Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 40

ԵՐԳ 91 Իմ Հայրս, Աստուածս եւ Ընկերս

Եհովան «սրտով կոտրածները կը բժշկէ»

Եհովան «սրտով կոտրածները կը բժշկէ»

«Սրտով կոտրածները կը բժշկէ ու անոնց խոցերը կը փաթթէ» (ՍԱՂ. 147։3

ՆԻՒԹ

Եհովան շատ հետաքրքրուած է անոնցմով, որոնք զգացական վէրքեր ունին։ Այս յօդուածը ցոյց պիտի տայ, թէ ան ինչպէ՛ս մեզ կը մխիթարէ եւ մեզի կ’օգնէ որ մեր կարգին ուրիշները մխիթարենք։

1. Եհովան իր ծառաներուն հանդէպ ինչպէ՞ս կը զգայ։

 ԵՐԲ Եհովան երկրի վրայ իր ծառաներուն նայի, ի՞նչ կը տեսնէ։ Ան կը տեսնէ մեր ուրախութիւններն ու նեղութիւնները (Սաղ. 37։18)։ Երբ ան տեսնէ թէ մենք մեր լաւագոյնը կ’ընենք իրեն ծառայելու համար, նոյնիսկ երբ զգացական վէրքերէ կը տառապինք, ան մեզմով շատ հպարտ կը զգայ։ Ասկէ զատ, ան շատ կ’ուզէ մեզի օգնել եւ մեզ մխիթարել։

2. Եհովան ի՞նչ կ’ընէ սրտով կոտրածներուն համար, եւ մենք ինչպէ՞ս կրնանք օգտուիլ իր հոգատարութենէն։

2 Սաղմոս 147։3–ը կ’ըսէ որ Եհովան ‘սրտով կոտրածներուն խոցերը կը փաթթէ’։ Այս համարը կը նկարագրէ, որ Եհովան ինչպէ՛ս քնքշութեամբ հոգ կը տանի զգացական վէրքեր ունեցողներուն։ Մենք ի՞նչ պէտք է ընենք որ իր հոգատարութենէն օգտուինք։ Բացատրենք. վարպետ բժիշկ մը շատ օգտակար կրնայ դառնալ վիրաւորի մը։ Բայց վիրաւորը պէտք է մանրամասնօրէն հետեւի բժիշկին ըսածներուն, որպէսզի բժշկուի։ Այս յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք, թէ Եհովան իր Խօսքին մէջ ի՛նչ կ’ըսէ զգացականօրէն վիրաւորուածներուն, եւ նկատի պիտի առնենք որ ինչպէ՛ս կրնանք իր սիրալիր խրատները գործադրել։

ԵՀՈՎԱՆ ՄԵԶԻ ԿԸ ՅԻՇԵՑՆԷ ՈՐ ՄԵՆՔ ՇԱՏ ԱՐԺԷՔԱՒՈՐ ԵՆՔ

3. Ոմանք ինչո՞ւ անարժէք կը զգան։

3 Կ’ապրինք աշխարհի մը մէջ ուր սէր չկայ, եւ ցաւօք սրտի մարդիկ ուրիշներուն հետ գէշ կերպով կը վարուին եւ անոնց կը զգացնեն որ անարժէք են։ Հելէն a անունով քոյր մը կ’ըսէ. «Մեծցած եմ ընտանիքի մը մէջ, ուր սէր չկար։ Հայրս վայրագ մարդ մըն էր եւ ամէն օր մեզի կ’ըսէր թէ մենք գործի չենք ծառայեր»։ Թերեւս քեզի հետ ալ մէկը շատ գէշ կերպով վարուած է, շարունակ քննադատած է կամ զգացնել տուած է որ սիրուած չես։ Եթէ այս է պարագան, թերեւս քեզի համար դժուար է հաւատալ թէ մէկը իրապէ՛ս կրնայ սիրել քեզ։

4. Սաղմոս 34։18–ին համաձայն, Եհովան ի՞նչ կը զգայ կոտրած սիրտ ունեցողներուն հանդէպ, եւ ան ի՞նչ կը խոստանայ ընել։

