Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Եհովայի՛ն վստահէ եւ բարի՛ք ըրէ»

«Եհովայի՛ն վստահէ եւ բարի՛ք ըրէ»

«Եհովայի՛ն վստահէ եւ բարի՛ք ըրէ. . . ու հաւատարմութեա՛մբ գործէ» (ՍԱՂ. 37։3, ՆԱ

ԵՐԳԵՐ. 133, 63

1. Եհովան ի՞նչ հոյակապ կարողութիւններով ստեղծեց մարդը։

ԵՀՈՎԱՆ հոյակապ կարողութիւններով ստեղծեց մարդը։ Ան մտածելու կարողութիւն տուաւ մեզի, որպէսզի կարենանք խնդիրներ լուծել եւ ապագային նկատմամբ ծրագրել (Առ. 2։11)։ Ան ոյժ տուաւ մեզի որպէսզի մեր ծրագիրները կատարենք եւ մեր նպատակակէտերուն հասնինք (Փլպ. 2։13)։ Ան նաեւ խիղճ տուաւ մեզի, որ ճիշդի եւ սխալի ներքին զգացում է։ Խիղճը մեզի կ’օգնէ որ մեղք չգործենք եւ մեր սխալները շտկենք (Հռով. 2։15

2. Եհովան մեզմէ կ’ակնկալէ որ ինչպէ՞ս գործածենք մեր կարողութիւնները։

2 Եհովան մեզմէ կ’ակնկալէ որ մեր կարողութիւնները լաւ կերպով գործածենք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ան մեզ կը սիրէ եւ գիտէ, թէ ուրախ պիտի ըլլանք երբ իրեն տուած պարգեւները գործածենք։ Օրինակ՝ Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ գրուած է. «Աշխատասէր մարդուն ծրագիրները իրաւամբ առատութիւն կը բերեն» եւ «ձեռքդ ինչ որ գտնէ ընելու, բոլոր ուժովդ ըրէ» (Առ. 21։5. Ժող. 9։10)։ Իսկ Յունարէն Գրութիւններուն մէջ գրուած է. «Քանի որ ժամանակը ձեռքերնիս է, բարիք ընենք ամենուն» եւ «ամէն մէկը ինչ շնորհք որ առաւ, զանիկա իրարու մատակարարեցէ՛ք» (Գաղ. 6։10. Ա. Պետ. 4։10)։ Յստակ է թէ Եհովան կ’ուզէ որ մեր ձեռքէն եկածը ընենք՝ մեր եւ ուրիշներուն լաւութեան համար։

3. Մարդիկ ի՞նչ սահմանափակումներ ունին։

3 Միեւնոյն ատեն, Եհովան գիտէ թէ մենք սահմանափակումներ ունինք։ Օրինակ՝ մենք չենք կրնար անկատարութիւնը, մեղքն ու մահը վերցնել։ Նաեւ չենք կրնար մեր ուզածը ընել տալ ուրիշին, քանի որ ամէն մարդ ազատ կամք ունի (Գ. Թագ. 8։46)։ Եւ չնայած թէ որքա՛ն գիտութիւն կամ փորձառութիւն ունինք, բնա՛ւ պիտի չհասնինք Եհովային ունեցածին (Եսա. 55։9

Երբ խնդիրներ ունիս, «Եհովայի՛ն վստահէ ու բարի՛ք ըրէ»

4. Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

4 Պէտք է միշտ Եհովային թոյլ տանք որ մեզ առաջնորդէ, վստահ ըլլալով որ ան մեզի պիտի օգնէ եւ ընէ ինչ որ չենք կրնար առանձին ընել։ Միեւնոյն ատեն, պէտք է մեր ձեռքէն եկածը ընենք որ խնդիրները լուծենք եւ ուրիշներուն օգնենք։ Սուրբ Գիրքը մեզ կը քաջալերէ. «Եհովայի՛ն վստահէ եւ բարի՛ք ըրէ. . . ու հաւատարմութեա՛մբ գործէ» (Սաղ. 37։3, ՆԱ)։ Մէկ խօսքով, պէտք է թէ՛ ‘Եհովային վստահինք’ եւ թէ ‘բարիք ընենք’։ Պէտք է ‘հաւատարմութեամբ գործենք’։ Ինչպէ՞ս կրնանք ասիկա ընել։ Նկատի առնենք Նոյը, Դաւիթը եւ ուրիշ հաւատարիմ ծառաներ, որոնք Եհովային վստահեցան եւ պէտք եղած քայլերը առին։ Պիտի տեսնենք թէ կային բաներ որ անոնք չէին կրնար ընել, բայց կեդրոնացան այն բաներուն վրայ որ կրնային ընել։

