ԳԼՈՒԽ ՈՒԹ
Յուսախաբութիւններու ներքեւ տոկաց
1. Սելով ինչո՞ւ խոր սուգի մէջ էր։
ՍԱՄՈՒԷԼ կը զգայ Սելովի սուգը։ Կարծես թէ ամբողջ քաղաքը արցունք կը թափէ։ Քանի քանի տուներէ կը լսուին լաց ու կոծի ձայներ կիներու եւ երեխաներու, որոնք կ’ողբան իրենց հայրերուն, ամուսիններուն, որդիներուն ու եղբայրներուն վրայ, որոնք այլեւս տուն պիտի չվերադառնան։ Իսրայէլ փղշտացիներուն դէմ պատերազմի մը մէջ ջախջախիչ պարտութիւն կրած է՝ 30,000 զինուոր կորսնցնելով։ Իսկ նախորդ պատերազմին ժամանակ զոհուած էին 4000 հոգի (Ա. Թագ. 4։1, 2, 10)։
2, 3. Ի՞նչ ողբերգութիւններ Սելովի վրայ նախատինք բերած էին եւ անկէ փառքը վերցուցած էին։
2 Սակայն ասիկա քաղաքին վրայ կատարուած շատ մը ողբերգութիւններէն մէկն էր։ Հեղի քահանայապետին երկու չար որդիները՝ Ոփնին ու Փենէհէսը, պատերազմադաշտ գացած էին՝ իրենց հետ տանելով ուխտին սուրբ տապանակը։ Սովորաբար, վրանանման տաճարին՝ խորանին, ամենասուրբ բաժանմունքին մէջ պահուած ըլլալով, այս թանկարժէք արկղը կը խորհրդանշէր Աստուծոյ ներկայութիւնը։ Իսրայէլացիները տապանակը իրենց հետ պատերազմի տարին, յիմարաբար խորհելով, որ անիկա զիրենք պիտի պաշտպանէր եւ յաղթանակ շնորհէր։ Բայց փղշտացիները տապանակը գրաւեցին եւ Ոփնին ու Փենէհէսը սպաննեցին (Ա. Թագ. 4։3-11)։
3 Տապանակը դարեր շարունակ կը գտնուէր Սելովի խորանին մէջ։ Սակայն այժմ անիկա փղշտացիներուն ձեռքն էր։ Այս լուրը առնելով՝ 98 ամեայ Հեղին աթոռէն՝ կռնակին վրայ ինկաւ ու մեռաւ։ Նոյն օրը իր այրիացած հարսը ծննդաբերութեան ատեն մեռաւ։ Կնոջ վերջին խօսքերն էին. «Իսրայէլէն փառքը վերցուեցաւ»։ Արդարեւ, Սելով ա՛լ առաջուան պէս պիտի չըլլար (Ա. Թագ. 4։12-22)։
4. Ի՞նչ պիտի քննարկենք այս գլուխին մէջ։
4 Սամուէլ այս խորին յուսախաբութիւններուն հետ ինչպէ՞ս գլուխ պիտի ելլէր։ Իր հաւատքը բաւականին զօրաւոր պիտի ըլլա՞ր, որ կարենար օգնել այն ժողովուրդին, որ կորսնցուցած էր Եհովայի պաշտպանութիւնն ու հաճութիւնը։ Իւրաքանչիւրս ատեն–ատեն կը դիմագրաւենք դժուար եւ յուսահատեցուցիչ վիճակներ, որոնք մեր հաւատքը փորձի կ’ենթարկեն. ուստի տեսնենք թէ տակաւին ի՛նչ կրնանք սորվիլ Սամուէլի օրինակէն։
Սամուէլ «արդարութիւն գործեց»
5, 6. ա) Աստուածաշունչը 20 տարուայ ժամանակաշրջանին վերաբերեալ ի՞նչ բանի վրայ կը կեդրոնանայ։ բ) Սամուէլ այդ ժամանակաշրջանին ինչո՞վ կը զբաղէր։
