Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 02

Սուրբ Գիրքը յոյս կու տայ

Սուրբ Գիրքը յոյս կու տայ

Աշխարհի չորս կողմը, մարդիկ խնդիրներ կ’ունենան, որոնք զիրենք կը տխրեցնեն, կը մտահոգեն եւ իրենց ցաւ կը պատճառեն։ Այս զգացումները քեզի ծանօ՞թ են։ Թերեւս կը տառապիս, քանի որ հիւանդ ես կամ սիրելիներէդ մէկը մահացած է։ Թերեւս դուն քեզի հարցնես. ‘Օրին մէկը կեանքս պիտի լաւանա՞յ’։ Սուրբ Գիրքը այդ հարցումին մխիթարական պատասխան մը կու տայ։

1. Սուրբ Գիրքը ինչպէ՞ս յոյս կու տայ

Սուրբ Գիրքը ոչ միայն կը բացատրէ, թէ ինչո՛ւ աշխարհին մէջ ա՛յսքան շատ խնդիրներ կան, հապա նաեւ ուրախ լուր մը կու տայ, որ այդ խնդիրները ժամանակաւոր են եւ մօտ ատենէն պիտի վերջանան։ Սուրբ Գիրքին խոստումները կրնան քեզի ‘ապագայ մը եւ յոյս մը տալ’ (կարդա՛ Երեմիա 29։11, 12)։ Այդ խոստումները կ’օգնեն, որ մեր խնդիրներուն հետ գլուխ ելլենք, լաւատես ըլլանք եւ մնայուն ուրախութիւն գտնենք։

2. Սուրբ Գիրքը ի՞նչ տեսակ ապագայ կը խոստանայ

Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ, որ ապագային «ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ» (կարդա՛ Յայտնութիւն 21։4)։ Աղքատութիւնը, անարդարութիւնը, հիւանդութիւնն ու մահը եւ ուրիշ խնդիրներ, որոնք մարդիկը անյոյս կը դարձնեն, այլեւս պիտի չըլլան։ Սուրբ Գիրքը կը խոստանայ, որ մարդիկ կեանքը պիտի վայելեն յաւիտեա՛ն Դրախտին մէջ՝ երկրի վրայ։

3. Ինչպէ՞ս կրնաս վստահ ըլլալ, որ Սուրբ Գիրքին խոստումները պիտի կատարուին

Շատեր յոյս ունին, որ լաւ բաներ պիտի ըլլան իրենց կեանքին մէջ, բայց չեն կրնար վստահ ըլլալ որ իրենց յոյսերը պիտի իրականանան։ Իսկ այն ինչ որ Սուրբ Գիրքը կը խոստանայ, անպայման պիտի իրականանայ։ Անոր ըսածներուն հանդէպ կրնանք վստահութիւն ունենալ, ուշադրութեամբ ‘քննելով գրքերը’, այսինքն՝ Սուրբ Գիրքը (Գործք 17։11)։ Երբ Սուրբ Գիրքը սերտես, պիտի կարենաս որոշել, թէ ապագային նկատմամբ անոր ըսածներուն կրնա՛ս հաւատալ կամ ոչ։

ԱՒԵԼԻ՛ ՊՐՊՏԷ

Նկատի առ կարգ մը խոստումներ, որ Սուրբ Գիրքը տուած է ապագային նկատմամբ։ Տես թէ անոր տուած յոյսը ինչպէ՛ս մարդոց կ’օգնէ այսօր։

4. Սուրբ Գիրքը կը խոստանայ, որ յաւիտենական կեանք պիտի ունենանք՝ առանց չարչարանքի

Նկատի առնենք Սուրբ Գիրքին հետեւեալ խոստումները։ Ատոնցմէ ո՞ր մէկը ամէնէն շատ սրտիդ կը խօսի։ Ինչո՞ւ։

Կարդացէ՛ք այն համարները, որոնք խոստումներուն քով դրուած են, եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

  • Կը զգա՞ս, որ այս համարները յոյս կու տան։ Կարելի՞ է, որ ատոնք ընտանիքիդ ու բարեկամներուդ յոյս տան։

