Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՍ ՄԽԻԹԱՐՈՒԻԼ

Բոլորս մխիթարուելու պէտք ունինք

Բոլորս մխիթարուելու պէտք ունինք

Ո՞վ գիտէ քանի՜ անգամներ ինկած ես պզտիկուց։ Թերեւս ձեռքդ կը վիրաւորէիր կամ ծունկդ կը քերթուէր։ Կը յիշե՞ս ինչպէ՛ս մայրդ կը մխիթարէր քեզ։ Թերեւս ան վէրքդ կը մաքրէր եւ յետոյ կը կապէր զայն։ Անշո՛ւշտ կու լայիր, բայց իր անուշ խօսքերուն եւ ջերմ փաթթուկին վրայ աւելի լաւ կը զգայիր։ Կեանքիդ այդ հանգրուանին դիւրին էր մխիթարուիլ։

Բայց որքա՛ն մեծնանք, կեանքը այնքան խրթին կը դառնայ։ Խնդիրները կը մեծնան եւ աւելի դժուար կ’ըլլայ մխիթարուիլը։ Ցաւօք սրտի, չափահասներուն խնդիրները չեն լուծուիր վէրքը կապելով ու մօր փաթթուկով։ Նկատի առ քանի մը օրինակներ։

  • Երբեք գործդ կորսնցուցա՞ծ ես։ Յուլիան կ’ըսէ թէ երբ գործէն հանուեցաւ, կարծես թէ պաղ ջուր թափուեցաւ իր վրայ։ Ան մտածեց. «Ինչպէ՞ս պիտի հոգամ ընտանիքս։ Տարինե՜ր ծանր աշխատեցայ, բայց հիմա հաստատութիւնը ինչո՞ւ կը զգայ թէ գործի չեմ ծառայեր»։

  • Թերեւս ամուսնութիւնդ քանդուեցաւ եւ սիրտդ կտոր–կտոր եղած է։ Ռաքէլ կը բացատրէ. «Երբ 18 ամիս առաջ ամուսինս յանկարծ զիս ձգեց գնաց, զգացի տխրութիւն մը եկաւ վրաս։ Կարծես թէ սիրտս երկուքի բաժնուեցաւ։ Թէ՛ ֆիզիքական եւ թէ զգացական ցաւ ունեցայ։ Շատ վախցայ»։

  • Կրնայ ըլլալ որ առողջապահական լուրջ խնդիր մը ունիս եւ չես լաւանար։ Թերեւս ատեններ Յոբ նահապետին պէս կը զգաս, որ ողբալով ըսաւ. «Ես ձանձրացած եմ ու չեմ ուզեր. . . ապրիլ» (Յոբ 7։16)։ Թերեւս կը զգաս ի՛նչ որ Լուիս անունով մարդ մը զգաց, որ 80–ական տարիքի մէջ է։ Ան ըսաւ. «Ատեններ կը զգամ որ պարզապէս մեռնիլս կը սպասեմ»։

  • Կամ թերեւս շատ պէտք ունիս մխիթարութեան, քանի որ սիրելի մը կորսնցուցած ես։ Ռապըրթ կը բացատրէ. «Երբ տղաս օդանաւի արկածի մը պատճառով մեռաւ, սկիզբը չկրցայ ընդունիլ իրողութիւնը։ Ետքը զգացի ցաւը, այն ցաւը որ Սուրբ Գիրքը կը նմանցնէ՝ մէկու մը մէջէն սուր անցնելուն» (Ղուկաս 2։35

Ռապըրթ, Լուիս, Ռաքէլ եւ Յուլիան մխիթարուեցան, նոյնիսկ այդ նեղութիւններուն մէջ։ Անոնց մխիթարութեան աղբիւրն էր Ամենակարող Աստուածը։ Ան ինչպէ՞ս կը մխիթարէ։ Ան պէտք եղած մխիթարութիւնը պիտի տա՞յ քեզի։