ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 6
ԵՐԳ 149 Փրկանքին համար երախտապարտ ենք
Եհովային ներողամտութիւնը ինչո՞ւ կը գնահատենք
«Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ» (ՅՈՎՀ. 3։16)։
ՆԻՒԹ
Կ’ուզենք Եհովային ներողամտութիւնը աւելի գնահատել։ Ասոր համար, պիտի տեսնենք որ Եհովան ի՛նչ ըրած է որ մեր մեղքերը ներուին։
1-2. Մարդկութեան պարագան ինչպէ՞ս կը նմանի առաջին պարբերութեան մէջ յիշուած երիտասարդին պարագային։
ԵՐԵՒԱԿԱՅԷ որ հարուստ ընտանիքի մը մէջ մեծցած երիտասարդ մը կայ։ Օր մը, ան գէշ լուր մը կ’առնէ, թէ իր ծնողքը արկածով մը մահացան։ Այս լուրը շատ կը ցնցէ զինք։ Ասիկա չի բաւեր, ան ուրիշ գէշ լուր մըն ալ կ’առնէ։ Ան կը տեղեկանայ որ իր ծնողքը իրենց հարստութեան տակէն մտած ու վրայէն ելած են եւ մեծ պարտքերու տակ մնացած են։ Երիտասարդը փոխանակ անոնց հարստութիւնը ժառանգելու՝ անոնց պարտքերը կը ժառանգէ։ Պարտքերուն տէրերը կ’ուզեն որ ան շուտով պարտքերը վճարէ, բայց ան ասիկա ընելու կարողութիւնը չունի։
2 Մեր պարագան ձեւով մը այս երիտասարդին պարագային կը նմանի։ Մեր առաջին ծնողքը՝ Ադամն ու Եւան՝ կատարեալ էին եւ գեղեցիկ դրախտի մը մէջ կ’ապրէին (Ծն. 1։27. 2։7-9)։ Անոնք առիթը ունէին, որ յաւիտեան ուրախ ապրին։ Բայց երբ անոնք մեղք գործեցին, ամէն բան փոխուեցաւ։ Եհովան զանոնք Եդեմի պարտէզէն դուրս հանեց եւ անոնք այլեւս չէին կրնար յաւիտեան ապրիլ։ Մենք անոնցմէ ի՞նչ ժառանգեցինք։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Ինչպէս մարդէ մը [Ադամէն] մեղքը աշխարհ մտաւ եւ այն մեղքէն՝ մահը, այնպէս բոլոր մարդոց վրայ տարածուեցաւ մահը, քանզի ամէնքն ալ մեղանչեցին» (Հռով. 5։12)։ Մենք Ադամէն ժառանգեցինք մեղքը, որուն արդիւնքը մահն է։ Այս ժառանգուած մեղքը մեծ պարտքի մը նման է, որ ո՛չ մէկս կրնայ վճարել (Սաղ. 49։8)։
3. Մեր մեղքերը ինչո՞ւ կրնանք նմանցնել «պարտքեր»ու։
3 Յիսուս մեղքերը նմանցուց «պարտքեր»ու (Մատ. 6։12. Ղուկ. 11։4)։ Երբ մեղք գործենք, կարծես թէ Եհովային պարտական կ’ըլլանք։ Եթէ Եհովան մեր մեղքերը ներելու համար կարգադրութիւն չընէր, պիտի ստիպուէինք մեր մահով մեր մեղքերուն պարտքը վճարել, եւ անգամ մը եւս ապրելու յոյսը պիտի չունենայինք (Հռով. 6։7, 23)։
4. ա) Առանց օգնութեան, ի՞նչ պիտի պատահէր բոլոր մեղաւորներուն (Սաղմոս 49։7-9)։ բ) «Մեղք» բառը ինչի՞ կ’ակնարկէ Սուրբ Գիրքին մէջ (տե՛ս « Մեղք» տուփը)։
4 Առանց մէկու մը օգնութեան չենք կրնար ետ ձեռք ձգել ինչ որ Ադամն ու Եւան կորսնցուցին (Կարդա՛ Սաղմոս 49։7-9)։ Առանց օգնութեան, մենք պիտի մեռնէինք եւ յարութեան յոյսը պիտի չունենայինք, ինչպէս որ անասուններուն պարագան է (Ժող. 3։19. Բ. Պետ. 2։12)։
