Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԿԵԱՆՔԵՐ ԿԸ ՓՈԽԷ

Դառնասիրտ ու վայրագ էի

Դառնասիրտ ու վայրագ էի
  • ԾՆՆԴԵԱՆ ԹՈՒԱԿԱՆ։ 1974

  • ԾՆՆԴԱՎԱՅՐ։ ՄԵՔՍԻՔԱ

  • ՆԱԽԱՊԷՍ։ ՎԱՅՐԱԳ ՊԱՏԱՆԻ, ՓՈՂՈՑԻ ՄԷՋ ԿՌՈՒՈՂ

ԱՆՑԵԱԼՍ։

Ծնած եմ Սեուտատ Մանթէյ, որ Մեքսիքայի Թամաուլիփաս նահանգին մէջ գեղեցիկ շրջան մըն է։ Ընդհանուր առմամբ, քաղաքին բնակիչները առատաձեռն եւ ազնիւ են, բայց ցաւօք սրտի՝ շրջանը շատ վտանգաւոր էր կազմակերպուած ոճիրին պատճառաւ։

Մենք չորս եղբայր էինք եւ ես երկրորդն էի։ Ծնողքս զիս մկրտեցին կաթողիկէ եկեղեցիին մէջ, եւ ետքը սկսայ եկեղեցիին երգչախումբին մէջ երգել։ Կ’ուզէի Աստուած հաճեցնել, քանի որ շատ կը վախնայի դատաստանէն եւ դժոխքին մէջ յաւիտեան այրուելէ։

Երբ հինգ տարեկան էի, հայրս մեզ ձգեց գնաց։ Ասիկա շատ նեղացուց զիս եւ սրտիս մէջ պարապութիւն մը ձգեց։ Չէի հասկնար թէ ինչո՛ւ մեզ լքեց, հակառակ որ զինք շատ կը սիրէինք։ Ստիպուած՝ մայրս տունէն դուրս երկա՜ր ժամեր կ’աշխատէր, որպէսզի կարենար իր չորս զաւակներուն հոգ տանիլ։

Պարագան օգտագործելով դպրոցէն կը փախչէի, որպէսզի ինձմէ մեծ տղոց հետ ժամանակ անցընեմ։ Անոնք ինծի սորվեցուցին հայհոյել, ծխել, գողնալ եւ բռունցքով կռուիլ։ Եւ քանի որ կը սիրէի ուրիշին վրայ իշխել, սորվեցայ կռփամարտ, գօտեմարտ եւ մարտարուեստներ, ինչպէս նաեւ զէնքեր գործածել։ Այսպէս՝ վայրագ պատանի մը դարձայ։ Շատ անգամներ ատրճանակներով կը կռուէինք, եւ քանի՜ անգամներ մեռնելու աստիճան արիւնլուայ կը փռուէի փողոցը։ Մօրս սիրտը կտոր–կտոր կ’ըլլար, երբ զիս այդ վիճակին մէջ կը գտնէր եւ շուտով հիւանդանոց կը հասցնէր։

Երբ 16 տարեկան էի, մանկութեան ընկերս Խորխէ մեզի այցելեց։ Ան ըսաւ որ Եհովայի վկայ է եւ կ’ուզէ կարեւոր պատգամ մը տալ մեզի։ Ան սկսաւ Սուրբ Գիրքը գործածելով բացատրել իր հաւատալիքները։ Բնա՛ւ չէի կարդացած Սուրբ Գիրքը, եւ հետաքրքրութիւնս արթնցաւ երբ Աստուծոյ անունը եւ նպատակները գիտցայ։ Խորխէն առաջարկեց որ Սուրբ Գիրքը սերտէ մեզի հետ, եւ մենք ընդունեցինք։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿԵԱՆՔՍ ՓՈԽԵՑ։

Շատ հանգստացայ երբ գիտցայ որ Սուրբ Գիրքը չի սորվեցներ, թէ գէշերը դժոխքին մէջ պիտի չարչարուին (Սաղմոս 146։4. Ժողովող 9։5)։ Հազիւ որ ասիկա գիտցայ, սկսայ այլեւս չափէ դուրս չվախնալ Աստուծմէ։ Փոխարէն, սկսայ զինք տեսնել որպէս սիրալիր Հայր մը, որ իր զաւակներուն լաւագոյն շահը կը փնտռէ։

Սուրբ Գիրքը սերտելով տեսայ թէ պէտք է փոփոխութիւններ մտցնեմ անձնաւորութեանս մէջ։ Պէտք էր հեզ ըլլայի եւ վայրագ չըլլայի։ Ինծի մեծապէս օգնեց Ա. Կորնթացիս 15։33–ի խրատը, որ կ’ըսէ թէ չար ընկերակցութիւնները «աղէկ բարքը կ’ապականեն»։ Անդրադարձայ որ եթէ կ’ուզեմ փոխուիլ, պէտք չէ ընկերակցիմ անհատներու հետ, որոնք գէշ ազդեցութիւն ունին վրաս։ Այս պատճառով, հին բարեկամութիւններուս տեղ նոր բարեկամութիւններ հաստատեցի ճշմարիտ քրիստոնէական ժողովքին մէջ։ Անոնք իրենց անհամաձայնութիւնները կը լուծէին Սուրբ Գիրքի սկզբունքները կիրարկելով, եւ ոչ թէ վայրագութեան դիմելով։