4 Նոյնիսկ եթէ ուրիշներ գէշ կերպով վարուած են հետդ, կրնաս վստահ ըլլալ որ Եհովան քեզ կը սիրէ եւ կ’արժեւորէ։ Ան «մօտ է անոնց, որոնց սիրտը կոտրած է» (կարդա՛ Սաղմոս 34։18)։ Եթէ կը զգաս որ «հոգիով խոնարհած [«փշրուած», ՆԱ]» ես, յիշէ որ Եհովան սրտիդ մէջ լաւ բաներ տեսաւ եւ քեզ իրեն քաշեց (Յովհ. 6։44)։ Ան միշտ պատրաստ է քեզի օգնելու, քանի որ դուն իր աչքին արժէքաւոր ես։

5. Յիսուս ինչպէ՞ս վարուեցաւ անոնց հետ, որոնց հանդէպ մարդիկ ցած աչքով կը նայէին, եւ ի՞նչ կը սորվինք իրմէ։

5 Մենք կրնանք Յիսուսին օրինակին նայելով՝ Եհովային զգացումներուն մասին գիտնալ։ Երբ երկրի վրայ էր, Յիսուս ազնուութեամբ վարուեցաւ անոնց հետ, որոնց հանդէպ մարդիկ ցած աչքով կը նայէին (Մատ. 9։9-12)։ Օրինակ՝ երբ շատ գէշ հիւանդութեամբ բռնուած կին մը Յիսուսին հագուստին դպաւ՝ այն յոյսով որ բուժուի, Յիսուս զինք մխիթարեց եւ գովեց իր հաւատքին համար (Մար. 5։25-34)։ Յիսուս կատարեալ կերպով կ’ընդօրինակէ իր Հայրը (Յովհ. 14։9)։ Ուրեմն, կրնաս համոզուած ըլլալ, որ Եհովան քեզ կ’արժեւորէ եւ կը տեսնէ քու լաւ յատկութիւններդ, մէջը ըլլալով՝ հաւատքդ եւ իրեն հանդէպ սէրդ։

6. Ի՞նչ կրնաս ընել եթէ միշտ անարժէք կը զգաս։

6 Ի՞նչ կրնաս ընել եթէ միշտ անարժէք կը զգաս։ Աստուածաշունչէն համարներ կարդա՛, որոնք քեզ կը վստահեցնեն թէ Եհովային աչքին արժէքաւոր ես եւ ատոնց վրայ խոկա՛ (Սաղ. 94։19) b։ Եթէ նպատակի մը չհասնիս, կամ՝ յուսահատիս քանի որ ուրիշներուն չափ Եհովային չես կրնար ծառայել, դուն քեզ ուրիշներուն հետ մի՛ բաղդատեր եւ մի՛ կեդրոնանար այն բաներուն վրայ որ չես կրնար ընել (Սաղ. 103։13, 14)։ Եթէ մէկը ֆիզիքական, զգացական կամ սեռային գետնի վրայ վնաս հասցուցած է քեզի, դուն քեզ մի՛ այպաներ։ Ասիկա քու յանցանքդ չէ։ Յիշէ որ Եհովան վնաս հասցնողներէն հաշիւ պիտի ուզէ եւ ոչ թէ՝ վնասուողներէն (Ա. Պետ. 3։12)։ Սանտրան, որուն գլուխէն ասանկ բան մը անցաւ երբ պզտիկ էր, կ’ըսէ. «Մինչեւ վերջ Եհովային կ’ըսեմ որ ինծի օգնէ, որ ես իմ մէջս տեսնեմ այն լաւ յատկութիւնները որոնք ինքը կը տեսնէ»։

7. Մեր կեանքի փորձառութիւնները ինչպէ՞ս կրնան մեզի օգտակար դառնալ։

7 Բնաւ մի՛ կասկածիր որ Եհովան կրնայ քեզ գործածել որ ուրիշներուն օգնէ։ Ան քեզի պատիւը տուած է, որ իր «գործակից»ը ըլլաս ծառայութեան մէջ (Ա. Կոր. 3։9)։ Շատ հաւանաբար, կեանքիդ փորձառութիւնները ձգած են որ աւելի դիւրութեամբ ուրիշներուն հետ զգաս եւ անոնց զգացումները հասկնաս։ Դուն շատ մը կերպերով կրնաս անոնց օգնել։ Նախապէս նշուած Հելէնը օգնութիւն ստացաւ եւ հիմա ինքը կ’օգնէ ուրիշներուն։ Ան կ’ըսէ. «Եհովան գէշ զգացումներս լաւի փոխեց։ Այլեւս կը զգամ որ սիրուած եմ եւ գործի կը ծառայեմ»։ Ներկայիս, Հելէնը ուրախութեամբ կը ծառայէ որպէս կանոնաւոր ռահվիրայ։