ԵՐԲ ՄԵՐ ՉՈՐՍ ԿՈՂՄԸ ՉԱՐՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՏԵՂԱՅ

5. Նոյ ի՞նչ պարագայի մէջ էր։

5 Նոյ կ’ապրէր աշխարհի մը մէջ որ ‘բռնութեամբ լեցուած էր’ (Ծն. 6։4, 9-13, ԱԾ)։ Թէեւ ան գիտէր թէ Եհովան ի վերջոյ պիտի կործանէր այդ չար աշխարհը, բայց ան վստահաբար կը նեղանար մարդոց ըրածներէն։ Այս պարագային մէջ, Նոյ անդրադարձաւ որ կային բաներ որ չէր կրնար ընել, իսկ անդին կային բաներ որ կրնար ընել։

Մեր քարոզչութեան դէմ հակառակութիւն (տե՛ս պարբերութիւն 6-9)

6, 7. ա) Նոյ ի՞նչ չէր կրնար ընել։ բ) Մեր պարագան ինչպէ՞ս կը նմանի Նոյի պարագային։

6 Ինչ որ Նոյ չէր կրնար ընել։ Թէեւ Նոյ հաւատարմօրէն քարոզեց Եհովային ազդարարական պատգամը, բայց ան չէր կրնար մարդիկը ստիպել որ զայն ընդունին, ոչ ալ կրնար բան մը ընել որ Ջրհեղեղը աւելի կանուխ գայ։ Նոյ պէտք էր Եհովային վստահէր որ Իր խօսքին տէրը ելլելով չարութեան վերջ պիտի դնէր, եւ թէ ասիկա յարմար ժամանակին պիտի ընէր (Ծն. 6։17

7 Մենք ալ կ’ապրինք աշխարհի մը մէջ որ չարութեամբ լեցուն է, եւ գիտենք թէ Եհովան խոստացած է որ զայն կործանէ (Ա. Յովհ. 2։17)։ Մինչ այդ, չենք կրնար մարդիկը ստիպել որ Թագաւորութեան բարի լուրը ընդունին, ոչ ալ կրնանք բան մը ընել որ «մեծ նեղութիւն»ը աւելի կանուխ սկսի (Մատ. 24։14, 21)։ Պէտք է Նոյին պէս զօրաւոր հաւատք ունենանք, վստահ ըլլալով որ Աստուած մօտ ատենէն ամէն չարութիւն պիտի վերցնէ (Սաղ. 37։10, 11)։ Համոզուած ենք որ Եհովան պիտի չձգէ որ այս չար աշխարհը շարունակուի պէտք եղածէն նոյնիսկ մէկ օր աւելի (Ամբ. 2։3

8. Նոյ ինչի՞ն վրայ կեդրոնացաւ (տե՛ս բացման պատկերը)։

8 Ինչ որ Նոյ կրնար ընել։ Թէեւ կային բաներ որ Նոյ չէր կրնար ընել, բայց ան չյանձնուեցաւ, այլ կեդրոնացաւ այն բաներուն վրայ որ կրնար ընել։ Ան հաւատարմօրէն քարոզեց Եհովայի ազդարարական պատգամը (Բ. Պետ. 2։5)։ Ասիկա անկասկած իրեն օգնեց որ իր հաւատքը զօրաւոր պահէ։ Քարոզելէ զատ, ան Աստուծոյ ցուցմունքներուն հետեւելով տապանը շինեց (կարդա՛ Եբրայեցիս 11։7

