ԳԼՈՒԽ ՔՍԱՆ
«Ես հաւատացեր եմ»
1. Նկարագրէ՛ Մարթային վիշտը եւ անոր պատճառը։
ՄԱՐԹԱ չի կրնար մոռնալ իր եղբօր գերեզմանը,– քարայր մը, որուն մուտքը քարով գոցուած է։ Անոր վիշտը ծանր է, ճիշդ այդ քարին պէս։ Ան չի կրնար հաւատալ, որ իր սիրելի եղբայրը՝ Ղազարոս, այլեւս չկայ։ Անոր վերջին շունչէն ի վեր, չորս օր շարունակ այցելուներ կու գան սգաւորներուն տունը, ցաւակցութեան համար։
2, 3. ա) Յիսուսը տեսնելը հաւանաբար ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցաւ Մարթայի վրայ։ բ) Մարթայի կարեւոր խօսքերը ի՞նչ յայտնեցին իր մասին։
2 Իսկ այժմ, Մարթայի առջեւ կանգնած է Ղազարոսի ամէնէն սիրելի բարեկամը՝ Յիսուս։ Զինք տեսնելը հաւանաբար կը սաստկացնէ իր վիշտը, քանի որ Յիսուս աշխարհի միակ անձն է, որ կրնար ազատել իր եղբայրը։ Այսուհանդերձ, բլրակողմը գտնուող Բեթանիա գիւղէն դուրս, Մարթան քանի մը վայրկեան խօսելով Յիսուսին հետ՝ կը մխիթարուի։ Իր Տէրոջ ազնիւ հայեացքն ու խոր կարեկցութիւնը, դարձեալ կը քաջալերեն զինք։ Յիսուս Մարթային կ’ուղղէ հարցումներ, որոնք կ’օգնեն իրեն որ ուշադրութիւնը կեդրոնացնէ իր հաւատքին եւ յարութեան յոյսին վրայ։ Ի վերջոյ, Մարթան այս կարեւորագոյն խօսքերը կ’ըսէ. «Ես հաւատացեր եմ, որ դուն ես Քրիստոսը՝ Աստուծոյ Որդին՝ որ աշխարհ գալու էիր» (Յովհ. 11։27)։
3 Այս խօսքերը ցոյց կու տան, թէ Մարթա զօրաւոր հաւատք ունէր։ Իր մասին Աստուածաշունչի հակիրճ արձանագրութիւնը կը սորվեցնէ խորիմաստ դասեր, որոնք կրնան մեզի օգնել մեր հաւատքը ամրապնդելու։ Ինչպէ՞ս։ Նկատի առնենք Մարթայի մասին Աստուածաշունչին արձանագրած առաջին դէպքը։
«Հոգ ընելով կը տագնապի»
4. ա) Մարթայի ընտանիքը ի՞նչ առումով արտասովոր էր։ բ) Այդ ընտանիքը ի՞նչ փոխյարաբերութիւն ունէր Յիսուսի հետ։
4 Ամիսներ առաջ, երբ Ղազարոս ողջ–առողջ էր, Բեթանիոյ մէջ իր տունը պիտի այցելէր կարեւորագոյն հիւրը՝ Յիսուս Քրիստոս։ Ղազարոս, Մարթա եւ Մարիամ արտասովոր ընտանիք մըն էին՝ երեքն ալ չափահաս քոյր–եղբայր, որոնք ակներեւաբար մէկ յարկի տակ կը բնակէին։ Կարգ մը հետազօտողներ, կ’ըսեն թէ Մարթա Յովհ. 11։5)։ Չենք կրնար գիտնալ, եթէ անոնցմէ ոեւէ մէկը ամուսնացած էր։ Ամէն պարագայի, անոնք Յիսուսի մտերիմ բարեկամները դարձան։ Երբ Յիսուս կը ծառայէր Հրէաստանի մէջ, ուր յաճախ հակառակութիւն ու թշնամութիւն կը դիմագրաւէր, ան անոնց տունը կը մնար։ Անկասկած, ան մեծապէս կը գնահատէր այն խաղաղութիւնն ու աջակցութիւնը, որ այդ տան մէջ կը գտնէր։