5. Մեր սիրալիր Հայրը մեզի ինչպէ՞ս օգնած է, որ մեր ժառանգած պարտքը վճարենք (տե՛ս նկարը)։
5 Յօդուածին սկիզբը յիշուած երիտասարդը ի՞նչ պիտի զգար, եթէ հարուստ մարդ մը առաջարկէր, որ իր բոլոր պարտքերը վճարէ։ Անկասկած, ան ասիկա շատ պիտի գնահատէր եւ այս առատաձեռն մարդուն նուէրը ընդունէր։ Նմանապէս, մեր սիրալիր Հայրը՝ Եհովան, մեզի տուած է նուէր մը, որ Ադամէն ժառանգած մեր պարտքը կը վճարէ։ Յիսուս այս կէտը այսպէս բացատրեց. «Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէս զի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ» (Յովհ. 3։16)։ Ասկէ զատ, այս նուէրը մեզի առիթ կու տայ, որ Եհովային հետ լաւ փոխյարաբերութիւն մը ունենանք։
6. Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ բառեր նկատի պիտի առնենք, եւ ինչո՞ւ։
6 Ինչպէ՞ս կրնանք այս հիանալի նուէրէն օգտուիլ, որ կարելի կը դարձնէ որ մեր մեղքերը, կամ՝ «պարտքերը», ներուին։ Պատասխանը կ’առնենք քննարկելով Աստուածաշունչին մէջ գործածուած այս բառերը՝ հաշտութիւն, քաւութիւն, փրկանք, փրկութիւն եւ արդարանալ։ Այս յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք ամէն մէկ բառին իմաստը։ Եւ մինչ ատոնց բացատրութիւններուն վրայ կը խոկանք, Եհովային ներողամտութեան հանդէպ մեր գնահատութիւնը պիտի աւելնայ։
ՆՊԱՏԱԿԸ՝ ՀԱՇՏՈՒԹԻՒՆ
7. ա) Ադամն ու Եւան ուրիշ ի՞նչ բան կորսնցուցին։ բ) Որպէս Ադամին ու Եւային սերունդը, մենք ի՞նչ բան շատ պէտք ունինք (Հռովմայեցիս 5։10, 11)։
7 Ադամն ու Եւան ոչ միայն յաւիտեան ապրելու առիթը կորսնցուցին, հապա նաեւ՝ իրենց Հօր Եհովային հետ իրենց արժէքաւոր փոխյարաբերութիւնը։ Մեղք գործելէ առաջ, անոնք Եհովային ընտանիքին մէկ մասն էին (Ղուկ. 3։23, 38, ԱԾ)։ Բայց երբ անոնք Աստուծոյ անհնազանդ գտնուեցան, այդ ընտանիքէն վռնտուեցան զաւակներ ունենալէ առաջ (Ծն. 3։23, 24. 4։1)։ Ուրեմն, անոնցմէ եկած սերունդը, մէջը ըլլալով մե՛նք, պէտք է Եհովային հետ հաշտուի, այսինքն՝ իրեն հետ լաւ փոխյարաբերութիւն մը զարգացնէ (կարդա՛ Հռովմայեցիս 5։10, 11)։ Բառարանի մը համաձայն, հոս «հաշտուիլ» թարգմանուած յունարէն բառը կրնայ նշանակել «թշնամիի մը հետ ընկեր դառնալը»։ Հետաքրքրական է որ Եհովան ինք առաւ առաջին քայլը որ ասիկա կարելի դարձնէ։ Ինչպէ՞ս։
ԿԱՐԳԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՔԱՒՈՒԹԻՒՆ
8. Քաւութիւնը ի՞նչ է։
