Անձնուրաց ծառայողներ
ՄԵԾ թիւով ամուրի քոյրեր նախանձախնդրութեամբ կը ծառայեն Թագաւորութեան քարոզիչներու աւելի մեծ կարիք ունեցող երկիրներու մէջ։ Անոնցմէ ոմանք տասնեակ տարիներէ ի վեր կը ծառայեն օտար երկրի մը մէջ։ Ի՞նչը իրենց օգնեց որ որոշեն օտար երկիր մը փոխադրուիլ։ Անոնք օտար երկրի մը մէջ ծառայելով ի՞նչ սորված են։ Եւ անոնք ինչպիսի՞ կեանք մը ունեցած են։ Հարցազրոյց ունեցանք այս փորձառու քոյրերէն ոմանց հետ։ Եթէ ամուրի քոյր մըն ես եւ սրտանց կը փափաքիս որ ծառայութիւնդ մեծ գոհունակութիւն տայ քեզի, վստահ ենք որ այս քոյրերուն ըսածներէն շատ պիտի օգտուիս։ Իրականութեան մէջ, Աստուծոյ բոլոր ծառաները կրնան անոնց օրինակէն օգտուիլ։
ԿԱՍԿԱԾՆԵՐԸ ՄԷԿ ԿՈՂՄ ԴՆԵԼ
Կը կասկածի՞ս որ ամուրի ըլլալով կրնա՛ս ռահվիրայութիւն ընել օտար երկրի մը մէջ։ Անիթա, որ հիմա 75 տարեկան է, չէր խորհեր որ բաւարար կարողութիւններ ունէր։ Ան մեծցած էր Անգլիա, ուր 18 տարեկանին սկսած էր ռահվիրայութիւն ընել։ Ան կ’ըսէ. «Կը սիրէի Եհովային մասին սորվեցնել մարդոց, բայց բնա՛ւ չէի երեւակայեր որ կրնամ արտասահման ծառայել։ Ո՛չ մէկ օտար լեզու գիտէի եւ համոզուած էի որ չեմ կրնար նոր լեզու մը սորվիլ։ Այս պատճառով, օդէն ինկայ երբ հրաւէր ստացայ որ Գաղաադի դպրոցին ներկայ ըլլամ։ Զարմացայ որ ինծի պէս աննշան անձ մը այսպիսի հրաւէր մը ստացաւ։ Բայց մտածեցի. ‘Եթէ Եհովա՛ն կ’ըսէ թէ ես կրնամ յաջողիլ, ուրեմն պիտի փորձեմ’։ Ասիկա պատահեցաւ աւելի քան 50 տարի առաջ։ Ատկէ ի վեր որպէս միսիոնար կը ծառայեմ Ճափոնի մէջ»։ Անիթան կ’աւելցնէ. «Ատեններ, խանդավառութեամբ երիտասարդ քոյրերուն կ’ըսեմ. ‘Կռնակի պայուսակդ առ ու ինծի պէս մասնակցէ մեծագոյն ձեռնարկին’։ Ուրախ եմ որ շատեր ըսածս ըրած են»։
ՔԱՋՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՆԱԼ
Շատ մը քոյրեր որ օտար երկրի մը մէջ ծառայած են, սկիզբը այս քայլը առնելու վարանած են։ Անոնք ինչպէ՞ս ունեցան պէտք եղած քաջութիւնը։
Մորին, որ հիմա 64 տարեկան է, կը պատմէ. «Մինչ կը մեծնայի, շատ կը փափաքէի իմաստալից կեանք մը վարել եւ ուրիշներուն օգտակար դառնալ»։ Երբ ան 20 տարեկան եղաւ, փոխադրուեցաւ Քանատայի Քեպէք նահանգը, ուր ռահվիրաներու մեծ կարիք կար։ «Ետքը, հրաւէր ստացայ որ Գաղաադի դպրոցին ներկայ ըլլամ, բայց վախցայ այն գաղափարէն թէ անծանօթ շրջան մը պիտի երթամ առանց բարեկամուհիներուս»։ Ան կ’աւելցնէ. «Նաեւ մտահոգուեցայ թէ ինչպէ՛ս պիտի ձգեմ մայրս, որ հիւանդ հօրս հոգ կը տանէր։ Շատ մը գիշերներ արցունք թափելով Եհովային աղօթեցի այս
