Վերջաբան
«[Նմանեցէք] անոնց, որ հաւատքով ու համբերութիւնով խոստումները ժառանգեցին» (ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 6։12)։
1, 2. Ինչո՞ւ կենսական է որ հի՛մա հաւատք կերտենք. լուսաբանէ՛։
ՀԱՒԱՏՔ։ Ի՜նչ գեղեցիկ բառ մը, որ կը ներկայացնէ շատ գրաւիչ յատկութիւն մը։ Սակայն, երբ այս բառին կը հանդիպինք, լաւ կ’ըլլայ որ ուրիշ բառի մը մասին ալ մտածենք. հրատապութիւն։ Որովհետեւ եթէ հաւատք չունինք, պէտք է հրատապութեա՛մբ ձեռք ձգենք զայն։ Եւ եթէ ունինք՝ հրատապութեամբ պէտք է պաշտպանենք եւ սնուցանենք զայն։ Ինչո՞ւ։
2 Երեւակայէ թէ լայնատարած անապատէ մը կ’անցնիս։ Չափազանց ծարաւ ես։ Երբ քիչ մը ջուր գտնես, զայն կերպով մը պէտք է պաշտպանես արեւէն։ Ապա, քովդ այնչափ ջուր պէտք է պահես, որ մինչեւ որոշած տեղդ հասնիլդ քեզի բաւէ։ Ներկայիս, բոլորս ալ կ’ապրինք հոգեւոր անապատի մը մէջ, աշխարհ մը, ուր իսկական հաւատքը,– այդ ջուրին նման,– հազուագիւտ է եւ ենթակայ է արագօրէն շոգիանալու, եթէ չպաշտպանուի եւ չպահպանուի։ Մենք շա՜տ մեծ կարիք ունինք անոր. ինչպէս որ առանց ջուրի չենք կրնար ապրիլ, նոյնպէս ալ առանց հաւատքի չենք կրնար հոգեւորապէս վերապրիլ (Հռով. 1։17)։
3. ա) Եհովան ի՞նչ տուած է, որ մեզի օգնէ հաւատք կերտելու։ բ) Ի՞նչ երկու կէտեր պէտք է յիշենք ընել։
3 Եհովան գիտէ թէ որքա՜ն հրատապութեամբ պէտք ունինք հաւատքի, նաեւ ան գիտէ թէ որքան դժուար է այսօր հաւատք կերտել ու պահպանել։ Անկասկած, այս պատճառով է որ ան օրինակներ տուած է մեզի, որոնց կրնանք հետեւիլ։ Եհովան Պօղոս առաքեալը ներշնչեց որ գրէ. «[Նմանեցէք] անոնց, որ հաւատքով ու համբերութիւնով խոստումները ժառանգեցին» (Եբ. 6։12)։ Եւ այս պատճառով է որ Եհովայի կազմակերպութիւնը մեզ քաջալերած է, որ ջանանք անխոնջօրէն հետեւիլ հաւատարիմ տղամարդոց եւ կիներու օրինակին, ինչպէս անոնց՝ զորոնք նկատի առինք այս էջերուն մէջ։ Իսկ հի՞մա ինչ պիտի ընենք։ Յիշենք երկու կէտեր. 1) պէտք է շարունակենք մեր հաւատքը զօրացնել եւ 2) պէտք է մեր յոյսը վառ պահենք մեր մտքին մէջ։
4. Սատանան ինչպէ՞ս ցոյց տուած է թէ ինք հաւատքին թշնամին է, սակայն ինչո՞ւ պէտք չէ վհատինք։
4 Շարունակէ՛ հաւատքդ զօրացնել։ Հաւատքը մեծ ոսոխ մը ունի. Սատանան։ Աշխարհին իշխանը այս դրութիւնը վերածած է տեսակ մը անապատի, ուր հաւատք պահպանելը դժուար է։ Ան մեզմէ շա՛տ աւելի զօրաւոր է։ Բայց պէ՞տք է վհատինք, խորհելով թէ չենք կրնար մեր հաւատքը մշակել ու զօրացնել։ Ո՛չ։ Եհովան մեծագոյն Բարեկամն է բոլոր անոնց, որոնք կը ջանան իսկական հաւատք ունենալ։ Աստուած մեզ կը վստահեցնէ, որ ինք մեր կողքին ըլլալով, կրնա՛նք հակառակիլ Բանսարկուին եւ մինչեւ իսկ պատճառել, որ ան մեզմէ փախչի (Յակ. 4։7)։ Մենք Սատանային կը հակառակինք, եթէ ամէն օր ժամանակ յատկացնենք, մեր հաւատքը զօրացնելու եւ կերտելու համար։ Ինչպէ՞ս։
5. Աստուածաշունչին մէջ նշուած հաւատքի տէր տղամարդիկն ու կիները ինչպէ՞ս իրենց հաւատքը ձեռք ձգեցին. բացատրէ՛։