5 Այս դէպքերէն ետք, Աստուածաշունչը չի խօսիր Սամուէլի մասին, հապա կը պատմէ թէ ի՛նչ պատահեցաւ սուրբ տապանակին։ Անիկա կը նշէ թէ ի՜նչ պատուհասներ կրեցին փղշտացիները զայն գրաւելնուն համար եւ թէ ինչպէ՛ս ստիպուեցան զայն վերադարձնել։ Իսկ երբ Սամուէլի մասին կրկին կը նշուի, արդէն քսան տարի անցած է (Ա. Թագ. 7։2)։ Այդ տարիներուն, Սամուէլ ինչո՞վ զբաղած էր։
6 Կռահելու պէտք չունինք։ Աստուածաշունչէն կ’իմանանք, որ այդ քսան տարիներէն առաջ, «Սամուէլ սկսաւ բոլոր Իսրայէլի քարոզել» (Ա. Թագ. 3։21)։ Արձանագրութիւնը կը յայտնէ, թէ այդ ժամանակաշրջանը լմննալէն ետք, Սամուէլ սովորութիւն դարձուցած էր ամէն տարի Իսրայէլի երեք քաղաքներու մէջ շրջելու՝ վէճերը եւ խնդիրները լուծելու նպատակով։ Յետոյ ան կը վերադառնար իր ծննդավայրը՝ Ռամա (Ա. Թագ. 7։15-17)։ Ուրեմն յստակ է թէ Սամուէլ միշտ զբաղած մնաց, եւ այդ 20 տարիներուն ընթացքին ընելիք շատ գործ ունէր։
Թէեւ Աստուածաշունչը բնաւ չի յիշեր Սամուէլը 20 տարուան ժամանակաշրջանին, սակայն կրնանք վստահ ըլլալ որ ան զբաղած մնաց Եհովայի ծառայութեան մէջ
7, 8. ա) Երկու տասնամեակ ժրաջանօրէն ծառայելէ ետք, Սամուէլ ժողովուրդին ի՞նչ պատգամ հաղորդեց։ բ) Առ ի հակազդեցութիւն, ժողովուրդը ի՞նչ ըրաւ։
7 Հեղիի որդիներուն անբարոյ վարքն ու անօրէն գործերը տկարացուցած էին մարդոց հաւատքը։ Որպէս արդիւնք, կը թուի թէ շատեր սկսան կուռքեր պաշտել։ Երկու տասնամեակ ժրաջանօրէն ծառայելէ ետք, Սամուէլ հետեւեալ պատգամը տուաւ իսրայէլացիներուն. «Եթէ դուք ձեր բոլոր սրտովը Տէրոջը դարձեր էք, ձեր մէջէն օտար աստուածներն ու Աստարովթը վերցուցէ՛ք եւ ձեր սրտերը Տէրոջը պատրաստեցէ՛ք ու միայն զանիկա պաշտեցէք ու անիկա Փղշտացիներուն ձեռքէն ձեզ պիտի ազատէ» (Ա. Թագ. 7։3)։
8 «Փղշտացիներուն ձեռք»ը ծանրացած էր ժողովուրդին վրայ։ Իսրայէլի զօրքին պարտութիւնը տեսնելով, փղշտացիները կարծեցին թէ կրնային ճնշել Աստուծոյ ժողովուրդը՝ առանց պատժուելու։ Բայց Սամուէլ ժողովուրդը հաւաստիացուց, որ եթէ Եհովային վերադառնային, իրավիճակները պիտի փոխուէին։ Իսրայէլացիները ի՞նչ ըրին։ Անոնք յօժարակամօրէն վերցուցին իրենց կուռքերը եւ «միայն Տէրոջը ծառայութիւն ըրին»։ Ասիկա տեսնելով, Սամուէլ մեծապէս ուրախացաւ։ Ան ժողովուրդը համախմբեց Մասփա քաղաքը, որ կը գտնուէր լեռնային շրջանի մը մէջ, Երուսաղէմէն դէպի հիւսիս։ Իսրայէլացիները հոն հաւաքուեցան, ծոմ բռնեցին եւ իրենց կռապաշտութեան համար զղջացին (կարդա՛ Ա. Թագաւորաց 7։4-6)։
Փղշտացիները կարծեցին թէ Եհովայի զղջացող ժողովուրդին մէկտեղ հաւաքուիլը՝ առիթ մըն էր յարձակում գործելու
