Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Կարելի՞ է այս գրքին վստահիլ

Կարելի՞ է այս գրքին վստահիլ

Կարելի՞ է այս գրքին վստահիլ

«Աստուածաշունչին մէջ ճշգրտութեան շատ աւելի վստահելի ցուցմունքներ կը գտնեմ, քան աշխարհային որե՛ւէ պատմութեան մէջ»։—Սըր Իսահակ Նեւտոն, Անգլիացի հռչակաւոր գիտնական։1

ԿԱՐԵԼԻ՞ է այս գրքին՝ Աստուածաշունչին՝ վստահիլ։ Անիկա կը խօսի՞ իրապէս ապրած մարդոց, գոյութիւն ունեցած վայրերու եւ պատահած դէպքերու մասին։ Եթէ այո, ասիկա կ’ապացուցանէ որ անիկա ուշադիր, պարկեշտ անհատներու կողմէ գրուած է։ Ասոր փաստերը առկայ են։ Անոնցմէ շատեր երկրին մէջ թաղուած գտնուեցան, իսկ անկէ աւելին ուղղակիօրէն գրքին մէջ կը գտնուի։

Ապացոյցները Պեղել

Աստուածաշունչի երկիրներու մէջ թաղուած հնութիւններուն յայտնագործութիւնը, Աստուածաշունչի պատմական եւ աշխարհագրական ճշգրտութեան թիկունք կանգնած է։ Հնախոյզներուն պեղած քանի մը ապացոյցները նկատի առնենք։

Աստուածաշունչի ընթերցողներուն քաջածանօթ է Դաւիթը՝ քաջարի հովիւ մը, որ Իսրայէլի թագաւորը եղաւ։ Անոր անունը 1,138 անգամ կ’երեւնայ Աստուածաշունչին մէջ եւ յաճախ անոր արքայական շառաւիղին ակնարկող ‘Դաւիթի տունը’ արտայայտութիւնը՝ 25 անգամ կ’անցնի։ (Ա. Թագաւորաց 16։13. 20։16) Սակայն, մինչեւ վերջերս, Դաւիթի գոյութիւն ունեցած ըլլալուն մասին, Աստուածաշունչէն դուրս, բացայայտ ապացոյց մը չկար։ Արդեօք Դաւիթ պարզապէս առեղծուածային արարա՞ծ մըն էր։

1993–ին, Ուսուցչապետ Ավրահամ Պիրանի հովանաւորութեան ներքեւ, հնախոյզներու խումբ մը ապշեցուցիչ յայտնաբերում մը ըրաւ, որու մասին տեղեկագրուեցաւ՝ Իսրայէլի Երկրախուզական Պարբերաթերթ–ին մէջ (Անգլերէն)։ Իսրայէլի հիւսիսը, Թէլ Դան կոչուած հին թումբի մը գտնուած վայրին մէջ անոնք պազալթ քար մը պեղեցին։ Քարին վրայ փորագրուած հետեւեալ խօսքերը կային՝ «Դաւիթի Տունը» եւ «Իսրայէլի Թագաւորը»։2 Գրութիւնը, որ Հ.Դ.Ա. իններորդ դարէն էր, արեւելեան կողմը բնակող Իսրայէլի թշնամիներուն՝ Արամացիներու կանգնած յաղթական կոթողի մը մէկ մասն էր։ Այս հին գրութիւնը ինչո՞ւ այսքան յատկանշական է։

Ուսուցչապետ Պիրանի եւ իր պաշտօնակիցին՝ Ուսուցչապետ Ժոզէֆ Նավէի տեղեկագրութեան վրայ հիմնուած, Սուրբ Գրային Հնախուզութեան Պարբերական–ին մէջ (Անգլերէն) յօդուած մը կը նշէր. «Առաջին անգամ ըլլալով, Աստուածաշունչէն դուրս հին գրութիւններու մէջ կ’երեւնայ Դաւիթի անունը»։3  * Տակաւին ուրիշ բանով մըն ալ այս գրութիւնը յատկանշական էր։ «Դաւիթի Տունը» արտայայտութիւնը որպէս մէկ բառ գրուած է։ Լեզուագէտ Էնսըն Ռէյնի կը բացատրէ. «Բառերը բաժնող միացնող գծիկը . . . յաճախ կը զանցառուէր, մանաւանդ երբ զուգադրութիւնը հանրածանօթ յատուկ անուն ըլլար։ ‘Դաւիթի Տունը’ վստահաբար այսպիսի քաղաքական եւ աշխարհագրական անուն մըն էր Հ.Դ.Ա. իններորդ դարու կիսուն»։5 Ուստի, բացայայտօրէն Դաւիթ Թագաւոր եւ իր արքայական շառաւիղը հանրածանօթ էին հին աշխարհին։

