Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Surasak Suwanmake/Moment via Getty Images

ԱՐԹՈ՛ՒՆ ԿԵՑԷՔ

2023–ի ամառը՝ տարօրինակ տաքի ալիք մը կը հարուածէ աշխարհի չորս կողմը. Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ։

2023–ի ամառը՝ տարօրինակ տաքի ալիք մը կը հարուածէ աշխարհի չորս կողմը. Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ։

 Աշխարհի չորս կողմը մարդիկ չափազանց կ’ազդուին տաքի ալիքէն եւ անոր պատճառած աղէտներէն, որուն նմանը չէ եղած։ Նկատի առ աշխարհի չորս կողմէն եկած այս լուրերը.

  •   «Այն օրէն որ մարդիկ սկսան երկրագունդին ջերմաստիճանը չափել, այսինքն՝ 174 տարի առաջ, ասիկա ամէնէն տաք Յունիս ամիսն է» (National Oceanic and Atmospheric Administration, U.S. Department of Commerce, 13 յուլիս, 2023)։

  •   «Տաքի զօրաւոր ալիք մը կը հարուածէ Իտալիան, Սպանիան, Ֆրանսան, Գերմանիան եւ Լեհաստանը։ Կ’ակնկալուի որ Սիկիլիա եւ Սարտինիա կղզիներուն մէջ ջերմաստիճանը հասնի 48–ի։ Ասիկա Եւրոպայի մէջ արձանագրուած ամէնէն բարձր ջերմաստիճանն է» (European Space Agency, 13 յուլիս, 2023)։

  •   «Մինչ երկրագունդին ջերմաստիճանը երթալով կը բարձրանայ, կ’ակնկալուի որ աւելի շատ եւ աւելի զօրաւոր անձրեւներ տեղան, ինչ որ աւելի խիստ ջրհեղեղներ պիտի պատճառեն» (Սթեֆան Ուլէնպրուք, World Meteorological Organization–ին մէջ, ջրաբանութեան, ջուրի եւ cryosphere–ի տնօրէն, 17 յուլիս, 2023)։

 Չափէ դուրս տաք օդի մասին լուրերը քեզ կը մտահոգե՞ն։ Կարդա՛ թէ Սուրբ Գիրքը այս կարեւոր նիւթին մասին ի՛նչ կ’ըսէ։

Սուրբ Գիրքը կը մարգարէանա՞յ չափէ դուրս տաք օդին մասին

 Այո՛։ Աշխարհի չորս կողմը հարուածող տաքի ալիքները եւ ատոնց պատճառած աղէտները համապատասխան են Սուրբ Գիրքին մէջ մեր օրերուն մասին մարգարէացուած դէպքերուն հետ։ Օրինակ, Յիսուս մարգարէացաւ որ «սոսկալի բաներ» կամ վախնալիք բաներ պիտի տեսնենք (Ղուկաս 21։11)։ Բարձրացող ջերմաստիճանները պատճառ եղած են, որ շատեր վախնան խորհելով թէ մարդիկ երկրագունդը պիտի կործանեն։

Կրնա՞յ ըլլալ որ օրին մէկը Երկիր մոլորակին վրայ ապրիլը անկարելի ըլլայ

 Ո՛չ, չի կրնար ըլլալ։ Աստուած երկիրը ստեղծեց որ մնայուն տուն մը ըլլայ մեզի համար։ Ան թոյլ պիտի չտայ որ մարդիկ զայն կործանեն (Սաղմոս 115։16. Ժողովող 1։4)։ Ան խոստացած է որ ‘ապականէ երկիրը ապականողները’ (Յայտնութիւն 11։18

 Սուրբ Գիրքը ցոյց կու տայ որ Աստուած երկիրը կրնա՛յ եւ պիտի՛ պաշտպանէ մթնոլորտային աղէտներէ։

  •   «[Աստուած] մրրիկը կը հանդարտեցնէ ու ալիքները կը դադարին» (Սաղմոս 107։29)։ Աստուած կարողութիւնը ունի բնական ուժերը ղեկավարելու։ Ան նաեւ կարող է մթնոլորտային խնդիրները լուծելու, որոնք պատճառ կ’ըլլան որ մարդիկ չափազանց տաք օդի պատճառաւ նեղութիւններ քաշեն։

  •   «Երկրին այցելութիւն կ’ընես ու զանիկա կը ջրես, շատ կը հարստացնես զանիկա» (Սաղմոս 65։9)։ Աստուծոյ օրհնութեամբ, երկիրը դրախտ պիտի ըլլայ։

 Մթնոլորտը առաջուան վիճակին վերադարձնելու Սուրբ Գիրքին խոստումին մասին աւելի գիտնալու համար, կարդա՛ «Ո՞վ պիտի ազատէ Երկիր մոլորակը» յօդուածը։