8 Քաւութիւնը այն կարգադրութիւնն է որ Եհովան ըրաւ, որպէսզի մեղաւոր մարդիկ իր հետը լաւ փոխյարաբերութիւն մը ունենան։ Ան Ադամին կորսնցուցածը փոխարինեց բանով մը, որ նոյն արժէքը ունի։ Յունարէն Գրութիւններն ալ կը խօսին այն կերպին մասին, որով Եհովան կարելի դարձուց որ մէկը իրեն հետ խաղաղ փոխյարաբերութեան մը մէջ ըլլայ (Հռով. 3։25)։
9. Եհովան ի՞նչ ժամանակաւոր կարգադրութիւն մը ըրաւ, որպէսզի իսրայէլացիներուն մեղքերը ներուին։
9 Եհովան ժամանակաւոր կարգադրութիւն մը ըրաւ, որպէսզի իսրայէլացիներուն մեղքերը ներուին եւ անոնք լաւ փոխյարաբերութիւն մը ունենան իրեն հետ։ Ատիկա Քաւութեան օրն էր, որ Իսրայէլին մէջ ամէն տարի կը տօնակատարուէր։ Այդ օրը, քահանայապետը անասուններ կը զոհէր ժողովուրդին մեղքերուն համար։ Անշուշտ, զոհուած անասունները չէին կրնար լման կերպով քաւել կամ ծածկել իսրայէլացիներուն մեղքերը, քանի որ անասունները արժէքով աւելի ցած են մարդոցմէ։ Բայց այնքան ատեն որ զղջացող իսրայէլացիները Եհովային պահանջած զոհերը կը ներկայացնէին, Եհովան պատրաստ էր իրենց մեղքերը ներելու (Եբ. 10։1-4)։ Ասկէ զատ, այս կարգադրութիւնը եւ իսրայէլացիներուն կանոնաւորաբար ներկայացուցած մեղքի պատարագները, օգնեցին անոնց որ անդրադառնան թէ մեղաւոր են եւ մնայուն լուծումի մը պէտք ունին։
10. Ի՞նչ էր այդ մնայուն կարգադրութիւնը որ Եհովան ըրաւ։
10 Ի՞նչ էր այդ մնայուն լուծումը կամ կարգադրութիւնը որ Եհովան ըրաւ։ Ան կարգադրեց որ իր Որդին ‘մէկ անգամ պատարագ մատուցուի՝ շատերուն մեղքերը վերցնելու համար’ (Եբ. 9։28)։ Յիսուս ‘իր կեանքը շատերու համար փրկանք տուաւ’ (Մատ. 20։28)։ Բայց ի՞նչ է փրկանքը։
ԳԻՆԸ՝ ՓՐԿԱՆՔԸ
11. ա) Աստուածաշունչին համաձայն, ինչո՞ւ փրկագին մը պէտք էր վճարուէր։ բ) Միայն ո՞վ կրնար փրկանքը վճարել։
11 Աստուածաշունչին համաձայն, Եհովան որոշեց որ փրկանք մը վճարուի, որպէսզի մեր մեղքերը ներուին եւ իրեն հետ հաշտուինք a։ Ի՞նչ էր այդ փրկանքը որ պէտք էր վճարուէր, որպէսզի մարդիկ կարենային Ադամին կորսնցուցածը ձեռք ձգել։ Յիշէ թէ Ադամն ու Եւան կորսնցուցին իրենց կատարեալ կեանքը եւ յաւիտեան ապրելու կարելիութիւնը։ Ուրեմն, փրկանքը պէտք էր կորսուածին «համապատասխան» արժէք ունենար (Ա. Տիմ. 2։6, ՆԱ)։ Այդ փրկանքը կրնար վճարուիլ միայն չափահաս տղամարդու մը կողմէ, որ 1) կատարեալ էր, 2) յաւիտեան ապրելու կարելիութիւնը ունէր եւ 3) պատրաստ էր իր կեանքը զոհելու մեզի համար։ Միայն այս պայմաններով էր որ այդ անձին կեանքը կրնար փոխարինել Ադամին կորսնցուցած կեանքը։
12. Յիսուս ինչո՞ւ կրցաւ պէտք եղած փրկագինը վճարել։
