Անցնիլ բովանդակութեան

Ի՞նչն է ուրախ ընտանեկան կեանքի բանալին

Ի՞նչն է ուրախ ընտանեկան կեանքի բանալին

Կը կարծես թէ. . .

  • սէ՞րն է

  • դրա՞մն է

  • ուրի՞շ բան մը

ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ Կ’ԸՍԷ

«Երանի՜ անոնց, որ Աստուծոյ խօսքը կը լսեն ու կը պահեն» (Ղուկաս 11։28, Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ

ԱՍԻԿԱ Ի՛ՆՉ ԿՐՆԱՅ ՆՇԱՆԱԿԵԼ ՔԵԶԻ ՀԱՄԱՐ

Իսկական սէր գտնել (Եփեսացիս 5։28, 29

Իսկական յարգանք վայելել (Եփեսացիս 5։33

Իսկական ապահովութիւն ունենալ (Մարկոս 10։6-9

ԻՍԿԱՊԷՍ ԿՐՆԱ՞ՆՔ ՀԱՒԱՏԱԼ ԻՆՉ ՈՐ ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ Կ’ԸՍԷ

Այո՛, նուազագոյնը երկու պատճառներով.

  • Աստուած է ընտանեկան կեանքին Հիմնադիրը։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ թէ Եհովա Աստուած մարդկային առաջին զոյգը միաւորեց ամուսնութեամբ (Ծննդոց 2։18-24)։ Ուրիշ խօսքով, ընտանեկան կարգադրութիւնը գոյութիւն ունի, քանի որ Եհովան ըրած է զայն։ Ասիկա ինչո՞ւ յատկանշական է։

    Նկատի առ. երբ համեղ ճաշ մը կ’ուտես եւ կ’ուզես անոր բաղադրութիւնը գիտնալ, որո՞ւն կը դիմես։ Տրամաբանօրէն՝ ճաշը պատրաստողին։

    Նմանապէս, ուրախ ընտանեկան կեանքի «բաղադրութիւնը» գիտնալու համար, լաւ է որ դիմենք Եհովային՝ ընտանեկան կեանքի Հիմնադիրին։

  • Աստուած հետաքրքրուած է քեզմով։ Իմաստութիւն է որ ընտանիքներ Եհովայի խրատը փնտռեն, որ ի՛նք կը հայթայթէ իր Խօսքին միջոցով։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ, ան «[քեզի] համար կը հոգայ» (Ա. Պետրոս 5։6, 7)։ Եհովան լաւագոյն շահերդ ի մտի ունի. եւ իր խրատները մի՛շտ գործնական են (Առակաց 3։5, 6. Եսայի 48։17, 18

ՄՏԱԾԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Ինչպէ՞ս կրնաս՝ լաւ ամուսին մը, կին մը կամ ծնող մը ըլլալ։

Սուրբ Գիրքը կը պատասխանէ այս համարներով՝ ԵՓԵՍԱՑԻՍ 5։1, 2 եւ ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3։18-21։