Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԳԼՈՒԽ 5

Երկրի նկատմամբ Աստուծոյ նպատակը ի՞նչ է

Երկրի նկատմամբ Աստուծոյ նպատակը ի՞նչ է

1. Աստուած ինչո՞ւ երկիրը ստեղծեց։

Եհովան երկիրը տղամարդոց եւ կիներուն տուաւ։ Ատիկա մեր տունն է։ Ուրեմն, մարդկային առաջին զոյգը՝ Ադամն ու Եւան, երկնքի մէջ ապրելու համար չստեղծուեցաւ,– Աստուած արդէն հրեշտակներ ստեղծած էր երկնքի մէջ բնակելու համար (Յոբ 38։4, 7)։ Փոխարէն, Աստուած առաջին մարդը դրաւ Եդեմի պարտէզ կոչուած հիանալի դրախտին մէջ (Ծննդոց 2։15-17)։ Եհովան անոր ու անոր ապագայ սերունդին տուաւ երկրի վրայ անվերջ կեանք վայելելու հեռանկարը։ —‏ Կարդա՛ Սաղմոս 37։29. 115։16։

Սկիզբը, միայն Եդեմի պարտէզը դրախտ էր։ Մարդկային առաջին զոյգը երկիրը իրենց սերունդով պիտի լեցնէին։ Ժամանակի ընթացքին, անոնք ամբողջ երկրին պիտի տիրէին եւ զայն դրախտի վերածէին (Ծննդոց 1։28)։ Երկիրը բնա՛ւ պիտի չկործանի։ Ատիկա միշտ մարդկութեան բնակարանը պիտի ըլլայ։ —‏ Կարդա՛ Սաղմոս 104։5։

Դիտէ այս վիտէոն՝ Աստուած ինչո՞ւ ստեղծեց երկիրը

2. Այժմ երկիրը ինչո՞ւ դրախտ չէ։

Ադամն ու Եւան Աստուծոյ չհնազանդեցան, ուստի ան զանոնք պարտէզէն դուրս դրաւ։ Դրախտը կորսուեցաւ, ու ո՛չ մէկ մարդ կրցած է զայն վերահաստատել։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Երկիրը ամբարշտին ձեռքը տրուեցաւ» (Յոբ 9։24)։ —‏ Կարդա՛ Ծննդոց 3։23, 24։

Եհովան մարդկութեան նկատմամբ իր սկզբնական նպատակը լքա՞ծ է։ Ո՛չ։ Ան ամենակարող է եւ կարելի չէ որ ձախողի (Եսայի 45։18)։ Ան մարդկային ցեղը պիտի վերահաստատէ այն վիճակին մէջ, որ ի մտի ունէր։ —‏ Կարդա՛ Սաղմոս 37։11, 34։

3. Դրախտը ինչպէ՞ս պիտի վերահաստատուի։

Դրախտը երկրի վրայ պիտի վերահաստատուի, Յիսուսի իշխանութեան ընթացքին՝ որպէս Աստուծոյ նշանակած Թագաւորը։ Արմագեդոն կոչուած պատերազմով, Յիսուս Աստուծոյ հրեշտակները պիտի առաջնորդէ եւ բնաջնջէ բոլո՛ր անոնք՝ որոնք Աստուծոյ կը հակառակին։ Ապա, Յիսուս Սատանան 1000 տարի պիտի բանտարկէ։ Աստուծոյ ժողովուրդը կործանումէն պիտի վերապրի, քանի որ Յիսուս զիրենք պիտի առաջնորդէ եւ պաշտպանէ։ Անոնք երկրային Դրախտին մէջ յաւիտենական կեանք պիտի վայելեն։ —‏ Կարդա՛ Յայտնութիւն 20։1-3. 21։3, 4։

4. Տառապանքը ե՞րբ վերջ պիտի գտնէ։

Աստուած երկրի վրայէն չարութիւնը ե՞րբ պիտի վերցնէ։ Յիսուս «նշան» մը տուաւ, վախճանին մօտ ըլլալը զատորոշելու համար։ Աշխարհի ներկայ վիճակները մարդկութեան վերապրումին կը սպառնան ու ցոյց կու տան, թէ «աշխարհիս վերջ»ին ատենը կ’ապրինք։ —‏ Կարդա՛ Մատթէոս 24։3, 7-14, 21, 22։

Իր Հազարամեայ իշխանութեան ընթացքին, Յիսուս ամբողջ տառապանքին վերջ պիտի դնէ (Եսայի 9։6, 7. 11։9)։ Որպէս Թագաւոր ծառայելէ զատ, Յիսուս պիտի գործէ որպէս Քահանայապետ, եւ աստուածասէր մարդոց մեղքերը պիտի ջնջէ։ Այսպէս՝ Յիսուսի միջոցաւ, Աստուած հիւանդութիւնը, ծերութիւնն ու մահը պիտի չքացնէ։ —‏ Կարդա՛ Եսայի 25։8. 33։24։

5. Որո՞նք ապագայ Դրախտին մէջ պիտի ապրին։

Թագաւորութեան սրահին մէջ, պիտի հանդիպիս անհատներու՝ որոնք Աստուած կը սիրեն եւ կ’ուզեն սորվիլ ինչպէ՛ս զինք հաճեցնել

Աստուծոյ հնազանդողները Դրախտին մէջ պիտի ապրին (Ա. Յովհաննէս 2։17)։ Յիսուս իր հետեւորդները ղրկեց, որպէսզի հեզ մարդիկը փնտռեն եւ անոնց սորվեցնեն ինչպէ՛ս Աստուծոյ ընդունելի ըլլալ։ Ներկայիս, Եհովան միլիոնաւոր անհատներ կը պատրաստէ, որ երկրի վրայ ապագայ Դրախտին մէջ ապրին (Սոփոնիա 2։3Եհովայի վկաներու Թագաւորութեան սրահներուն մէջ, մարդիկ կը սորվին աւելի լաւ ամուսիններ ու հայրեր եւ աւելի լաւ կիներ ու մայրեր ըլլալ։ Զաւակներ եւ ծնողներ միասնաբար պաշտամունք կը մատուցանեն եւ կը սորվին ինչպէ՛ս բարի լուրէն օգտուիլ։ —‏ Կարդա՛ Միքիա 4։1-4։