Աստուածաշունչին մէջ յիշուած ասորական մեծ քաղաքը՝ Նինուէն իրապէս գոյութիւն ունեցա՞ծ է։ Տակաւին մինչեւ ԺԹ. դարու սկիզբը, Աստուածաշունչի քննադատներէն ոմանք չէին հաւատար անոր գոյութեան։ Բայց 1849–ին, Սըր Օսթին Հէնրի Լէյըրտ, Սենեքերիմ Թագաւորի պալատին աւերակները պեղեց Գույունճիքի մէջ, որ վաղեմի Նինուէի մէկ մասը եղած ըլլալը հաստատուած է։ Այս նիւթով քննադատները պապանձեցան։ Սակայն այս աւերակները աւելին յայտնեցին։ Լաւ պահպանուած սենեակի մը պատին վրայ, ցուցադրուած էր լաւ ամրացուած քաղաքի մը գրաւումը, ուր գերիներ ներխուժող թագաւորին առջեւ կը տողանցէին։ Թագաւորին վերեւ հետեւեալ գրութիւնը կար. «Սենեքերիմ՝ աշխարհի թագաւոր, Ասորեստանի թագաւոր, նիմէտու գահին վրայ նստած եւ աչքէ կ’անցընէ Լաքիսէ (առնուած) աւարը»։6

Այս ցուցադրութիւնն ու գրութիւնը՝ որ Բրիտանական Թանգարանին մէջ կարելի է տեսնել, կը համաձայնի Դ. Թագաւորաց 18։13, 14–ի մէջ արձանագրուած, Սենեքերիմի կողմէ հրէական Լաքիս քաղաքի գրաւման Աստուածաշունչի պատմութեան հետ։ Այս յայտնագործութեան կարեւորութեան մասին խօսելով, Լէյըրտ գրեց. «Այս յայտնագործութիւններէն առաջ, ո՞վ կրնար հաւատալ որ հաւանական կամ կարելի էր, որ Նինուէի վայրը եղած հողակոյտին ու աղբանոցին ներքեւ պիտի գտնուէր [Յուդայի թագաւոր] Եզեկիայի եւ Սենեքերիմի միջեւ եղող պատերազմներուն պատմութիւնը, որոնք գրուած էին ճիշդ այդ ատեն երբ Սենեքերիմ կը մղէր զանոնք, ամենայն մանրամասնութեամբ հաստատելով Աստուածաշունչի արձանագրութիւնը»։7

Հնախոյզները շատ մը ուրիշ հնութիւններ ալ պեղած են, որոնք կը հաստատեն Աստուածաշունչի ճշգրտութիւնը. խեցեղէն, կառոյցներու աւերակներ, կաւէ տախտակներ, մետաղադրամներ, փաստաթուղթեր, յուշարձաններ եւ արձանագրութիւններ։ Յայտնաբերողները քաղդէական Ուր քաղաքը պեղեցին՝ առեւտրական եւ կրօնական կեդրոն մը՝ ուր կը բնակէր Աբրահամ։8 (Ծննդոց 11։27-31) Նաբունիտոսի Քրոնիկագիրը, որ ԺԹ. դարուն պեղումներէն գտնուեցաւ, կը նկարագրէ Մեծն Կիւրոսի ձեռքով Բաբելոնի անկումը՝ Հ.Դ.Ա. 539–ին, դէպք մը, որու մասին Դանիէլի հինգերորդ գլուխը կը խօսի։9 Վաղեմի Թեսաղոնիկէի մէջ կամարուղիի մը վրայ գրութիւն մը (որու բեկորները պահպանուած են Բրիտանական Թանգարանին մէջ), քաղաքի կառավարիչներու անուններ կը պարունակէ, որոնք նկարագրուած են որպէս «քաղաքապետներ», բառ մը որ դասական Յունարէնին մէջ ծանօթ չէր, բայց Աստուածաշունչը գրողներէն մէկը՝ Ղուկաս, զայն գործածած է։10 (Գործք 17։6) Ասով Ղուկասի ճշգրտութիւնը ջատագովուեցաւ, ինչպէս արդէն եղած էր ուրիշ մանրամասնութեանց շուրջ։—Բաղդատել՝ Ղուկաս 1։3։