հաւանաբար ծնողներուն անդրանիկն էր, որովհետեւ, ըստ երեւոյթին, ի՛նք հիւրերը կ’ընդունէր եւ երբեմն իր անունը սկիզբը կը նշուի (5, 6. ա) Ինչո՞ւ յատկապէս Մարթա բազմազբաղ էր Յիսուսի այս այցելութեան ընթացքին։ բ) Մարիամ ի՞նչ ըրաւ, երբ Յիսուս իրենց այցելեց։
5 Մարթա ժրաջան ըլլալով, յաճախ կը ձգտէր հիւրասիրութիւն ցոյց տալ եւ տունը հանգստաւէտ դարձնել։ Յիսուսի այս այցելութիւնը բացառութիւն մը չէր։ Մարթա շուտով մասնաւոր ճաշ մը ծրագրեց ու զանազան ուտելիքներ պատրաստեց իր առանձնայատուկ հիւրին եւ թերեւս անոր ընկերակիցներուն համար։ Այդ օրերուն, հիւրասիրութիւնը շատ կարեւոր էր։ Հիւրը համբոյրով կը դիմաւորէին, անոր կօշիկները կը հանէին, ոտքերը կը լուային եւ գլուխը անուշահոտ իւղով կ’օծէին (կարդա՛ Ղուկաս 7։44-47)։ Ինչպէս նաեւ հոգ կը տարուէր, որ հիւրը յարմար վայր մը գիշերէր եւ լաւ սնունդ ստանար։
6 Մարթա եւ Մարիամ ընելիք շատ գործ ունէին։ Մարիամ, որ երբեմն իր քրոջմէն աւելի զգայուն եւ ողջամիտ կը նկատուի, անկասկած սկիզբը Մարթային կ’օգնէր։ Սակայն, երբ Յիսուս եկաւ, ամէն բան փոխուեցաւ։ Յիսուսի համար ասիկա առիթ մըն էր ներկաներուն սորվեցնելու եւ այդպէս ալ ըրաւ։ Ի տարբերութիւն իր օրուան կրօնական առաջնորդներուն, Յիսուս կը յարգէր կիները եւ յօժարաբար անոնց կը սորվեցնէր իր քարոզչութեան գլխաւոր նիւթին՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին։ Այս առիթէն ոգեւորուած, Մարիամ անոր ոտքերուն քով նստաւ եւ ուշի ուշով մտիկ ըրաւ։
7, 8. Մարթայի մտքին մէջ ինչո՞ւ լարուածութիւն յառաջացաւ, եւ ի վերջոյ ան ինչպէ՞ս արտայայտեց զայն։
7 Կրնանք պատկերացնել Մարթայի մտքին լարուածութիւնը։ Ան ա՛լ աւելի մտահոգ եւ մտացիր կ’ըլլար, երբ կը մտածէր թէ ինչպէ՛ս պիտի պատրաստէր բազմատեսակ ուտելիքներ եւ ատենին կատարէր հիւրասիրութեան հետ կապուած բոլոր գործերը։ Մինչ Մարթա շատ զբաղած ըլլալով կ’երթար կու գար եւ կը տեսնէր, թէ իր քոյրը նստած է եւ որեւէ կերպով իրեն ձեռք չի տար, թերեւս սկսաւ երեսը ծռել, քրթմնջել կամ զայրանալ։ Եւ ասիկա զարմանալի չէ, քանի որ ան չէր կրնար այդ բոլորը առանձին ընել։
8 Ի վերջոյ, չկարենալով ինքզինք զսպել, Մարթա ընդհատեց Յիսուսը՝ ըսելով. «Տէ՛ր, քու հոգդ չէ՞, որ իմ քոյրս զիս մինակ թողուց սպասաւորութեան մէջ. ուստի ատոր ըսէ, որ ինծի օգնէ» (Ղուկ. 10։40)։ Այս ուժգին խօսքերով, ան Յիսուսէն կը խնդրէր որ Մարիամը սրբագրէ եւ իր գործին վերադարձնէ։