9. Փղշտացիները ի՞նչ առիթ մը նկատեցին, եւ Աստուծոյ ժողովուրդը այդ վտանգին դիմաց ինչպէ՞ս հակազդեց։
9 Մինչ այդ, փղշտացիները տեղեկացան թէ ժողովուրդը Մասփա հաւաքուեր էր եւ ասիկա առիթ մը նկատեցին յարձակելու։ Անոնք իրենց բանակը հոն ղրկեցին՝ Եհովայի երկրպագուները կոտորելու համար։ Իսրայէլացիները երբ այդ վտանգին մասին լսեցին, սարսափահար ըլլալով Սամուէլէն խնդրեցին որ Եհովային աղօթէր իրենց համար։ Սամուէլ այդպէս ըրաւ եւ զոհ մըն ալ մատուցանեց։ Այդ սուրբ արարողութեան ընթացքին, փղշտացիները Մասփա հասան։ Եհովան պատասխանեց Սամուէլի աղօթքին՝ իր զայրոյթը յայտնելով, ինչպէս որ արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Տէրը նոյն օրը Փղշտացիներուն վրայ մեծ ձայնով որոտաց» (10, 11. ա) Փղշտացիներու զօրքին դէմ Եհովայի բերած որոտումը ինչո՞ւ արտասովոր ըլլալու էր։ բ) Մասփայի մէջ ծագած պատերազմին արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։
10 Արդեօք փղշտացիները վախկո՞տ էին ճիշդ երեխայի մը պէս, որ որոտումի պզտիկ ձայն մը լսելուն պէս իր մօր գիրկը կը ցատկի։ Ո՛չ, անոնք պատերազմատենչ եւ խիզախ ռազմիկներ էին։ Ուրեմն որքա՜ն արտասովոր եւ զօրաւոր ըլլալու էր այդ «մեծ ձայն»ը։ Թերեւս անոնք ձայնին զօրութենէն սարսափեցան։ Թերեւս որոտումի ատեն երկինքը անամպ էր կամ ալ ձայնը լեռներէն եկող հզօր արձագանգ մըն էր։ Ամէն պարագայի, այդ որոտումը փղշտացիները շփոթութեան մատնեց եւ զօրեղ թշնամին իսկոյն վերածուեցաւ վախկոտ զոհի։ Իսրայէլացիները դուրս եկան Մասփայէն եւ յարձակեցան անոնց վրայ, զանոնք պարտութեան մատնեցին եւ փախչող թշնամիները հետապնդեցին մինչեւ Երուսաղէմի հարաւ–արեւմտեան կողմը (Ա. Թագ. 7։11)։
11 Այդ յաղթանակը դարձակէտ մը եղաւ։ Մինչեւ Սամուէլի որպէս դատաւոր ծառայելուն աւարտը, փղշտացիները շարունակ նահանջեցին։ Մէկը միւսին ետեւէն, անոնց գրաւուած քաղաքները ետ Աստուծոյ ժողովուրդին իշխանութեան տակ անցան (Ա. Թագ. 7։13, 14)։
12. Սամուէլ ի՞նչ առումով «արդարութիւն գործեց», եւ ի՞նչ յատկութիւններ իրեն օգնեցին որ իր գործը յաջողապէս կատարէր։
12 Դարե՜ր անց, Պօղոս առաքեալ Սամուէլը յիշեց այն հաւատարիմ դատաւորներուն եւ մարգարէներուն շարքին, որոնք «արդարութիւն գործեցին» (Եբ. 11։32, 33)։ Այո՛, Սամուէլ ժողովուրդին օգնեց որ ընէր ինչ որ ճիշդ էր Աստուծոյ աչքին։ Ան յաջողապէս եւ հաւատարմօրէն կատարեց իր գործը, քանի որ համբերութեամբ Եհովային սպասեց եւ թոյլ չտուաւ որ յուսահատութիւնը զինք խանգարէր։ Ասկէ զատ, ան երախտագիտութեան հոգի ցոյց տուաւ։ Մասփայի մէջ տարուած յաղթանակէն ետք, Սամուէլ կոթող մը կամ քար մը կանգնեցնել տուաւ, որպէսզի յիշէին թէ Եհովան ինչպէ՛ս օգնած էր իր ժողովուրդին (Ա. Թագ. 7։12)։