Սակայն, հնախոյզներ իրարու հետ միշտ համաձայն չեն, ուր մնաց որ Աստուածաշունչին հետ ըլլան։ Այսպէս ըլլալով հանդերձ, Աստուածաշունչը իր արժանահաւատ գիրք մը ըլլալը զօրաւոր կերպով կ’ապացուցանէ։

Ամենայն Պարկեշտութեամբ Ներկայացուած

Պարկեշտ պատմաբաններ ո՛չ միայն յաղթանակները կ’արձանագրեն (Լաքիսի գրաւման մասին Սենեքերիմի գրութեան նման), այլ նաեւ՝ պարտութիւնները, ո՛չ միայն յաջողութիւնները, այլ նաեւ՝ թերացումները, ո՛չ միայն զօրութիւնները, այլ նաեւ՝ տկարութիւնները։ Աշխարհային պատմութիւններէն քիչեր այսպիսի պարկեշտութիւն կ’արտացոլացնեն։

Ասորի պատմաբաններու առնչութեամբ, Տանիէլ Լիւգէնպիլ կը բացատրէ. «Յաճախ պարզ է որ արքայական սնապարծութիւնը կը պահանջէր որ պատմական ճշգրտութենէն խոյս տային»։11 Այսպիսի «արքայական սնապարծութիւն» մը ցոյց տուող, Ասորեստանի Աշուրնասիրբալ Թագաւորին պատմական տարեգրութիւնները յոխորտանքով կ’ըսէ. «Ես արքայական եմ, ես վեհ եմ, ես բարձրեալ եմ, ես հզօր եմ, ես պատուուած եմ, ես փառաւորուած եմ, ես գերազանց եմ, ես զօրաւոր եմ, ես անվեհեր եմ, ես առիւծասիրտ եմ եւ ես՝ հերոս եմ»։12 Այսպիսի տարեգրութիւններու մէջ ձեր կարդացած որեւէ բանին պիտի հաւատայի՞ք որպէս ճշգրիտ տեղեկութիւններ։

Ասոր հակառակը, Աստուածաշունչը գրողները պարկեշտութիւն մը ցոյց տուին որ իրապէս կը հանգստացնէ։ Իսրայէլի առաջնորդը՝ Մովսէս, անկեղծօրէն արձանագրեց իր եղբօր՝ Ահարոնի, իր քրոջ՝ Մարիամի, իր զարմիկներուն՝ Նադաբի ու Աբիուդի թերացումները, ինչպէս նաեւ իր ժողովուրդին սխալները։ (Ելից 14։11, 12. 32։1-6. Ղեւտացւոց 10։1, 2. Թուոց 12։1-3. 20։9-12. 27։12-14) Դաւիթ Թագաւորի լուրջ յանցանքները չծածկուեցան, այլ գրի առնուեցան մինչ տակաւին Դաւիթ կ’իշխէր որպէս թագաւոր։ (Բ. Թագաւորաց 11 եւ 24–րդ գլուխները) Մատթէոս՝ իր անունը կրող գրքին հեղինակը, կը պատմէ թէ առաքեալները (որոնցմէ մէկն էր ինք) ինչպէս վիճաբանեցան դիրքի համար եւ թէ Յիսուսի ձերբակալման գիշերը ինչպէս զինք լքեցին։ (Մատթէոս 20։20-24. 26։56) Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններու նամակները գրողները, անկեղծօրէն անդրադարձան նախկին քրիստոնէական ժողովքներուն մէջ գոյութիւն ունեցող խնդիրներուն՝ ի միջի այլոց՝ անբարոյութեան եւ բաժանումներու։ Իսկ անոնք իրենց բառերը չծամծմեցին երբ այս խնդիրներուն մասին կը խօսէին։—Ա. Կորնթացիս 1։10-13. 5։1-13

