Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 25

Երբ ճնշուած ես, Եհովային ապաւինէ

Երբ ճնշուած ես, Եհովային ապաւինէ

«Մարդուն սիրտին մէջ եղող մտահոգութիւնը զինք կ’ընկճէ» (ԱՌ. 12։25, ԱԾ

ԵՐԳ 91 Իմ Հայրս, Աստուածս եւ Ընկերս

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Ինչո՞ւ պէտք է Յիսուսի զգուշացումին ականջ տանք։

ԵՐԲ Յիսուս վերջին օրերուն մասին կը մարգարէանար, ըսաւ. «Ուշադի՛ր եղէք դուք ձեզի, որպէսզի ձեր սիրտերը չծանրանան. . . այս կեանքին հոգերով» (Ղուկ. 21։34, ԱԾ)։ Պէտք է այդ զգուշացումին ականջ տանք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ներկայիս բոլորս նոյնանման ճնշիչ խնդիրներէ կ’անցնինք։

2. Մեր եղբայրներն ու քոյրերը ի՞նչ ճնշիչ խնդիրներ կը դիմագրաւեն։

2 Երբեմն ստիպուած կ’ըլլանք միեւնոյն ատեն քանի մը ճնշիչ խնդիրներ դիմագրաւել։ Նկատի առ այս օրինակները։ Ճոն * անունով Վկայ մը, որ բազմադիմի կարծրախտէ (multiple sclerosis) կը տառապի, վհատեցաւ երբ իր կինը զինք լքեց՝ 19 տարուան ամուսնութենէ ետք։ Ետքը, իր երկու աղջիկները Եհովային ծառայելէ դադրեցան։ Իսկ Պոպը եւ Լինտան տարբեր խնդիրներ ունեցան։ Երկուքն ալ իրենց գործը կորսնցուցին եւ չկարենալով իրենց տան վճարումները ընել՝ ստիպուեցան շատ պզտիկ տուն մը փոխադրուիլ։ Ասկէ զատ, բժիշկը Լինտային իմացուց որ շատ լուրջ սրտի հիւանդութիւն մը ունէր, եւ ետքը ուրիշ հիւանդութիւն մը սկսաւ իր ախտազերծական դրութեան վնասել։

3. Փիլիպպեցիս 4։6, 7–ի համաձայն, ի՞նչ բանէ կրնանք վստահ ըլլալ։

3 Կրնանք վստահ ըլլալ թէ երբ ճնշումի տակ ըլլանք, մեր Ստեղծիչն ու սիրալիր Հայրը Եհովան կը հասկնայ մեր զգացումները։ Ան կ’ուզէ օգնել որ մեր խնդիրներուն հետ գլուխ ելլենք (կարդա՛ Փիլիպպեցիս 4։6, 7)։ Աստուծոյ Խօսքին մէջ կան շատ մը պատմութիւններ, որոնք կը նկարագրեն այն դժուարութիւնները, որոնցմէ իր ծառաները անցան։ Անիկա նաեւ կը բացատրէ թէ Եհովան ինչպէ՛ս իրենց օգնեց, որ այդ ճնշիչ պարագաներուն տոկան։ Քննենք կարգ մը օրինակներ։

ԵՂԻԱՆ «ՄԵԶԻ ՊԷՍ ԶԳԱՑՈՒՄՆԵՐ ՈՒՆԷՐ»

4. Եղիան ի՞նչ դժուարութիւններ դիմագրաւեց, եւ Եհովային հանդէպ ի՞նչ զգաց։

4 Եղիան Եհովային ծառայեց դժուար ժամանակի մը մէջ եւ լուրջ խնդիրներ ունեցաւ։ Աքաաբ թագաւորը, որ Իսրայէլի պատմութեան մէջ անհաւատարիմ թագաւորներէն մէկն էր, ամուսնացաւ չար Յեզաբէլին հետ, որ Բահաղը կը պաշտէր։ Անոնք միասնաբար երկիրը Բահաղի պաշտամունքով լեցուցին եւ Եհովայի մարգարէներէն շատեր մեռցուցին։ Եղիան կրցաւ փախչիլ։ Եւ Եհովային ապաւինելով խիստ սովէ վերապրեցաւ (Գ. Թագ. 17։2-4, 14-16)։ Ասկէ զատ, ան Եհովային վստահեցաւ, երբ Բահաղի մարգարէներուն եւ երկրպագուներուն մարտահրաւէր ուղղեց։ Ան նաեւ իսրայէլացիները յորդորեց որ Եհովային ծառայեն (Գ. Թագ. 18։21-24, 36-38)։ Այսպէս, Եղիան փորձառաբար տեսաւ որ Եհովան զինք կը պաշտպանէր եւ կ’օգնէր այդ ճնշիչ ժամանակներուն ընթացքին։