13. ա) Ի՞նչ յատկութիւններու պէտք ունինք, եթէ կ’ուզենք Սամուէլը ընդօրինակել։ բ) Ըստ քեզի, ե՞րբ է յարմարագոյն ժամանակը Սամուէլին ցուցաբերած յատկութիւնները զարգացնելու։
13 Դուն ալ կ’ուզե՞ս ‘արդարութիւն գործել’։ Եթէ այո, ուրեմն լաւ կ’ըլլայ որ սորվիս Սամուէլի համբերութենէն եւ խոնարհութեան ու երախտագիտութեան հոգիէն (կարդա՛ Ա. Պետրոս 5։6)։ Անկասկած, բոլորս ալ պէտք ունինք այս յատկութիւններուն։ Լաւ էր որ Սամուէլ այսպիսի յատկութիւններ զարգացուց ու դրսեւորեց կանուխ հասակէն, քանի որ իր առջեւ կային աւելի մեծ յուսախաբութիւններ։
«Որդիներդ ճամբաներուդ մէջ չեն քալեր»
14, 15. ա) ‘Ծերանալէն’ ետք, Սամուէլ ի՞նչ ծանր յուսահատութիւն դիմագրաւեց։ բ) Արդեօք Սամուէլ Հեղիին պէս մեղադրուելու արժանի հա՞յր մըն էր. բացատրէ՛։
14 Սամուէլի մասին յաջորդ արձանագրութենէն կը տեսնենք, որ ան ‘ծերացած էր’։ Ան արդէն երկու չափահաս որդիներ ունէր՝ Յովէլ եւ Աբիա, որոնց դատաւոր նշանակած էր իրեն օգնելու համար։ Սակայն, ցաւօք սրտի, անոնք իրենց հայրը յուսախաբ ըրին։ Անոնք Սամուէլին պէս պարկեշտ եւ արդար կերպով չվարուեցան, հապա իրենց դիրքը անձնասէր նպատակներով օգտագործեցին՝ իրաւունքը ծռելով եւ կաշառք ընդունելով (Ա. Թագ. 8։1-3)։
15 Օր մը, իսրայէլի ծերերը տարեց մարգարէին մօտենալով բողոք ներկայացուցին, ըսելով. «Որդիներդ ճամբաներուդ մէջ չեն Ա. Թագ. 8։4, 5)։ Արդեօք Սամուէլ այդ մասին տեղեա՞կ էր։ Արձանագրութիւնը բան մը չի նշեր։ Սակայն ի տարբերութիւն Հեղիին, Սամուէլ վստահաբար մեղադրուելու արժանի հայր մը չէր։ Եհովան Հեղին յանդիմանած ու պատժած էր, քանի որ ան իր որդիներուն անօրէնութիւնը չէր սրբագրած, եւ զանոնք Աստուծմէ աւելի փառաւորած էր (Ա. Թագ. 2։27-29)։ Եհովան բնաւ այդպիսի թերութիւն չգտաւ Սամուէլի մէջ։
քալեր» (16. ա) Ըմբոստացած զաւակներու տէր ծնողներու սրտին մէջ ինչպիսի՞ զգացումներ կը զարգանան։ բ) Սամուէլին օրինակը ինչպէ՞ս կրնայ, որոշ չափով, մխիթարական եւ օգտակար ըլլալ ծնողներու համար։