9, 10. ա) Յիսուս ինչպէ՞ս պատասխանեց Մարթային։ բ) Ուրկէ՞ գիտենք թէ Յիսուս չէր թերագնահատեր Մարթայի ժրաջան աշխատանքը։
Ղուկ. 10։41, 42)։ Յիսուս ի՞նչ ըսել կ’ուզէր։ Արդեօք կը հասկցնէր թէ Մարթան նիւթակա՞ն բաներու հետամուտ էր, կամ թէ ինք ճոխ կերակուրներ պատրաստելու անոր անխոնջ ջանքերը չէ՞ր գնահատեր։
9 Յիսուսի պատասխանը թերեւս զարմացուց Մարթան, ինչպէս որ զարմացուցած է Աստուածաշունչի այժմու բազմաթիւ ընթերցողներ։ Ան մեղմօրէն ըսաւ. «Մարթա՛, Մարթա՛, դուն շատ բաներու համար հոգ ընելով կը տագնապիս. բայց մէ՛կ բան պէտք է եւ Մարիամ այն աղէկ բաժինը ընտրեց, որ իրմէ պիտի չառնուի» (10 Ո՛չ։ Յիսուս յստակօրէն կը տեսնէր Մարթայի սիրալիր եւ մաքուր շարժառիթը։ Աւելին, ան չէր խորհեր թէ ճոխ կերպով հիւրասիրելը սխալ է։ Օրինակ, ան նախապէս յօժարօրէն մասնակցած էր այն «մեծ կոչունք»ին, զոր Մատթէոս պատրաստած էր Իրեն համար (Ղուկ. 5։29)։ Հարցը ոչ թէ Մարթայի պատրաստած ճաշն էր, այլ՝ իր առաջնահերթութիւնները։ Ան այնքա՛ն կեդրոնացած էր ընտիր կերակուրներ պատրաստելու վրայ, որ կարեւորագոյն բանը չէր կրնար տեսնել։ Ի՞նչը։
Յիսուս կը գնահատէր Մարթայի հիւրասիրութիւնը եւ գիտէր թէ անոր շարժառիթները սիրալիր եւ մաքուր էին
11, 12. Յիսուս ինչպէ՞ս մեղմօրէն սրբագրեց Մարթան։
11 Յիսուս՝ Եհովա Աստուծոյ միածին Որդին, Մարթային տունը եկած էր ճշմարտութիւնը սորվեցնելու։ Ոչ մէկ բան կրնար աւելի կարեւոր ըլլալ, ներառեալ՝ Մարթայի ընտիր կերակուրներն ու պատրաստութիւնները։ Յիսուս անկասկած տրտմեցաւ, տեսնելով թէ Մարթան իր հաւատքը զօրացնելու իւրայատուկ պատեհութիւն մը կը կորսնցնէր, այսուհանդերձ, ան թոյլ տուաւ որ ինքն իր որոշումը կայացնէ *։ Բայց Մարթան Յիսուսէն պէտք չէր խնդրեր որ իր քոյրը համոզէր իրեն օգնելու, որովհետեւ այսպիսով, ան Մարիամն ալ արգիլած կ’ըլլար այդ մասնայատուկ պատեհութենէն օգտուելու։
12 Ուստի Յիսուս նրբանկատօրէն սրբագրեց Մարթան՝ մեղմ ձայնով կրկնելով իր անունը, զինք հանգստացնելու համար իր լարուած վիճակէն, եւ վստահեցուց որ հարկ չունէր ‘շատ բաներու համար հոգ ընելով տագնապելու’։ Մէկ կամ երկու կերակուրով պատրաստուած պարզ սեղան մը բաւարար էր, մանաւանդ, երբ հոգեւոր կոչունք մը մատչելի էր։ Ուստի Յիսուս որեւէ կերպով Մարիամի
ձեռքէն պիտի չխլէր անոր ընտրած «աղէկ բաժինը», իրմէ սորվիլը։13. Ի՞նչ դասեր կրնանք սորվիլ այն կերպէն, որով Յիսուս Մարթան սրբագրեց։