Եհովան հրեշտակ մը ղրկեց՝ Եղիային օգնելու, որ իր ուժը նորոգէ (տե՛ս պարբերութիւն 5-6) *

5-6. Գ. Թագաւորաց 19։1-4–ի համաձայն, Եղիան ի՞նչ զգաց, եւ Եհովան ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ որ զինք կը սիրէր։

5 Կարդա՛ Գ. Թագաւորաց 19։1-4։ Սակայն Եղիան վախցաւ, երբ Յեզաբէլ թագուհին սպառնաց զինք մեռցնել։ Ուստի, Բերսաբէէի շրջանը փախաւ։ Ան ա՛յնքան վհատեցաւ, որ «մեռնիլ ուզեց»։ Ինչո՞ւ այդպէս զգաց։ Ան անկատար մարդ էր եւ «մեզի պէս զգացումներ ունէր» (Յակ. 5։17, ՆԱ)։ Թերեւս ճնշուածութեան եւ չափազանց յոգնութեան պատճառով ջախջախուած զգաց։ Կրնայ ըլլալ որ մտածեց թէ ճշմարիտ պաշտամունքը յառաջ մղելու իր ջանքերը ապարդիւն էին, թէ Իսրայէլի մէջ բա՛ն մը չէր բարելաւուած, եւ թէ միայն ինք տակաւին Եհովային կը ծառայէր (Գ. Թագ. 18։3, 4, 13. 19։10, 14)։ Թերեւս զարմանանք, թէ այս հաւատարիմ մարգարէն ինչո՛ւ այդպէս զգաց։ Բայց Եհովան անոր զգացումները հասկցաւ։

6 Եհովան չյանդիմանեց Եղիան իր զգացումները արտայայտելուն համար, հապա իրեն օգնեց որ իր ուժը նորոգէ (Գ. Թագ. 19։5-7)։ Ետքը, Եհովան ազնուութեամբ Եղիային մտածումը սրբագրեց, իր ահարկու զօրութիւնը ցուցադրելով։ Նաեւ, իրեն ըսաւ որ Իսրայէլի մէջ դեռ 7000 ծառաներ ունէր, որոնք մերժած էին Բահաղը պաշտել (Գ. Թագ. 19։11-18)։ Այսպէս, Եհովան գործնական կերպերով Եղիային ցոյց տուաւ, որ զինք կը սիրէր։

ԵՀՈՎԱՆ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՄԵԶԻ ՊԻՏԻ ՕԳՆԷ

7. Եղիային օգնելու Եհովայի կերպը ինչպէ՞ս մեր վստահութիւնը կ’աւելցնէ։

7 Դուն ալ ճնշիչ պարագայէ մը կ’անցնի՞ս։ Որքա՜ն կը մխիթարուինք, գիտնալով որ Եհովան Եղիային զգացումները հասկցաւ։ Ասիկա մեր վստահութիւնը կ’աւելցնէ, որ մեր ապրումներն ալ կը հասկնայ։ Ան գիտէ մեր սահմանափակումները, եւ նոյնիսկ՝ մեր մտածումներն ու զգացումները (Սաղ. 103։14. 139։3, 4)։ Եթէ Եղիային պէս Եհովային ապաւինինք, ան մեզի պիտի օգնէ որ գլուխ ելլենք այն խնդիրներուն հետ, որոնք մեզի ճնշուածութիւն (սթրես) կը պատճառեն (Սաղ. 55։22