Այսպիսի պարկեշտ, չթաքցուած տեղեկագրութիւն մը՝ ճշմարտութեան հանդէպ անկեղծ հետաքրքրութիւն կը ցուցնէ։ Քանի որ Աստուածաշունչը գրողները իրենց սիրելի եղող անհատներու, իրենց ժողովուրդին եւ նոյնիսկ իրենք իրենց մասին աննպաստ տեղեկութիւններ գրեցին, ասիկա իրենց գրութիւններուն վստահելու վաւերական պատճառ մը չի՞ տար։

Ճշգրիտ՝ Մանրամասնութեանց Մէջ

Դատական ատեանի մը մէջ տրուած վկայութեան մը հաւաստելի ըլլալը յաճախ փոքր իրողութիւններու վրայ հիմնուելով կրնայ որոշուիլ։ Մանրամասնութեանց մէջ ներդաշնակութիւնը՝ վկայութիւն մը կը կնքէ որպէս ճշգրիտ ու պարկեշտ, մինչդեռ լուրջ անհամաձայնութիւններ կրնան զայն դասել որպէս շինծու։ Իսկ միւս կողմէ, չափազանց կոկուած՝ ամէն մանրամասնութիւն լաւ կերպով կարգադրուած՝ տեղեկութիւն մըն ալ կը մատնէ որ տրուած վկայութիւնը կեղծ է։

Աստուածաշունչը գրողներու «վկայութիւնը» ի՞նչ արժէք կը ներկայացնէ այս ուղղութեամբ։ Աստուածաշունչի գրագիրները աչքառու ներդաշնակութիւն մը յայտնաբերած են։ Նոյնիսկ չնչին մանրամասնութեանց մէջ ներդաշնակութիւն մը կայ։ Սակայն, ներդաշնակութիւնը բծախնդրաբար չէ եղած, անոր համար կասկած արթնցուցած է որ յերիւրուած է։ Զուգադիպութիւնները ծրագրելու բացայայտ պակաս մը կայ, գրողները յաճախ անդիտումնաւոր կերպով իրարու հետ համաձայն գտնուելով։ Կարգ մը օրինակներ նկատի առէք։

Աստուածաշունչը գրողներէն Մատթէոս գրեց. «Յիսուս Պետրոսի տունը գալով, տեսաւ որ անոր զոքանչը ջերմէն բռնուած՝ պառկած էր»։ (Մատթէոս 8։14) Մատթէոս հոս հետաքրքրական՝ բայց անհրաժեշտ չեղող մանրամասնութիւն մը կու տայ. Պետրոս ամուսնացած էր։ Այս պզտիկ իրողութեան թիկունք կը կանգնի Պօղոս, որ գրեց. «Միթէ մենք իրաւունք չունի՞նք Քրիստոսով քոյր եղող կին մը մեզի հետ պտըտցնելու, ինչպէս միւս առաքեալներն ու . . . Կեփաս կ’ընեն»։ * (Ա. Կորնթացիս 9։5) Ընդհանուր բովանդակութիւնը ցոյց կու տայ որ Պօղոս ինքզինք կը պաշտպանէր անտեղի քննադատութեան դէմ։ (Ա. Կորնթացիս 9։1-4) Բացայայտօրէն, Պօղոս այս պզտիկ իրողութիւնը՝ Պետրոսի ամուսնացած ըլլալը՝ Մատթէոսի տեղեկութեան ճշգրիտ ըլլալը փաստելու համար չէ ներկայացուցած, բայց պատահական կերպով այդ գաղափարը կը հաղորդէ։