Գաղ. 5։22, 23, ՆԱ)։ Իրենք աղօթքով օգնութիւն խնդրեցին, եւ առ ի արդիւնք, Եհովան շարունակաբար զօրացուց իրենց հաւատքը։ Ընենք ինչ որ իրենք ըրին, բնաւ չմոռնալով որ Եհովան առատաձեռնօրէն իր հոգին կը շնորհէ անոնց, որոնք զայն կը խնդրեն եւ իրենց աղօթքներուն համաձայն կը գործեն (Ղուկ. 11։13)։ Կրնա՞նք աւելին ընել։
5 Ինչպէս որ տեսանք, Աստուածաշունչին մէջ նշուած հաւատքի տէր տղամարդիկն ու կիները հաւատարիմ չծնան։ Իրենց կեանքը կը փաստէ թէ հաւատքը Եհովայի սուրբ հոգիին մէկ արդիւնքն է (6. Ինչպէ՞ս կրնանք լաւագոյնս օգտուիլ՝ երբ Աստուածաշունչի արձանագրութիւնները կ’ուսումնասիրենք։
6 Այս գրքին մէջ, մենք տեսանք աչքառու հաւատքի միայն քանի մը օրինակներ։ Սակայն ուրիշ շատ շատ օրինակներ ալ կան (կարդա՛ Եբրայեցիս 11։32)։ Իւրաքանչիւրը,– իր յատուկ կերպով,– աղօթքով սրտանց ուսումնասիրուելիք նիւթ մըն է։ Եթէ Աստուածաշունչին արձանագրութիւնները հարեւանցի կարդանք, մեր հաւատքը հաստատօրէն հիմնած չենք ըլլար։ Մեր ընթերցանութենէն լիովին օգտուելու համար, հարկ է որ ժամանակ տրամադրենք՝ Աստուածաշունչին արձանագրութիւններուն բովանդակութեան եւ ենթահողին խորը թափանցելով։ Եթէ միշտ մտաբերենք որ այդ անկատար տղամարդիկն ու կիները ‘մեզի պէս զգացումներ ունէին’, ապա իրենց օրինակները աւելի իրական պիտի դառնան մեզի համար (Յակ. 5։17, ՆԱ)։ Կարեկցութեամբ կրնանք երեւակայել, թէ անոնք ի՛նչ զգացած ըլլալու էին, երբ դիմագրաւեցին խնդիրներ ու մարտահրաւէրներ, որոնք նման են մեր դիմագրաւածներուն։
7-9. ա) Աստուածաշունչին մէջ նշուած հաւատքի տէր տղամարդիկն ու կիները թերեւս ի՞նչ զգացած պիտի ըլլային, եթէ Եհովան պաշտէին այնպէս՝ ինչպէս որ մենք կը պաշտենք այսօր։ բ) Ինչո՞ւ հարկ է որ գործերով ամրապնդենք մեր հաւատքը։
7 Մեր հաւատքը նաեւ կ’ամրապնդենք մեր արարքներով։ Ի վերջոյ, «հաւատքը առանց գործերու մեռած է» (Յակ. 2։26)։ Պահ մը երեւակայէ թէ մեր քննարկած տղամարդիկն ու կիները որքա՛ն պիտի ուրախանային, եթէ Եհովան մեզի նշանակուած գործը իրենց նշանակէր։
8 Օրինակի համար, ի՞նչ պիտի զգար Աբրահամ, եթէ իրեն ըսուէր թէ կրնար Եհովան պաշտել ո՛չ թէ անապատին մէջ կանգնեցուած քարէ կոշտ զոհասեղաններու քով, հապա՝ երկրպագուներու կազմակերպուած խումբերու հետ, հաճելի Թագաւորութեան սրահներու եւ մեծ համաժողովներու մէջ, ուր իր ‘հեռուէն տեսած’ խոստումները կը քննարկուին ու կը բացատրուին ամենայն մանրամասնութեամբ (կարդա՛ Եբրայեցիս 11։13)։ Իսկ Եղիա՞ն ինչ պիտի զգար, եթէ իրեն ըսուէր թէ իր գործը կը պարփակէր ո՛չ թէ մահապատիժի ենթարկել Բահաղի չար մարգարէները, մինչ կը փորձէր Եհովային ծառայել ամբարիշտ եւ հաւատուրաց թագաւորի մը իշխանութեան ներքեւ, հապա՝ խաղաղութեամբ մարդոց այցելել մխիթարական եւ յոյս ներշնչող պատգամ մը հաղորդելու համար։ Իրապէս, միթէ Աստուածաշունչին մէջ նշուած հաւատքի տէր տղամարդիկն ու կիները անմիջապէս պիտի չընդունէի՞ն մեզի պէս Եհովան պաշտել։