8. Եհովան ինչպէ՞ս քեզի պիտի օգնէ որ ճնշուածութեան հետ գլուխ ելլես։

8 Ճնշուածութիւնը կրնայ պատճառ դառնալ որ մտածես, թէ պարագադ բնա՛ւ պիտի չփոխուի, եւ վհատութեան մէջ ընկղմիս։ Եթէ այդպիսի ժխտական մտածումներ ունենաս, յիշէ որ Եհովան քեզի պիտի օգնէ ճնշուածութեան հետ գլուխ ելլելու։ Ինչպէ՞ս։ Ան կ’ուզէ որ մտահոգութիւններդ իրեն պատմես, եւ աղաչանքներուդ պիտի պատասխանէ (Սաղ. 5։3. Ա. Պետ. 5։7)։ Ուստի, Եհովային յաճախ աղօթէ խնդիրներուդ մասին։ Ան Եղիային պէս քեզի հետ պիտի չխօսի, հապա Աստուածաշունչին եւ իր կազմակերպութեան միջոցաւ պիտի խօսի։ Աստուածաշունչի պատմութիւնները կարդալով պիտի մխիթարուիս եւ յոյս ունենաս։ Իսկ եղբայրներդ ու քոյրերդ ալ կրնան քեզ քաջալերել (Հռով. 15։4. Եբ. 10։24, 25

9. Վստահելի ընկեր մը ինչպէ՞ս կրնայ մեզի օգնել։

9 Եհովան Եղիային ըսաւ որ իր պատասխանատուութիւններէն մաս մը Եղիսէին տայ։ Այսպիսով Եղիան ունեցաւ լաւ ընկեր մը, որ կրնար իրեն օգնել, երբ վհատած զգար։ Նոյնպէս, երբ վստահելի ընկերոջ մը պատմենք մեր զգացումները, ան կրնայ մեզի օգնել անոնց հետ գլուխ ելլելու (Դ. Թագ. 2։2. Առ. 17։17)։ Եթէ կը զգաս որ չունիս մէկը, որուն հետ կրնաս խօսիլ խնդիրներուդ ու զգացումներուդ մասին, աղօթքով Եհովայէն խնդրէ, որ քեզի օգնէ հասուն քրիստոնեայ մը գտնելու, որ կրնայ զգացական գետնի վրայ քեզ քաջալերել։

10. Եղիային փորձառութիւնը ինչպէ՞ս մեզի յոյս կու տայ, իսկ Եսայի 40։28, 29–ի մէջ արձանագրուած խոստումը ինչպէ՞ս կրնայ մեզի օգնել։

10 Եհովան Եղիային օգնեց, որ ճնշուածութեան հետ գլուխ ելլէ եւ տարիներով հաւատարմօրէն իրեն ծառայէ։ Եղիային փորձառութիւնը մեզի յոյս կու տայ։ Ատեններ ա՛յնքան շատ ճնշումներ կ’ունենանք, որ ֆիզիքապէս եւ զգացականօրէն կը սպառինք։ Բայց եւ այնպէս, եթէ Եհովային ապաւինինք, ան մեզի պէտք եղած զօրութիւնը պիտի տայ, որպէսզի շարունակենք իրեն ծառայել (կարդա՛ Եսայի 40։28, 29

ԱՆՆԱՆ, ԴԱՒԻԹԸ ԵՒ ՍԱՂՄՈՍԵՐԳՈՒ ՄԸ ԵՀՈՎԱՅԻՆ ԱՊԱՒԻՆԵՑԱՆ

11-13. Ճնշուածութիւնը ինչպէ՞ս ազդեց Աստուծոյ երեք ծառաներու։

11 Աստուածաշունչի ուրիշ անձնաւորութիւններ ալ մեծ ճնշումներէ անցան։ Օրինակ, Աննան անզաւակ ըլլալով ամօթ կը զգար, իսկ իր ամուսինին միւս կինը անընդհատ զինք ծաղր կ’ընէր (Ա. Թագ. 1։2, 6)։ Աննային չափազանց ճնշուածութիւնը զինք այնքան վշտացուց, որ լացաւ եւ իր ախորժակը կորսնցուց (Ա. Թագ. 1։7, 10

12 Երբեմն, ճնշուածութիւնը կը պատէր Դաւիթ թագաւորը։ Մտածէ անոր ունեցած դժուարութիւններուն մասին։ Ան մեծ խղճահարութիւն կը զգար իր գործած շատ մը սխալներուն համար (Սաղ. 40։12)։ Իր սիրելի զաւակը՝ Աբիսողոմ, իրեն դէմ ըմբոստացաւ, եւ յետագային սպաննուեցաւ (Բ. Թագ. 15։13, 14. 18։33)։ Իսկ ամենամտերիմ ընկերներէն մէկը իրեն դաւաճանեց (Բ. Թագ. 16։23–17։2. Սաղ. 55։12-14)։ Դաւիթի գրած սաղմոսներէն շատերը իր վհատութեան զգացումները կը հաղորդեն, ինչպէս նաեւ՝ Եհովայի հանդէպ իր անխախտ վստահութիւնը (Սաղ. 38։5-10. 94։17-19

