Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մաս 5

Մեծ Ջրհեղեղը. որո՞նք մտիկ ըրին, որո՞նք մտիկ չըրին

Մեծ Ջրհեղեղը. որո՞նք մտիկ ըրին, որո՞նք մտիկ չըրին

Նոյի օրերուն, մեծամասնութիւնը չար բաներ ըրաւ (Ծննդոց 6։5

Ադամն ու Եւան զաւակներ ունեցան, եւ երկրի վրայ մարդիկը շատցան։ Ժամանակի ընթացքին, կարգ մը հրեշտակներ Սատանային նման ըմբոստացան։

Անոնք երկիր եկան եւ տղամարդոց մարմիններ առին, որպէսզի կարենան կիներու հետ ամուսնանալ։ Կիները գերմարդկային որդիներ ծնան, որոնք վայրագ ու զօրաւոր էին։

Աշխարհը լեցուեցաւ մարդոցմով, որոնք գէշ բաներ կ’ընէին։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Մարդոց չարութիւնը երկրի վրայ կը [շատնար] եւ անոնց սրտին խորհուրդներուն բոլոր գաղափարները չար էին ամէն օր»։

Նոյ Աստուծոյ մտիկ ըրաւ եւ տապան մը շինեց (Ծննդոց 6։13, 14, 18, 19, 22

Նոյ բարի մարդ մըն էր։ Եհովա Նոյին ըսաւ որ մեծ ջրհեղեղով մը չար մարդիկը պիտի կործանէր։

Աստուած Նոյին նաեւ ըսաւ որ հսկայ նաւ մը շինէր, որ տապան կոչուեցաւ, եւ ատոր մէջ առնէր իր ընտանիքը եւ ամէն տեսակ անասուն։

Նոյ մարդոց ազդարարեց գալիք Ջրհեղեղին նկատմամբ, բայց անոնք մտիկ չըրին։ Ոմանք Նոյի վրայ խնդացին. ուրիշներ զինք ատեցին։

Երբ տապանը ամբողջացաւ, Նոյ անասունները ներս առաւ։