Հռովմայեցիս 12։17-19–ն ալ վրաս ազդեց։ Հոն գրուած է. «Չարութեան փոխարէն մէկո՛ւն չարութիւն մի՛ հատուցանէք. . . Որչափ կարելի է ձեզի՝ ամէն մարդու հետ խաղաղութիւն ունեցէ՛ք։ Սիրելինե՛ր, վրէժխնդրութիւն մի՛ ընէք ձեր անձերուն համար. . . վասն զի գրուած է. ‘Վրէժխնդրութիւնը ի՛մս է, ե՛ս պիտի հատուցանեմ’, կ’ըսէ Տէրը»։ Տեղ մը հասայ որ ընդունեցի թէ Եհովան իր յարմար ժամանակին եւ կերպով պիտի լուծէ անարդարութեան հարցը։ Քիչ–քիչ փոխեցի վայրագ ընթացքս։

Բնա՛ւ չեմ մոռնար թէ ի՛նչ պատահեցաւ օր մը, երբ տուն կը վերադառնայի։ Անցեալին ինծի դէմ եղող աւազակախումբի մը պատկանող պատանիներ վրաս յարձակեցան։ Անոնց առաջնորդը կռնակիս զարկաւ եւ պոռաց. «Ինքզինքդ պաշտպանէ՛»։ Վայրկեանական երկու բառով աղօթեցի Եհովային եւ իրմէ խնդրեցի որ ինծի օգնէ դիմանալու։ Թէեւ մէջէս բան մը կ’ըսէր որ ես ալ յարձակիմ, բայց ձեւով մը կրցայ փախչիլ։ Յաջորդ օրը, աւազակախումբին առաջնորդը առջեւս ելաւ առանձին։ Մէջէս սկսայ եռալ, բայց միտքէս Եհովային նորէն աղաչեցի որ ինծի օգնէ ինքզինքս զսպելու։ Զարմացայ երբ պատանին քովս գալով ըսաւ. «Ինծի ներէ երէկուան համար։ Խօսքին բացը, կ’ուզեմ քեզի պէս ըլլալ, քեզի պէս Սուրբ Գիրքը սերտել»։ Ի՜նչ ուրախ էի որ կրցայ բարկութիւնս զսպել։ Ասոր շնորհիւ ան սկսաւ Սուրբ Գիրքը սերտել։

Ցաւօք սրտի, այդ ժամանակ՝ ընտանիքիս միւս անդամները չշարունակեցին Սուրբ Գիրքը սերտել։ Բայց ես որոշեցի շարունակել սերտել եւ թոյլ չտալ որ որեւէ բան կամ ոեւէ անձ արգելք ըլլայ ինծի։ Գիտէի թէ երբ Աստուծոյ ժողովուրդին հետ ընկերակցէի, զգացական վէրքերս պիտի բուժուէին եւ ընտանիք մը պիտի շահէի։ Այսպիսով շարունակեցի յառաջդիմել եւ 1991–ին մկրտուեցայ որպէս Եհովայի վկայ։

ԻՆՉՊԷ՛Ս ՕԳՏՈՒԱԾ ԵՄ։

Ժամանակին՝ դառնասիրտ, իշխող եւ վայրագ էի, բայց Սուրբ Գիրքը լման փոխեց կեանքս։ Հիմա Սուրբ Գիրքին խաղաղութեան պատգամը կը փոխանցեմ ականջ տուողներուն։ Առանձնաշնորհում ունեցած եմ որ վերջին 23 տարիներուն ընթացքին ծառայեմ որպէս լիաժամ քարոզիչ։

Ժամանակ մը կամաւորաբար աշխատեցայ Եհովայի վկաներուն Մեքսիքայի մասնաճիւղին մէջ։ Հոն ծանօթացայ Քլոտիային, որ շատ աշխոյժ աղջիկ մըն էր, եւ 1999–ին ամուսնացանք։ Որքա՜ն շնորհակալ եմ Եհովայէն որ զիս օրհնած է այս հաւատարիմ կողակիցը տալով։

Կինս ու ես ծառայեցինք մեքսիքական նշանային լեզու գործածող ժողովքի մը մէջ, խուլերուն օգնելով որ Եհովայի մասին սորվին։ Ետքը, մեզմէ խնդրուեցաւ որ Պէլիզ փոխադրուինք, որպէսզի այդ երկրի մարդոց սորվեցնենք Սուրբ Գիրքէն։ Թէեւ մեր կեանքը շատ աւելի պարզ է հոս, բայց ուրախ ըլլալու համար պէտք եղած ամէն ինչ ունինք։ Մեր այս կեանքը բանի մը հետ չենք փոխեր։

Ժամանակի ընթացքին մայրս կրկին սերտեց Սուրբ Գիրքը եւ մկրտուեցաւ։ Նաեւ, մեծ եղբայրս, իր կինը եւ զաւակները հիմա Եհովայի վկայ են։ Առաջուան ընկերներէս ոմանք, որոնց խօսեցայ Թագաւորութեան պատգամին մասին, հիմա Եհովային կը ծառայեն։

Ցաւօք սրտի, ընտանիքիս անդամներէն ոմանք մահացան, քանի որ իրենց վայրագութենէն վազ չանցան։ Եթէ ես ալ նոյն կերպով շարունակէի, հաւանաբար մեռած պիտի ըլլայի։ Երախտապարտ եմ Եհովային որ զիս քաշեց իրեն եւ զինք պաշտողներուն, որոնք ինծի համբերութեամբ եւ ազնուութեամբ սորվեցուցին ինչպէս Սուրբ Գիրքին սկզբունքները կիրարկել կեանքիս մէջ։