13 Այս ընտանեկան հակիրճ պատմութիւնը շատ մը դասեր կ’ընդգրկէ Քրիստոսի այժմու հետեւորդներուն համար։ Բնաւ թոյլ պէտք չէ տանք, որ որեւէ բան աւելի կարեւոր դառնայ, քան մեր «հոգեւոր կարիքները» (Մատ. 5։3, ՆԱ)։ Թէեւ կը փափաքինք ընդօրինակել Մարթայի առատաձեռն եւ ժրաջան հոգին, սակայն բնաւ չենք ուզեր այնքան ‘հոգ ընելով տագնապիլ’ կամ մտացիր ըլլալ հիւրասիրութեան պէս նուազ կարեւոր բաժինով մը, որ կարեւորագոյն բաժինը կորսնցնենք։ Մենք հաւատակիցներու հետ կ’ընկերակցինք ոչ թէ ճոխ ուտելիք հրամցնելու կամ հիւրասիրուելու համար, այլ, գլխաւորաբար, որպէսզի փոխադարձաբար քաջալերուինք եւ հոգեւոր պարգեւներ փոխանցենք (կարդա՛ Հռովմայեցիս 1։11, 12)։ Նոյնիսկ ամէնէն պարզ ճաշը կրնայ այդպիսի շինիչ իրավիճակ մը կարելի դարձնել։
Սիրելի եղբայրը մահացած էր, բայց ողջնցաւ
14. Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ, թէ Մարթա ընտիր օրինակ մը հանդիսացաւ խրատը ընդունելով։
14 Արդեօք Մարթա Յիսուսի մեղմ յանդիմանութիւնը ընդունե՞ց եւ անկէ սորվեցա՞ւ։ Անշո՛ւշտ։ Յովհաննէս առաքեալ, Մարթայի եղբօր մասին զգայացունց արձանագրութեան մը բացումին մէջ, մեզի կը յիշեցնէ. «Յիսուս կը սիրէր Մարթան եւ անոր քոյրը ու Ղազարոսը» (Յովհ. 11։5)։ Դէպի Բեթանիա Յիսուսի վերոնշեալ այցելութեան վրայ՝ ամիսներ անցած էին։ Յստակ է որ Մարթան չէր դառնացած։ Ան Յիսուսի դէմ ոխ չէր պահած անոր տուած սիրալիր խրատին համար։ Ան խրատը լուրջի առած էր։ Այս հարցին մէջ ալ, ան հաւատքի հիանալի օրինակ մը եղաւ մեզի համար։ Մեզմէ ո՞վ երբեմն քիչ մը խրատուելու պէտքը չունենար։
15, 16. ա) Մարթա վստահաբար ի՞նչ ըրաւ, երբ իր եղբայրը հիւանդացաւ։ բ) Մարթայի եւ Մարիամի յոյսը ինչո՞ւ ի դերեւ ելաւ։
15 Երբ իր եղբայրը հիւանդացաւ, Մարթան անտարակոյս անոր հոգ տանելով զբաղեցաւ։ Ան իր ձեռքէն եկածը ըրաւ, իր եղբօր ցաւը թեթեւցնելու եւ օգնելու համար որ ապաքինի։ Այսուհանդերձ, Ղազարոսի վիճակը ա՛լ աւելի վատթարացաւ։ Անոր քոյրերը անդադար կը խնամէին զինք։ Մարթան որքա՜ն յաճախ իր աչքերը սեւեռած ըլլալու էր իր եղբօր տժգոյն դէմքին վրայ, յիշելով իրենց միասին ապրած տարիները, իրարու հետ անցուցած ուրախ եւ տխուր պահերը։
