ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Վճռած եմ Քրիստոսին զինուորը ըլլալ
Մինչ կապարները աջէս ձախէս կ’անցնէին, կամաց մը վեր վերցուցի ճերմակ թաշկինակ մը։ Կրակող զինուորները պոռալով ըսին որ պահուըտած տեղէս դուրս ելլեմ։ Ուշադրութեամբ մօտեցայ իրենց, եւ չէի գիտեր թէ պիտի ապրիմ կամ ոչ։ Լաւ, այս վիճակին մէջ ինչպէ՞ս ինկայ։
ԾՆԱԾ եմ 1926–ին Քարիթզա գիւղին մէջ, Յունաստան։ Մենք ութ զաւակներ ենք եւ ես եօթներորդն եմ։ Ծնողքս ջանասէր աշխատաւորներ էին։
Ծնունդէս մէկ տարի առաջ, ծնողքս ծանօթացած էր Ճոն Փըփարիզըսին, որ նախանձախնդիր ու խօսուն անձ մըն էր։ Ան Աստուածաշունչի Աշակերտ էր, ինչպէս որ այդ ժամանակ Եհովայի վկաները կը կոչուէին։ Ճոն տրամաբանօրէն եւ Սուրբ Գիրքէն կը պատասխանէր ծնողքիս հարցումներուն։ Ասիկա տպաւորեց ծնողքս եւ անոնք սկսան Աստուածաշունչի Աշակերտներուն ժողովներուն երթալ մեր գիւղին մէջ։ Մայրս զօրաւոր հաւատք ունէր Եհովա Աստուծոյ հանդէպ, եւ հակառակ որ գրել–կարդալ չէր գիտեր՝ ուրիշներուն կը խօսէր իր հաւատքին մասին երբոր յարմար ըլլար։ Ցաւօք սրտի, հայրս կեդրոնացաւ անհատներու անկատարութիւններուն վրայ եւ ի վերջոյ վազ անցաւ ժողովներու երթալէ։
Քոյրերս, եղբայրներս ու ես կը յարգէինք Սուրբ Գիրքը, բայց պատանեկան հաճոյքները մեր կեդրոնացումը գողցած էին։ Ետքը, 1939–ին՝ մինչ Համաշխարհային Բ. պատերազմը կը տարածուէր Եւրոպային մէջ, մեր գիւղին մէջ բան մը պատահեցաւ որ մեզ ցնցեց։ Նիքոլըս Սառաս անունով նոր մկրտուած Վկայ մը յունական բանակ կանչուեցաւ։ Ան մեր դրացին ու ազգականն էր եւ 20 տարեկան էր։ Ան զինուորական հեղինակութիւններուն համարձակօրէն ըսաւ. «Չեմ կրնար կռուիլ, քանի որ Քրիստոսի՛ն զինուորն եմ»։ Ան զինուորական ատեանի մը կողմէ դատուեցաւ, եւ 10 տարի բանտարկուելու վճիռը ստացաւ։ Մեր ականջներուն չհաւատացինք։
1941–ի սկիզբը, Դաշնակիցներու բանակը մտաւ Յունաստան եւ Նիքոլըս բանտէն արձակուեցաւ։ Ան վերադարձաւ Քարիթզա, ուր մեծ եղբայրս՝ Իլիըս ետեւ–ետեւի հարցումներ հարցուց իրեն Սուրբ Գիրքին մասին։ Ամենայն հետաքրքրութեամբ
իրենց մտիկ ըրի։ Ետքը՝ Իլիըսը, ես ու մեր ամէնէն պզտիկ քոյրը Էֆմորֆիան սկսանք Սուրբ Գիրքը սերտել եւ Վկաներուն ժողովներուն երթալ։ Յաջորդ տարին, երեքս ալ մեր կեանքը նուիրեցինք Եհովային ու մկրտուեցանք։ Յետագային, քոյրերէս–եղբայրներէս չորս հոգի ալ հաւատարիմ Վկաներ դարձան։1942–ին, Քարիթզա ժողովքը ունէր 15-25 տարեկան ինը եղբայրներ ու քոյրեր։ Բոլորս գիտէինք որ մեր առջեւ կային դժուար փորձութիւններ։ Երբոր կրնայինք՝ միասին կը հաւաքուէինք, որպէսզի Սուրբ Գիրքը սերտենք, հոգեւոր երգեր երգենք եւ աղօթենք, եւ այսպիսով մենք մեզ զօրացնենք։ Մեր հաւատքը իրապէս զօրացաւ։
ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄ
Երբ Համաշխարհային Բ. պատերազմը վերջանալու վրայ էր, յոյն համայնավարները ըմբոստացան յոյն կառավարութեան դէմ, պատճառ դառնալով որ ցաւալի քաղաքացիական պատերազմ մը սկսի։ Համայնավարները գիւղական շրջանները կը մտնէին եւ գիւղացիները կը ստիպէին որ իրենց միանան։ Երբ մեր գիւղը խուժեցին, առեւանգեցին երեք պատանի Վկաներ՝ Անթոնիօ Ցուքէրիս, Իլիըս եւ ես։ Աղաչելով անոնց ըսինք որ չէզոք ենք, բայց անոնք մեզ ստիպեցին որ դէպի Ողիմպոս լեռը քալենք, որ մեր գիւղէն 12 ժամ հեռու էր։
Շատ չանցած, համայնավար սպայ մը մեզի հրամայեց որ որոշ յարձակող խումբի մը միանանք։ Երբ անոր բացատրեցինք որ ճշմարիտ քրիստոնեաները զէնք չեն վերցներ, ան ջղայնացած տարաւ մեզ զօրավարի մը քով։ Երբ անոր ալ բացատրեցինք նոյն բանը, զօրավարը հրամայեց. «Ուրեմն ջորի մը առէ՛ք եւ վիրաւորները փոխադրեցէք ռազմադաշտէն հիւանդանոց»։
Պատասխանեցինք. «Բայց եթէ կառավարութեան զինուորները մեզ բռնեն, պիտի չկարծե՞ն որ կռուողներ ենք»։ Ան ըսաւ. «Ուրեմն, հաց տարէք բանակին առաջին շարքերուն»։ Անոր ըսինք. «Բայց նոյն տպաւորութիւնը չե՞նք ձգեր եթէ սպայ մը մեզ տեսնէ ջորիին հետ, եւ հրամայէ որ զէնքեր տանինք առաջին շարքերուն»։ Զօրավարը երկար–բարակ մտածելէ ետք, վերջապէս ըսաւ. «Լաւ, վստահաբար կրնա՛ք ոչխարներու հոգ տանիլ։ Լերան վրայ մնացէ՛ք եւ հօտերը արածեցէ՛ք»։
Մինչ քաղաքացիական պատերազմը կը շարունակուէր, երեքս զգացինք որ մեր խիղճը կը ներէ ոչխարներուն հոգ տանիլ։ Տարի մը ետք, արտօնուեցաւ որ Իլիըս տուն վերադառնայ եւ այրի մօրս հոգ տանի, քանի որ անդրանիկ տղան էր։ Անթոնիոն հիւանդացաւ եւ ինքն ալ արձակուեցաւ։ Իսկ ես շարունակեցի գերի մնալ։
Յունական բանակը երթալէն պարտութեան կը մատնէր համայնավարները։ Զիս գերի բռնած խումբը սկսաւ լեռներուն վրայէն փախչիլ դէպի Ալպանիա։ Երբ սահմանին մօտեցանք, յանկարծ յոյն զինուորները մեզ շրջապատեցին։ Ապստամբողները իրար անցան եւ ցիրուցան եղան։ Իսկ ես պահուըտեցայ ինկած ծառի մը ետեւ, եւ այսպիսով սկիզբը նշուած վիճակին մէջ գտայ ինքզինքս։
Յոյն զինուորներուն ըսի թէ համայնավարները զիս գերի բռնած էին. ուստի զիս զինուորական բանակատեղի մը տարին հարցաքննուելու համար։ Ատիկա կը գտնուէր Վըրիայի մօտ, որ Աստուածաշունչի Բերիա քաղաքն է։ Հոն ինծի հրամայեցին որ խրամատներ փորեմ զինուորներուն
պաշտպանութեան համար։ Երբ մերժեցի, սպան հրամայեց որ աքսորուիմ Մէքրանիսոս (Մէքրանիսի) անունով պատժական կղզին։ՎԱԽՆԱԼԻՔ ԿՂԶԻՆ