ԵՀՈՎԱՆ Կ’ՈՒԶԷ ՈՐ ԻՐ ՆԵՐՈՂԱՄՏՈՒԹԻՒՆԸ ԸՆԴՈՒՆԻՆՔ

8. Եսայի 1։18–ին մէջ Եհովան մեզի ի՞նչ կ’ըսէ։

8 Եհովայի ծառաներէն ոմանք չափազանց կը մտահոգուին անցեալին գործած իրենց մեղքերուն համար, ըլլայ ատիկա մկրտուելէն առաջ կամ՝ վերջ։ Բայց չմոռնանք որ Եհովան մեզ շատ կը սիրէ եւ փրկանքը կարգադրեց որ մեր մեղքերը ներէ։ Կրնանք վստահ ըլլալ, թէ ան կ’ուզէ որ ընդունինք այդ նուէրը։ Ան մեզ կը վստահեցնէ, որ ‘վիճաբանելէ [«հարցերը շտկելէ», ՆԱ]’ c ետք, մեր անցեալի մեղքերը բոլորովին պիտի ներէ (կարդա՛ Եսայի 1։18)։ Որքա՜ն շնորհակալ ենք որ մեր սիրալիր Հայրը՝ Եհովան չի յիշեր անցեալի մեր մեղքերը։ Միեւնոյն ատեն, ան բնաւ չի մոռնար մեր ըրած լաւ բաները (Սաղ. 103։9, 12. Եբ. 6։10

9. Ինչո՞ւ պէտք է մեր լաւագոյնը ընենք, որ կեդրոնանանք ներկային եւ ապագային վրայ, եւ ոչ թէ՝ անցեալին։

9 Եթէ անցեալին ըրածներուդ համար կը մտահոգուիս, լաւագոյնդ ըրէ որ կեդրոնանաս ներկային եւ ապագային վրայ, եւ ոչ թէ՝ անցեալին։ Նկատի առ Պօղոս առաքեալը։ Ան զղջաց որ անցեալին խստօրէն հալածած էր քրիստոնեաները, բայց նաեւ գիտէր որ Եհովան իրեն ներած էր (Ա. Տիմ. 1։12-15)։ Պօղոս շարունակե՞ց մտածել իր անցեալի մեղքերուն մասին։ Վստահաբար ո՛չ, ճիշդ ինչպէս որ ան չէր մտածեր հրէականութեան մէջ անցեալին ըրած իր քաջագործութիւններուն մասին (Փլպ. 3։4-8, 13-15)։ Պօղոս շարունակեց նախանձախնդրօրէն ծառայել եւ ապագային վրայ կեդրոնացաւ։ Դուն ալ Պօղոսին պէս չես կրնար անցեալդ փոխել, բայց կրնա՛ս հիմակուան պարագաներուդ համաձայն Եհովային փառք բերել եւ կեդրոնանալ քեզի խոստացած հիանալի ապագային վրայ։

10. Ի՞նչ կրնանք ընել, եթէ անցեալին վնաս հասցուցած ենք ուրիշներուն։

10 Թերեւս շատ կը նեղանաս, քանի որ անցեալին ուրիշներուն վնաս հասցուցած ես։ Լաւ, ի՞նչը կրնայ քեզի օգնել։ Ձեռքէդ եկածը ըրէ որ հասցուցած վնասդ թեթեւցնես։ Սրտանց ներողութիւն խնդրէ անոնցմէ, որոնց վնաս հասցուցած ես (Բ. Կոր. 7։11)։ Եհովայէն խնդրէ որ անոնց հետ ըլլայ եւ անոնց օգնէ։ Եհովան կրնայ թէ՛ քեզի եւ թէ անոնց օգնել, որ նորէն ներսէն խաղաղ զգաք եւ շարունակէք իրեն ծառայել։

