ԵՐԿԻՐՆԵՐ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆԵՐ
Այցելութիւն դէպի Նոր Զելանտա
ԱՅՆՊԷՍ կ’երեւի, որ մօտ 800 տարի առաջ, մաորի ցեղերը ովկիանոսը կտրեցին եւ հասան նոր տարածք մը՝ Նոր Զելանտան։ Հաւանաբար անոնք կու գային Փոլինեզիայի արեւադարձային կղզիներէն, որոնք հազարաւոր քիլոմեթր հեռու էին։ Այս տարածքը շատ տարբեր էր այդ տաք կղզիներէն։ Անիկա ունէր լեռներ եւ սառնակոյտեր (սառի խոշոր կտորներ), տաք ջուրի աղբիւրներ եւ ձիւն։ Մօտ 500 տարի ետք, այս շրջանը հասաւ ուրիշ ցեղախումբ մը՝ հեռաւոր Եւրոպայէն։ Այսօր, Նոր Զելանտայի բնակիչները ունին սովորութիւններ, որոնք թէ՛ անկլօ–սաքսոնական եւ թէ փոլինեզիական ծագում ունին։ Բնակչութեան գրեթէ 90 առ հարիւրը քաղաքներու մէջ կ’ապրի։ Ուէլինկթընը յատուկ քաղաք է, քանի որ աշխարհի ամէնէն հարաւը գտնուող մայրաքաղաքն է։
Նոր Զելանտան շատ գեղեցիկ եւ աննման տեսարաններ ունի։ Անոր համար չենք զարմանար, երբ լսենք, որ ամէն տարի երեք միլիոն զբօսաշրջիկներ այս երկիրը կ’այցելեն, հակառակ անոր որ աշխարհի մէկ անկիւնն է։
Նոր Զելանտան ունի վայրի անասուններու յատուկ տեսակներ եւ տեսակաւոր չթռչող թռչուններ, որոնք ուրիշ երկիրներու մէջ չենք գտներ։ Ասկէ զատ, հոն կը գտնենք մողէզի նման սողուն մը (tuatara), որ կրնայ 100 տարի ապրիլ։ Նոր Զելանտան յատուկ է նաեւ ջղջիկներու քանի մը տեսակներով եւ ծովային մեծ ստնաւորներով, ինչպէս՝ կէտեր եւ դլփիններ։
Եհովայի վկաները մօտ 120 տարիէ ի վեր Նոր Զելանտայի մէջ կը քարոզեն։ Անոնք ասիկա կ’ընեն 19 լեզուներով,– մէջը ըլլալով փոլինեզիական լեզուներ, ինչպէս՝ նիուէերէն, ռարօթոնկա, սամոայերէն եւ թոնկերէն։