Պատանիները հետաքրքրող 10 հարցումներ

Նկատի առ գործնական խրատներ եւ առաջարկներ, որոնք կեանքդ կը դիւրացնեն։

ՀԱՐՑՈՒՄ 1

Ի՞նչ տեսակ անձ մըն եմ

Երբ գիտնաս թէ ի՛նչ են զօրաւոր կողմերդ, սահմանափակումներդ եւ նպատակակէտերդ, պիտի կարենաս ճնշումի տակ իմաստուն որոշումներ առնել։

ՀԱՐՑՈՒՄ 2

Ինչո՞ւ տեսքովս մտահոգ եմ

Երբ հայելիին մէջ նայիս, յուսախաբ կ’ըլլա՞ս։ Ի՞նչ տրամաբանական փոփոխութիւններ կրնաս մտցնել։

ՀԱՐՑՈՒՄ 3

Ինչպէ՞ս կրնամ ծնողքիս հետ լեզու գտնել

Այս ուղղութիւնները քեզի պիտի օգնեն, որ ծնողքիդ հետ դիւրաւ հաղորդակցիս։

ՀԱՐՑՈՒՄ 4

Ինչպէ՞ս կրնամ իմ սխալներս սրբագրել

Ամէն մարդ կը սխալի։ Բայց ինչպէ՞ս կրնաս սխալներդ ձեռք առնել։

ՀԱՐՑՈՒՄ 5

Ի՞նչ ընեմ եթէ դպրոցին մէջ ինծի կը սպառնան

Դուն տկար չես։ Իրականութեան մէջ, կրնա՛ս քեզի սպառնացողին յաղթել առանց բռունցքդ գործածելու։

ՀԱՐՑՈՒՄ 6

Ինչպէ՞ս կրնամ ընկերներուս ճնշումին դէմ դնել

Թերեւս դժուար ըլլայ ճնշումի դէմ դնել։

ՀԱՐՑՈՒՄ 7

Ի՞նչ ընեմ եթէ սեքս առաջարկէ

Եթէ պատանիները չափէ դուրս մտերմանան, կարգ մը հետեւանքներ կը կրեն։ Նկատի առ ատոնցմէ ոմանք։

ՀԱՐՑՈՒՄ 8

Ի՞նչ պէտք է գիտնամ սեռային բռնութեան մասին

Գլխաւորաբար պատանիները սեռային բռնութեան զոհը կ’երթան։ Անոնք ինչպէ՞ս կրնան այս ցաւալի իրողութեան հետ գլուխ ելլել։

ՀԱՐՑՈՒՄ 9

Պէ՞տք է որ հաւատամ բարեշրջութեան

Ո՞ր բացատրութիւնը քեզի տրամաբանական կը թուի։

ՀԱՐՑՈՒՄ 10

Աստուածաշունչը ինչպէ՞ս կրնայ ինծի օգնել

Շատեր կ’ըսեն որ Աստուածաշունչը առասպելներով լեցուն է, հին գիրք մըն է կամ դժուարահասկնալի է։ Բայց ասիկա ճիշդ չէ։