ԳԼՈՒԽ 7
Ի՞նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը
1. Ի՞նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը։
Աստուծոյ Թագաւորութիւնը երկնային կառավարութիւն մըն է։ Անիկա պիտի փոխարինէ բոլոր միւս կառավարութիւնները եւ պատճառ պիտի ըլլայ, որ Աստուծոյ կամքը կատարուի թէ՛ երկնքի մէջ եւ թէ երկրի վրայ։ Ուրախ լուր մըն է որ Աստուած իր Թագաւորութիւնը այս կերպով պիտի գործածէ։ Շուտով Աստուծոյ Թագաւորութիւնը լաւ կառավարութեան մարդուն կարիքը պիտի գոհացնէ։ Անիկա երկրի վրայ ապրող բոլոր մարդիկը պիտի միացնէ։ — Կարդա՛ Դանիէլ 2։44. Մատթէոս 6։9, 10. 24։14։
Թագաւորութիւն մը պէտք է թագաւոր ունենայ։ Եհովան իր Որդին՝ Յիսուս Քրիստոսը, նշանակեց որպէս Իր Թագաւորութեան Թագաւոր։ — Կարդա՛ Յայտնութիւն 11։15։
Դիտէ այս վիտէոն՝ Ի՞նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը
2. Յիսուս ինչո՞ւ տիպար Թագաւորն է։
Աստուծոյ Որդին տիպար Թագաւորն է, քանի որ քաղցր է եւ ճիշդ բաներու կողքին հաստատ դիրք կը բռնէ (Մատթէոս 11։28-30)։ Նաեւ, ան մարդոց օգնելու բաւարար ոյժ ունի, քանի որ երկնքէն երկրի վրայ պիտի իշխէ։ Իր յարութենէն ետք, ան երկինք համբարձաւ եւ Եհովայի աջ կողմը նստելով սպասեց (Եբրայեցիս 10։12, 13)։ Ի վերջոյ, Աստուած իրեն հեղինակութիւն տուաւ որ սկսի իշխել։ — Կարդա՛ Դանիէլ 7։13, 14։
3. Որո՞նք Յիսուսի հետ պիտի իշխեն։
«Սուրբեր» կոչուող խումբ մը, երկնքի մէջ Յիսուսի հետ պիտի իշխէ (Դանիէլ 7։27)։ Առաջին ընտրուած սուրբերը Յիսուսի հաւատարիմ առաքեալներն էին։ Եհովան մինչեւ օրս շարունակած է ընտրել հաւատարիմ տղամարդիկ ու կիներ որպէս սուրբեր։ Յիսուսի նման, անոնք հոգեւոր մարմնով կը յարուցանուին։ — Կարդա՛ Յովհաննէս 14։1-3. Ա. Կորնթացիս 15։42-44։
Քանի՞ հոգի երկինք կ’երթան։ Յիսուս զանոնք «պզտիկ հօտ» Ղուկաս 12։32)։ Անոնց վերջնական թիւը պիտի ըլլայ 144,000։ Անոնք Յիսուսի հետ պիտի իշխեն երկրի վրայ։ — Կարդա՛ Յայտնութիւն 14։1։
կոչեց (4. Ի՞նչ պատահեցաւ երբ Յիսուս սկսաւ իշխել։
Աստուծոյ Թագաւորութիւնը սկսաւ իշխել 1914–ին։ * Որպէս Թագաւոր, Յիսուսի առաջին քայլն էր՝ Սատանան ու անոր դեւերը դէպի երկիր վռնտել։ Սատանան կատղեցաւ եւ սկսաւ երկրագունդի տարածքին խնդիրներ պատճառել (Յայտնութիւն 12։7-10, 12)։ Ատկէ ի վեր, մարդկութեան վայերը շատցած են։ Պատերազմները, սովերը, համաճարակները եւ երկրաշարժները «նշան»ի մը երեսակներն են, թէ Թագաւորութիւնը շուտով երկրին հարցերը լիովին ձեռք պիտի առնէ։ — Կարդա՛ Ղուկաս 21։7, 10, 11, 31։
5. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ի՞նչ կ’իրագործէ։
Աշխարհածաւալ քարոզչութեան մը միջոցով, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը արդէն իսկ բոլոր ազգերէ մեծ բազմութիւն մը կը միացնէ։ Միլիոնաւոր հեզ մարդիկ Յիսուսի հպատակները կը դառնան։ Ներկայ ամբարիշտ աշխարհը կործանելու ժամանակ, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը զանոնք պիտի պաշտպանէ։ Ուստի, բոլոր անոնք՝ որոնք կ’ուզեն Աստուծոյ Թագաւորութենէն օգտուիլ, պէտք է սորվին Յիսուսի հնազանդ հպատակներ ըլլալ։ — Կարդա՛ Յայտնութիւն 7։9, 14, 16, 17։
Հազար տարի տեւող ժամանակաշրջանի մը ընթացքին, Թագաւորութիւնը մարդկութեան համար Աստուծոյ սկզբնական նպատակը պիտի իրագործէ։ Երկրագունդը աշխարհածաւալ դրախտի մը պիտի վերածուի։ Ի վերջոյ, Յիսուս Թագաւորութիւնը ետ իր Հօր ձեռքը պիտի տայ (Ա. Կորնթացիս 15։24-26)։ Կը ճանչնա՞ս անհատ մը, որուն կ’ուզես Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին պատմել։ — Կարդա՛ Սաղմոս 37։10, 11, 29։
^ պարբ. 6 Մանրամասնութեանց համար, թէ ինչպէ՛ս աստուածաշնչական մարգարէութիւնը կանխագուշակեց 1914 թուականը, տե՛ս Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Աստուածաշունչէն գիրքը, էջ 217-220։