16 Աստուածաշունչը չի նշեր, թէ Սամուէլ որքա՛ն ցաւ ու նախատինք զգաց եւ որքա՛ն մտահոգուեցաւ կամ յուսախաբ եղաւ, երբ իր որդիներուն չարութիւնը գիտցաւ։ Սակայն ներկայիս, շատ մը ծնողներ կրնան լաւ կերպով հասկնալ Սամուէլի զգացումները, քանի որ այսօրուան չար ժամանակներուն մէջ, ծնողքի հեղինակութեան եւ դաստիարակութեան դէմ եղած ըմբոստութիւնը լայնատարած է (կարդա՛ Բ. Տիմոթէոս 3։1-5)։ Իրենց սրտին մէջ այդպիսի ցաւ կրող ծնողներուն համար, Սամուէլի օրինակը կրնայ, որոշ չափով, մխիթարական եւ օգտակար ըլլալ։ Ան թոյլ չտուաւ, որ իր որդիներուն անհաւատութիւնը որեւէ կերպով զինք շեղէր իր անարատ ընթացքէն։ Յիշէ, որ նոյնիսկ եթէ խօսքերն ու դաստիարակութիւնը օգուտ չտան, ծնողքին օրինակը կրնայ անհնազանդ զաւակի մը սրտին հասնիլ։ Եւ ծնողներ միշտ առիթը ունին իրենց Հայրը՝ Եհովա Աստուածը, ուրախացնելու, ինչպէս որ Սամուէլ ըրաւ։
«Մեր վրայ թագաւոր մը դիր»
17. Իսրայէլի ծերերը Սամուէլէն ի՞նչ պահանջեցին եւ ան ինչպէ՞ս հակազդեց։
17 Սամուէլի որդիները չէին կրնար պատկերացնել, թէ իրենց ագահութեան եւ անձնասիրութեան հետեւանքը մինչեւ ո՛ւր պիտի հասնէր։ Իսրայէլի ծերերը Սամուէլին ըսին. «Հիմա մեր վրայ թագաւոր մը դիր, որպէս զի բոլոր ազգերուն պէս մեզ կառավարէ»։ Արդեօք այդ պահանջով անոնք կը մերժէին Սամուէ՞լը, որ տասնամեակներ շարունակ, Եհովայի առաջնորդութեամբ ծառայած էր որպէս դատաւոր իսրայէլի վրայ։ Այս անգամ, անոնք Սամուէլին պէս պարզ մարգարէ մը չէին ուզեր, այլ կը փափաքէին որ թագաւոր մը զիրենք դատէր։ Անոնք իրենց շրջակայ ազգերուն պէս կ’ուզէին թագաւոր մը ունենալ։ Սամուէլ ինչպէ՞ս հակազդեց։ Կը կարդանք թէ այս պահանջը «Սամուէլին գէշ երեւցաւ» (Ա. Թագ. 8։5, 6)։
18. Եհովան ինչպէ՞ս մխիթարեց Սամուէլը եւ միեւնոյն ատեն յայտնեց իսրայէլի մեղքին լրջութիւնը։
18 Նշմարէ թէ Եհովան ի՛նչ պատասխանեց, երբ Սամուէլ հարցը աղօթքով իրեն ներկայացուց. «Ժողովուրդին խօսքին ու անոնց քեզի ամէն ըսածին մտիկ ըրէ՛, քանզի անոնք քեզ չեն մերժեր, այլ զիս կը մերժեն, որպէս զի անոնց վրայ չթագաւորեմ»։ Թէեւ այս խօսքերը Սամուէլին մխիթարութիւն տուին, սակայն իրականութեան մէջ, իսրայէլացիներուն պահանջածը մեծ նախատինք մըն էր Ամենակալ Ա. Թագ. 8։7-19)։
Աստուծոյ հանդէպ։ Եհովան իր մարգարէին ըսաւ, որ իսրայէլացիները ազդարարէր, թէ որքան սուղ գին պիտի վճարէին եթէ մարդկային թագաւոր մը ունենային։ Հակառակ այդ ազդարարութիւններուն, ժողովուրդը պնդեց. «Ո՛չ, անպատճառ թագաւոր մը կ’ուզենք»։ Հնազանդելով իր Աստուծոյն, Սամուէլ գնաց եւ Եհովային ընտրած անհատը թագաւոր օծեց (19, 20. ա) Սամուէլ ի՞նչ կերպերով հնազանդեցաւ Եհովայի ուղղութեան՝ Սաւուղը իսրայէլի վրայ թագաւոր օծելու։ բ) Սամուէլ ինչպէ՞ս շարունակեց Եհովայի ժողովուրդին օգնել։
