Պիսքուիթներ գետնաշուներուն համար
ՆԻՔ, որ Միացեալ Նահանգներու Օրիկըն նահանգին մէջ կ’ապրի, գրեց. «2014–ի գարնան սկսայ երկու շնիկներս քալեցնել ապրած շրջանիս կեդրոնը։ Վկաները ընդհանրապէս քաղաքին կեդրոնը կը կենային հրատարակութիւններու սայլակին կողքին։ Անոնք կոկիկ հագած կ’ըլլային եւ բոլորին ջերմ ժպիտով բարեւ կու տային։
«Վկաները ոչ միայն մարդոց հանդէպ ազնիւ էին, հապա իմ շնիկներուս հանդէպ ալ։ Օր մը Իլէյնը, որ սայլակին կողքին կեցած էր, երկու շնիկներուս պիսքուիթներ հրամցուց։ Ատկէ ետք, հազիւ սայլակին կը մօտենայի, շնիկներս իրենց պարանները կը քաշքշէին, որպէսզի հասնէին այն տեղը, ուր իրենց հիւրասիրութիւն կը սպասէր։
«Այսպէս, ամիսներ անցան։ Շնիկներս հաճոյքով պիսքուիթներ կ’ուտէին, իսկ ես հաճելի կարճ խօսակցութիւններ կ’ունենայի Վկաներուն հետ։ Բայց չէի ուզեր անոնց հետ շատ բարեկամանալ, քանի որ անոնց հաւատալիքներուն նկատմամբ շատ բան չէի գիտեր։ Ես 70–ը անց էի, եւ յուսախաբ եղած էի բողոքական եկեղեցիներէն։ Անոր համար, կը սեպէի որ լաւագոյն բանն է՝ Աստուածաշունչը առանձին սերտել։
«Այս միջոցին, քաղաքին մէջ ուրիշ տեղեր Վկաներ կը տեսնէի, որոնք սայլակներուն կողքին կը կենային։ Անոնք ալ միշտ բարեկամական էին։ Միշտ պատրաստ էին Աստուածաշունչէն պատասխաններ տալու, ինչ որ ձգեց որ իրենց աւելի վստահիմ։
«Օր մը Իլէյնը հարցուց. ‘Կը հաւատա՞ս, որ կենդանիները Աստուծոյ կողմէ նուէր են մեզի’։ Պատասխանեցի. ‘Անշուշտ կը հաւատամ’։ Այն ատեն Իլէյնը ինծի կարդաց Եսայի 11։6-9։ Սկսայ Աստուածաշունչով աւելի հետաքրքրուիլ, հակառակ անոր որ տակաւին չէի ուզեր Վկաներէն հրատարակութիւններ առնել։
«Յաջորդ օրերուն սկսայ կարճ, բայց իմաստալից խօսակցութիւններ ունենալ Իլէյնին եւ իր ամուսինին՝ Պրենթին՝ հետ։ Անոնք առաջարկեցին որ կարդամ Մատթէոս Աւետարանէն մինչեւ Գործք Առաքելոց գիրքը, որպէսզի գաղափար ունենամ, թէ ի՛նչ ըսել է ճշմարիտ քրիստոնեայ ըլլալ։ Այդպէս ալ ըրի։ Շատ չանցած, ընդունեցի Պրենթին եւ Իլէյնին հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել։ Ասիկա պատահեցաւ 2016–ի ամրան։
«Անհամբեր կը սպասէի Աստուածաշունչի շաբաթական սերտողութեան եւ ժողովներուն։ Շատ օրհնուած եւ ուրախ զգացի, սորվելով ի՛նչ որ Աստուածաշունչը իրապէս կ’ըսէ։ Մէկ տարի անցնելէ ետք, մկրտուեցայ։ Հիմա որ 79 տարեկան եմ, գիտեմ որ ճիշդ ճամբան բռնած եմ։ Եհովան զիս օրհնած է, թոյլ տալով որ իր համաշխարհային ընտանիքին մէկ մասը ըլլամ»։