Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հարցումներ ընթերցողներէն

Հարցումներ ընթերցողներէն

Եսայի 60։1–ին մէջ որո՞ւ մասին կ’ըսուի, որ ‘ելլէ’ եւ ‘լուսաւորէ’, եւ ան ասիկա ինչպէ՞ս կ’ընէ

Եսայի 60։1–ը կ’ըսէ. «Ելի՛ր, լուսաւորուէ՛. քանզի քու լոյսդ եկաւ ու Տէրոջը փառքը քու վրադ ծագեցաւ»։ Շուրջի համարները ցոյց կու տան, որ հոս կը խօսուի Սիօնին կամ Երուսաղէմին մասին, որ այդ ժամանակուան Յուդայի թագաւորութեան մայրաքաղաքն էր (Եսա. 60։14. 62։1, 2)։ Երուսաղէմը կը ներկայացնէր ամբողջ ազգը։ Եսայիին այս խօսքերէն երկու հարցումներ կը ծագին։ Առաջին, Երուսաղէմը ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս ‘ելաւ’ եւ հոգեւորապէս լուսաւորեց։ Երկրորդ, Եսայիին խօսքերը աւելի մեծ կատարում մը կ’ունենա՞ն մեր օրերուն։

Երուսաղէմը ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս ‘ելաւ’ եւ հոգեւորապէս լուսաւորեց։ Երուսաղէմն ու իր տաճարը աւերակ վիճակի մէջ էին, մինչ հրեաները 70 տարի Բաբելոնին մէջ գերի էին։ Բայց Բաբելոնը մարերուն եւ պարսիկներուն ձեռքը իյնալէն ետք, Բաբելոնական կայսրութեան չորս կողմը գտնուող իսրայէլացիները ազատ էին իրենց հայրենիքը վերադառնալու եւ ճշմարիտ պաշտամունքը վերահաստատելու, այսինքն՝ անգամ մը եւս Եհովան հոն պաշտելու (Եզր. 1։1-4)։ Ք.Ա. 537–էն սկսեալ, 12 ցեղերէն հաւատարիմ մնացորդ մը սկսաւ վերադառնալ (Եսա. 60։4)։ Անոնք սկսան Եհովային զոհեր մատուցանել, տօները տօնել, եւ տաճարը վերաշինել (Եզր. 3։1-4, 7-11. 6։16-22)։ Այն ատեն, անգամ մը եւս Եհովային փառքը սկսաւ Երուսաղէմի, այսինքն՝ Աստուծոյ վերահաստատուած ժողովուրդին վրայ ծագիլ։ Իսկ անոնք ալ իրենց կարգին սկսան լուսաւորել միւս ազգերը, որոնք հոգեւոր մթութեան մէջ էին։

Բայց վերահաստատման մասին Եսայիին տուած մարգարէութիւնները այն ժամանակ միայն մասա՛մբ կատարուեցան անցեալի Երուսաղէմին վրայ։ Իսրայէլացիներուն մեծամասնութիւնը չշարունակեց Աստուծոյ հնազանդ մնալ (Նէ. 13։27. Մաղ. 1։6-8. 2։13, 14. Մատ. 15։7-9)։ Յետագային անոնք նոյնիսկ մերժեցին Մեսիան՝ Յիսուս Քրիստոսը (Մատ. 27։1, 2)։ Իսկ, Ք.Ե. 70–ին, Երուսաղէմը եւ ատոր տաճարը երկրորդ անգամ ըլլալով կործանուեցան։

Եհովան սկիզբէն ըսած էր որ այդ ցաւալի բաները պիտի պատահէին (Դան. 9։24-27)։ Յստակ է թէ իր նպատակը չէր որ երկրային Երուսաղէմի վրայ կատարուէր Եսայի 60–րդ գլուխին մարգարէութեան ամէն մէկ մանրամասնութիւնը։

Եսայիի խօսքերը ներկայիս աւելի մեծ կատարում մը կ’ունենա՞ն։ Այո, բայց ուրիշ քաղաքի մը վրայ, որ է՝ «վերի Երուսաղէմը»։ Պօղոս առաքեալ անոր համար ըսաւ. «ան մեր ամենուն մայրն է» (Գաղ. 4։26)։ Վերի Երուսաղէմը՝ հաւատարիմ հոգեղէն արարածներէն բաղկացած Եհովայի կազմակերպութեան երկնային մասն է։ Անոր «զաւակներն» են՝ Յիսուս եւ 144,000 հոգիէն օծուած քրիստոնեաները, որոնք Պօղոսի պէս երկնային յոյս ունին։ Օծեալ քրիստոնեաները կը կազմեն «սուրբ ազգ»ը կամ «Աստուծոյ Իսրայէլ»ը (Ա. Պետ. 2։9. Գաղ. 6։16