հարցերուն մասին։ Երբ ծնողքիս պատմեցի մտահոգութիւններս, զիս քաջալերեցին որ հրաւէրը ընդունիմ։ Նաեւ տեսայ թէ ինչպէս ժողովքը սիրալիրօրէն օգնեց ծնողքիս։ Շօշափելով Եհովային հոգատարութիւնը, վստահութիւնս աւելցաւ որ ան ինծի ալ հոգ պիտի տանի։ Այսպէս պատրաստ եղայ երթալու»։ 1979–էն սկսեալ, Մորին աւելի քան 30 տարի որպէս միսիոնար ծառայեց Արեւմտեան Ափրիկէի մէջ։ Այսօր, մինչ իր մօր հոգ կը տանի Քանատայի մէջ, ան տակաւին որպէս մասնաւոր ռահվիրայ կը ծառայէ։ Յիշելով օտար երկիրներու մէջ իր ծառայած տարիները, ան կ’ըսէ. «Եհովան միշտ յարմար ժամանակին տուաւ ինծի ինչ որ պէտք ունէի»։Ուենտի, որ հիմա 65 տարեկան է, սկսաւ Աւստրալիոյ մէջ ռահվիրայութիւն ընել մինչ պատանուհի էր։ Ան կ’ըսէ. «Շատ ամչկոտ էի եւ անծանօթներու հետ խօսիլը ինծի համար դժուար էր։ Բայց ռահվիրայութիւնը ինծի սորվեցուց որ ամէն տեսակ մարդոց հետ խօսակցիմ, եւ այսպիսով ինքնավստահութիւնս աւելցաւ, եւ շատ չանցած՝ այլեւս խնդիր մը չէր։ Ռահվիրայութիւնս ինծի կը սորվեցնէր որ Եհովային վստահիմ, եւ կամաց–կամաց սկսայ ընդունիլ օտար երկրի մը մէջ ծառայելու գաղափարը։ Նաեւ, ամուրի քոյր մը, որ նախապէս աւելի քան 30 տարի որպէս միսիոնար ծառայած էր Ճափոնի մէջ, զիս հրաւիրեց որ միասին երթանք ու երեք ամիս քարոզենք Ճափոնի մէջ։ Անոր հետ ծառայելը ախորժակս բացաւ որ օտար երկիր փոխադրուիմ»։ 1986–ին, Ուենտին փոխադրուեցաւ Վանուաթու, որ Աւստրալիոյ արեւելքը կը գտնուի՝ շուրջ 1770 քմ. հեռաւորութեամբ։
Ուենտին տակաւին Վանուաթուի մէջ է, եւ կը ծառայէ թարգմանութեան հեռաւոր գրասենեակի մը մէջ։ Ան կ’ըսէ. «Ինծի համար ամէնէն մեծ ուրախութիւնն է, որ կը տեսնեմ թէ ինչպէ՛ս խումբեր եւ ժողովքներ կը կազմուին հեռաւոր շրջաններու մէջ։ Չեմ կրնար բացատրել թէ ինչ մեծ առանձնաշնորհում կը սեպեմ, որ այս կղզիներուն տարածքին Եհովայի գործին մէջ պզտիկ բաժին մը բերած եմ»։
Քումիքօ, որ հիմա 65 տարեկան է, Ճափոնի մէջ կանոնաւոր ռահվիրայ էր, երբ իր ծառայակիցը առաջարկեց որ միասին Նեփալ փոխադրուին։ Քումիքօ կ’ըսէ. «Ան գլուխս կ’ուտէր որ երթանք, բայց միշտ ո՛չ կ’ըսէի։ Նոր լեզու սորվիլը եւ նոր մթնոլորտի վարժուիլը հոգ էին ինծի համար։ Նաեւ օտար երկիր փոխադրուելու համար բաւարար դրամ ունենալը խնդիր էր։ Մինչ այս կէտերուն շուրջ կ’առնէի–կու տայի, շարժանիւի արկած ունեցայ եւ հիւանդանոց մտայ։ Հոն մտածեցի. ‘Ո՞վ գիտէ թէ հետս ուրիշ ի՛նչ կրնայ պատահիլ։ Կրնայ ըլլալ որ օր մը լուրջ հիւանդութեան մը բռնուիմ եւ օտար երկրի մը մէջ ծառայելու առիթը կորսնցնեմ։ Արդեօք կրնա՞մ արտասահման ծառայել առնուազն մէկ տարի’։ Սրտանց Եհովային աղօթեցի որ ինծի օգնէ գործի անցնելու»։ Հիւանդանոցէն ելլելէ ետք, Քումիքոն Նեփալ այցելեց, եւ յետագային ինք ու իր ծառայակիցը հոն փոխադրուեցան։