12 Նկատի առ երեք պատճառներ, թէ ինչո՛ւ Յիսուս կրցաւ այդ փրկանքը վճարել։ 1) Ան կատարեալ էր եւ «մեղք չգործեց» (Ա. Պետ. 2։22)։ 2) Ասոր համար, ան երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու կարելիութիւնը ունէր։ 3) Ան պատրաստ էր մեռնելու եւ իր կեանքը մեզի համար տալու (Եբ. 10։9, 10)։ Յիսուս կատարեալ էր ճիշդ ինչպէս որ Ադամ մեղք գործելէ առաջ կատարեալ էր (Ա. Կոր. 15։45)։ Այսպիսով, Յիսուս իր մահով կրցաւ վճարել ճիշդ այն գինը, որ պէտք էր որպէսզի Ադամին կորսնցուցածը ետ գնուէր (Հռով. 5։19)։ Ուրեմն, Յիսուս «վերջին Ադամը» եղաւ։ Ուրիշ կատարեալ մարդու մը պէտք չկայ, որ գայ եւ Ադամին կորսնցուցածին գինը վճարէ, քանի որ Յիսուս «մէ՛կ անգամ ընդմիշտ» մեռաւ (Եբ. 7։27, ԱԾ. 10։12)։
13. Ի՞նչ տարբերութիւն կայ քաւութեան կարգադրութեան եւ փրկանքին միջեւ։
13 Լաւ, ի՞նչ տարբերութիւն կայ քաւութեան կարգադրութեան եւ փրկանքին միջեւ։ Քաւութեան կարգադրութիւնը այն քայլն է որ Եհովան առաւ, որպէսզի մարդկութիւնը անգամ մը եւս իրեն հետ լաւ փոխյարաբերութիւն մը ունենայ։ Իսկ փրկանքը այն գինն է որ վճարուեցաւ, որպէսզի մեղաւոր մարդկութեան մեղքերը ներուին։ Մեզի համար Յիսուսին թափած արիւնը կը ներկայացնէ այդ գինը (Եփ. 1։7. Եբ. 9։14)։
ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ՝ ՓՐԿՈՒԻԼ ԵՒ ԱՐԴԱՐԱՆԱԼ
14. Հիմա ի՞նչ նկատի պիտի առնենք, եւ ինչո՞ւ։
14 Քաւութեան կարգադրութեան արդիւնքները կամ օգուտները ի՞նչ են։ Սուրբ Գիրքը երկու բառերով կը շեշտէ ասոնք։ Թէեւ այս բառերուն իմաստները իրարու մօտ են, բայց իւրաքանչիւր բառ կը շեշտէ քաւութեան կարգադրութեան որոշ մէկ երեսակը։ Մինչ այս բառերը կը վերլուծենք, նաեւ պիտի տեսնենք որ անոնք ինչպէ՛ս կ’ազդեն ինծի եւ քեզի։
15-16. ա) Սուրբ Գիրքին մէջ, «փրկուիլ» բառը ինչի՞ կ’ակնարկէ։ բ) Ասիկա մեզի ինչպէ՞ս կ’ազդէ։
15 Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ քանի որ փրկանքը վճարուեցաւ, մենք փրկուեցանք կամ ազատ արձակուեցանք մեղքէն ու մահէն։ Պետրոս առաքեալ ասիկա այս կերպով բացատրեց. «Գիտնալով որ դուք ո՛չ թէ ապականացու արծաթով կամ ոսկիով փրկուեցաք, որ ձեր հայրերէն ստացաք անուղիղ ճամբաներով, հապա Քրիստոսին պատուական արիւնովը՝ որպէս թէ անբիծ ու անարատ գառի մը» (Ա. Պետ. 1։18, 19)։
16 Մենք փրկանքին շնորհիւ կրնանք ազատ արձակուիլ շատ տառապանք պատճառող մեղքէն ու մահէն (Հռով. 5։21)։ Ասոր համար շատ երախտապարտ ենք Եհովային եւ Յիսուսին, քանի որ փրկուեցանք Յիսուսին արժէքաւոր արեան, այսինքն՝ կեանքին, պատճառով (Ա. Կոր. 15։22)։
17-18. ա) Արդարանալ ի՞նչ կը նշանակէ։ բ) Ասիկա մեր վրայ ինչպէ՞ս կ’ազդէ։
