Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՍԵՐՏԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԱՌԱՋԱՐԿ

Անձնական եւ ընտանեկան պաշտամունքի համար գաղափարներ

Անձնական եւ ընտանեկան պաշտամունքի համար գաղափարներ

Մենք Եհովան կը պաշտենք ոչ թէ միայն ժողովներու եւ համաժողովներու ընթացքին, հապա նաեւ՝ առանձին եւ որպէս ընտանիք։ Ասոնք կարգ մը գաղափարներ են, թէ ի՛նչ կրնաս ընել անձնական կամ ընտանեկան պաշտամունքին ընթացքին.

  • Ժողովները պատրաստէ։ Կրնաս երգերը փորձ ընել եւ ընտանիքի բոլոր անդամներուն օգնել, որ պատասխան մը պատրաստեն։

  • Սուրբ Գիրքէն պատմութիւն մը կարդա՛։ Ետքը, այդ պատմութեան մասին նկար մը գծէ կամ անկէ սորված դասերդ գրէ։

  • Սուրբ Գիրքին մէջի աղօթքներէն մէկը կարդա՛, եւ մտածէ թէ ատիկա ինչպէ՛ս կրնայ օգնել որ աղօթքներդ բարելաւես։

  • jw.org կայքէն վիտէօ մը դիտէ եւ ուրիշներուն խօսէ ատոր մասին, կամ ալ ատոր մասին նոթեր առ։

  • Ծառայութեան պատրաստուէ, թերեւս ընտանեօք փորձի նիստեր ընելով։

  • Ստեղծագործութիւնը դիտէ եւ ատոր վրայ խոկա, կամ ալ ընտանիքիդ հետ խօսէ թէ ատիկա ի՛նչ կը սորվեցնէ Եհովային մասին a։

a Տե՛ս «Եհովային մասին աւելի՛ սորվէ ստեղծագործութիւնը դիտելով» յօդուածը՝ Դիտարան–ի մարտ 2023 թիւին մէջ։