Յիշելով Նեփալի մէջ ծառայած շուրջ տասը տարին, Քումիքոն կ’ըսէ. «Այդ հարցերը՝ որոնց մասին հոգ կ’ընէի, առջեւէս ելան Կարմիր ծովուն պէս։ Շատ ուրախ եմ որ որոշեցի քարոզիչներու մեծ կարիք ունեցող տեղ մը ծառայել։ Յաճախ, երբ ընտանիքի մը տան մէջ կը խօսիմ Սուրբ Գիրքի պատգամին մասին, հինգ–վեց դրացիներ կու գան եւ մտիկ կ’ընեն։ Նոյնիսկ պզտիկներ յարգանքով թերթիկ մը կը խնդրեն ինձմէ։ Այսպիսի արդիւնաբեր թաղամասի մը մէջ քարոզելը մեծ ուրախութիւն կու տայ»։
ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ԳԼՈՒԽ ԵԼԼԵԼ
Զարմանալի չէ որ ամուրի ու քաջ քոյրերը դժուարութիւններ ունեցան։ Ինչպէ՞ս գլուխ ելան ատոնց հետ։
Քանատայէն եղող Տայան կ’ըսէ. «Սկիզբը շատ դժուար էր ընտանիքէս հեռու ըլլալը»։ Ան հիմա 62 տարեկան է, եւ 20 տարի որպէս միսիոնար ծառայեց Փղոսկրեայ Ափունքին մէջ։ «Եհովայէն խնդրեցի որ ինծի օգնէ թաղամասիս մարդիկը սիրելու։ Գաղաադի ուսուցիչներէս մէկը՝ եղբայր Ճէք Ռէտֆորտ մեզի բացատրած էր, թէ սկիզբը թերեւս նեղանանք կամ անակնկալի գանք, երբ տեսնենք մեր նշանակումին մէջ եղող վիճակները, մանաւանդ երբ դէմ յանդիման գանք խիստ աղքատութեան հետ։ Բայց ան ըսած էր. ‘Աղքատութեան մի՛ նայիք։ Մարդոց նայեցէք, անոնց երեսին եւ աչքերուն նայեցէք։ Տեսէք անոնց հակազդեցութիւնը, երբ կը լսեն Սուրբ Գիրքին ճշմարտութիւնները’։ Ճիշդ այդպէս ըրի, եւ ասիկա օրհնութիւններ բերաւ։ Երբ մարդոց խօսէի Թագաւորութեան մխիթարիչ պատգամին մասին, կը տեսնէի ինչպէս անոնց աչքերը կը փայլէին»։ Ուրիշ ի՞նչը օգնեց Տայանին որ վարժուի այս ծառայութեան։ «Մտերմացայ Աստուածաշունչի աշակերտներուս հետ եւ վայելեցի խոր ուրախութիւն, զիրենք տեսնելով որպէս Եհովայի հաւատարիմ ծառաներ։ Իմ նշանակումս դարձաւ իմ տունս։ Շահեցայ հոգեւոր մայրեր ու հայրեր, եղբայրներ ու քոյրեր, ճիշդ ինչպէս որ Յիսուս խոստացաւ» (Մար. 10։29, 30)։
Էն, որ հիմա 46 տարեկան է, կը ծառայէ Ասիոյ մէկ երկրին մէջ, ուր մեր գործը սահմանափակ է։ Ան կը պատմէ. «Մինչ տարիներու ընթացքին կը ծառայէի զանազան շրջաններու մէջ, կ’ապրէի քոյրերու հետ՝ որոնց անձնաւորութիւնը եւ մշակոյթը շատ տարբեր էին իմ ունեցածէս։ Այս պատճառով, ատեններ սխալ հասկացողութիւններ կ’ըլլային եւ իրար կը վիրաւորէինք։ Ուստի ջանացի իրենց աւելի մտերմանալ եւ իրենց մշակոյթը աւելի հասկնալ։ Նաեւ ծանր աշխատեցայ որ իրենց հանդէպ աւելի սիրալիր ու տրամաբանական ըլլամ։ Ուրախ եմ որ ջանքերս արդիւնք տալով բազմաթիւ սերտ ու մնայուն բարեկամութիւններ ունիմ, որոնք ինծի կ’օգնեն նշանակումիս մէջ տոկալու»։
