Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Խաղաղութիւն ինչպէ՞ս կրնաս ունենալ

Խաղաղութիւն ինչպէ՞ս կրնաս ունենալ

ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ ունենալու համար շատ ջանք պէտք է թափենք, քանի որ տագնապալից աշխարհի մը մէջ կ’ապրինք։ Եւ նոյնիսկ եթէ որոշ չափով խաղաղութիւն գտած ենք, յաճախ դժուար կ’ըլլայ զայն պահելը։ Աստուծոյ Խօսքը ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնէ, որ իսկական եւ մնայուն խաղաղութիւն գտնենք։ Իսկ ինչպէ՞ս կրնանք ուրիշներո՛ւն օգնել այս մարզին մէջ։

ԻՍԿԱԿԱՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ԻՆՉԻ՞ ՊԷՏՔ ՈՒՆԻՆՔ

Իսկական խաղաղութիւն կ’ունենանք միայն երբ ապահով կը զգանք եւ զգացական գետնի վրայ տակնուվրայ չենք։ Նաեւ ուրիշներու հետ սերտ բարեկամութիւններու պէտք ունինք։ Եւ ամենակարեւորը, մնայուն խաղաղութիւն ունենալու համար պէտք է Աստուծոյ հետ մտերիմ բարեկամութիւն զարգացնենք։ Ինչպէ՞ս կրնանք այս մէկը ընել։

Կեանքին մտահոգութիւնները կը խլեն շատերու խաղաղութիւնը

Երբ Եհովային արդար պատուէրներուն եւ սկզբունքներուն հնազանդինք, ցոյց կու տանք որ իրեն կը վստահինք եւ կ’ուզենք իրեն հետ խաղաղ փոխյարաբերութիւն ունենալ (Եր. 17։7, 8. Յակ. 2։22, 23)։ Եհովան ալ իր կարգին մեզի կը մօտենայ եւ մեզ կ’օրհնէ ներքին խաղաղութիւն տալով։ Եսայի 32։17–ն կ’ըսէ. «Արդարութեան գործը՝ խաղաղութիւն ու արդարութեան արդիւնքը հանգիստ ու ապահովութիւն պիտի ըլլայ յաւիտեան»։ Եհովային սրտանց հնազանդիլը իսկական ներքին խաղաղութիւն կը բերէ (Եսա. 48։18, 19

Մեր երկնաւոր Հայրը նաեւ հոյակապ նուէր մը կու տայ մեզի, որ կ’օգնէ մնայուն խաղաղութիւն ունենալու. իր սուրբ հոգին (Գործք 9։31

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀՈԳԻՆ Կ’ՕԳՆԷ ՈՐ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՆԱՆՔ

Պօղոս առաքեալ խաղաղութիւնը կը նշէ որպէս «Հոգիին պտուղ»ին երրորդ երեսակը (Գաղ. 5։22, 23)։ Որովհետեւ իսկական խաղաղութիւնը Աստուծոյ հոգիէն կու գայ, պէտք է թոյլ տանք որ հոգին մեզի ազդէ եւ իսկական խաղաղութիւն յառաջ բերէ։ Նկատի առնենք երկու կերպեր, որոնցմով Աստուծոյ հոգին կ’օգնէ որ խաղաղութիւն ունենանք։

Առաջին, Աստուծոյ Խօսքը կանոնաւորապէս կարդալը կ’օգնէ որ խաղաղութիւն ձեռք ձգենք (Սաղ. 1։2, 3)։ Մինչ Աստուածաշունչի պատգամին վրայ կը խոկանք, սուրբ հոգին մեզի կ’օգնէ, որ շատ մը հարցերու շուրջ Եհովային տեսակէտը ըմբռնենք։ Օրինակ, կը տեսնենք թէ ան ինչպէ՛ս խաղաղ կը մնայ եւ ինչո՛ւ խաղաղութեան շատ կարեւորութիւն կու տայ։ Երբ Աստուծոյ Խօսքէն մեր սորվածները կը գործադրենք, աւելի խաղաղութիւն կ’ունենանք (Առ. 3։1, 2, ՆԱ