19 Արդեօք Սամուէլ բարկանալո՞վ կամ անտարբերութեա՞մբ ենթարկուեցաւ։ Ան թոյլ տուա՞ւ, որ յուսախաբութիւնը իր սիրտը թունաւորէր ու դառնացնէր։ Շատեր թերեւս այդպէս հակազդեն, բայց Սամուէլ այդպէս չըրաւ։ Ան Սաւուղը օծեց՝ ընդունելով որ այդ մարդը Եհովային ընտրեալն էր։ Նոր թագաւորին որպէս ողջոյն եւ հպատակութիւն, ան համբուրեց Սաւուղը։ Ապա ժողովուրդին ըսաւ. «Տէրոջը ընտրած մարդը տեսա՞ք, որ բոլոր ժողովուրդին մէջ անոր պէս չկայ» (Ա. Թագ. 10։1, 24)։
20 Ճիշդ է որ Սամուէլ Եհովային ընտրած մարդուն դրական կողմերուն վրայ աւելի ուշադրութիւն դարձուց, քան՝ անոր թերութիւններուն, սակայն ինք անձնապէս աւելի կեդրոնացաւ Եհովայի աչքին ուղղամիտ մնալուն վրայ, քան՝ այդ փոփոխամիտ ժողովուրդին հաւանութեան արժանանալուն (Ա. Թագ. 12։1-4)։ Սամուէլ շարունակեց հաւատարմօրէն կատարել իր գործը՝ Աստուծոյ ժողովուրդը հոգեւոր վտանգներէն զգուշացնելով եւ քաջալերելով, որ Եհովային հաւատարիմ մնայ։ Իր խրատական խօսքերը իսրայէլացիներուն սրտին հասան եւ անոնք իրեն աղաչեցին որ իրենց համար Աստուծոյ աղօթք ընէր։ Մարգարէն ալ անոնց այս գեղեցիկ պատասխանը տուաւ. «Քա՜ւ լիցի, որ Տէրոջը դէմ մեղք գործեմ, ձեզի համար աղօթք ընելէ ետ կենալով. հապա ես ձեզի աղէկ ու շիտակ ճամբան պիտի սորվեցնեմ» (Ա. Թագ. 12։21-24)։
Սամուէլի օրինակը մեզի կը յիշեցնէ, որ բնաւ թոյլ չտանք որ նախանձը կամ դառնութիւնը մեր սրտին մէջ արմատ կապէ
21. Սամուէլի օրինակը ինչպէ՞ս կրնայ քեզի օգնել, եթէ պատահի որ յուսախաբ զգաս, երբ մէկը առանձնաշնորհում ձեռք ձգէ, իսկ դուն՝ ո՛չ։
21 Բնաւ յուսախաբ եղա՞ծ ես, երբ մէկը որոշ դիրք կամ առանձնաշնորհում մը ստացած է, իսկ դուն՝ ո՛չ։ Սամուէլին օրինակը ազդուօրէն ցոյց կու տայ, թէ բնաւ պէտք չէ թոյլ տանք, որ նախանձը կամ դառնութիւնը մեր սրտերուն մէջ արմատ կապէ (կարդա՛ Առակաց 14։30)։ Աստուած իր իւրաքանչիւր հաւատարիմ ծառային համար, վարձահատոյց եւ գոհացուցիչ շատ գործ տուած է։
«Մինչեւ ե՞րբ Սաւուղին համար սուգ պիտի ընես»
22. Սամուէլ ինչո՞ւ իրաւունք ունէր սկիզբը լաւ բաներ նկատելու Սաւուղին մէջ։
22 Սամուէլ իրաւունք ունէր Սաւուղին մէջ լաւ բաներ նկատելու։ Ա. Թագ. 10։22, 23, 27)։ Այս շնորհքներուն կողքին, ան նաեւ ունէր թանկագին պարգեւ մը,– ազատ կամք, որով կրնար իր ապրելակերպը ընտրել եւ անձնական որոշումներ կայացնել (Բ. Օր. 30։19)։ Ան ինչպէ՞ս գործածեց այդ պարգեւը։
Սաւուղ աչքառու էր։ Ան բարձրահասակ էր, գեղատես, քաջ ու խելացի, ինչպէս նաեւ սկիզբը համեստ էր ու պարկեշտ (23. Սաւուղ նախ ո՞ր թանկարժէք յատկութիւնը կորսնցուց եւ ինչպէ՞ս ցցուն ըրաւ իր զարգացող ամբարտաւանութիւնը։
