Աստուծոյ կողմէ ուրախ լուրեր
Աստուծոյ կողմէ ուրախ լուրերը ի՞նչ են։ Անոնց ինչո՞ւ կրնանք հաւատալ։ Այս գրքոյկը աստուածաշնչական հարցումներու կը պատասխանէ։
Այս գրքոյկէն ինչպէ՛ս օգտուիլ
Այս գրքոյկը քեզի պիտի օգնէ որ ուղղակի Աստուծոյ Խօսքէն՝ Աստուածաշունչէն սորվիս։ Տես թէ ինչպէ՛ս կրնաս Աստուածաշունչովդ համարները բանալ։
ԴԱՍ 1
Ուրախ լուրերը ի՞նչ են
Գիտցիր թէ Աստուծոյ կողմէ ի՛նչ լուրեր կան, թէ ինչո՛ւ շատ կարեւոր են եւ թէ ի՛նչ պէտք է ընենք։
ԴԱՍ 3
Ուրախ լուրերը իրապէս Աստուծո՞յ կողմէ են
Ինչպէ՞ս կրնանք վստահ ըլլալ թէ Աստուածաշունչը Աստուծոյ պատգամն է։
ԴԱՍ 4
Ո՞վ է Յիսուս Քրիստոս
Գիտցիր թէ Յիսուս ինչո՛ւ մեռաւ, թէ ի՛նչ է փրկանքը, եւ թէ հիմա Յիսուս ի՛նչ կ’ընէ։
ԴԱՍ 5
Երկրի նկատմամբ Աստուծոյ նպատակը ի՞նչ է
Աստուածաշունչը կը բացատրէ թէ Աստուած ինչո՛ւ ստեղծեց երկիրը, տառապանքը ե՛րբ վերջ պիտի գտնէ եւ երկրին եւ անոր բնակիչներուն ի՛նչ ապագայ կը սպասէ։
ԴԱՍ 6
Մեռելներուն համար ի՞նչ յոյս կայ
Ի՞նչ կը պատահի մեզի երբ կը մեռնինք։ Արդեօք անգամ մըն ալ պիտի տեսնե՞նք մեր սիրելիները որոնք մահացած են։
ԴԱՍ 7
Ի՞նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը
Ո՞վ է Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը եւ Թագաւորութիւնը ի՞նչ պիտի իրագործէ։
ԴԱՍ 8
Աստուած ինչո՞ւ կը թոյլատրէ չարիքն ու տառապանքը
Չարիքը ինչպէ՞ս սկսաւ եւ Աստուած ինչո՞ւ թոյլ տուաւ որ շարունակուի։ Տառապանքը երբեք վերջ պիտի գտնէ՞։
ԴԱՍ 9
Ընտանիքդ ինչպէ՞ս կրնայ երջանիկ ըլլալ
Ուրախ Աստուածը՝ Եհովան, ընտանիքին երջանկութիւնը կ’ուզէ։ Սուրբ Գրքին գործնական խրատները ամուսինին, կնոջ, ծնողքին եւ զաւկին համար։
ԴԱՍ 10
Ինչպէ՞ս կրնաս զատորոշել ճշմարիտ պաշտամունքը
Միայն մէ՞կ ճշմարիտ կրօնք կայ։ Նկատի առ ճշմարիտ պաշտամունքը բնորոշող հինգ նշաններ։
ԴԱՍ 11
Աստուածաշնչական սկզբունքները ինչպէ՞ս մեզի կ’օգտեն
Յիսուս բացատրեց թէ ինչո՛ւ առաջնորդութեան կարիք ունինք եւ թէ Աստուածաշունչի ո՛ր երկու սկզբունքները գլխաւորաբար կարեւոր են։
ԴԱՍ 12
Ինչպէ՞ս կրնաս Աստուծոյ մօտենալ
Աստուած բոլո՞ր աղօթքները կը լսէ, ինչպէ՞ս պէտք է աղօթենք, եւ ուրիշ ի՞նչ կրնանք ընել Աստուծոյ մօտենալու համար։
ԴԱՍ 13
Կրօնքի մասին ի՞նչ ուրախ լուրեր կան
Պիտի գա՞յ ժամանակ մը, երբ բոլոր մարդիկը միաբանութեամբ միակ ճշմարիտ Աստուածը պիտի պաշտեն։
ԴԱՍ 14
Աստուած ինչո՞ւ կազմակերպութիւն մը ունի
Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ ճշմարիտ քրիստոնեաները ինչո՛ւ եւ ինչպէ՛ս կազմակերպուած են։
ԴԱՍ 15
Ինչո՞ւ պէտք է շարունակես աւելին գիտնալ
Աստուծոյ եւ իր Խօսքին մասին գիտելիքներդ ինչպէ՞ս կրնան ուրիշներուն օգտել։ Աստուծոյ հետ ի՞նչ փոխյարաբերութիւն կրնաս վայելել։