11. Յովնան մարգարէէն ի՞նչ կը սորվինք (տե՛ս նաեւ նկարը)։

11 Ըրած սխալներէդ սորվէ եւ ձգէ որ Եհովան քեզ իր ուզածին պէս գործածէ։ Նկատի առ Յովնան մարգարէն։ Փոխանակ Եհովային հնազանդելով Նինուէ երթալու, ան հակառակ ուղղութեամբ փախաւ։ Եհովան զինք կրթեց եւ Յովնան իր սխալէն սորվեցաւ (Յովն. 1։1-4, 15-17. 2։7-10)։ Եհովան իր յոյսը չկտրեց Յովնանէն եւ իրեն երկրորդ առիթ մը տուաւ որ Նինուէ երթայ։ Այս անգամ Յովնան շուտով հնազանդեցաւ։ Թէեւ իր ըրած սխալին համար նեղացաւ, բայց ան ընդունեց Եհովային տուած այս նշանակումը (Յովն. 3։1-3

Եհովան Յովնան մարգարէն մեծ ձուկի մը փորէն ազատելէ ետք, անոր ըսաւ որ նորէն Նինուէ երթայ եւ Իր պատգամը քարոզէ (տե՛ս պարբերութիւն 11)


ԵՀՈՎԱՆ ՄԵԶ ԿԸ ՄԽԻԹԱՐԷ ՍՈՒՐԲ ՀՈԳԻՈՎ

12. Երբ շատ գէշ բան մը պատահի, Եհովան մեզի ինչպէ՞ս խաղաղութիւն կու տայ (Փիլիպպեցիս 4։6, 7

12 Իր սուրբ հոգիին միջոցաւ Եհովան մեզ կը մխիթարէ, երբ մեզի հետ շատ գէշ բան մը պատահի։ Ռոնին եւ Քարոլին փորձառութիւնը նկատի առ։ Երբ իրենց տղան անձնասպան եղաւ, անոնց սիրտը կտոր–կտոր եղաւ։ Անոնք կ’ըսեն. «Ասկէ առաջ շատ գէշ բաներէ անցած էինք, բայց ասիկա ամէնէն գէշն էր։ Անքուն գիշերները աղօթելով կ’անցընէինք, եւ իրապէս կը զգայինք Փիլիպպեցիս 4։6, 7–ի մէջ նկարագրուած խաղաղութիւնը (կարդա՛)։ Եթէ սիրտ կոտրող նեղութենէ մը կ’անցնիս, կրնաս Եհովային աղօթել եւ սիրտդ իրեն պարպել, ե՛րբ եւ որքա՛ն որ կ’ուզես (Սաղ. 86։3. 88։1)։ Եհովայէն միշտ խնդրէ որ սուրբ հոգին տայ քեզի եւ ան այս խնդրանքներդ պիտի չանտեսէ (Ղուկ. 11։9-13

13. Սուրբ հոգին մեզի ինչպէ՞ս կ’օգնէ, որ շարունակենք հաւատարմօրէն Եհովան պաշտել (Եփեսացիս 3։16

13 Կը զգա՞ս որ նեղութեան մը պատճառով վրադ ոյժ չմնաց։ Սուրբ հոգին կրնայ քեզի ոյժ տալ որ շարունակես Եհովան պաշտել (կարդա՛ Եփեսացիս 3։16)։ Տե՛ս թէ Ֆլորա անունով քրոջ մը հետ ի՛նչ պատահեցաւ։ Երբ ան իր ամուսինին հետ որպէս միսիոնար կը ծառայէր, ամուսինը իրեն դաւաճանեց։ Ան կ’ըսէ. «Իր ըրածը կեանքս քանդեց։ Եհովայէն սուրբ հոգին խնդրեցի որ դիմանամ եւ ան ինծի պէտք եղածը տուաւ որ զգացականօրէն ոտքի ելլեմ, ինչ որ սկիզբը անկարելի կ’երեւէր»։ Ֆլորան կը զգայ որ Եհովան իրեն օգնեց որ աւելի վստահ ըլլայ, թէ ինք իր ձեռքը պիտի չձգէ ի՛նչ որ ալ ըլլայ։ Ան կ’աւելցնէ. «Սաղմոս 119։32–ը [ԱԾ] յստակօրէն կը նկարագրէ այն կերպը, որով Եհովան ինծի օգնեց. ‘Քու պատուիրաններուդ ճամբային մէջ պիտի վազեմ, որովհետեւ դուն իմ սիրտս պիտի սփոփես’»։