9. Ինչպէ՞ս կրնանք Նոյին նմանիլ։

9 Նոյին պէս, մենք ալ շատ ընելիք ունինք «Տէրոջը գործին մէջ» (Ա. Կոր. 15։58)։ Օրինակ՝ թերեւս կ’օգնենք համաժողովներու ընթացքին կամ մեր Թագաւորութեան սրահները եւ համաժողովի սրահները շինելու եւ նորոգելու, կամ ալ կը ծառայենք մասնաճիւղի մը կամ թարգմանութեան հեռաւոր գրասենեակի մը մէջ։ Ամէնէն կարեւորը, միշտ կը մասնակցինք քարոզչութեան, ինչ որ ապագայի նկատմամբ մեր յոյսը կը զօրացնէ։ Հաւատարիմ քոյր մը ըսաւ. «Երբ ուրիշներուն խօսիս Աստուծոյ Թագաւորութեան բերելիք օրհնութիւններուն մասին, կ’անդրադառնաս որ մարդիկ ո՛չ մէկ յոյս ունին եւ կը կարծեն որ իրենց խնդիրները պիտի չվերջանան»։ Իսկապէս, մեր յոյսը կը զօրանայ երբ քարոզենք, եւ այս յոյսը մեզի կ’օգնէ որ կեանքի մրցավազքին մէջ չյանձնուինք (Ա. Կոր. 9։24

ԵՐԲ ՄԵՂՔ ԿԸ ԳՈՐԾԵՆՔ

10. Բացատրէ Դաւիթին պարագան։

10 Դաւիթ թագաւոր հաւատարիմ էր եւ Եհովան զինք շատ կը սիրէր (Գործք 13։22)։ Հակառակ ասոր, ան սեռային յարաբերութիւն ունեցաւ Բերսաբէէի հետ, եւ ասիկա լուրջ մեղք մըն էր։ Ասկէ աւելի գէշ, ան ծրագրեց որ անոր ամուսինը պատերազմի մէջ մեռնի, եւ այսպիսով փորձեց իր մեղքը ծածկել։ Ան նոյնիսկ Ուրիային ձեռքով ղրկեց այն նամակը, ուր իր մահուան մասին ցուցմունքներ գրուած էր (Բ. Թագ. 11։1-21)։ Ի վերջոյ, Դաւիթին մեղքերը մէջտեղ ելան (Մար. 4։22)։ Երբ ասիկա պատահեցաւ, Դաւիթ ի՞նչ ըրաւ։

Անցեալի մեղքեր (տե՛ս պարբերութիւն 11-14)

11, 12. ա) Դաւիթ մեղք գործելէ ետք ի՞նչ չէր կրնար ընել։ բ) Եթէ զղջանք, Եհովան ի՞նչ պիտի ընէ։

11 Ինչ որ Դաւիթ չէր կրնար ընել։ Դաւիթ իր ըրածը չէր կրնար փոխել։ Եւ ան չէր կրնար փախչիլ իր սխալներուն հետեւանքներէն։ Ան նոյնիսկ կարգ մը հետեւանքներ պիտի քաշէր իր ամբողջ կեանքին ընթացքին (Բ. Թագ. 12։10-12, 14)։ Այս պատճառով, ան հաւատքի պէտք ունէր։ Ան պէտք էր վստահութիւն ունենար որ իրապէս զղջացած ըլլալով, Եհովան իրեն պիտի ներէր եւ օգնէր որ իր ըրածներուն հետեւանքներուն դիմանար։

12 Քանի որ անկատար ենք, բոլորս մեղք կը գործենք։ Կարգ մը մեղքեր ուրիշներէ աւելի լուրջ են, եւ ատեններ չենք կրնար մեր սխալները փոխել ու կը ստիպուինք հետեւանքները կրել (Գաղ. 6։7, 8)։ Բայց կը վստահինք Աստուծոյ խոստումին թէ եթէ զղջանք, ան մեզի պիտի օգնէ դժուար ժամանակներուն մէջ, նոյնիսկ եթէ այդ դժուարութիւնները մեր պատճառաւ ըլլան (կարդա՛ Եսայի 1։18, 19. Գործք 3։19