16 Երբ այնպէս կը թուէր թէ Ղազարոս պիտի մեռնէր, Մարթա եւ Մարիամ Յիսուսին լուր ղրկեցին։ Ան կը քարոզէր երկու օրուան ճամբու հեռաւորութեան վրայ գտնուող վայրի մը մէջ։ Քոյրերուն լուրը պարզ էր. «Տէ՛ր, ահա անիկա, որ դուն կը սիրես, հիւանդ է» (Յովհ. 11։1, 3)։ Անոնք գիտէին թէ Յիսուս կը սիրէր իրենց եղբայրը եւ կը հաւատային որ ան իր ձեռքէն եկածը պիտի ընէր՝ իր բարեկամին օգնելու համար։ Թերեւս անոնք կը յուսային որ Յիսուս ճիշդ ժամանակին հասնէր։ Բայց աւա՜ղ, Ղազարոս մահացաւ։
17. Մարթան ի՞նչ բանէ զարմացաւ, եւ ան ինչպէ՞ս հակազդեց երբ լսեց թէ Յիսուս իրենց գիւղին կը մօտենար։
17 Մարթա եւ Մարիամ կը սգային իրենց եղբօր վրայ, թաղման համար պատրաստութիւններ տեսնելով եւ Բեթանիայէն ու անոր շրջակայքէն եկող բազմաթիւ այցելուներ ընդունելով։ Սակայն Յիսուսէն դեռ լուր չկար։ Մարթա թերեւս ա՛լ աւելի կը զարմանար, մինչ ժամանակը կ’անցնէր։ Ի վերջոյ, Ղազարոսի մահէն չորս օր ետք, ան լսեց թէ Յիսուս իրենց գիւղին կը մօտենար։ Այս գործունեայ կինը, նոյնիսկ այս ծանր պահուն գործի անցաւ եւ առանց Մարիամին բան մը ըսելու, իսկոյն գնաց Յիսուսը դիմաւորելու (կարդա՛ Յովհաննէս 11։18-20)։
18, 19. Մարթա ի՞նչ յոյս արտայայտեց, եւ իր հաւատքը ինչո՞ւ աչքառու էր։
18 Երբ Մարթան իր Տէրը տեսաւ, յայտնեց այն ինչ որ օրեր շարունակ կը տանջէր զինք եւ իր քոյրը՝ ըսելով. «Տէ՛ր, եթէ հոս ըլլայիր, իմ եղբայրս չէր մեռներ»։ Սակայն Մարթայի յոյսն ու հաւատքը մեռած չէին։ Ան աւելցուց. «Բայց գիտեմ թէ հիմա ալ դուն ինչ որ խնդրես Աստուծմէ, Աստուած պիտի տայ քեզի»։ Յիսուս անոր հաւատքը զօրացնելու համար, անմիջապէս այս խօսքը ըսաւ. «Քու եղբայրդ յարութիւն պիտի առնէ» (19 Մարթան կարծեց թէ Յիսուս ապագայ յարութեան մասին կը խօսէր, ուստի պատասխանեց. «Գիտեմ թէ յարութեան ժամանակը՝ վերջին օրը՝ յարութիւն պիտի առնէ» (Յովհ. 11։24)։ Այդ ուսուցումին նկատմամբ իր հաւատքը աչքառու էր։ Կարգ մը հրեայ կրօնական առաջնորդներ, որոնք սադուկեցիներ կը կոչուէին, չէին ընդուներ յարութեան գաղափարը, հակառակ որ ատիկա ներշնչուած Սուրբ Գրութիւններուն մէջ յստակ ուսուցում մըն էր (Դան. 12։13. Մար. 12։18)։ Սակայն Մարթա գիտէր, որ Յիսուս յարութեան յոյսին մասին կը սորվեցնէր եւ նոյնիսկ յարութիւն ալ տուած էր որոշ մարդոց,– թէեւ անոնցմէ ոչ մէկը Ղազարոսին չափ երկար ատենէ ի վեր մահացած էր։ Ուստի ան չէր գիտեր թէ ի՛նչ պիտի պատահէր։
20. Բացատրէ՛ Յովհաննէս 11։25-27–ի մէջ արձանագրուած Յիսուսի անմոռանալի արտայայտութեան եւ Մարթայի պատասխանին իմաստը։