Եութ անունով քոյր մը, որ Գերմանիայէն է եւ հիմա 53 տարեկան է, 1993–ին նշանակուեցաւ որ որպէս միսիոնար ծառայէ Մատակասքարի մէջ։ Ան կը պատմէ. «Սկիզբը, ինծի համար պայքար էր որ տեղական լեզուն սորվիմ, խոնաւ օդին վարժուիմ եւ գլուխ ելլեմ ջերմախտին, փոխակենսիկներուն (amoebas) ու մակաբուծական որդերուն հետ։ Բայց շատ օգնութիւն ստացայ։ Տեղացի քոյրերը, իրենց զաւակները եւ Աստուածաշունչի աշակերտներս համբերութեամբ օգնեցին որ լեզուն սորվիմ։ Ծառայակիցս սրտանց հոգ կը տանէր ինծի, երբ կը հիւանդանայի։ Բայց ամէնէն շատ՝ Եհովան օգնեց ինծի։ Կանոնաւորաբար աղօթքով հոգերս իր առջեւ կը դնէի։ Ետքը,– երբեմն օրեր, երբեմն ամիսներ,– համբերութեամբ կը սպասէի որ աղօթքներս պատասխանուին։ Եհովան ամէն խնդիր լուծեց»։ Եութ այժմ 23 տարի է որ կը ծառայէ Մատակասքարի մէջ։
ՄԵԾ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Օտար երկիրներու մէջ ծառայող ամուրի քոյրերը յաճախ կ’ըսեն, թէ այս ծառայութիւնը ճոխացուցած է իրենց կեանքը։ Անոնց վայելած օրհնութիւններէն ոմանք ի՞նչ են։
Հայտի, որ Գերմանիայէն է եւ հիմա 73 տարեկան է, 1968–էն ի վեր որպէս միսիոնար կը ծառայէ Փղոսկրեայ Ափունքին մէջ։ Ան կ’ըսէ. «Իմ մեծագոյն ուրախութիւնս եղած է՝ տեսնել թէ հոգեւոր զաւակներս կը շարունակեն ‘ճշմարտութեան մէջ քալել’։ Աստուածաշունչի աշակերտներէս ոմանք այժմ ռահվիրաներ եւ երէցներ են։ Անոնք զիս մամա կամ մեծ մայր կը կոչեն։ Այս երէցներէն մէկը եւ իր կինն ու զաւակները զիս կը նկատեն իրենց ընտանիքին մէկ անդամը։ Այսպէս, Եհովան ինծի տուած է որդի մը, հարս մը եւ երեք թոռնիկներ» (Գ. Յովհ. 4)։
Քարըն, որ Քանատայէն է եւ հիմա 72 տարեկան է, աւելի քան 20 տարի ծառայեց Արեւմտեան Ափրիկէի մէջ։ Ան կ’ըսէ. «Միսիոնարական կեանքը ինծի սորվեցուց որ աւելի անձնազոհ, սիրալիր եւ համբերող ըլլամ։ Նաեւ, բազմաթիւ երկիրներէ գործակիցներ ունենալը ձգեց որ տարբեր կերպով դիտեմ հարցերը։ Սորվեցայ որ բան մը կրնայ այլազան կերպերով կատարուիլ։ Եւ հիմա կը վայելեմ այն օրհնութիւնը, որ աշխարհի չորս կողմը սերտ բարեկամներ ունիմ։ Թէեւ մեր կեանքն ու նշանակումը փոխուած են, բայց մեր բարեկամութիւնը կը մնայ»։
Մարկրէթ, որ Անգլիայէն է եւ հիմա 79 տարեկան է, որպէս միսիոնար ծառայեց Լաոսի մէջ։ Ան կը պատմէ. «Արտասահման ծառայելը ձգեց որ անձամբ տեսնեմ, թէ Եհովան ինչպէ՛ս բոլոր ազգերէ եւ մշակոյթներէ մարդիկ կը քաշէ իր կազմակերպութեան։ Ասիկա շատ զօրացուց հաւատքս եւ ինծի լիովին կը վստահեցնէ, որ Եհովան կ’առաջնորդէ իր կազմակերպութիւնը եւ թէ Իր նպատակները պիտի իրագործուին»։
Արդարեւ, օտար երկիրներու մէջ ծառայող քոյրերը ուշագրաւ բաժին բերած են քարոզչութեան մէջ։ Անոնք իրապէս գովասանքի արժանի են (Դատ. 11։40, ՆԱ)։ Ասկէ զատ, անոնց թիւը կը շատնայ (Սաղ. 68։11, ՆԱ)։ Լաւ, դուն ալ կրնա՞ս կեանքիդ մէջ փոփոխութիւններ մտցնել եւ այս նախանձախնդիր քոյրերուն նմանիլ։ Եթէ այս քայլը առնես, անկասկած պիտի ‘ճաշակես ու տեսնես թէ Տէրը բարի է’ (Սաղ. 34։8)։