Մէքրանիսոս կոչուած ժայռը կը գտնուի Աթէնքէն 50 քմ. անդին գտնուող Էդիգա ծովեզերքը։ Ատիկա ամայի, չոր եւ արեւահար շրջան մըն է։ Կղզիին երկայնքը միայն 13 քմ. է, իսկ լայնքը շատ–շատ 2,5 քմ. է։ Հակառակ ատոր պզտիկ ըլլալուն, 1947–էն 1958՝ ատիկա աւելի քան 100,000 բանտարկեալ ունեցաւ, մէջը ըլլալով գործօն եւ կասկածելի համայնավարներ, նախկին ապստամբ կռուողներ եւ բազմաթիւ հաւատարիմ Եհովայի վկաներ։
Երբ 1949–ի սկիզբը հասայ կղզի, բանտարկեալները բաժնուած էին քանի մը բանակատեղիներու։ Զիս դրին շատ պահակներ չունեցող բանակատեղիի մը մէջ, ուր քանի մը հարիւր հոգի կային։ Գետինը կը պառկէինք կտաւէ վրանի մը մէջ։ Շուրջ 40 հոգի էինք 10 հոգինոց վրանին մէջ։ Հոտած ջուր կը խմէինք եւ մեծաւ մասամբ ոսպ եւ պատինճան կ’ուտէինք։ Միշտ կը նեղանայինք անդադար հովէն ու փոշիէն։ Բայց գոնէ առանց կենալու ժայռեր չէինք տանիր–բերեր ուրիշներու պէս, ինչ որ անգութ չարչարանք մըն էր եւ շատ մը խեղճ բանտարկեալներու մարմինին ու խելքին կը վնասէր։
Օր մը, մինչ ծովեզերքը կը քալէի, հանդիպեցայ քանի մը Վկաներու, որոնք ուրիշ բանակատեղիներէ էին։ Որքա՜ն ուրախացանք որ միասին էինք։ Երբոր կրնայինք կը հանդիպէինք, ուշադիր ըլլալով որ չբռնուինք։ Նաեւ զգուշութեամբ կը քարոզէինք ուրիշ բանտարկեալներու, որոնցմէ ոմանք յետագային Եհովայի վկայ եղան։ Այս գործունէութիւնները եւ սրտանց աղօթելը հոգեւորապէս զօրաւոր պահեցին մեզ։
ԿՐԱԿԻ ՀՆՈՑԻՆ ՄԷՋ
Տասը ամիս ետք, որոշուեցաւ թէ ժամանակը եկած էր որ զինուորական տարազը հագուէի։ Երբ մերժեցի, բանակատեղիին հրամանատարին առջեւ բերին զիս։ Անոր թուղթ մը տուի, որուն մէջ գրած էի. «Կ’ուզեմ միայն Քրիստոսի՛ն զինուոր ըլլալ»։ Հրամանատարը փորձեց զիս խօսքով վախցնել, եւ ետքը զիս յանձնեց յոյն ուղղափառ արքեպիսկոպոսի մը, որ երկրորդ–խօսք–ունեցողն էր եւ վերէն վար կրօնական տարազ հագած էր։ Երբ համարձակութեամբ Սուրբ Գիրքէն պատասխանեցի իր բոլոր հարցումներուն, ջղայնութեամբ պոռաց. «Տարէ՛ք առջեւէս։ Այս մարդը մոլեռանդ է»։
Յաջորդ առաւօտուն, զինուորները նորէն ինծի հրամայեցին որ տարազը հագուիմ։ Երբ մերժեցի, ինծի զարկին իրենց բռունցքներով եւ գաւազանով։ Ետքը, զիս տարին բանակատեղիին հիւանդանոցը, որպէսզի վստահ ըլլան որ ոսկորներս չեն կոտրուած, եւ յետոյ զիս վերադարձուցին վրանս։ Երկու ամիս՝ ամէն օր այսպէս անցուցի։
Բայց քանի որ հաւատքիս մէջ չզիջեցայ, զինուորները յուսահատելով նոր մեթոտ մը գործածեցին։ Անոնք ձեռքերս կապեցին կռնակիս ետեւը եւ վայրագօրէն չուաններով ծեծեցին ոտքերուս տակը։ Անտանելի ցաւերուս մէջ յիշեցի Յիսուսին խօսքը. «Երանի՜ է ձեզի, երբ կը նախատեն ձեզ ու կը հալածեն. . . Ցնծացէք եւ ուրախ եղէք, վասն զի ձեր վարձքը շատ է երկինքը. քանզի այս կերպով հալածեցին ձեզմէ առաջ եղած մարգարէները» (Մատ. 5։11, 12)։ Զգացի թէ տանջանքը պիտի չվերջանայ, եւ ի վերջոյ մարեցայ։