23 Ցաւօք սրտի, երբ անհատի մը ձեռքը իշխանութիւն տրուի, առաջին յատկութիւնը որ կը կորսնցնէ՝ համեստութիւնն է։ Թագաւոր դառնալէն շատ չանցած, Սաւուղ սկսաւ ամբարտաւան անձ մը ըլլալ։ Ան չհնազանդեցաւ Եհովայի պատուէրներուն, որոնք Սամուէլ իրեն յայտնած էր։ Անգամ մը, Սաւուղին համբերութիւնը հատաւ եւ Եհովային մատուցանեց զոհ մը, որ Սամուէլ մտադրած էր մատուցանել։ Սամուէլ խստօրէն յանդիմանեց զինք եւ կանխագուշակեց, որ թագաւորութիւնը իր տունէն պիտի վերցուէր։ Փոխանակ յանդիմանութենէն դաս քաղելու, Սաւուղ շարունակեց իր անհնազանդ ընթացքը եւ աւելի գէշ բաներ ալ ըրաւ (Ա. Թագ. 13։8, 9, 13, 14)։
24. ա) Սաւուղ ինչպէ՞ս չհնազանդեցաւ Եհովային, ամաղեկացիներուն դէմ պատերազմելու ատեն։ բ) Սաւուղ յանդիմանութեան ինչպէ՞ս հակազդեց։ գ) Եհովան ի՞նչ որոշեց։
24 Սամուէլին միջոցով, Եհովան Սաւուղին ըսաւ որ ամաղեկացիներուն դէմ պատերազմ մղէր։ Աստուծոյ պատուէրներէն մէկն այն էր, որ ամաղեկացիներուն չար թագաւորը՝ Ագագ, սպաննուէր։ Սակայն Սաւուղ խնայեց Ագագի կեանքը, ինչպէս նաեւ այն աւարի լաւագոյն բաժինը, որ պէտք էր ոչնչացուէր։ Երբ Սամուէլ զինք յանդիմանելու եկաւ, Սաւուղ իր խօսքերով յայտնեց թէ որքա՛ն փոխուեր էր։ Յանդիմանութիւնը համեստօրէն ընդունելու տեղ, ան փորձեց իր ըրածը արդարացնել, պատճառաբանութիւններ ընել, պատրուակներ բռնել, չքմեղանքներ գտնել, նիւթը փոխել եւ յանցանքը ժողովուրդին վրայ նետել։ Երբ Սաւուղ փորձեց յանդիմանութիւնը մեղմացնել, դաւանելով թէ աւարէն որոշ անասուններ խնայուած էին Եհովային զոհ մատուցանուելու նպատակներով, Սամուէլ այս նշանաւոր խօսքերը ըսաւ. «Ահա հնազանդութիւնը զոհէն. . . աղէկ է»։ Մարգարէն անվախօրէն սաստեց Սաւուղը եւ յայտնեց Եհովային որոշումը. թագաւորութիւնը Սաւուղէն պիտի առնուէր եւ իրմէ աւելի լաւ մարդու մը տրուէր * (Ա. Թագ. 15։1-33)։
25, 26. ա) Սամուէլ ինչո՞ւ Սաւուղին համար սուգ ըրաւ, եւ Եհովան ի՞նչ մեղմ յանդիմանութիւն մը տուաւ Իր մարգարէին։ բ) Սամուէլ ի՞նչ դաս սորվեցաւ, երբ Յեսսէի տունը գնաց։
25 Սամուէլ խորապէս հիասթափուեցաւ երբ տեսաւ Սաւուղին սխալները։ Ան ամբողջ գիշերը Եհովային աղաղակեց այդ հարցին համար։ Ան մինչեւ իսկ սուգ ըրաւ Սաւուղին համար։ Սամուէլ այդ մարդուն մէջ լաւ բաներ տեսած էր, ու կը խորհէր որ լաւ թագաւոր մը պիտի ըլլար, սակայն հիմա այդ յոյսերը ի դերեւ ելան։ Այն Սաւուղը, զոր կը ճանչնար, այլեւս չկար, քանի որ թագաւորը իր լաւագոյն