17 Արդարանալ կը նշանակէ որ Եհովան այլեւս մեզմէ չի պահանջեր, որ մեր գործած մեղքերուն գինը վճարենք։ Ասով հանդերձ, ան տակաւին իր արդարութեան չափանիշները կը յարգէ։ Ան մեզ կ’արդարացնէ ո՛չ թէ քանի որ ատոր արժանի ենք, ոչ ալ՝ քանի որ մեր մեղքերուն աչք կը խփէ։ Փոխարէն՝ ան մեր մեղքերը կը ջնջէ, քանի որ հաւատք ունինք քաւութեան կարգադրութեան եւ վճարուած փրկագինին հանդէպ (Հռով. 3։24. Գաղ. 2։16)։
18 Ինչպէ՞ս կ’օգտուինք երբ Եհովան մեզ կ’արդարացնէ։ Ոմանք, որոնք արդարացած են, ընտրուած են երկինքին մէջ Յիսուսին հետ իշխելու եւ Աստուծոյ որդիները դարձած են (Տիտ. 3։7. Ա. Յովհ. 3։1)։ Անոնց մեղքերը ներուած են, այնպէս մը, որ կարծես թէ անոնք բնա՛ւ այդ մեղքերը չեն գործած։ Այսպիսով, անոնք յարմար են որ Թագաւորութեան մէջ իշխեն (Հռով. 8։1, 2, 30)։ Ուրիշներ, որոնք արդարացած են, երկրի վրայ յաւիտեան պիտի ապրին։ Եհովան անոնց մեղքերը ներած է եւ անոնք իր բարեկամները եղած են (Յակ. 2։21-23)։ Իսկ մեծ բազմութիւնը, որ Արմագեդոնէն պիտի վերապրին, կարելիութիւնը ունին որ բնա՛ւ չմեռնին (Յովհ. 11։26)։ Իսկ այն «արդարներ»ն ու «մեղաւորներ»ը որոնք մահացած են, յարութիւն պիտի առնեն (Գործք 24։15. Յովհ. 5։28, 29)։ Ի վերջոյ, երկրի վրայ Եհովային բոլոր հնազանդ ծառաները «Աստուծոյ որդիներուն փառաւոր ազատութեանը պիտի հասնին» (Հռով. 8։21)։ Մենք անհամբեր կը սպասենք այն ժամանակուան, երբ մեր Հօր՝ Եհովային՝ հետ լման պիտի հաշտուինք, քաւութեան կարգադրութեան շնորհիւ։
19. Մեր պարագան ինչպէ՞ս աւելի լաւ եղաւ (տե՛ս նաեւ « Եհովային ներողամտութիւնը մեզի համար ի՞նչ կը նշանակէ» տուփը)։
19 Ատեն մը, մեր պարագան կը նմանէր սկիզբը յիշուած այն երիտասարդին պարագային, որ ամէն բան կորսնցուց եւ ժառանգեց մեծ պարտք մը, որ բնա՛ւ չէր կրնար վճարել։ Բայց Եհովան մեզի օգնեց եւ մեր պարագան փոխուեցաւ՝ քաւութեան կարգադրութեան եւ փրկանքին շնորհիւ։ Յիսուս Քրիստոսին հանդէպ մեր հաւատքը առիթ կու տայ, որ փրկուինք կամ մեղքէն ու մահէն ազատ արձակուինք։ Ասկէ զատ, Եհովան մեր մեղքերը ներէ եւ կը սեպէ թէ մենք ատոնք բնա՛ւ չենք գործած։ Բայց ամէնէն կարեւորը, մենք կրնանք մեր սիրալիր երկնաւոր Հօր՝ Եհովային՝ հետ լաւ փոխյարաբերութիւն մը ունենալ։
20. Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք։
20 Երբ կը խոկանք բոլոր այն բաներուն վրայ որ Եհովան եւ Յիսուսը ըրած են մեզի համար, սրտերնիս գնահատութեամբ կը լեցուի (Բ. Կոր. 5։15)։ Առանց իրենց օգնութեամբ մենք բնա՛ւ յոյս պիտի չունենայինք։ Յաջորդ յօդուածին մէջ պիտի քննարկենք, թէ Եհովային ներողամտութիւնը մեզմէ իւրաքանչիւրին վրայ ինչպէ՛ս կ’ազդէ։
ԵՐԳ 9 Փառաբանե՛նք Եհովան՝ մեր Աստուածը
a Կարգ մը լեզուներու մէջ, «փրկանք» բառին թարգմանութիւնը բառացիօրէն կը նշանակէ՝ «կեանքին գինը» կամ «վճարումը»։