14. Ինչպէ՞ս կրնանք աւելի սուրբ հոգի ստանալ։

14 Եհովայէն խնդրելէ ետք որ քեզի իր սուրբ հոգին տայ, ի՞նչ պէտք է ընես։ Ըրէ՛ բաներ, որոնք քեզի պիտի օգնեն որ աւելի սուրբ հոգի ստանաս։ Ժողովներուն ներկայ եղի՛ր եւ ուրիշներուն քարոզէ՛։ Ամէն օր Աստուծոյ Խօսքը կարդա՛, որ միտքդ իր գաղափարներով լեցուի (Փլպ. 4։8, 9)։ Մինչ կը կարդաս, կեդրոնացի՛ր այն անձնաւորութիւններուն վրայ, որոնք նեղութիւններէ անցան, եւ թէ Եհովան անոնց ինչպէ՛ս օգնեց որ դիմանան։ Նախապէս նշուած Սանտրան, շարք մը դժուարութիւններէ անցաւ։ Ան կ’ըսէ. «Յովսէփին պատմութիւնը մարմինս փուշ–փուշ կ’ընէ։ Ան չձգեց որ իրեն հետ պատահած նեղութիւններն ու անիրաւութիւնները տկարացնեն Եհովային հետ իր բարեկամութիւնը» (Ծն. 39։21-23

ԵՀՈՎԱՆ ՄԵՐ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐՈՒՆ ՈՒ ՔՈՅՐԵՐՈՒՆ ՄԻՋՈՑԱՒ ԿԸ ՄԽԻԹԱՐԷ ՄԵԶ

15. Որո՞նց միջոցաւ կրնանք մխիթարուիլ, եւ անոնք ինչպէ՞ս կրնան մեզի օգնել (տե՛ս նաեւ նկարը)։

15 Երբ նեղութիւններէ կ’անցնինք, մեր եղբայրներն ու քոյրերը կրնան մեզի «մխիթարութիւն» ըլլալ (Կող. 4։11)։ Եհովան զանոնք կրնայ գործածել, որ իր սէրը ցոյց տայ մեզի հանդէպ։ Անոնք կարեկցութեամբ մտիկ ընելով կը հանգչեցնեն մեզ, կամ միայն իրենց ներկայութեամբ կը քաջալերեն մեզ։ Անոնք թերեւս Աստուածաշունչէն քաջալերական համար մը բանան կամ մեզի հետ աղօթեն (Հռով. 15։4) d։ Ատեններ եղբայր մը կամ քոյր մը մեզի կը յիշեցնէ Եհովային մտածած կերպը, եւ այդ մէկը մեզի կ’օգնէ որ տոկանք։ Անոնք նաեւ գործնական կերպերով մեզի կ’օգնեն, օրինակ՝ ճաշ բերելով, երբ հանգիստ չենք զգար։

Վստահելի եւ հասուն ընկերները կրնան քեզ շատ մխիթարել եւ օգնել (տե՛ս պարբերութիւն 15)


16. Թերեւս ի՞նչ պէտք ըլլայ որ ընենք, որպէսզի ուրիշներ օգնեն մեզի։

16 Ատեններ թերեւս պէտք ըլլայ, որ անձամբ ուրիշներէն օգնութիւն խնդրենք։ Մեր եղբայրներն ու քոյրերը մեզ կը սիրեն եւ կ’ուզեն մեզի օգնել (Առ. 17։17)։ Բայց եթէ բան մը չըսենք, անոնք ինչպէ՞ս պիտի գիտնան թէ ի՛նչ կը զգանք կամ ինչի՛ պէտք ունինք (Առ. 14։10)։ Եթէ զգացականօրէն վիրաւորուած ես, կրնաս զգացումներուդ մասին խօսիլ հասուն բարեկամներու եւ անոնց արտայայտել որ դուն ճիշդ ինչի՛ պէտք ունիս։ Թերեւս ալ խօսիս մէկ կամ երկու երէցներու, որոնց հետ հանգիստ կը զգաս։ Կարգ մը քոյրեր հանգչած են, երբ ուրիշ հասուն քրոջ մը հետ խօսած են։

