Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Եկեսցէ՛ արքայութիւն քո». միլիոնաւորներու աղօթքը

«Եկեսցէ՛ արքայութիւն քո». միլիոնաւորներու աղօթքը

Բնաւ աղօթա՞ծ ես, որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը գայ։ Դարերէ ի վեր, միլիոնաւորներ կրկնած են այս խօսքերը. «Եկեսցէ՛ արքայութիւն քո»։ Ինչո՞ւ այդպէս աղօթած են։ Քանի որ Յիսուս իր հետեւորդներուն ըսաւ, որ Աստուծոյ Թագաւորութեան համար աղօթեն։

Սկիզբը, Յիսուսի հետեւորդները Թագաւորութեան մասին անոր բոլոր ըսածները չհասկցան։ Անոնք անգամ մը իրեն հարցուցին. «Տէ՛ր, Իսրայէլի թագաւորութիւնը այս ժամանակի՞ն նորէն պիտի հաստատես»։ Անոնք հաւանաբար զարմացան, երբ Յիսուս ուղղակի պատասխան չտուաւ (Գործք 1։6, 7)։ Ասիկա կը նշանակէ՞, որ չենք կրնար գիտնալ, թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ի՛նչ է եւ ե՛րբ պիտի գայ։ Բնաւ երբեք։

Դիտարան–ի այս թիւը քեզի պիտի օգնէ հետեւեալ հարցումներուն պատասխանները առնելու.

  • Ի՞նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը։

  • Ինչո՞ւ Աստուծոյ Թագաւորութեան պէտք ունինք։

  • Ո՞վ է Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը։

  • Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ե՞րբ երկրի վրայ պիտի իշխէ։

  • Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ի՞նչ պիտի իրագործէ։

  • Ինչո՞ւ պէտք է հիմա Աստուծոյ Թագաւորութեան աջակցինք։