Ի՞նչը սաղմոսերգուին օգնեց, որ դարձեալ ուրախութեամբ Եհովային ծառայէ (տե՛ս պարբերութիւն 13-15) *

13 Ուրիշ սաղմոսերգու մը սկսաւ չար մարդոց ապրելակերպին նախանձիլ։ Ան թերեւս ղեւտացի Ասափին սերունդէն էր, եւ «Աստուծոյ սրբարան»ին մէջ ծառայեց։ Այս սաղմոսերգուն զգացական ճնշումէ տառապելով՝ տխուր եւ դժգոհ դարձաւ։ Ան նոյնիսկ սկսաւ մտածել, թէ Աստուծոյ ծառայելը բաւարար օրհնութիւններ չի բերեր (Սաղ. 73։2-5, 7, 12-14, 16, 17, 21

14-15. Օգնութեան համար Եհովային դիմելու մասին ի՞նչ կը սորվինք իր երեք ծառաներէն։

14 Եհովայի այս երեք ծառաները իր օգնութեան դիմեցին։ Անոնք ջերմեռանդ աղօթքով իրենց մտահոգութիւնները բացատրեցին։ Ազատօրէն արտայայտուեցան, թէ ինչո՛ւ այդքան ճնշուած էին։ Եւ շարունակեցին Եհովայի պաշտամունքի վայրը երթալ (Ա. Թագ. 1։9, 10. Սաղ. 55։22. 73։17. 122։1

15 Եհովան ամէն մէկուն կարեկցաբար օգնեց։ Աննան մտքի խաղաղութիւն ունեցաւ (Ա. Թագ. 1։18)։ Դաւիթ գրեց. «Արդարին նեղութիւնները շատ են, բայց Տէրը բոլորէն կը փրկէ զանիկա» (Սաղ. 34։19)։ Իսկ սաղմոսերգուն զգաց, որ Եհովան ‘իր աջ ձեռքը բռնած էր’ եւ սիրալիր խրատներով զինք կ’առաջնորդէր։ Ան երգեց. «Աստուծոյ մօտենալս բարի է ինծի։ Յոյսս դրեր եմ Տէր Եհովային վրայ» (Սաղ. 73։23, 24, 28)։ Այս օրինակներէն ի՞նչ կը սորվինք։ Ժամանակ առ ժամանակ, շատ լուրջ խնդիրներ պիտի ունենանք, որոնք մեզի ճնշուածութիւն պիտի պատճառեն։ Բայց կրնանք անոնց հետ գլուխ ելլել, եթէ խոկանք թէ Եհովան ինչպէ՛ս ուրիշներուն օգնած է, աղօթքով իրեն ապաւինինք եւ իր խնդրածները ընելով իրեն հնազանդինք (Սաղ. 143։1, 4-8

ԵՀՈՎԱՅԻՆ ԱՊԱՒԻՆԵԼՈՎ ՏՈԿԱ՛

Սկիզբը քոյր մը հակում ունէր մեկուսանալու, բայց երբ կերպեր փնտռեց ուրիշներուն օգնելու, իր վիճակը բարելաւուեցաւ (տե՛ս պարբերութիւն 16-17)

16-17. ա) Ինչո՞ւ պէտք չէ մեկուսանանք։ բ) Ինչպէ՞ս կրնանք մեր ուժը նորոգել։

16 Այդ երեք օրինակները մեզի ուրիշ կարեւոր դաս մը կը սորվեցնեն. պէտք չէ մեկուսանանք Եհովայէն եւ իր ժողովուրդէն (Առ. 18։1)։ Նենսին, որ ծայրայեղ ճնշուածութիւն ունեցաւ, երբ իր ամուսինը զինք լքեց, կ’ըսէ. «Շատ մը օրեր չէի ուզեր մէ՛կը տեսնել կամ մէկո՛ւ մը հետ խօսիլ։ Բայց ո՛րքան մեկուսանայի, ա՛յնքան աւելի տխուր կ’ըլլայի»։ Նենսիին վիճակը բարելաւուեցաւ, երբ կերպեր փնտռեց օգնելու ուրիշներուն, որոնք խնդիրներէ կ’անցնէին։ Ան կ’ըսէ. «Մտիկ կ’ընէի մինչ ուրիշներ իրենց նեղութիւնները կը պատմէին։ Նկատեցի որ երբ իրենց եւ իրենց խնդիրներուն վրայ կը կեդրոնանայի, աւելի քիչ կը կեդրոնանայի անձիս եւ խնդիրներուս վրայ»։