17. Ի՞նչ կարգ մը պատճառներով թերեւս առանձնանանք, եւ ասոր նկատմամբ ի՞նչ կրնանք ընել։

17 Մի՛ առանձնանար։ Երբեմն ա՛յնքան նեղուած կ’ըլլաս որ չես ուզեր մէկու մը հետ խօսիլ։ Երբեմն ալ, եղբայրներն ու քոյրերը քեզ սխալ կը հասկնան կամ ալ վիրաւորական խօսք մը կ’ըսեն (Յակ. 3։2)։ Բայց եւ այնպէս, անոնցմէ հեռու մի՛ կենար, քանի որ Եհովան կրնայ զանոնք գործածել քեզ քաջալերելու համար։ Կէվըն անունով երէց մը, որ ընկճուածութենէ կը տառապի, կ’ըսէ. «Շատ անգամ չեմ ուզեր ոեւէ մէկու մը հետ խօսիլ կամ ժամանակ անցընել»։ Բայց Կէվընը ջանք կը թափէ որ իր եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ ըլլայ եւ ասիկա զինք աւելի լաւ կը զգացնէ։ Էյմի անունով քոյր մը կ’ըսէ. «Անցեալին հետս պատահած բաներուն պատճառաւ, դիւրին–դիւրին մէկու մը չեմ վստահիր։ Բայց հիմա ջանք կ’ընեմ որ եղբայրներն ու քոյրերը սիրեմ եւ անոնց վստահիմ, ինչպէս որ Եհովան կ’ընէ։ Գիտեմ որ ասիկա Եհովան կ’ուրախացնէ։ Ատիկա զիս ալ կ’ուրախացնէ»։

ԵՀՈՎԱՅԻՆ ԽՈՍՏՈՒՄՆԵՐՈՎ ՄԽԻԹԱՐՈՒԷ՛

18. Մօտ ատենէն Եհովան ի՞նչ պիտի ընէ, եւ մենք հիմա ի՞նչ կրնանք ընել։

18 Մօտ ատենէն, Եհովան բոլոր մեր ֆիզիքական եւ զգացական ցաւերը մէջտեղէն պիտի վերցնէ (Յայտ. 21։3, 4)։ Այդ ատեն, ամէն ինչ որ մեզի ցաւ կը պատճառէ պիտի «չյիշուի» (Եսա. 65։17)։ Ինչպէս որ այս յօդուածին մէջ տեսանք, Եհովան նո՛յնիսկ հիմա ‘մեր խոցերը կը փաթթէ’։ Ան շատ մը կերպերով կը մխիթարէ եւ կ’օգնէ մեզի։ Ուրեմն, ջանք ըրէ որ իրեն տուած օգնութիւնը ընդունիս, եւ բնաւ մի՛ կասկածիր որ ‘անիկա քեզի համար կը հոգայ’ (Ա. Պետ. 5։7

ԵՐԳ 23 Եհովան մեր զօրութիւնն է

a Անունները փոխուած են։

c Եհովային հետ «հարցերը շտկել»ու համար, պէտք է ցոյց տանք որ զղջացած ենք, իրմէ խնդրելով որ մեր մեղքերը ներէ եւ մեր վարքը փոխելով։ Եթէ լուրջ մեղք մը գործած ենք, պէտք է նաեւ ժողովքի երէցներուն օգնութիւնը խնդրենք (Յակ. 5։14, 15

d Օրինակ, Քրիստոնեային կեանքին օգտակար եղող համարներ հրատարակութեան մէջ (արաբ.), նկատի առ «Մտահոգութիւն» եւ «Մխիթարութիւն» նիւթերուն տակ գտնուող համարները։