13. Դաւիթ ինչպէ՞ս հոգեւորապէս լաւացաւ։

13 Ինչ որ Դաւիթ կրնար ընել։ Դաւիթ Եհովային թոյլ տուաւ որ իրեն հոգեւորապէս օգնէ։ Ինչպէ՞ս։ Ան Եհովայի մարգարէին՝ Նաթանին տուած սրբագրութիւնը ընդունեց (Բ. Թագ. 12։13)։ Դաւիթ նաեւ Եհովային աղօթեց եւ իր մեղքերը խոստովանեցաւ, ցուցնելով թէ իրապէս կ’ուզէր Եհովային հաճութիւնը դարձեալ վայելել (Սաղ. 51։1-17)։ Ան իր սխալներէն սորվեցաւ, փոխանակ ձգելու որ իր յանցանքները իր ձեռքերը–ոտքերը կապեն։ Ան նոյն սխալները նորէն չըրաւ։ Տարիներ ետք, ան հաւատարիմ մեռաւ եւ Եհովան շատ լաւ կը յիշէ անոր հաւատարմութիւնը (Եբ. 11։32-34

14. Ի՞նչ կը սորվինք Դաւիթէն։

14 Ի՞նչ կը սորվինք Դաւիթէն։ Եթէ լուրջ մեղք մը գործենք, պէտք է անկեղծօրէն զղջանք, մեր մեղքը Եհովային խոստովանինք եւ իրմէ ներում խնդրենք (Ա. Յովհ. 1։9)։ Նաեւ պէտք է երէցներուն հետ խօսինք, քանի որ անոնք կրնան հոգեւորապէս օգնել մեզի (կարդա՛ Յակոբոս 5։14-16)։ Երբ Եհովային օգնութիւնը կ’ընդունինք, կը ցուցնենք թէ վստահ ենք որ ան մեզի պիտի ներէ ինչպէս որ խոստացած է։ Ասկէ զատ, լաւ կ’ըլլայ որ մեր սխալներէն սորվինք եւ շարունակենք վստահութեամբ ծառայել Եհովային (Եբ. 12։12, 13

ՈՒՐԻՇ ՊԱՐԱԳԱՆԵՐՈՒ ՄԷՋ

Առողջապահական խնդիրներ (տե՛ս պարբերութիւն 15)

15. Աննայէն ի՞նչ կը սորվինք։

15 Հաւանաբար միտքդ կրնաս բերել ուրիշ հաւատարիմ ծառաներ, որոնք դժուարութիւններու ատեն Եհովային վստահեցան եւ իրենց ձեռքէն եկածը ըրին։ Օրինակ՝ ժամանակ մը, Աննա պզտիկ չէր կրնար ունենալ։ Ան չէր կրնար այս վիճակը փոխել։ Բայց ան վստահ էր որ Եհովան զինք պիտի մխիթարէր։ Այս պատճառով, ան շարունակեց Եհովան պաշտել եւ աղօթքով իր սիրտը բանալ իրեն (Ա. Թագ. 1։9-11)։ Ի՜նչ լաւ օրինակ մը մեզի համար։ Երբ առողջապահական խնդիրներ ունենանք կամ ուրիշ դժուարութիւններ որ չենք կրնար փոխել, մեր հոգը Եհովային վրայ կը ձգենք՝ վստահ ըլլալով որ մեզ կը հոգայ (Ա. Պետ. 5։6, 7)։ Նաեւ մեր կարելին կ’ընենք որ օգտուինք ժողովներէն եւ ուրիշ հոգեւոր յայտագիրներէ (Եբ. 10։24, 25

Ըմբոստ զաւակներ (տե՛ս պարբերութիւն 16)

16. Ծնողները ի՞նչ կը սորվին Սամուէլէն։

16 Լաւ, ի՞նչ կրնանք ըսել այն ծնողներուն մասին, որոնց զաւակը այլեւս Եհովան չի պաշտեր։ Սամուէլ մարգարէն չէր կրնար իր չափահաս որդիները ստիպել որ Աստուծոյ հաւատարիմ մնան (Ա. Թագ. 8։1-3)։ Ան պէտք էր որ հարցը Եհովային յանձնէր։ Բայց Սամուէլ կրնա՛ր անձամբ հաւատարիմ մնալ եւ իր երկնաւոր Հայրը՝ Եհովան ուրախացնել (Առ. 27։11)։ Այսօր ալ շատ մը ծնողներ նոյն վիճակին մէջն են։ Անոնք վստահ են որ Եհովան միշտ պատրաստ է զղջացող մեղաւորները ընդունելու, ճիշդ անառակ որդիին առակին մէջ նշուած հօր պէս (Ղուկ. 15։20)։ Միեւնոյն ատեն, այս ծնողները ջանք կը թափեն որ Եհովային հաւատարիմ մնան, յուսալով որ իրենց զաւակը իրենց օրինակէն ազդուելով վերադառնայ Եհովային։