20 Ապա Յիսուս այս անմոռանալի խօսքը ըսաւ. «Ես եմ յարութիւնն ու կեանքը»։ Արդարեւ, Եհովա Աստուած իր Որդւոյն իշխանութիւն տուած է, աշխարհածաւալ յարութիւններ կատարելու ապագային։ Յիսուս Մարթային հարցուց. «Դուն կը հաւատա՞ս ասոր»։ Ապա, Մարթան այս գլուխին սկիզբը քննարկուած պատասխանը տուաւ։ Ան կը հաւատար որ Յիսուսն էր Քրիստոսը կամ Մեսիան, եւ Եհովա Աստուծոյ Որդին, եւ ան՝ որուն մասին մարգարէները նախագուշակած էին որ աշխարհ պիտի գար (Յովհ. 5։28, 29. կարդա՛ Յովհաննէս 11։25-27)։
21, 22. ա) Յիսուս ինչպէ՞ս յայտնեց սգաւորներու հանդէպ իր զգացումները։ բ) Նկարագրէ՛ Ղազարոսի յարութիւնը։
21 Արդեօք Եհովա Աստուած եւ իր Որդին՝ Յիսուս Քրիստոս, կ’արժեւորե՞ն Մարթայի ցուցաբերած հաւատքին պէս հաւատք մը։ Մարթայի աչքերուն առջեւ տեղի ունեցող իրարայաջորդ դէպքերը շատ յստակ պատասխան մը կու տան։ Ան շտապելով գնաց իր քոյրը բերելու։ Յետոյ ան տեսաւ թէ Յիսուս շատ տխրութեամբ կը խօսէր Մարիամին եւ շատ մը սգաւորներու հետ։ Ան նկատեց, թէ ինչպէ՛ս Տէրոջ աչքերէն արցունքներ հոսեցան, որոնք անկաշկանդ կերպով կ’արտայայտէին այն խոր վիշտը, որ մահը կը պատճառէ։ Այնուհետեւ, ան լսեց Յիսուսի պատուէրը, որ քարը մէկ կողմ տանին իր եղբօր գերեզմանէն (Յովհ. 11։28-39)։
22 Իրապաշտօրէն, Մարթան առարկեց ըսելով, թէ իր եղբօր մարմինը հոտած պիտի ըլլար, քանի որ մահէն չորս օր անցած էր։ Յիսուս իրեն յիշեցուց. «Քեզի չըսի՞, եթէ հաւատաս՝ Աստուծոյ փառքը պիտի տեսնես»։ Ան իսկապէս հաւատաց եւ տեսա՛ւ Եհովա Աստուծոյ փառքը։ Այդ նոյն պահուն եւ վայրին մէջ, Աստուած իր Որդին լիազօրեց՝ Ղազարոսը յարուցանելու։ Մտածէ այն պահերուն մասին, որոնք մէկ ընդ միշտ դրոշմուեցան Մարթայի յիշողութեան մէջ. Յիսուսի այս հրամայական կոչը՝ «Ղա՛զարոս, դուրս եկուր», այդ անյստակ ձայնը որ լսուեցաւ քարայրէն՝ երբ պատանքով փաթթուած Ղազարոսը (այդպէս կը պատրաստէին մեռելներու մարմինը) ոտքի ելաւ եւ դանդաղօրէն քարայրի մուտքին մօտեցաւ, Յիսուսի այն պատուէրը որ ‘արձակեն զինք եւ թողուն որ երթայ’, եւ վստահաբար իր ու Մարիամի այն ցնծութիւնը՝ երբ վազեցին ու ջերմօրէն գրկեցին իրենց սիրելի եղբայրը (կարդա՛ Յովհաննէս 11։40-44)։ Մարթայի սրտին ծանր բեռը վերցուեցաւ։
23. Եհովան եւ Յիսուս քեզի համար ի՞նչ կ’ուզեն ընել, եւ դո՞ւն ինչ պէտք է ընես։
23 Այս արձանագրութիւնը ցոյց կու տայ, որ մեռելներուն յարութիւն Յոբ 14։14, 15)։ Եհովան եւ իր Որդին կ’ուզեն վարձատրել հաւատքի տէր մարդիկը, ինչպէս անցեալին ըրին Մարթային, Մարիամին ու Ղազարոսին։ Անոնք քեզի համար ալ համանման վարձատրութիւններ ունին, եթէ դուն ալ զօրաւոր հաւատք կերտես։