Երկրորդ, պէտք է աղօթքով սուրբ հոգին խնդրենք (Ղուկ. 11։13)։ Եհովան կը խոստանայ որ եթէ իրմէ օգնութիւն խնդրենք, «[իր] խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է, [մեր] սրտերը ու մտքերը Յիսուս Քրիստոսով պիտի պահպանէ» (Փլպ. 4։6, 7)։ Երբ կանոնաւորաբար Եհովային կ’աղօթենք եւ սուրբ հոգին կը խնդրենք, մեզի առատօրէն կու տայ ներքին խաղաղութիւն, որ միայն իր բարեկամները կ’ունենան (Հռով. 15։13

Սուրբ Գիրքը ինչպէ՞ս շատերու օգնած է, որ իրենց կեանքին մէջ փոփոխութիւններ ընելով մնայուն խաղաղութիւն ունենան Եհովային, իրենց անձին եւ ուրիշներու հետ։

ՈՄԱՆՔ ԻՆՉՊԷ՛Ս ՄՆԱՅՈՒՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ ԳՏԱՆ

Ներկայիս, ժողովքներուն մէջ կան կարգ մը անհատներ, որոնք ատեն մը «բարկասիրտ» էին, բայց հիմա աւելի փափկանկատ, քաղցր, երկայնամիտ եւ խաղաղասէր են (Առ. 29։22) *։ Նկատէ թէ եղբայր մը եւ քոյր մը ինչպէ՛ս կրցան իրենց բարկութիւնը զսպել եւ ուրիշներուն հետ խաղաղութիւն ունենալ։

Աստուածաշունչի սկզբունքները գործադրելով եւ աղօթքով Աստուծոյ հոգին խնդրելով խաղաղութիւն կ’ունենանք

Տէյվիտի ժխտական կեցուածքը կ’ազդէր իր խօսելակերպին։ Առաջ որ ճշմարտութիւնը ընդունէր, յաճախ ուրիշները կ’այպանէր եւ կոշտ կերպով կը խօսէր իր ընտանիքին հետ։ Ժամանակի ընթացքին, զգաց որ պէտք է փոխուի եւ խաղաղասէր ըլլայ։ Ինչպէ՞ս յաջողեցաւ։ Ան կ’ըսէ. «Սկսայ Աստուածաշունչի սկզբունքները գործադրել, եւ ասիկա ձգեց որ ընտանիքիս եւ իմ միջեւ յարգանք ըլլայ»։

Ռէյչըլի ենթահողը մեծապէս ազդած էր իր կեցուածքին։ Ան կը խոստովանի. «Նոյնիսկ հիմա պէտք է բարկութեան դէմ պայքարիմ, քանի որ մեծցած եմ ընտանիքի մը մէջ, ուր իրարու հետ ամէն ատեն բարկութեամբ կը վարուէին»։ Ի՞նչը օգնած է իրեն աւելի խաղաղասէր ըլլալու։ Ան կը պատասխանէ. «Միշտ աղօթքով Եհովայէն օգնութիւն կը խնդրեմ»։

Տէյվիտի եւ Ռէյչըլի եւ ուրիշ շատերու օրինակը ցոյց կու տայ, որ երբ Աստուածաշունչի սկզբունքները գործադրենք եւ Աստուծոյ հոգիին օգնութեան ապաւինինք, խաղաղութիւն կը վայելենք։ Յստակ է որ թէեւ չար աշխարհի մը մէջ կ’ապրինք, կրնանք ներքին խաղաղութիւն ունենալ, որ կ’օգնէ համերաշխ ըլլալու մեր ընտանիքի անդամներուն եւ հաւատակիցներուն հետ։ Բայց Եհովան նաեւ կ’ուզէ որ «ամէն մարդու հետ խաղաղութիւն» ունենանք (Հռով. 12։18)։ Արդեօք այս մէկը կարելի՞ է, եւ ի՞նչ օգուտներ պիտի ըլլան, եթէ ջանանք խաղաղութիւն ընել։

ՋԱՆԱ՛ ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՆԱԼ

Մեր ծառայութեան միջոցաւ մարդոց առիթ կու տանք, որ Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին մեր տուած խաղաղութեան պատգամէն օգտուին (Եսա. 9։6, 7. Մատ. 24։14)։ Ուրախ ենք, որ շատեր ընդառաջած են։ Յուսահատութեան զգացումը կամ բարկութիւնը այլեւս չի ճնշեր զանոնք, երբ կը տեսնեն իրենց շուրջը եղող բաները։ Հիմա ունին ապագային նկատմամբ իրական յոյս եւ կը մղուին ‘խաղաղութիւն փնտռելու ու անոր ետեւէն երթալու’ (Սաղ. 34։14