Չորս աւետարանիչներն ալ՝ Մատթէոս, Մարկոս, Ղուկաս եւ Յովհաննէս՝ արձանագրած են որ Յիսուսի ձերբակալման գիշերը, իր աշակերտներէն մէկը սուրը քաշեց եւ քահանայապետին ծառաներէն մէկուն ականջը կտրեց։ Միայն Յովհաննու Աւետարանը կը տեղեկագրէ երեւութապէս անկարեւոր մանրամասնութիւն մը՝ «այն ծառային անունը Մաղքոս էր»։ (Յովհաննու 18։10, 26) Ինչո՞ւ միայն Յովհաննէս այս մարդուն անունը կը յիշէ։ Քանի մը համար ետք, արձանագրութիւնը չնչին իրողութիւն մը կը յայտնէ, զոր ուրիշ տեղ գրուած չէ. Յովհաննէս «քահանայապետին ծանօթն էր»։ Նաեւ, քահանայապետին ամբողջ տունը ծանօթ էր իրեն. ծառաները զինք կը ճանչնային ու ինք ծառաները կը ճանչնար։ (Յովհաննու 18։15, 16) Հետեւաբար, շատ բնական էր որ Յովհաննէս յիշէր վիրաւորուած մարդուն անունը, մինչդեռ միւս աւետարանիչներուն անծանօթ ըլլալով այդ մարդը՝ չեն յիշած։

Երբեմն, մէկ տեղեկութեան մէջ մանրամասն բացատրութիւններ չկան, բայց անիկա այլ տեղ տրուած է հարեւանցի կերպով։ Օրինակ, հրէական Սենետրիոնի դիմաց Յիսուսի դատավարութեան մասին Մատթէոսի տեղեկագրութիւնը կ’ըսէ, որ հոն ներկայ եղողներէն ոմանք «ապտակ զարնելով՝ ըսին. ‘Մարգարէացիր մեզի, դո՛ւն, Քրիստո՛ս, ո՞վ է ան որ քեզի զարկաւ’»։ (Մատթէոս 26։67, 68) Անոնք ինչո՞ւ կ’ուզէին որ Յիսուս ‘մարգարէանար’ թէ ո՛վ էր իրեն զարնողը, երբ զարնողը իր դիմաց կայնած էր։ Մատթէոս բացատրութիւն չի տար։ Բայց երկու ուրիշ աւետարանիչներ պակասը կը լեցնեն. Յիսուսի հալածիչները ապտակելէ առաջ իր երեսը ծածկեցին։ (Մարկոս 14։65. Ղուկաս 22։64) Մատթէոս իր նիւթը կը ներկայացնէ առանց բոլոր մանրամասնութիւնները տալու։

Յովհաննու Աւետարանը կը խօսի առիթի մը մասին, երբ հսկայ բազմութիւն մը հաւաքուեցաւ Յիսուսի խօսքերը լսելու համար։ Արձանագրութեան համաձայն, Յիսուս երբ բազմութիւնը տեսաւ՝ «ըսաւ Փիլիպպոսին. ‘Ուրկէ՞ հաց ծախու առնենք, որպէս զի ատոնք ուտեն’»։ (Յովհաննու 6։5) Բոլոր աշակերտները ներկայ էին, Յիսուս ինչո՞ւ Փիլիպպոսի ըսաւ որ հաց գնէ։ Գրողը այս մասին բան մը չի յիշեր։ Սակայն նոյն դէպքին մասին գրելով, Ղուկաս կը տեղեկագրէ որ դէպքը տեղի ունեցաւ Բեթսայիդայի մօտ, Գալիլիոյ Ծովուն հիւսիսային եզերքը գտնուող քաղաքի մը մէջ, իսկ Յովհաննու Աւետարանին մէջ նախապէս ըսուած էր որ «Փիլիպպոս Բեթսայիդայէն էր»։ (Յովհաննու 1։44. Ղուկաս 9։10) Ուստի, տրամաբանականօրէն, Յիսուս խնդրեց մէկէ մը որու տունը այդ շրջանին մէջ էր։ Մանրամասնութիւններու իրարու միջեւ ունեցած ներդաշնակութիւնը հոյակապ է, բայց՝ անդիտումնաւոր։