Շատ պաղ խուցի մէջ արթնցայ, եւ ո՛չ հաց ունէի ու ոչ ալ ջուր կամ վերմակ։ Հակառակ ասոր, հանդարտ եւ խաղաղ էի։ Ինչպէս որ Սուրբ Գիրքը կը խոստանայ, ‘Աստուծոյ խաղաղութիւնը կը պահպանէր սիրտս ու միտքս’ (Փլպ. 4։7)։ Յաջորդ օրը, ազնիւ զինուոր մը ինծի տուաւ հաց, ջուր եւ վերարկու։ Ետքը, ուրիշ զինուոր մը ճաշի իր բաժինը տուաւ ինծի։ Այսպիսի շատ մը կերպերով զգացի Եհովային քնքուշ հոգատարութիւնը։
Հեղինակութիւնները զիս ըմբոստ նկատեցին եւ Աթէնք տարին, որ զինուորական ատեանի մը առջեւ դատուիմ։ Վճիռ ստացայ որ երեք տարի բանտարկուիմ Եարոս (Կիարոս) կղզիին մէջ, որ Մէքրանիսոսէն 50 քմ. հեռու էր դէպի արեւելք։
«ԿՐՆԱՆՔ ՁԵԶԻ ՎՍՏԱՀԻԼ»
Եարոս բանտը կարմիր աղիւսէ շինուած հսկայ բերդ մըն էր, որ աւելի քան 5000 քաղաքական բանտարկեալներ ունէր։ Հոն կային նաեւ եօթը Եհովայի վկաներ, որոնք բանտարկուած էին իրենց քրիստոնէական չէզոքութեան համար։ Գաղտնօրէն կը հանդիպէինք որ Սուրբ Գիրքը սերտենք, հակառակ որ ասիկա վերջին ծայր արգիլուած
էր։ Նոյնիսկ կանոնաւորաբար կը ստանայինք գաղտնօրէն ներս մտցուած Դիտարան–ի օրինակներ։ Ձեռքով կ’ընդօրինակէինք զանոնք, որպէսզի ուսումնասիրելու ատեն գործածէինք։Օր մը, մինչ գաղտնօրէն կը սերտէինք, բանտի պահակներէն մէկը տեսաւ մեզ եւ մեր հրատարակութիւնները գրաւեց։ Երբ բանտապահին գրասենեակը ներկայացանք, լման կ’ակնկալէինք որ մեր բանտարկութեան ժամանակը աւելցուի։ Բայց բանտապահը ըսաւ. «Մենք գիտենք դուք ո՛վ էք եւ կը յարգենք ձեր կեցուածքը։ Գիտենք որ կրնանք ձեզի վստահիլ։ Գործի՛ վերադարձէք»։ Ան նոյնիսկ մեզմէ ոմանց պարտականութիւնը թեթեւցուց։ Մեր սրտերը երախտապարտութեամբ լեցուեցան։ Մեր քրիստոնէական հաւատարմութիւնը նոյնիսկ բանտին մէջ փառք կը բերէր Եհովային։
Ուրիշ լաւ բաներ ալ պատահեցան մեր հաստատ մնալուն պատճառով։ Բանտարկեալ մը, որ ուսողութեան փրոֆէսոր էր, մեր լաւ վարքը նկատելէ ետք սկսաւ մեր հաւատալիքներուն մասին հարցնել մեզի։ Երբ 1951–ին սկիզբը ազատ արձակուեցանք, ինքն ալ բանտէն դուրս ելաւ։ Ետքը, ան մկրտուեցաւ որպէս Եհովայի վկայ եւ լիաժամ քարոզիչ եղաւ։
ՏԱԿԱՒԻՆ ԶԻՆՈՒՈՐ ԵՄ
Երբ ազատ արձակուեցայ, վերադարձայ ընտանիքիս քով, Քարիթզա։ Ետքը, գաղթեցի Մելպուռն, Աւստրալիա, ինչպէս որ շատեր կ’ընէին։ Հոն ծանօթացայ եւ ամուսնացայ Ճանէթին հետ, որ քրիստոնեայ լաւ քոյր մըն էր։ Ճշմարտութեան մէջ մեծցուցինք տղայ մը եւ երեք աղջիկներ։
Ներկայիս, 90 տարեկանը անցած եմ եւ տակաւին որպէս երէց կը ծառայեմ։ Անցեալի վնասուածքներուս պատճառով՝ մարմինս ու ոտքերս ատեններ կը ցաւին, մանաւանդ քարոզչութեան մասնակցելէ ետք։ Բայց բան մը կայ, որ չէ փոխուած մէջս. տակաւին վճռած եմ «Քրիստոսին զինուորը ըլլալ» (Բ. Տիմ. 2։3)։