Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Գիտէի՞ր

Գիտէի՞ր

Ինչո՞ւ Յիսուս իսկապէս կրնար «աւազակներ» կոչել այն վաճառականները, որոնք անասուններ կը ծախէին Երուսաղէմի տաճարին մէջ։

ՄԱՏԹԷՈՍ Աւետարանին մէջ գրուած է. «Յիսուս Աստուծոյ տաճարը մտաւ ու դուրս հանեց ամէն անոնք, որ տաճարին մէջ կը ծախէին ու կը գնէին եւ ստակ փոխողներուն սեղաններն ու աղաւնի ծախողներուն աթոռները կործանեց. եւ ըսաւ անոնց. ‘Գրուած է թէ «Իմ տունս աղօթքի տուն պիտի կոչուի». բայց դուք ատիկա աւազակներու այր ըրիք’» (Մատ. 21։12, 13

Պատմութիւնը կը ցուցնէ թէ տաճարին վաճառականները կը շահագործէին յաճախորդները, շատ սուղ գիներով ծախելով։ Օրինակ, աղաւնին սովորաբար այնքան աժան կ’ըլլար, որ աղքատները կրնային զայն գնել եւ զոհ մատուցանել։ Բայց հին հրէական գրութիւններ կ’ըսեն որ Ք.Ե. առաջին դարուն, գործաւոր մը պէտք էր 25 օր աշխատէր, որպէսզի իր շահած գումարով երկու աղաւնի գնէր։ Աղաւնիներուն գինը այնքան սուղ եղած էր, որ աղքատներուն կարողութենէն վեր էր (Ղեւ. 1։14. 5։7. 12։6-8)։ Ռաբբի Շմաւոն պեն Գամաղիէլ այնքա՛ն ջղայնացաւ այս վիճակին վրայ, որ քիչցուց այն զոհերուն թիւը, որ հրեաներէն պահանջուած էր։ Այսպիսով, գործաւորը միայն երեք ժամ աշխատելով կրնար զոյգ մը աղաւնի գնել։

Ինչպէս որ կը տեսնենք, տեղին էր որ Յիսուս տաճարին վաճառականները կոչեց «աւազակներ», քանի որ ագահ էին եւ մարդիկը կը շահագործէին։