ՄԱՍ 13
Բարի եւ չար թագաւորներ
Իսրայէլ կը բաժնուի։ Իսրայէլացիներուն վրայ կ’իշխեն բազմաթիւ թագաւորներ, որոնցմէ շատեր անհաւատարիմ կը գտնուին։ Երուսաղէմը կը կործանուի բաբելոնացիներու ձեռքով։
ՃԻՇԴ ինչպէս որ Եհովան նախագուշակած էր, Իսրայէլ բաժնուեցաւ Սողոմոնը ճշմարիտ պաշտամունքը լքելէն ետք։ Իր որդին՝ Ռոբովամ, որ իր յաջորդը եղաւ, անբարեացակամ էր։ Առ ի հակազդեցութիւն, իսրայէլի տասը ցեղերը ապստամբեցան անոր դէմ եւ հիմնեցին Իսրայէլի հիւսիսային թագաւորութիւնը։ Իսկ երկու ցեղերը հաւատարիմ մնացին Երուսաղէմի մէջ Դաւիթի գահին վրայ նստող թագաւորին, Յուդայի հարաւային թագաւորութիւնը կազմելով։
Երկու թագաւորութիւններն ալ խռովալից պատմութիւն մը ունեցան, մեծաւ մասամբ իրենց անհաւատ եւ անհնազանդ թագաւորներուն պատճառով։ Իսրայէլ շատ աւելի խնդիրներ ունեցաւ քան Յուդան, քանի որ իր թագաւորները սկիզբէ՛ն կեղծ պաշտամունքը յառաջ տարին։ Հակառակ շատ մը մարգարէներու ըրած հրաշքներուն, ինչպէս Եղիան եւ Եղիսէն, որոնք նոյնիսկ մեռելներ յարուցանեցին, Իսրայէլ շարունակեց իր չար ընթացքը։ Ի վերջոյ, Աստուած թոյլատրեց որ Ասորեստանը կործանէ Իսրայէլի հիւսիսային թագաւորութիւնը։
Ճիշդ է որ Յուդան Իսրայէլէն գրեթէ մէկ դար աւելի գոյատեւեց, բայց Աստուած զայն ալ պատժեց։ Յուդայի թագաւորութենէն միայն քանի մը թագաւորներ ականջ տուին Աստուծոյ մարգարէներուն ազդարարութիւններուն եւ փորձեցին ժողովուրդը Եհովային դարձնել։ Զոր օրինակ, Յովսիա թագաւորը սկսաւ Յուդան կեղծ պաշտամունքէն մաքրել։ Ան Եհովայի տաճարը վերահաստատեց եւ երբ Մովսէսի միջոցով տրուած Աստուծոյ Օրէնքի գիրքը գտնուեցաւ, ասկէ խորապէս ազդուելով, ան աւելի՛ թափ տուաւ իր բարեփոխութեան արշաւին։
Սակայն ցաւօք սրտի, Յովսիայի յաջորդները չհետեւեցան այդ բարի թագաւորի լաւ օրինակին։ Ուստի Եհովան թոյլատրեց, որ բաբելոնացիները գրաւեն Յուդան եւ կործանեն Երուսաղէմն ու անոր տաճարը. իսկ վերապրողները Բաբելոն գերի տարուեցան։ Աստուած նախագուշակեց թէ Բաբելոնի գերութիւնը 70 տարի պիտի տեւէր։ Այդ ժամանակաշրջանին Յուդան ամայի մնաց, մինչեւ որ ազգին արտօնուեցաւ հայրենիք վերադառնալ, ինչպէս որ խոստացուած էր։
Սակայն, ա՛լ Դաւիթի շառաւիղէն թագաւոր մը պիտի չիշխէր, մինչեւ որ գար խոստացեալ Ազատարարը՝ նախագուշակուած Մեսիան։ Երուսաղէմի մէջ, Դաւիթի գահին վրայ բազմած թագաւորներուն մեծամասնութիւնը փաստեց, թէ անկատար մարդիկ որակեալ չեն իշխելու։ Միայն Մեսիա՛ն իսկապէս որակեալ պիտի ըլլար։ Արդ, Եհովան այդ Դաւիթենական թագաւորներուն վերջինին ըսաւ. «Թագը հանէ՛. . . ա՛լ պիտի չըլլայ, մինչեւ գայ անիկա՝ որուն իրաւունքն է» (Եզեկիէլ 21։26, 27)։
Աղբիւրը՝ Գ. Թագաւորաց. Դ. Թագաւորաց. Բ. Մնացորդաց, գլուխ 10–էն մինչեւ 36. Երեմիա 25։8-11։