Կարգ մը պարագաներու, որոշ մանրամասնութեանց զանցառութիւնը պարզապէս Աստուածաշունչի գրագրին վարկը կ’աւելցնէ։ Օրինակի համար, Գ. Թագաւորացը կը խօսի Իսրայէլի մէջ խիստ երաշտի մը մասին։ Երաշտը ա՛յնքան խիստ էր որ թագաւորը բաւարար ջուր եւ խոտ չէր կրնար գտնել իր ձիերն ու ջորիները ողջ պահելու համար։ (Գ. Թագաւորաց 17։7. 18։5) Սակայն, նոյն տեղեկագրութիւնը կը յիշէ որ Եղիա մարգարէն պատուէր տուաւ որ թերեւս 1,000 քառակուսի մեթր շրջագիծ ունեցող փոս մը լեցնելու բաւարար ջուր բերեն, Կարմեղոս Լերան վրայ (զոհի մը կապակցաբար գործածելու համար)։ (Գ. Թագաւորաց 18։33-35) Այսքան ջուր ուրկէ՞ բերուեցաւ, երաշտի ժամանակ։ Գ. Թագաւորացը գրողը ասոր բացատրութիւն տալու համար իր գլուխը չէ յոգնեցուցած։ Սակայն, Իսրայէլի մէջ բնակող մը գիտէ որ Կարմեղոսը Միջերկրական Ծովուն եզերքը կը գտնուէր, ինչպէս տեղեկագրութեան մէջ պատահական ակնարկ մը ցոյց կու տայ։ (Գ. Թագաւորաց 18։43) Ուստի, ծովուն ջուրը շուտով մատչելի եղաւ։ Ուրիշ բաներու մէջ մանրամասնութիւններ տուող այս գիրքը եթէ երեւակայական բաներ որպէս իրողութիւն ծպտած է, անոր հեղինակը՝ որ սրամիտ զեղծարար մը պէտք էր ըլլար՝ ինչո՞ւ այսպիսի բացայայտ աններդաշնակութիւն մը ձգած է բնագրին մէջ։

Ուստի, Աստուածաշունչը վստահելի՞ գիրք մըն է։ Հնախոյզները բաւարար հնութիւններ պեղած են, հաստատելով թէ Աստուածաշունչը ակնարկած է իրական մարդոց, իրական վայրերու եւ իրական դէպքերու։ Սակայն շատ աւելի հիացում կ’առթեն, ուղղակի Աստուածաշունչին մէջ գտնուած ապացոյցները։ Պարկեշտ գրագիրներ չեն խնայած ո՛չ մէկուն, նոյնիսկ իրենք իրենց, գրելով ինչ որ իրապէս տեղի ունեցած է։ Գրութիւններուն ներքին ներդաշնակութիւնը, մէջը ըլլալով անդիտումնաւոր կերպով եղած զուգադիպութիւնները, կը կնքեն «վկայութիւնը»՝ որպէս ճշմարտութիւն։ ‘Ճշգրտութեան այսպիսի վստահելի ցուցմունքներով’, արդարեւ Աստուածաշունչը գիրք մըն է որու կրնա՛ք վստահիլ։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 8 Այդ յայտնագործութենէն ետք, Ուսուցչապետ Անտրէ Լէօմէր տեղեկագրեց որ 1868–ին յայտնաբերուած Մէշա կոթողի (նաեւ կոչուած՝ Մովաբական Քար) վնասուած գրութեան նոր վերակազմումը կը յայտնէ թէ անիկա ալ կը պարունակէ «Դաւիթի Տունը» ակնարկումը։4

^ պարբ. 21 «Կեփաս»՝ սեմական համազօրն է «Պետրոս»ի։—Յովհաննու 1։42

[Նկար՝ էջ 15]

Թէլ Դանի բեկորը

[Նկար՝ էջ 16, 17]

Ասորական պատի քանդակը որ կը նկարագրէ Լաքիսի գրաւումը, որ յիշուած է Դ. Թագաւորաց 18։13, 14–ի մէջ