Գիտէի՞ր
Հին ժամանակներուն, ճամբորդ մը ինչպէ՞ս իր ծովային ճամբորդութիւնը կը կարգադրէր։
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ առմամբ, Պօղոսին օրերուն չկային նաւեր, որոնք միայն ճամբորդներ կը փոխադրէին։ Նաւով տեղ մը ճամբորդելու համար, սովորաբար ճամբորդ մը պէտք էր ուրիշներու հարցնէր եթէ գիտէին առեւտրական նաւ մը, որ իր ուզած ուղղութեամբ պիտի երթար եւ կ’ընդունէր ճամբորդներ փոխադրել (Գործք 21։2, 3)։ Նոյնիսկ եթէ նաւը ճամբորդին որոշած տեղը չէր երթար, ճամբորդութեան ընթացքին անհատը կրնար նաւահանգիստներուն մէջ ուրիշ նաւ մը գտնել, որ զինք աւելի պիտի մօտեցնէր կամ հասցնէր իր ուզած շրջանը (Գործք 27։1-6)։
Ծովային ճամբորդութիւնները կը կատարուէին տարուան որոշ ժամանակներու մէջ, եւ նաւերը հաստատ յայտագիրի չէին հետեւեր։ Նաւաստիները ոչ միայն անբարենպաստ օդին պատճառաւ կը յետաձգէին նաւարկութիւնը, հապա նաեւ նախապաշարումներու պատճառաւ. օրինակ, եթէ լսէին նաւուն մէջ ագռաւի մը կռկռոցը կամ եթէ ափին տեսնէին նաւու մը բեկորները։ Անոնք կը նաւարկէին երբ հովը նպաստաւոր ըլլար։ Երբ ճամբորդը կարգադրէր նաւ մը, որ պատրաստ է զինք փոխադրելու, ան իր ապրանքներով նաւահանգիստ կ’երթար եւ կը սպասէր որ ծանուցում ըլլայ, թէ նաւը մեկնելու վրայ է։
«Հռոմը ապահովեց ծառայութիւն մը, որ մարդոց առիթ կու տար նաւ մը գտնելու իրենց ճամբորդութեան համար՝ առանց ասդին–անդին փնտռելու», կ’ըսէ պատմաբան Լայընէլ Գէսըն։ «Անոր նաւահանգիստը կը գտնուէր Դիպերի գետաբերանը։ Մօտակայ Օսդիա գիւղաքաղաքին մէջ մեծ հրապարակ մը կար, գրասենեակներով շրջապատուած։ Այդ գրասենեակներէն շատեր կը պատկանէին առաքողներու, որոնք ապրանք կ’առաքէին տարբեր նաւահանգիստներու, ինչպէս՝ Նարպոն [ներկայիս Ֆրանսայի մէջ], Կարթագեն [ներկայիս Թունուզի մէջ]. . . եւ այլն։ Նաւ փնտռողները միայն պէտք էր գրասենեակներէն տեղեկանային, թէ տուեալ նաւը ո՛ր քաղաքներուն մէջ կանգ պիտի առնէր»։
Ծովով ճամբորդելով՝ մարդիկ ժամանակ կը շահէին, բայց կրնային վտանգներու ալ հանդիպիլ։ Պօղոս իր միսիոնարական ճամբորդութիւններուն ընթացքին քանի մը անգամ նաւաբեկութեան հանդիպեցաւ (Բ. Կոր. 11։25)։