ՍԱՂՄՈՍ 1։1-6

1  Երանելի է այն մարդը,Որ ամբարիշտներուն խորհուրդին մէջ չի քալեր,Ու մեղաւորներուն ճամբուն մէջ չի կենար,Եւ ծաղր ընողներուն նստած տեղը չի նստիր.   Հապա անոր հաճութիւնը Աստուծոյ օրէնքին մէջ է,Եւ ցորեկ ու գիշեր անոր օրէնքին վրայ կը մտածէ։   Անիկա ջուրի ճամբաները տնկուած ծառի պէս պիտի ըլլայ,Որ իր ժամանակին իր պտուղը պիտի տայ.Ու անոր տերեւը պիտի չթափի,Եւ ինչ բան որ ընէ՝ պիտի յաջողի։   Այսպէս չեն ամբարիշտները,Հապա մղեղի պէս՝ որ հովը կը ցրուէ։   Ասոր համար ամբարիշտները դատաստանի մէջ պիտի չկրնան կենալ,Ո՛չ ալ մեղաւորները՝ արդարներուն ժողովին մէջ։   Վասն զի Տէրը կը ճանչնայ արդարներուն ճամբան,Բայց ամբարիշտներուն ճամբան պիտի կորսուի։

Ստորանիշներ