Բայց ո՛չ բոլորը կ’ընդունին մեր պատգամը (Յովհ. 3։19)։ Այսուհանդերձ, Աստուծոյ հոգին կ’օգնէ մեզի, որ բարի լուրը ներկայացնենք խաղաղ եւ յարգալից կերպով, քանի որ կրնայ ըլլալ որ ժամանակ մը ետք իրենց կարծիքը փոխուի։ Այսպէս վարուելով հետեւած կ’ըլլանք ծառայութեան վերաբերեալ Յիսուսին տուած ուղղութեան՝ Մատթէոս 10։11-13–ին (ՆԹ) մէջ. «Երբ տունը մտնէք, տանտիրոջ բարեւեցէք ըսելով. ‘Ողջոյն ձեզի’։ Եթէ տնեցիները արժանաւոր են՝ ձեր ողջոյնին խաղաղութիւնը անոնց վրայ թող հանգչի, իսկ եթէ արժանաւոր չեն՝ այն ատեն ձեր ողջոյնը թող վերադառնայ ձեզի»։ Երբ Յիսուսին խրատը կը գործադրենք, այդ տունը կը ձգենք խաղաղ զգացումով եւ յուսալով որ անհատը յետագային մտիկ ընէ։

Նաեւ խաղաղութեան կը նպաստենք, երբ նոյնիսկ հակառակող կառավարական պաշտօնեաներուն հետ յարգանքով կը խօսինք։ Օրինակ, ափրիկեան երկրի մը կառավարութիւնը նախապաշարում ունենալով՝ եղբայրներուն արտօնութիւն չէր տար, որ Թագաւորութեան սրահներ շինէին։ Եղբայր մը, որ նախապէս հոն որպէս միսիոնար ծառայած էր, նշանակուեցաւ որ Լոնտոնի մէջ այդ երկրի դեսպանին այցելէ, որպէսզի ջանայ հարցը խաղաղութեամբ լուծել։ Եղբայրը անոր տեղեկութիւններ պիտի տար Եհովայի վկաներուն խաղաղ գործունէութիւններուն մասին՝ իր երկրին մէջ։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։

Եղբայրը կը պատմէ. «Հազիւ որ ընդունարարը տեսայ, հագուստէն անդրադարձայ որ կը պատկանի այն տոհմին, որուն լեզուն սորված էի։ Իր լեզուով բարեւ տուի։ Կինը անակնկալի եկաւ ու հարցուց. ‘Ինչո՞ւ համար եկեր էք’։ Քաղաքավարութեամբ պատասխանեցի որ կ’ուզէի տեսնել դեսպանը։ Հեռաձայնեց դեսպանին, եւ ան դուրս եկաւ ու իրենց տոհմի լեզուով բարեւեց։ Ետքը, ուշադրութեամբ մտիկ ըրաւ, մինչ բացատրեցի Վկաներուն խաղաղ գործունէութիւններուն մասին»։

Եղբօր յարգալից բացատրութիւնը ճշդեց դեսպանին հասկացողութիւնը եւ ջնջեց մեր գործին հանդէպ անոր նախապաշարումը։ Ժամանակ մը ետք, այդ ափրիկեան երկրի կառավարութիւնը վերցուց շինարարութեան արգելքները։ Եղբայրները որքա՜ն ուրախացան, որ հարցը խաղաղութեամբ լուծուեցաւ։ Անկասկած, ուրիշներուն հետ յարգանքով վարուիլը շատ օգուտներ ունի, մէջը ըլլալով՝ խաղաղութիւն։

ՅԱՒԻՏԵԱՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ ՎԱՅԵԼԷ՛

Ներկայիս, Եհովայի ժողովուրդը կը վայելէ հոգեւոր դրախտ մը, որ խաղաղութեամբ լեցուն է։ Դուն ալ պիտի աւելցնես այդ խաղաղութիւնը՝ զարգացնելով սուրբ հոգիի պտուղին այս երեսակը։ Ամէնէն կարեւորը, Եհովային հաճութիւնը պիտի ունենաս եւ իր նոր աշխարհին մէջ առատ ու յաւիտենական խաղաղութիւն պիտի վայելես (Բ. Պետ. 3։13, 14

^ պարբ. 13 Քաղցրութեան մասին պիտի խօսինք այս յօդուածաշարքին գալիք յօդուածներէն մէկուն մէջ։