
21 Յիսուս նորէն ըսաւ. «Խաղաղութիւն ձեզի. ինչպէս Հայրը զիս ղրկեց, ես ալ ձեզ կը ղրկեմ»։
22 Ասիկա ըսելով՝ անոնց վրայ փչեց ու ըսաւ անոնց. «Առէ՛ք Սուրբ Հոգին։
23 Որոնց մեղքերը որ թողուք, թողուած ըլլայ անոնց եւ որոնց մեղքերը որ ետ բռնէք, բռնուած ըլլայ»։
ՅԻՍՈՒՍ ԵՒ ԹՈՎՄԱՍ
24 Բայց տասներկուքէն մէկը, Երկուորեակ ըսուած Թովմաս անոնց հետ չէր՝ երբ Յիսուս եկաւ։
25 Երբ միւս աշակերտները ըսին անոր թէ Տէրը տեսանք, ան ալ ըսաւ անոնց. «Եթէ իր ձեռքերուն վրայ բեւեռներուն նշանը չտեսնեմ ու մատս բեւեռներուն տեղը չխոթեմ եւ իմ ձեռքս անոր կողը չխոթեմ՝ չեմ հաւատար»։
26 Ութ օր յետոյ դարձեալ աշակերտները ներսն էին, Թովմաս ալ անոնց հետ. եկաւ Յիսուս, թէեւ դռները գոց էին ու կայնեցաւ անոնց մէջտեղը եւ ըսաւ. «Խաղաղութիւն ձեզի»։
27 Ետքը ըսաւ Թովմասին. «Մատդ հո՛ս բեր եւ նայէ՛ իմ ձեռքերուս ու բե՛ր քու ձեռքդ ու իմ կողս խոթէ ու մի՛ ըլլար անհաւատ, հապա հաւատացեալ»։
28 Եւ Թովմաս պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոր. «Իմ Տէրս եւ իմ Աստուածս»։
29 Յիսուս ըսաւ անոր. «Որովհետեւ* դուն զիս տեսար, ատոր համար հաւատացիր. երանի՜ անոնց, որ տեսած չեն ու կը հաւատան»։
ԱՅՍ ԳՐՔԻՆ ՆՊԱՏԱԿԸ
30 Յիսուս շատ ուրիշ նշաններ ալ ըրաւ իր աշակերտներուն առջեւ, որոնք այս գրքին մէջ գրուած չեն։
31 Բայց ասոնք գրուեցան, որպէս զի հաւատաք թէ Յիսուսը Քրիստոսն է, Աստուծոյ Որդին եւ որպէս զի հաւատալով կեանք ունենաք անոր անունովը։
Ստորանիշներ
^ 20։29 Ոմանք, Թովմաս, որովհետեւ