Երեւակայէ թէ կ’ապրիս աշխարհի մը մէջ, ուր

Ո՛Չ ՄԷԿԸ՝

ԱՄԷՆ ՄԱՐԴ՝

  • իր սիրելիներուն յարութիւնը պիտի տեսնէ, երբ ետ կեանքի գան երկրի վրայ (Յովհաննէս 5։28, 29

  • երիտասարդ եւ առողջ պիտի ըլլայ (Յոբ 33։25

  • պիտի տառապի գէշ միտքերէ եւ յիշատակներէ (Եսայի 65։17

  • յաւիտեան պիտի ապրի լաւագոյն պայմաններու մէջ (Սաղմոս 37։29

5. Սուրբ Գիրքին տուած յոյսը կրնայ կեանքդ փոխել

Շատեր յուսահատ են կամ նոյնիսկ ջղայնացած են, տեսնելով իրենց շուրջի խնդիրները։ Ոմանք կը պայքարին որ վիճակները լաւացնեն։ Տես թէ ինչպէ՛ս Սուրբ Գիրքին այն խոստումը, որ կեանքը պիտի բարելաւուի, մարդոց կ’օգնէ հիմա։ Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները։

  • Վիտէոյին մէջ, Ռըֆիքան ի՞նչ տեսակ անարդարութեամբ մտահոգուած էր։

  • Թէեւ անոր տեսած անարդարութիւնը չվերցուեցաւ, Սուրբ Գիրքը ինչպէ՞ս իրեն օգնեց։

Ապագային նկատմամբ Սուրբ Գիրքին տուած յոյսը կրնայ մեզի օգնել, որ ընկճուածութեան դէմ պայքարինք ու մեր խնդիրներուն հետ գլուխ ելլենք։ Կարդացէ՛ք Առակաց 17։22 եւ Հռովմայեցիս 12։12 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

  • Կը կարծե՞ս որ այն յոյսը, որ Սուրբ Գիրքին մէջ կը գտնենք, կրնայ կեանքդ փոխել այսօր։ Ինչո՞ւ այդպէս կը կարծես։

ԿԱՐԳ ՄԸ ՄԱՐԴԻԿ Կ’ԸՍԵՆ. «Սուրբ Գիրքին խոստումները միայն երազիդ մէջ կրնան իրականանալ»։

  • Քու կարծիքովդ, ինչո՞ւ կարեւոր է որ նկատի առնես փաստեր, թէ Սուրբ Գիրքին խոստումները պիտի կատարուի՛ն։

ԱՄՓՈՓՈՒՄ

Սուրբ Գիրքը մեզի յոյս կու տայ եւ կ’օգնէ որ դժուարութիւններու հետ գլուխ ելլենք, քանի որ ուրախ ապագայ մը կը խոստանայ։

Վերաքաղ

  • Ինչո՞ւ մարդիկ յոյսի պէտք ունին։

  • Սուրբ Գիրքը ի՞նչ կ’ըսէ ապագային մասին։

  • Ապագային նկատմամբ յոյս ունենալը ինչպէ՞ս քեզի կ’օգնէ հիմա։

Նպատակակէտ

ԱՒԵԼԻ՛Ն ԳԻՏՑԻՐ

Յոյսին զօրութեան մասին աւելին գիտցիր։

«Ո՞ւր կրնաս յոյս գտնել» (յօդուած՝ Զարթի՛ր–ին մէջ)

Տե՛ս թէ ապագային նկատմամբ յոյսը ինչպէ՛ս կրնայ օգնել անոնց, որոնք երկարատեւ հիւանդութիւն ունին։

«Աստուածաշունչը կրնա՞յ քեզի օգնել եթէ երկարատեւ հիւանդութիւն ունիս» (յօդուած՝ մեր կայքին վրայ)

Երբ կը դիտես այս երաժշտական վիտէոն, երեւակայէ որ դուն եւ ընտանիքդ կեանքը կը վայելէք ապագայ Դրախտին մէջ, որ Աստուածաշունչը խոստացած է։

Երեւակայէ (3։37)

Կարդա՛ թէ ինչպէ՛ս անհատի մը կեանքը փոխուեցաւ, երբ գիտցաւ ապագային նկատմամբ Աստուածաշունչին տուած յոյսին մասին։

«Այլեւս չեմ զգար թէ աշխարհը պէտք է փոխեմ» (Դիտարան 1 յուլիս 2013)