առնելը լոկ երազանք մը չէ, հապա սրտապնդիչ աստուածաշնչական ուսուցում մը եւ պատմական փաստացի իրողութիւն մըն է («Մարթա սպասաւորութիւն կ’ընէր»
24. Մարթայի մասին Աստուածաշունչի վերջին խօսքը ի՞նչ է։
24 Աստուածաշունչը վերջին անգամ ըլլալով կը նշէ Մարթան՝ Յիսուսի երկրային կեանքի վերջին շաբթուան ընթացքին։ Լաւատեղեակ ըլլալով թէ իրեն ի՛նչ դժուարութիւններ կը սպասէին, Յիսուս դարձեալ ընտրեց երթալ Բեթանիա՝ իր բարեկամներուն տունը, ուրկէ 3 քմ քալելով պիտի հասնէր Երուսաղէմ։ Ինքն ու Ղազարոս կ’ընթրէին բորոտ Սիմոնին տունը, եւ հոն է որ Մարթայի մասին վերջին խօսքը կը կարդանք. «Մարթա սպասաւորութիւն կ’ընէր» (Յովհ. 12։2)։
25. Այժմու ժողովքները ինչո՞ւ օրհնուած են Մարթային պէս կիներ ունենալով։
25 Այս աշխատասէր կնոջ մասին գրուած այդ խօսքը մեզ չի զարմացներ։ Երբ Աստուածաշունչը առաջին անգամ կը նշէ զինք, ան կ’աշխատի. երբ վերջին անգամ կը նշէ, ան տակաւի՛ն կ’աշխատի՝ լաւագոյնս հոգ տանելով իր շուրջիններուն։ Ներկայիս, Քրիստոսի հետեւորդներու ժողովքները օրհնուած են Մարթային պէս կիներ ունենալով,– քաջասիրտ եւ առատաձեռն քոյրեր, որոնք միշտ իրենց հաւատքը ի գործ կը դնեն՝ իրենց անձերը տրամադրելով։ Արդեօք Մարթա շարունակե՞ց այդ կերպով իր հաւատքը դրսեւորել։ Այդպէս կը թուի։ Եթէ շարունակեց, ուրեմն իմաստունօրէն գործեց, քանի որ տակաւին դիմագրաւելիք դժուարութիւններ պիտի ունենար։
26. Հաւատքը Մարթային օգնեց ի՞նչ ընելու։
26 Քանի մը օր ետք, Մարթան այն ահռելի վիշտը պիտի զգար, որ իր սիրելի Տէրոջ՝ Յիսուսի մահը պիտի պատճառէր։ Ասկէ զատ, Յիսուսը սպաննած այդ ոճրագործ կեղծաւորները նաեւ որոշած էին Ղազարոսը սպաննել, քանի որ շատերուն հաւատքը կ’աւելնար անոր յարութեան պատճառով (կարդա՛ Յովհաննէս 12։9-11)։ Եւ ի վերջոյ, մահը Մարթան եւ իր հարազատները իրարմէ բաժնեց։ Չենք գիտեր թէ ատիկա ինչպէ՛ս կամ ե՛րբ եղաւ, սակայն կրնանք մէկ բանէ վստահ ըլլալ. Մարթայի թանկագին հաւատքը իրեն օգնեց որ մինչեւ վերջ տոկայ։ Ահա թէ ինչո՛ւ այժմու քրիստոնեաները պիտի ուզեն ընդօրինակել Մարթայի հաւատքը։
^ պարբ. 11 Առաջին դարու հրէական միջավայրին մէջ, կիները ընդհանրապէս կը զրկուէին ակադեմական գործունէութիւններէ։ Անոնք կը մարզուէին տնային պարտականութիւններ ստանձնելու։ Ուստի Մարթայի աչքին շատ խորթ թուած ըլլալու էր, որ կին մը ուսուցիչի մը ոտքերուն քով նստի սորվելու համար։