17 Ժողովներու ներկայ գտնուելով մեր ուժը կը նորոգենք։ Ժողովներուն մէջ Եհովային յաւելեալ առիթ կու տանք, որ ‘մեզի օգնէ ու մխիթարէ’ (Սաղ. 86։17)։ Հոն, ան մեզ կը զօրացնէ իր սուրբ հոգիին, Խօսքին եւ ծառաներուն միջոցաւ։ Եւ առիթ կ’ունենանք ‘իրար քաջալերելու’ (Հռով. 1։11, 12, ՆԹ)։ Սոֆիա անունով քոյր մը ըսաւ. «Եհովան եւ եղբայրութիւնը ինծի օգնեցին որ տոկամ։ Ինծի համար, ժողովներուն ներկայ գտնուիլը ամենակարեւոր բանն էր։ Անդրադարձայ թէ ո՛րքան աւելի զբաղած մնամ դաշտի ծառայութեամբ եւ ժողովքի գործունէութիւններով, ա՛յնքան աւելի լաւ կրնամ ճնշուածութեան եւ մտահոգութեան հետ գլուխ ելլել»։

18. Եթէ վհատած զգանք, Եհովան մեր մէջ ի՞նչ կը ներգործէ։

18 Երբ վհատած զգանք, յիշենք որ Եհովան ոչ միայն կը խոստանայ, որ ապագային ճնշուածութիւնը ամբողջովին պիտի վերցնէ, հապա նաեւ մեզի կ’օգնէ որ հիմա ճնշուածութեան հետ գլուխ ելլենք։ Ան մեր մէջ «կը ներգործէ կամենալը ու ընելը», որպէսզի վհատութեան եւ յուսահատութեան զգացումները յաղթահարենք (Փլպ. 2։13

19. Հռովմայեցիս 8։37-39–ն մեզի ի՞նչ վստահութիւն կու տայ։

19 Կարդա՛ Հռովմայեցիս 8։37-39։ Պօղոս առաքեալ մեզ կը վստահեցնէ որ բա՛ն մը չի կրնար մեզ զատել Աստուծոյ սէրէն։ Ինչպէ՞ս կրնանք օգնել այն եղբայրներուն ու քոյրերուն, որոնք կը ջանան ճնշուածութեան հետ գլուխ ելլել։ Յաջորդ յօդուածը պիտի քննարկէ, թէ ինչպէ՛ս կրնանք Եհովան ընդօրինակել՝ կարեկից ըլլալով եւ թիկունք կանգնելով ճնշումի տակ եղող մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն։

ԵՐԳ 68 Խոնարհ մարդուն աղօթքը

^ պարբ. 5 Շատ ճնշուիլը կամ երկար ատեն ճնշուած մնալը կրնայ մեզի ֆիզիքապէս եւ զգացականօրէն վնասել։ Եհովան ինչպէ՞ս կրնայ մեզի օգնել։ Պիտի տեսնենք թէ ան ինչպէ՛ս Եղիային օգնեց, որ ճնշուածութեան հետ գլուխ ելլէ։ Իսկ Աստուածաշունչէն ուրիշ օրինակներ ցոյց պիտի տան, թէ երբ ճնշումի տակ ենք, ի՛նչ պէտք է ընենք որ Եհովան օգնէ մեզի։

^ պարբ. 2 Այս յօդուածին մէջ անունները փոխուած են։

^ պարբ. 53 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Եհովայի հրեշտակը մեղմութեամբ Եղիան կ’արթնցնէ եւ իրեն հաց ու ջուր կու տայ։

^ պարբ. 55 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Սաղմոսերգու մը, որ թերեւս Ասափի սերունդէն է, սաղմոսներ կը գրէ եւ միւս ղեւտացիներուն հետ կ’երգէ։