Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուծոյ Թագաւորութեան հիմա աջակցէ

Աստուծոյ Թագաւորութեան հիմա աջակցէ

Երեւակայէ որ կործանիչ ոլորամրրիկ մը շրջանդ պիտի հարուածէ։ Կառավարական գործակալութիւնները կը յայտարարեն հրատապ զգուշացումներ. «ԴՈ՛ՒՐՍ ԵԼԷՔ։ ՀԻՄԱ՛ ԱՊԱՀՈՎ ՏԵՂ ՄԸ ԳԱՑԷՔ»։ Ի՞նչ բան ընելը իմաստութիւն պիտի ըլլար։ Անշուշտ, դէպի ապահով տեղ մը երթալը։

Առումով մը, բոլորիս կը սպառնայ ահռելի «ոլորամրրիկ» մը, որ Յիսուս նկարագրեց որպէս «մեծ նեղութիւն» (Մատթէոս 24։21)։ Մենք չենք կրնար այդ նեղութենէն խուսափիլ, բայց կրնա՛նք բան մը ընել, որպէսզի պաշտպանուինք։ Ի՞նչ։

Լերան քարոզին մէջ, Յիսուս Քրիստոս այս ուղղութիւնը տուաւ. «Առաջ խնդրեցէք Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը» (Մատթէոս 6։33)։ Ասիկա ինչպէ՞ս կ’ընենք։

Առա՛ջ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը խնդրէ։ Ասիկա կը նշանակէ, որ պէտք է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը որեւէ բանէ աւելի կարեւոր նկատենք (Մատթէոս 6։25, 32, 33)։ Ինչո՞ւ։ Պարզապէս քանի որ մարդիկ կարող չեն մարդկութեան խնդիրները լուծել։ Միայն Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կրնայ այդ դժուար գործը կատարել։

Անոր արդարութիւնը խնդրէ։ Պէտք է ամէն ջանք ընենք, որպէսզի Աստուծոյ արդար օրէնքներուն եւ սկզբունքներուն համաձայն ապրինք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ եթէ մե՛նք որոշենք թէ ի՛նչը ճիշդ է ու ի՛նչը սխալ, արդիւնքները գէշ պիտի ըլլան (Առակաց 16։25)։ Միւս կողմէ, եթէ Աստուծոյ չափանիշներուն համաձայն ապրինք, ոչ միայն զինք պիտի հաճեցնենք, այլեւ մենք մեզի պիտի օգտենք (Եսայի 48։17, 18

Շարունակէ առաջ խնդրել Աստուծոյ Թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը։ Յիսուս զգուշացուց որ ոմանք պիտի շեղին, մտածելով թէ կրնան ապահովութիւն գտնել, եթէ կարելի եղածին չափ շատ դրամ շահին։ Իսկ ուրիշներ թոյլ պիտի տան, որ կեանքի մտահոգութիւնները ա՛յնքան զիրենք զբաղեցնեն, որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը խնդրելու ժամանակ չունենան (Մատթէոս 6։19-21, 25-32

Սակայն Յիսուս խոստացաւ, որ Աստուծոյ Թագաւորութեան թիկունք կանգնողները, հիմա իրենց պէտք եղածը պիտի ստանան, եւ ապագային անվերջ օրհնութիւններ պիտի վայելեն (Մատթէոս 6։33

Առաջին դարուն, թէեւ Յիսուսի աշակերտները առա՛ջ կը խնդրէին Աստուծոյ Թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը, բայց չտեսան ցաւին ու տառապանքին վերջ գտնելը։ Այսուհանդերձ պաշտպանուած էին։ Ինչպէ՞ս։

Անոնք Աստուծոյ արդար չափանիշներուն համաձայն ապրեցան, եւ այսպէս պաշտպանուեցան այն դժուարութիւններէն, որոնք Աստուծոյ ըսածը անտեսողները դիմագրաւեցին։ Անոնց զօրաւոր հաւատքը, որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պիտի գար, իրենց օգնեց որ տոկան նոյնիսկ ամենադժուար խնդիրներուն։ Եւ Աստուած անոնց տուաւ «սովորականը գերազանցող ուժը», որպէսզի կարենան դիմանալ (Բ. Կորնթացիս 4։7-9, ՆԱ

ԱՌԱՋ ՊԻՏԻ ԽՆԴՐԵ՞Ս ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

Առաջին դարու քրիստոնեաները հնազանդեցան առաջ Թագաւորութիւնը խնդրելու Յիսուսի պատուէրին։ Անոնք Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզեցին իրենց բոլոր շրջաններուն մէջ (Կողոսացիս 1։23)։ Արդեօք այսօր մէկը ատիկա կ’ընէ՞։

Այո՛։ Եհովայի վկաները կը գիտակցին, որ մօտ ատենէն Աստուծոյ Թագաւորութիւնը այս չար աշխարհին վերջ պիտի դնէ։ Ուստի ամէն բան կ’ընեն, որ կատարեն Յիսուսի սա խօսքերը. «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ վերջը պիտի գայ» (Մատթէոս 24։14

Աւետարանին կամ բարի լուրին ինչպէ՞ս պիտի ընդառաջես։ Քեզ կը քաջալերենք որ առաջին դարու Բերիա քաղաքի բնակիչներուն օրինակին հետեւիս։ Երբ Թագաւորութեան բարի լուրը լսեցին Պօղոս առաքեալէն, անոր պատգամը «կատարեալ յօժարութեամբ» ընդունեցին։ Անոնք ‘գրքերը քննեցին’ ստուգելու համար, որ իրենց լսածը Սուրբ Գրութիւններուն համաձայն է, եւ իրենց սորվածին հիման վրայ գործեցին (Գործք 17։11, 12

Կրնաս նոյնը ընել։ Առաջ խնդրելով Աստուծոյ Թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը, հիմա պաշտպանութիւն պիտի գտնես, իսկ ապագային՝ մնայուն խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն։