Տառապանքը երբեք վերջ պիտի գտնէ՞
Ի՛նչ կ’ըսես. . .
-
այո՞
-
ո՞չ
-
թերե՞ւս
ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ Կ’ԸՍԷ
«Աստուած. . . անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ» (Յայտնութիւն 21։3, 4, Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ)։
ԱՍԻԿԱ Ի՛ՆՉ ԿՐՆԱՅ ՆՇԱՆԱԿԵԼ ՔԵԶԻ ՀԱՄԱՐ
Վստահ ըլլալ, որ մեր խնդիրներուն պատճառը Աստուած չէ (Յակոբոս 1։13)։
Մխիթարուիլ, գիտնալով որ Աստուած մեզի հետ կը զգայ երբ կը տառապինք (Զաքարիա 2։8)։
Յոյս ունենալ, թէ ամէն տառապանք վերջ պիտի գտնէ (Սաղմոս 37։9-11)։
ԻՍԿԱՊԷՍ ԿՐՆԱ՞ՆՔ ՀԱՒԱՏԱԼ ԻՆՉ ՈՐ ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ Կ’ԸՍԷ
Այո՛, նուազագոյնը երկու պատճառներով.
-
Աստուած կ’ատէ տառապանքը եւ անարդարութիւնը։ Նկատէ թէ Եհովա Աստուած ինչպէ՛ս կը զգար, երբ Սուրբ Գիրքի օրերուն իր ժողովուրդին հետ գէշ կերպով կը վարուէին։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ թէ ան կը նեղանար, երբ կը տեսնէր թէ անոնք ինչպէ՛ս կը ‘չարչարուէին’ իրենց «նեղութիւն տուողներուն. . . երեսէն» (Դատաւորաց 2։18)։
Աստուած կ’ատէ այն մարդոց վարքը, որ ուրիշներուն վնաս կը հասցնէ։ Օրինակ, Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ թէ «անմեղ արիւն թափող ձեռքեր»ը զզուելի են իրեն համար (Առակաց 6։16, 17)։
-
Աստուած իւրաքանչիւրովս հետաքրքրուած է։ Ինչպէս որ «իւրաքանչիւր մարդ իր ախտն ու ցաւը [կը ճանչնայ]», Եհովան ալ կը ճանչնայ իւրաքանչիւրիս ցաւը (Բ. Մնացորդաց 6։29, 30)։
Իր Թագաւորութեան միջոցով, Եհովան շուտով վերջ պիտի դնէ իւրաքանչիւր անհատի տառապանքին (Մատթէոս 6։9, 10)։ Մինչ այդ, ան քնքշութեամբ կը մխիթարէ զանոնք, որոնք անկեղծօրէն իրեն կը դիմեն (Գործք 17։27. Բ. Կորնթացիս 1։3, 4)։
ՄՏԱԾԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ
Աստուած ինչո՞ւ կը թոյլատրէ տառապանքը։
Սուրբ Գիրքը կը պատասխանէ այս համարներով՝ ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 5։12 եւ Բ. ՊԵՏՐՈՍ 3։9։