Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 125

Յիսուս նախ կը տարուի Աննային, ապա՝ Կայիափային

Յիսուս նախ կը տարուի Աննային, ապա՝ Կայիափային

ՄԱՏԹԷՈՍ 26։57-68 ՄԱՐԿՈՍ 14։53-65 ՂՈՒԿԱՍ 22։54, 63-65 ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 18։13, 14, 19-24

  • ՅԻՍՈՒՍ ԿԸ ՏԱՐՈՒԻ ՆԱԽԿԻՆ ՔԱՀԱՆԱՅԱՊԵՏԻՆ՝ ԱՆՆԱՅԻՆ ՔՈՎ

  • ՍԵՆԵՏՐԻՈՆԸ ԱՆՕՐԷՆ ԴԱՏ ԿԸ ՎԱՐԷ

Մէյ մը որ Յիսուսը ոճրագործի մը պէս կը կապեն, զինք կը տանին Աննային քով, որ քահանայապետ էր, երբ պատանի Յիսուս տաճարին մէջ ուսուցիչները զարմացուց (Ղուկաս 2։42, 47)։ Աննային որդիներէն ոմանք յետագային ծառայեցին որպէս քահանայապետ։ Իսկ հիմա իր փեսան՝ Կայիափան՝ այդ պաշտօնը ստանձնած է։

Մինչ Յիսուս Աննային տունն է, Կայիափան կը սկսի Սենետրիոնին անդամները հաւաքել։ Սենետրիոնը,– բարձրագոյն ատեանը,– կը բաղկանայ 71 անհատներէ, մէջը ըլլալով քահանայապետը եւ նախկին քահանայապետներ։

Աննան Յիսուսին կը հարցնէ «իր աշակերտներուն ու վարդապետութեան» մասին։ Յիսուս պարզապէս կը պատասխանէ. «Ես աշխարհին յայտնի խօսեցայ. ես ամէն ատեն ժողովարաններուն մէջ ու տաճարին մէջ սորվեցուցի, ուր բոլոր Հրեաները կը հաւաքուէին ու ծածուկ բան մը չխօսեցայ։ Ինչո՞ւ ինծի կը հարցնես, լսողներուն հարցուր թէ ի՞նչ խօսեցայ իրենց» (Յովհաննէս 18։19-21

Սպասաւորներէն մէկը, որ հոն կեցած է, Յիսուսին ապտակ մը կը զարնէ ու կ’ըսէ. «Այդպէ՞ս պատասխան կու տաս քահանայապետին»։ Բայց Յիսուս գիտնալով որ սխալ բան մը չըրաւ, կը պատասխանէ. «Եթէ սխալ խօսեցայ, վկայէ սխալին համար. իսկ եթէ ճիշդ խօսեցայ, ինչո՞ւ կը զարնես ինծի» (Յովհաննէս 18։22, 23)։ Ետքը Աննան հրաման կու տայ որ Յիսուսը իր փեսային՝ Կայիափային՝ տանին։

Արդէն Սենետրիոնի անդամները,– ներկայ քահանայապետը, ժողովուրդին ծերերը եւ դպիրները,– հաւաքուած են Կայիափային տան մէջ։ Պասեքին գիշերը դատ վարելը օրէնքին դէմ է, բայց ասիկա արգելք չ’ըլլար որ անոնք իրենց չար ծրագիրը գործադրեն։

Դժուար է այս մարդիկը անկողմնակալ սեպել։ Ղազարոսին յարութենէն ետք, Սենետրիոնը որոշեց որ Յիսուսը պէտք է մեռնի (Յովհաննէս 11։47-53)։ Եւ միայն քանի մը օր առաջ, կրօնական առաջնորդները հաւաքուեցան եւ որոշեցին Յիսուսը բռնել ու սպաննել (Մատթէոս 26։3, 4)։ Ուրեմն կարելի է ըսել, որ դատավարութիւնը չսկսած՝ արդէն Յիսուս մահուան դատապարտուած է։

Անօրէն կերպով հաւաքուելէ զատ, քահանայապետները եւ Սենետրիոնի ուրիշ անդամներ կը փորձեն սուտ վկաներ բերել։ Անոնք շատեր կը գտնեն, բայց անոնց ըսածները իրարու կը հակասեն։ Վերջապէս երկու հոգի կու գան ու կ’ըսեն. «Մենք լսեցինք ատկէ, որ կ’ըսէր, ‘Ես այդ ձեռագործ տաճարը պիտի քակեմ եւ երեք օրուան մէջ ուրիշ մը պիտի շինեմ առանց ձեռագործի’» (Մարկոս 14։58)։ Ասոնց խօսքերն ալ իրար չեն բռներ։

Կայիափան Յիսուսին կը հարցնէ. «Պատասխան մը չե՞ս տար. ի՞նչ կը վկայեն ասոնք քեզի դէմ» (Մարկոս 14։60)։ Յիսուս լուռ կը մնայ անոնց կեղծ մեղադրանքներուն դիմաց։ Անոր համար քահանայապետը ուրիշ քայլ մը կ’առնէ։

Ան գիտէ որ հրեաները կը կատղին, երբ մէկը ինքն իր մասին ըսէ որ Աստուծոյ Որդի է։ Առիթով մը, երբ Յիսուս Աստուծոյ մասին խօսեցաւ որպէս իր Հայրը, հրեաները ուզեցին զինք սպաննել, քանի որ սեպեցին որ «ինքզինք Աստուծոյ հաւասար կ’ընէր» (Յովհաննէս 5։17, 18. 10։31-39)։ Այս բոլորէն տեղեակ ըլլալով, Կայիափան խորամանկօրէն Յիսուսին կ’ըսէ. «Կենդանի Աստուծմով քեզ կ’երդմնցնեմ, որ մեզի ըսես, թէ դո՞ւն ես Քրիստոսը՝ Որդին Աստուծոյ» (Մատթէոս 26։63)։ Անշուշտ, Յիսուս արդէն ըսած է որ Աստուծոյ Որդին է (Յովհաննէս 3։18. 5։25. 11։4)։ Բայց եթէ հիմա իր ըսածը չհաստատէ, ասիկա կրնայ նշանակել որ ինք կ’ուրանայ որ Աստուծոյ Որդին եւ Քրիստոսն է։ Անոր համար կ’ըսէ. «Ես եմ. ու պիտի տեսնէք Որդին մարդոյ Զօրութեան աջ կողմը նստած ու երկնքի ամպերովը եկած» (Մարկոս 14։62

Ասոր վրայ Կայիափան ցուցադրական կերպով իր հանդերձները կը պատռէ ու կ’ըսէ. «Հայհոյութիւն ըրաւ. ալ ի՞նչ պէտք են մեզի վկաներ. ահա հիմա լսեցիք ատոր հայհոյութիւնը. ձեզի ի՞նչպէս կ’երեւնայ»։ Այդ վայրկեանին Սենետրիոնը կը յայտարարէ իր անարդար դատավճիռը. «Մահապարտ է» (Մատթէոս 26։65, 66

Ետքը անոնք կը սկսին Յիսուսը ծաղր ընել եւ զինք բռունցքով հարուածել։ Ուրիշներ կ’ապտակեն եւ երեսին կը թքեն։ Ետքը, անոր դէմքը կը ծածկեն, կ’ապտակեն ու ծաղրանքով կ’ըսեն. «Մարգարէացի՛ր։ Ո՞վ է ան, որ քեզի զարկաւ» (Ղուկաս 22։64)։ Այսպէս, Աստուծոյ Որդին բռնութեան եւ անարդար ու անօրէն դատի զոհ կ’երթայ։