Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եսայի գիրքէն մաս մը՝ Մեռեալ ծովու մագաղաթներէն. անոր տակը՝ Եսայի գիրքին արդի թարգմանութիւն մը արաբերէնով։ Աստուծոյ Խօսքին պատգամը անփոփոխ կը մնայ

Աստուծոյ գրաւոր Խօսքը փոփոխութեան ենթարկուա՞ծ է

Աստուծոյ գրաւոր Խօսքը փոփոխութեան ենթարկուա՞ծ է

Ոմանք հարց կու տան, թէ արդեօք Աստուծոյ գրաւոր Խօսքը փոփոխութեան ենթարկուա՞ծ է։ Եսայի մարգարէն ըսաւ, որ Աստուծոյ խօսքը «յաւիտեան պիտի մնայ» (Եսայի 40։8)։ Ինչպէ՞ս կրնանք վստահ ըլլալ, որ Աստուծոյ խոստումները ճշգրտօրէն պահպանուած են։

Աստուած զօրութիւնը ունի իր Խօսքը պահպանելու եւ խարդախուելէ պաշտպանելու։ Իր վաղեմի մարգարէները իր պատգամները գրեցին փճացող նիւթերու վրայ։ Ուստի պատգամը պահպանելու համար, կարգ մը մարդիկ Սուրբ Գրութիւններու բովանդակութիւնը ուշադրութեամբ ընդօրինակեցին։ Անոնք իւրաքանչիւր տառ կը հաշուէին, վստահ ըլլալու համար թէ ո՛չ մէկ բան աւելցուած, փոխուած կամ ջնջուած է։ Բայց եւ այնպէս, ընդօրինակողներէն ոմանք, անկատար ըլլալով, աննշան սխալներ ըրին։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆՔ ՎՍՏԱՀ ԸԼԼԱԼ, ԹԷ ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԲՈՒՆ ՊԱՏԳԱՄԸ ԿԸ ԲՈՎԱՆԴԱԿԷ

Սուրբ Գրութիւններու հազարաւոր հին ձեռագիրներ կան։ Նոյնիսկ եթէ ձեռագիրի մը մէջ չնչին տարբերութիւն մը կայ, ճիշդը գիտնալու համար, կարելի է զայն բաղդատել միւս ձեռագիրներուն հետ (աւելին գիտնալու համար, տե՛ս «Աստուածաշունչը փոխուա՞ծ է կամ խարդախուա՞ծ է» յօդուածը՝ www.mr1310.com/hyw կայքին վրայ)։

Օրինակ, նկատի առ Մեռեալ ծովու մագաղաթներ կոչուող հին արձանագրութիւնները, որոնք 1947–ին պետուիններու կողմէ յայտնաբերուեցան Մեռեալ ծովուն մօտ գտնուող քարայրներուն մէջ։ Այս մագաղաթները կը բովանդակեն Սուրբ Գրութիւններէն հատուածներ, որոնք աւելի քան երկու հազար տարի առաջ գրուած են։ Մասնագէտներ այս հին ձեռագիրները համեմատեցին մեր հիմա ունեցած Աստուածաշունչին հետ։ Անոնք ի՞նչ նկատեցին։

Այդ ուսումնականները անդրադարձան, որ ներկայիս մեր ունեցած Աստուածաշունչին բովանդակութիւնը ներդաշնակ է բնագիր արձանագրութիւններուն հետ *։ Աւելի հին ձեռագիրները ուշի–ուշով քննելով, յստակ կը դառնայ, թէ ինչ որ Աստուածաշունչին մէջ կը կարդանք՝ Աստուծոյ բուն պատգամն է։ Կրնա՛նք վստահ ըլլալ, որ Աստուած հոգ տարած է, որ Սուրբ Գրութիւնները ճշգրտութեամբ մեզի հասնին։

Ուստի, կրնանք Աստուծոյ Խօսքը կարդալ, լիովին վստահ ըլլալով որ անիկա ճշգրիտ է։ Այս մէկը ի մտի ունենալով, այժմ քննենք թէ Աստուծոյ մասին ի՛նչ կրնանք սորվիլ իր մարգարէներէն։

^ պարբ. 7 The Complete Dead Sea Scrolls in English, գրուած Կեզա Վըրմեզին կողմէ, էջ 16։