9 Ուստի թող որ շարունակենք մեր հաւատքը զօրացնել գործերով։ Մինչ այդպէս կ’ընենք, պիտի սկսինք գործնական կերպով կիրարկել Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքին մէջ արձանագրուած հաւատքի տէր տղամարդոց եւ կիներուն օրինակները։ Ինչպէս որ նախաբանին մէջ նշուեցաւ, պիտի սկսինք իրենց աւելի մօտիկ զգալ որպէս բարեկամներ։ Սակայն այդպիսի բարեկամութիւններ շուտով կրնան շատ աւելի իրական դառնալ։
10. Ի՞նչ ուրախութիւն պիտի վայելենք Դրախտին մէջ։
10 Յոյսդ վառ պահէ մտքիդ մէջ։ Հաւատարիմ տղամարդիկն ու կիները միշտ ալ զօրութիւն գտած են իրենց աստուածատուր յոյսէն։ Իսկ դո՞ւն։ Օրինակ, երեւակայէ այն ուրախութիւնը, երբ Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաներուն հանդիպինք, մինչ ետ կեանքի կու գան ‘արդարներու յարութեան’ ատեն (կարդա՛ Գործք 24։15)։ Ի՞նչ հարցումներ կ’ուզէիր հարցնել իրենց։
11, 12. Նոր աշխարհին մէջ, թերեւս ի՞նչ հարցումներ ուղղես՝ ա) Աբէլին, բ) Նոյին, գ) Աբրահամին, դ) Հռութին, ե) Աբիգիային, զ) Եսթերին։
11 Երբ Աբէլին հանդիպիս, անհամբերութեամբ պիտի հարցնե՞ս թէ իր ծնողները ինչպիսին էին։ Կամ թերեւս հարց տաս. «Բնաւ խօսեցա՞ր այն քերովբէներուն հետ, որոնք Եդեմին մուտքը կը պաշտպանէին։ Պատասխանեցի՞ն քեզի»։ Իսկ Նոյի՞ն։ Թերեւս անոր հարցնես. «Բնաւ նեֆիլիմներէն վախցա՞ր։ Ինչպէ՞ս հոգ տարիր բոլոր անասուններուն, այն տարին որ տապանին մէջ անցուցիր»։ Եթէ Աբրահամին հանդիպիս, թերեւս հարցնես. «Որեւէ կերպով կապ ունեցա՞ր Սէմին հետ։ Ո՞վ սորվեցուց քեզի Եհովայի մասին։ Ուր քաղաքը լքելը դժուա՞ր էր»։
12 Նաեւ նկատի առ կարգ մը հարցումներ, որ թերեւս փափաքէիր ուղղել այն հաւատարիմ կիներուն, որոնք յարութիւն պիտի առնեն։ «Հռո՛ւթ, ի՞նչ բան քեզ մղեց որ Եհովայի երկրպագու մը դառնաս»։ «Ա՛բիգիա, վախցա՞ր Նաբաղին պատմելէ թէ ինչպէ՛ս օգնած էիր Դաւիթին»։ «Ե՛սթեր, ի՞նչ պատահեցաւ քեզի եւ Մուրթքէին, երբ պատմութիւնը վերջ գտաւ Աստուածաշունչին մէջ»։
13. ա) Յարութիւն առնողները ինչպիսի՞ հարցումներ թերեւս ունենան քեզի ուղղելու։ բ) Ի՞նչ կը զգաս՝ վաղեմի հաւատարիմ տղամարդոց ու կիներուն հանդիպելու հեռանկարին մասին։
13 Անշուշտ, այդ հաւատարիմ տղամարդիկն ու կիներն ալ քեզի ուղղելիք շատ հարցումներ կրնան ունենալ։ Որքա՛ն պիտի հրճուինք իրենց պատմելով վերջին օրերուն մասին եւ թէ Եհովան ինչպէ՛ս օրհնեց իր ժողովուրդը դժուար ժամանակներուն մէջ։ Անկասկած, անոնք խորապէս պիտի ազդուին, երբ գիտնան թէ Եհովան ինչպէ՛ս կատարեց իր բոլոր խոստումները։ Այդ գալիք օրերուն, այլեւս պէտք պիտի չունենանք մտապատկերելու Աստուծոյ այն հաւատարիմ ծառաները, որոնք նշուած են Աստուածաշունչին մէջ։ Անոնք մեզի հետ պիտի ըլլան Դրախտին մէջ։ Ուստի հիմակուընէ ամէն կարելիդ ըրէ, որ այդ անհատները իրական դառնան քեզի համար։ Շարունակէ՛ անոնց հաւատքը ընդօրինակել։ Կը մաղթենք որ վայելե՛ս Եհովային ծառայելու ուրախութիւնը իրենց հետ, որպէս քու բարեկամներդ յաւիտեա՛ն։