Դրամական նեղութիւն (տե՛ս պարբերութիւն 17)

17. Աղքատ որբեւայրին ինչպէ՞ս կը քաջալերէ մեզ։

17 Յիսուսի օրուան աղքատ որբեւայրին ալ լաւ օրինակ մըն է (կարդա՛ Ղուկաս 21։1-4)։ Անոր ձեռքէն բան մը չէր գար տաճարին մէջ պատահած սխալ բաներուն նկատմամբ, ոչ ալ կրնար իր աղքատ վիճակը փոխել (Մատ. 21։12, 13)։ Բայց քանի որ ան Եհովային կը վստահէր, ճշմարիտ պաշտամունքին ի նպաստ բան մը ըրաւ։ Ան առատաձեռնօրէն «երկու լումայ» նուիրեց, որ իր ամէն ունեցած դրամն էր։ Այդ հաւատարիմ կինը ցուցուց թէ լման կը վստահէր Եհովային։ Ան գիտէր թէ եթէ հոգեւոր բաները առաջին տեղը դնէր, Եհովան իր ֆիզիքական պէտքերը պիտի հոգար։ Մենք ալ վստահ ենք որ եթէ Թագաւորութիւնը առաջին տեղը դնենք, Եհովան մեր պէտքերը պիտի ապահովէ (Մատ. 6։33

18. Ճիշդ կեցուածքը ունեցող եղբօր մը օրինակը տուր։

18 Այսօր ալ մեր եղբայրներէն ու քոյրերէն շատեր իրենց ձեռքէն եկածը ընելով ցուցուցած են թէ Եհովային կը վստահին։ Նկատի առ Մալքոմ անունով եղբայր մը, որ հաւատարիմ մնաց մինչեւ իր մահը 2015–ին։ Ան եւ իր կինը թէ՛ լաւ օրեր եւ թէ գէշ օրեր տեսան մինչ Եհովային կը ծառայէին։ Ան ըսաւ. «Կեանքը անորոշ, դժուար եւ երբեմն աննախատեսելի է։ Բայց Եհովան կ’օրհնէ իրեն ապաւինողները»։ Լաւ, Մալքոմ ի՞նչ խրատ տուաւ։ «Աղօթէ որ Եհովայի ծառայութեան մէջ կարելի եղածին չափ արդիւնաբեր եւ գործօն ըլլաս։ Մտածէ թէ ի՛նչ կրնաս իրագործել եւ մի՛ կեդրոնանար չկարողացած բաներուդ վրայ» *։

19. ա) 2017–ի մեր տարուան համարը ինչո՞ւ տեղին է։ բ) 2017–ի տարուան համարը ինչպէ՞ս պիտի կիրարկես կեանքիդ մէջ։

19 Մինչ այս աշխարհը երթալէն աւելի չար կ’ըլլայ, կ’ակնկալենք որ ա՛լ աւելի դժուարութիւններ ունենանք (Բ. Տիմ. 3։1, 13)։ Այս պատճառով, որեւէ ժամանակէ աւելի կարեւոր է որ չձգենք որ այս դժուարութիւնները մեր ձեռքերը–ոտքերը կապեն։ Ընդհակառակը, պէտք է Եհովային հանդէպ մեծ վստահութիւն ունենանք եւ կեդրոնանանք այն բաներուն վրայ որ կրնանք ընել։ Ուրեմն, 2017–ի մեր տարուան համար որքա՜ն տեղին է. «Եհովայի՛ն վստահէ եւ բարի՛ք ըրէ» (Սաղ. 37։3, ՆԱ

2017–ի տարուան համարը. «Եհովայի՛ն վստահէ եւ բարի՛ք ըրէ» (Սաղ. 37։3, ՆԱ)