յատկութիւնները կորսնցուցած եւ Եհովային դէմ ելած էր։ Սամուէլ այլեւս չուզեց զինք տեսնել։ Սակայն ժամանակի ընթացքին, Եհովան մեղմօրէն ճշդեց Սամուէլի տեսակէտը, ըսելով. «Մինչեւ ե՞րբ Սաւուղին համար սուգ պիտի ընես, որովհետեւ ես զանիկա մերժեցի, որպէս զի Իսրայէլի վրայ չթագաւորէ։ Եղջիւրդ իւղով լեցուր ու եկուր քեզ Բեթլեհեմացի Յեսսէին ղրկեմ. քանզի անոր որդիներէն մէկը ինծի թագաւոր ընտրեցի» (26 Եհովայի նպատակին իրականացուիլը կախեալ չէ անկատար մարդոց անկայուն հաւատարմութենէն։ Եթէ մէկը անհաւատարիմ դառնայ, Եհովան իր կամքը կատարելու համար ուրի՛շ մը կը գտնէ։ Ուստի տարիքն առած Սամուէլ դադրեցաւ Սաւուղին համար սուգ ընելէ։ Եհովայի ուղղութեան ներքեւ, մարգարէն գնաց Բեթլեհէմ՝ Յեսսէի տունը, ուր անոր կարգ մը վայելչակազմ որդիները տեսաւ։ Սակայն սկիզբէն իսկ Եհովան Սամուէլին յիշեցուց, որ ֆիզիքական երեսակներէն անդին նայէր (կարդա՛ Ա. Թագաւորաց 16։7)։ Ի վերջոյ, Սամուէլ գտաւ Յեսսէի կրտսեր որդին՝ Դաւիթը, զոր Եհովան ընտրած էր։
Սամուէլ հասկցաւ որ չկայ յուսախաբութիւն պատճառող որեւէ խնդիր կամ իրավիճակ, որ Եհովան չկարենայ լուծել, հարթել կամ նոյնիսկ օրհնութեան վերածել
27. ա) Ի՞նչը օգնեց, որ Սամուէլին հաւատքը միշտ զօրանար։ բ) Սամուէլի օրինակին մասին ի՞նչ կը խորհիս։
27 Իր կեանքի վերջին տարիներուն, Սամուէլի աչքին ա՛լ աւելի յստակացաւ, թէ Եհովան որքա՛ն արդար որոշում մը կայացուցած էր՝ Սաւուղին տեղ Դաւիթը նշանակելով։ Սաւուղ Դաւիթին այնքա՛ն նախանձեցաւ, որ փորձեց զայն սպաննել։ Ան նաեւ հաւատուրաց դարձաւ։ Սակայն Դաւիթ գեղեցիկ յատկութիւններ դրսեւորեց, ինչպէս՝ քաջութիւն, ուղղամտութիւն, հաւատարմութիւն եւ հաւատք։ Սամուէլին հաւատքը ա՛լ աւելի զօրացաւ իր կեանքի վերջաւորութեան։ Ան տեսաւ որ չկայ յուսախաբութիւն պատճառող որեւէ խնդիր կամ իրավիճակ, որ Եհովան չկարենայ լուծել, հարթել կամ նոյնիսկ օրհնութեան վերածել։ Գրեթէ մէկ դար ապրելով, Սամուէլ յատկանշական կեանքի արձանագրութիւն մը ձգեց իր ետին։ Զարմանալի չէ որ ամբողջ իսրայէլ սգաց այս հաւատարիմ մարդուն մահուան վրայ։ Մինչեւ օրս, լաւ կ’ըլլայ որ Եհովայի ծառաները հարց տան. «Պիտի ընդօրինակե՞մ Սամուէլին հաւատքը»։
^ պարբ. 24 Սամուէլ անձամբ մահապատիժի ենթարկեց Ագագը։ Այդ չար թագաւորն ու իր ընտանիքը ողորմութեան արժանի չէին։ Դարեր ետք, Ագագի սերունդին մէջ ի յայտ եկաւ «Ագագացի Համան»ը, որ փորձեց Աստուծոյ ամբողջ ժողովուրդը ոչնչացնել (Եսթեր 8։3. տե՛ս այս գրքին 15–րդ եւ 16–րդ գլուխները)։