Վերի Երուսաղէմը ինչպէ՞ս ‘ելաւ’ եւ ‘լուսաւորեց’։ Ան ասիկա ըրաւ իր երկրային օծեալ զաւակներուն միջոցաւ։ Տե՛ս թէ անոնց հետ պատահած բաները ինչպէ՛ս կը նմանին Եսայի 60–րդ գլուխին մարգարէութիւններուն։

Օծեալ Քրիստոնեաները պէտք էր ‘ելլէին’, քանի որ անոնք հոգեւոր մթութեան մէջ մտած էին, երբ մարգարէացուած հաւատուրացութիւնը տարածուեցաւ Ք.Ե. երկրորդ դարուն (Մատ. 13։37-43)։ Այսպիսով, անոնք գերի դարձած էին Մեծ Բաբելոնին, որ կը ներկայացնէ բոլոր սուտ կրօնքները։ Օծեալները գերի մնացին մինչեւ ‘աշխարհիս վերջը’ այսինքն՝ այն ժամանակաշրջանը որ սկսաւ 1914–ին (Մատ. 13։39, 40)։ Շատ չանցած, 1919–ին, անոնք ազատ արձակուեցան եւ շուտով քարոզչութեան գործին նետուեցան եւ սկսան հոգեւորապէս լուսաւորել a։ Ատկէ ետք, տարիներու ընթացքին բոլոր ազգերէն մարդիկ եկած են այդ լոյսին, մէջը ըլլալով Աստուծոյ Իսրայէլին մնացեալ անդամները, այսինքն՝ այն թագաւորները, որոնք յիշուած են Եսայի 60։3–ին մէջ (Յայտ. 5։9, 10

Ապագային, օծեալ Քրիստոնեաները Աստուծմէ եկած լոյսը ալ աւելի ընդարձակ կերպով պիտի տարածեն։ Ինչպէ՞ս։ Երբ անոնք երկրի վրայ մահանան, «նոր Երուսաղէմ»ին մէկ մասը պիտի դառնան, այսինքն՝ 144,000 թագաւորներէ եւ քահանաներէ բաղկացած Քրիստոսի հարսը (Յայտ. 14։1. 21։1, 2, 24. 22։3-5

Նոր Երուսաղէմը կարեւոր դեր մը պիտի խաղայ Եսայի 60։1–ին մարգարէութեան կատարումին մէջ (Եսայի 60։1, 3, 5, 11, 19, 20–ը համեմատէ՛ Յայտնութիւն 21։2, 9-11, 22-26–ին հետ)։ Ճիշդ ինչպէս որ անցեալին բառացի Երուսաղէմը այն տեղն էր, ուրկէ իսրայէլի կառավարութիւնը կ’իշխէր, նոյնպէս նոր Երուսաղէմը Քրիստոսին հետ պիտի դառնայ նոր աշխարհի կառավարութիւնը։ Լաւ, նոր Երուսաղէմը ինչպէ՞ս ‘երկնքէն Աստուծմէ պիտի իջնէ’։ Ան ասիկա պիտի ընէ քայլեր առնելով, որոնք պիտի ազդեն երկրին։ Բոլոր ազգերէն աստուածավախ մարդիկ «անոր լոյսովը պիտի քալեն»։ Անոնք նոյնիսկ պիտի ազատին մեղքէն ու մահէն (Յայտ. 21։3, 4, 24)։ Արդիւնքը ի՞նչ պիտի ըլլայ։ ‘Բոլոր բաները ամբողջովին պիտի վերահաստատուին’, ինչպէս որ Եսային եւ ուրիշ մարգարէներ մարգարէացան (Գործք 3։21, ԱԾ)։ Այս վերահաստատուիլը սկսաւ, երբ Քրիստոս թագաւոր եղաւ, եւ ատիկա պիտի վերջանայ, երբ իր հազարամեայ իշխանութիւնը վերջ գտնէ։

a 1919–ին տեղի ունեցած հոգեւոր վերահաստատումը նկարագրուած է նաեւ Եզեկիէլ 37։1-14–ին եւ Յայտնութիւն 11։7-12–ին մէջ։ Եզեկիէլ մարգարէացաւ բոլոր օծեալ Քրիստոնեաներուն հոգեւոր վերահաստատման մասին, որ պատահեցաւ շատ երկար ժամանակ գերութեան մէջ մնալէ ետք։ Իսկ Յայտնութեան մարգարէութիւնը կը խօսի առաջնորդութիւնը առնող օծեալ եղբայրներու պզտիկ խումբի մը հոգեւոր վերածնունդին մասին, որ պատահեցաւ անիրաւօրէն բանտարկուելու պատճառով՝ կարճ ժամանակ մը անգործունեայ մնալէ ետք։ 1919–ին, անոնք նշանակուեցան որպէս «հաւատարիմ եւ իմաստուն ծառան» (Մատ. 24։45. տե՛ս Եհովայի մաքուր պաշտամունքը վերջապէս կը վերահաստատուի գիրքը էջ 118 (արաբ))։